(մաս երրորդ)
Պէտք է քաջութիւնը ունենալ հաստատելու որ Հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան ստեղծածը ճիշդ հիմերու վրայ չէ կանգնած եւ երբեմն աւելի լաւ է քանդել թոյլ կամ սխալ հիմերու վրայ կառուցուածը եւ սկիզբէն վերականգնել զայն, եւ չփորձել գեղեցկագիտական միջոցներով փրկել երեւոյթները։
Հրաչ Սիմոնյան
ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի շեմին
Այն թէ Դաշնակցական ղեկավարութիւնը Ռոպէրթ Քոչարյանի եւ Սերժ Սարգսյանի մշտապէս կցորդ հանդիսացաւ՝ ոչ մէկու համար գաղտնիք չէ։
Չեմ ուզեր մեկնաբանել կամ վերլուծութիւններ ընել քսան տարիներու Դաշնակցական ղեկավարներու մղումներուն մասին։ Թէ անոնք անձնական շահերու, քաղաքական կամ աթոռի եւ փառասիրութեան մղումով է՞ր, թէ ընդհանրապէս ձախաւեր որոշումներու արդիւնք, չեմ գիտեր եւ շատ ալ չեմ հետաքրքրուած այս հանգրուանին այլեւս։ Կայ ՀՅԴ ընդհանուր ժողով քանի մը օր ետք, թող մասնակիցները մանրամասն ուսումնասիրեն այդ բոլորը, քննեն բոլոր խնդիրները եւ եթէ գոյութիւն ունեցած է շահարկումներ, թող պարտն ու պատշաճը տնօրինեն։ Մէկ բան գիտեմ, տրամաբանութիւնը նաեւ կը յուշէ որ, մինչեւ հիմա եղող ղեկավրութիւնը՝ իբրեւ երկրի հարստութիւնները յափշտակող քաղաքական ուժերու կցորդ հանդիսացած եւ ձախողած ղեկավարութիւն, առանց փոթորիկներ ստեղծելու, գիտակից եւ Դաշնակցութեան աւանդին եւ ապագային սիրոյն, նոյնիսկ կամաւոր ձեւով, պէտք է հեռանայ քաղաքական կեանքէն, որպէսզի հնարաւորութիւնը ընձեռէ այլոց՝ հիմնովին վերականգնելու Դաշնակցութիւնը եւ անոր վարկը։
Շատեր հարց կու տան ըսելով որ ղեկավարութիւնը ստանձնելու ընդհանրապէս «մարդ չէ մնացած»։ Դժբաղդաբար պատասխան չունիմ եւ չեմ գիտեր, որովհետեւ կապերս շատոնց խզուած են եւ լաւ ծանօթ չեմ նոր, եւ երիտասարդ սերունդի դաշնակցականներուն։ Մէկ բանի համոզուած եմ որ Դաշնակցութիւնը չեն փրկեր, այսպէս կոչուած ընդդիմադիր՝ նախապէս այս ղեկավարութեան դէմ պայքարած բայց նոյնանման մտածողութեամբ եւ ոճով գործած անձինք, որոնք նոյնքան վնասակար եղած են եւ տակաւին կրնան ըլլալ ապագային այս կազմակերպութեան։ Համոզուած եմ նաեւ որ պէտք է ամբողջութեամբ երիտասարդանայ եւ նոր մտածելակերպով, նոր աշխարհահայեացքով սակայն կուռ Դաշնակցական բարոյական սկզբունքներով սնած, որակ պարտադրող եւ արդարութեան գաղափարներով դաստիարակուած երիտասարդութիւն մը առնելու է ղեկը իր ձեռքին եւ առաջնորդէ զայն դէպի փայլուն ապագայ։ Եթէ այդպիսի երիտասարդութիւն գոյութիւն չունի, ուրեմն պէտք է ստեղծել՝ յանուն Դաշնակցութեան հիմնական արժէքներու պահպանման, բայց ի մասնաւորի Սփիւռքեան, հարիւրէ աւելի տարիներու վրայ երկարող զոհաբերութեան իբրեւ արդիւնք, ահռելի ծաւալներով եւ բացարձակ կարեւորութիւն ունեցող կառոյցներուն, որոնք դարեր շարունակ Հայրենիքին ողնաշարը ուղիղ պահող կարեւոր սիւներէն պիտի հանդիսանան։
Պէտք է քաջութիւնը ունենալ հաստատելու որ Հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան ստեղծածը ճիշդ հիմերու վրայ չէ կանգնած եւ երբեմն աւելի լաւ է քանդել թոյլ կամ սխալ հիմերու վրայ կառուցուածը եւ սկիզբէն վերականգնել զայն, եւ չփորձել գեղեցկագիտական միջոցներով փրկել երեւոյթները։
Երեւանի Քաղաքապետական եւ խորհրդարանական «արդար» ընտրութիւններուն Հայ ժողովուրդը իր քուէն տուաւ Դաշնակցութեան այնքան որուն արժանի գտաւ անոր։ Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է ներքնապէս «յեղափոխուելու», «բարեփոխուելու» ժամանակը արդէն անցած է։ Անշուշտ եթէ հաւաքական կամքը կայ տակաւին ժողովուրդի վստահութիւնը վերականգնելու։
Պէտք է ժամանակաւորապէս սառեցնել կազմակերպութեան մասնակցութիւնը Հայաստանեան քաղաքական կեանքէն ներս, վերակազմակերպել եւ ներքնապէս ինքնամաքրման հոլովոյթը սկսիլ։ Ի մասնաւորի ներգրաւել, պատրաստել եւ դաստիարակել երիտասարդներ, որոնք կրնան օր մը փրկել Դաշնակցութիւնը իր վերջնական լճացումէն։ Այս ներքին բարոյական վերականգնումը նաեւ գրաւականն է Սփիւռքեան կառոյցներու վերաշխուժացման, որ իր կարքին կախեալ է Հայաստանի կառոյցի վիճակէն։ Հայաստանեան այս ձախաւեր գործունէութեան իբրեւ հետեւանք՝ Սփիւռքեան կառոյցներն ալ իրարամերժ խմբակցութիւններ ստեղծեցին եւ մաշեցուցին եւ տակաւին կը հիւծեն կազմակերպութիւնը։
Մեծ յոյսեր կապուած են յառաջիկայ 33րդ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որոշումներուն եւ արդիւնքներուն վրայ։ Վա՜յ անոնց որոնք պատիւը եւ ծանր պարտականութիւնը ունին մասնակցելու այս ժողովին սակայն լուրջի չեն առած այս մտահոգութիւնները եւ կը կարծեն եւ մանաւանդ կը յաւակնին որ ամէն ինչ կարգին է, ձախողութիւնները վերագրեն ուրիշներուն, ինքնարդարացման պատճառներ փնտռեն եւ ինքնախաբէութեամբ եւ հենուելով Դաշնակցութեան պատմական աւանդին, համոզեն զիրար թէ Դաշնակցութիւնը արժէք է եւ թէ ընդմիշտ կը մնայ անսասան։
Դժբախտաբար այդ 127 տարուայ աւանդին վրայ հենուելով, վերջին տասնամեակներուն, օրէ օր մաշեցուցին զայն։
Հաւատացած եւ համոզուած եմ որ Դաշնակցութիւնը իր Սփիւռքեան իւրայատուկ կառոյցներով, պարտաւորութեան տակ կը դնէ մեզ ազգովին ոտքի պահելու զայն, պահելու առողջ եւ աննկուն։ Դաշնակցութիւնը մեծ եւ անփոխարինելի ազգային արժէք է Սփիւռքի տարածքին, եւ միայն ուղիղ եւ բարոյապէս անշեղ քաղաքականութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կարեւոր եւ գաղափարախօսական հիմքերով ներկայութիւն դառնալ նաեւ Հայրենիքէն ներս։ Պարզապէս պէտք չէ աճապարել, այլ պէտք է նոր, ինքնուրոյն աւանդ ստեղծել եւ չհենուիլ միայն հինին վրայ։
Հրաչ Սիմոնեան
Յունուար 14, 2019
[շարունակելի]
Աղբյուրը՝