Հայաստան

Շրջադարձ Դէպի Երկրի Ներսը

Ժողովուրդին մօտ թէեւ ակնյայտ էր սաստիկ ընկճուածութիւնը եւ արժանապատուութեան նուաստացումի զգացումը, սակայն ան իմաստութիւնը ունեցաւ իրողութիւնը սառնասրտութեամբ ընկալելով՝ մնալու պետականութեան զօրավիգ:

Աւօ Պօղոսեան

Բոլոր պատերազմներու աւարտէն ետք, պարտուած կողմերու ժողովուրդներուն մօտ շատ բնական է վրէժի զգացումը եւ ամէն գնով վերապատրաստուելու ու զինուելու մարմաջը, առաջին հերթին՝ կորսնցուցած արժանապատւութիւնը վերագտնելու, ապա կորսնցուցած տարածքները վերագրաւելու համար: Շատ յաճախ այդ զգացումին հետ զուգահեռ կ՛ընթանան երկրին իշխանութիւններուն դէմ բողոքի ցոյցեր, յեղափոխութիւն, ապակայունութիւն եւ նոյնիսկ պետական հաստատութիւններու դէմ վայրագութիւններու դրսեւորում: 

Պատմութեան մէջ շատ կը հանդիպինք այդպիսի երկիրներու, որոնցմէ են Իտալիա, որուն ֆաշիստ կառավարութիւնը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք տապալեցաւ եւ Պենիթօ Մուսոլինի կախաղանի արժանացաւ: Ֆոլքլենտի պատերազմին, Արժանթինի պարտութեան պատճառով, երկրին մէջ տիրեց խոր դժգոհութիւն, որ վերջապէս յանգեցաւ իշխող խունթայի տապալման. կարելի է շարքը երկարել: Այդ ճանապարհը, սակայն, միշտ չէ որ յաջողութեամբ կը պսակուի, որովհետեւ նոյնպէս յաղթող կողմը իր յաղթանակէն եւ ձեռք բերած յաջողութիւններէն ու զանոնք նուիրականացնելու եւ պահպանելու վճռականութենէն մղուած՝ բնականաբար աչալջօրէն պիտի հետեւի հակառակորդին ամէն մէկ շարժումին եւ ըստ այնմ շարունակէ զինուիլ: Դարձեալ պատմութեան դիմելով՝ կը տեսնենք, որ երկիրներու միջեւ յաճախ պատերազմներ մղուած են նոյն հողամասին համար, որ քանի մը անգամ ձեռքէ ձեռք խլուած է, պատճառելով բազմաթիւ զոհեր, բնակչութեան արտագաղթ եւ քանդում: 

Կայ նաեւ ռազմավարական այլ ճանապարհ մը, զոր իրականացնելը աւելի դժուար է եւ աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի, նկատի ունենալով ժողովուրդը համոզելու եւ ընկճուածութենէ ոտքի հանելու բարդութիւնը: Տուեալ պարտութենէն ետք, երբ վառօդի բարձրացուցած ծուխի ամպերը չքացած են արդէն, հակառակ բնական թուացող ներքին՝ բնազդային վրէժի կանչերուն անսալու, զգաստանալ եւ դժուար որոշումը տալ՝ շրջուելու դէպի երկրի ուղղաձիգ զարգացման քաղաքականութեան նախաձեռնութեան: Այդ քաղաքականութեան որդեգրման յաջողութեան պարագային, երկիրը տարածաշրջանի այլ պետութիւններու հետ համեմատած՝ տնտեսական բարձր մակարդակ կը նուաճէ, որ իրեն հետ յառաջ կը բերէ նաեւ հզօրացում բոլոր ոլորտներուն մէջ: Այդպիսի ռազմավարութեան դիմած երկիրներէն են՝

 1. Գերմանիա, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ երկիրը հիմնայատակ կործանուած էր, շեշտը դրաւ երկիրի զարգացման գործին եւ քանի մը տարի ետք աշխարհը ականատես եղաւ Գերմանիոյ տնտեսական հրաշքին (wirtschaftswunder), որուն միջոցաւ դարձաւ աշխարհի ամէնէն յառաջադէմ երկրորդ երկիրը: 

 2. Ճափոն, որ նոյնպէս Համաշխարհային Բ. պատերազմին իր կրած աղէտէն ետք լծուեցաւ երկիրը կառուցելու գործին եւ Գերմանիոյ հետ դարձաւ տնտեսական գերպետութիւն մը: 

 3. Հարաւային Քորէա, որ քորէական պատերազմէն ետք դարձաւ զարգացած, արդիւնաբերական եւ արտածող երկիր մը: 

 4. Վիեթնամ, որ երկու տասնամեակ տեւած պատերազմներու արհաւիրքէն ետք, այսօր նկատառելի զարգացող եւ յառաջադէմ երկիր մըն է: 

 5. Ֆինլանտա, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք թոյլ եւ աղքատ երկիր էր, կեդրոնացաւ տնտեսական եւ արհեստագիտական ոլորտներուն վրայ: Այսօր, նորարարութիւններով յայտնի երկիր մըն է անիկա: 

 6. Լեհաստան, որ Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք զարթօնք մը ապրեցաւ եւ կեդրոնաձիգ համայնավար կառավարման համակարգէն անցաւ շուկայականին եւ այսօր շատ մօտիկ է Եւրոպական ընտանիքի երկիրներու մակարդակին: 

Հայաստան Արցախի պատերազմին իր կրած պարտութենէն ետք, բարեբախտաբար, ներքին քաղաքական ապակայունացում չապրեցաւ: Ժողովուրդին մօտ թէեւ ակնյայտ էր սաստիկ ընկճուածութիւնը եւ արժանապատուութեան նուաստացումի զգացումը, սակայն ան իմաստութիւնը ունեցաւ իրողութիւնը  սառնասրտութեամբ ընկալելով՝ մնալու պետականութեան զօրավիգ: Բոլորին, նոյնիսկ ընդդիմադիր փոքրամասնութեան համար, տեսանելի էր այն փաստը, որ մեր պարտութիւնը տրամաբանականօրէն անխուսափելի էր: Մենք գործ ունէինք թշնամիի մը հետ, որ ի տարբերութիւն մեզի, տասնամեակներով լծուած էր ռազմական ճանապարհով իր վրէժը լուծելու, որուն դէմ մենք անտարբեր գտնուած էինք, կամ մեր իրարայաջորդ իշխանութիւնները պարտադրուած էին անտարբեր մնալու: Աւելին՝ Ատրպէյճան զինուած էր ոչ միայն ռուսական սպառազինութեամբ, այլ՝ թրքական եւ իսրայէլեան ամէնէն արդիականներով: Մեզի դէմ էին Ատրպէյճանի ժողովրդագրական առաւելութիւնը, թրքական յատուկ ջոկատայինները, իսլամական արմատական զինեալներու ջոկատները եւ ռուսական լուռ մեղսակցութիւնը: Մեզի դէմ էր նաեւ ոչ միայն համայն աշխարհի անտարբերութիւնը, այլ՝ Ատրպէյճանի հողային անբողջականութեան անոնց ճանաչումը: Արցախի Հանրապետութիւնը ոչ մէկ երկիր կը ճանչնար ոչ ալ պատրաստ էր ճանչնալու: 

 Մենք պէտք էր որ պէտք է գիտակցէինք, թէ Արցախի 12,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին վրայ միայն 150,000 ժողովուրդով (1 քառ. քիլոմեթրի վրայ 12 հոգի), երկրամաս չի պահուիր, թէ հողին վրայ ապրելով միայն կարելի է զայն պահել: Պէտք է գիտակցինք, որ ինչպէս արեւմտեան Հայաստանի հողերը, զորս կորսնցուցած ենք եւ իրատեսական չէ անոնց՝ Հայաստանի միացումը, երբ չենք կրցած բարգաւաճ դարձնել մեր անգամ այս փոքր ածուն, ուրկէ մինչեւ այսօր արտագաղթը կը շարունակուի, նոյնպէս Արցախը վերադարձնելը գրեթէ անկարելի գործ է: Պէտք է գիտակցինք այժմ որ Հայաստանն ալ կրնանք կորսնցնել, եթէ շարունակենք նոյն ընթացքը:

Այո՛, պէտք է հետեւինք վերեւը նշուած, պարտուած, իսկ ներկայիս զարգացած երկիրներու օրինակին: Դառնանք դէպի երկրի ներսը: Մեր տարածքը ամէն գնով պաշտպանելու մարտավարութեան, որուն համար պարտադիր է ազգովին լծուիլ զայն ամրակուռ բերդի վերածելու, պաշտպանական հզօրագոյն զէնքերով: Ձեռնարկել երկրի տնտեսութիւնը ուղղահայեաց՝ թռիչքաձեւ զարգացնելու միջոցներու փնտռտուքին: Այս է մեր երբեմնի մեծ երկրէն մեզի մնացածը եւ պէտք է պահենք զայն: Նահանջելու տեղ չունինք այլեւս: 

Բարեբախտաբար, իշխանութիւնները, հակառակ բազմաթիւ խարխափումներու եւ թերութիւններուն, այդ քաղաքականութիւնը որդեգրած են: Ականատես ենք բոլոր ոլորտներուն մէջ երբեմն հսկայական աշխատանքներու, դիւանագիտական ոլորտին մէջ բաւական աշխուժութեան, ներկայ եւ անցեալի սխալներէն սորվելու ճիգին:

Փտածութեան եւ կաշառակերութեան ազգակործան ախտին դէմ թէեւ ոչ բաւարար, սակայն, դրական պայքարին: Երկիրը կարծես մտած է վերակառուցման փուլին մէջ, ուր ամէն կողմ տեսանելի են ճանապարհներու նորոգում եւ կառուցում: Կայ կրթական մակարդակը բարելաւելու, բարձրացնելու միջոցներու փնտռտուքը, կա՛յ երկրի զարգացման կամքը: Անհրաժեշտ է շինիչ քննադատութեան շարունակութիւնը, միա՛յն շինիչ, սակայն պէտք է նաեւ ընդունիլ տեսնել եւ գնահատել այն ամէն ինչը, որ դրական է: Այդպէս կարելի է պետութիւնը ամրապնդել: 

Երկրի աւելի արագ զարգացման համար կը մնայ խոչընդոտ մը: Արտագաղթի եւ կրթական անփառունակ մակարդակի պատճառած, արտասահմանեան չափանիշներով մասնագէտներու պակասը: Իշխանութիւնները անպայման պէտք է գտնեն ճարը զանոնք արտերկրէն հայրենիք հրաւիրելու համար, թերեւս արժանիները արտերկրի աշխատավարձերու չափանիշներով վարձատրելով…։

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *