ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ՀԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆ

Հայաստանի եւ Հայութեան Պետական Տունը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կանգնած է ծանրագոյն ՎՏԱՆԳի առջեւ։ Հայաստանի արեւելեան դարպասին՝՝ նոյնինքն արծուեբոյն ԱՐՑԱԽի՝հայութիւնը, միջազգային հանրութեան ձեռնածալ հանդիսատեսի աչքերուն առջեւ, կ’ենթարկուի Ատրպէյճանի պետական ուժերով գործադրուող ստոյգ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ։ Ատրպէյճանեան զինուժը արդիական բոլոր զէնքերու զօրաշարժով եւ թրքական եղեռնագործութեան ծանօթ վայրագութեամբ՝ յառաջ կը մղէ Արցախի ամբողջական ՀԱՅԱԹԱՓՄԱՆ եւ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ իր ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ծրագրին գործադրութիւնը։ Արցախի կործանումով Ատրպէյճան կը հետապնդէ Թուրքիոյ հետ ուղղակի կապի հաստատման եւ ռազմականօրէն ամրագրման Համաթրքական ՑՆՈՐՔին իրականացումը։ Արցախի հայութիւնը օրհասական կռիւ կը մղէ Հայրենի Մեր Հողին ու Հայաստանի Դարպաս Արցախին պաշտպանութեան համար։ Ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլեւ համայն հայ ժողովուրդին ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺՆ Է ԵՐԱՇԽԻՔԸ ատրպէյճանական իշխանութեանց ձեռնարկած ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՊԱՆՈՒԹԵԱՆ դիմագրաւումին, համաթրքական նորօրեայ ՄԵԾ ՈՃԻՐին վիժեցման եւ Ատրպէյճանի հակահայ թշնամական ԳՐՈՀին սանձումին ու յետ մղումին։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *