18.7 C
Yerevan

Սայիտ Հալիմ Փաշա­յի Վերջին Օրը

Անմի­ջա­պէս քալե­ցի միւս մայթը, որպէսզի լաւա­գոյն դիրքով մը ահա­բե­կումը կատա­րեմ։

Նազա­րեթ Բերբերյան

ՀԱՏՈՒԱԾ՝ ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆԻ ԿՏԱԿՆ ԷՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԷՆ

«1921, Դեկտեմբե­րի 5: Առաւօտ շատ կանուխ դուրս ելայ սենեա­կէս: Նախորդ գիշե­րը մաքրած էի ատրճա­նակս եւ փամփուշտներն ալ համրած:

«Թարմ-թարմ ածի­լուած էի եւ լոգանք մը առած, ու ամբողջ կէս սրուակ օ տը քոլո­նիա­յով մարմինս շփած էի: Ճերմա­կե­ղէննե­րէս մինչեւ հագուստներս եւ գլխարկս, արթիսթի սեւ գլխարկս, նոփզնոր. ուսա­նո­ղի կամ արուեստա­գէ­տի սեւ փողկապ մը դրած էի. կարծես հարսնի­քի երթա­յի: Վերարկուս վրաս՝ գացի փաշա­յին դղեա­կին մօտե­րը, առանց Մ.ին հանդի­պե­լու: Վճռած էի այդ օրն իսկ գործը վերջացնել՝ առանց այլեւս մտա­ծե­լու հետեւանքնե­րու մասին:

«Ժամը ճիշդ 1ին ինքնա­շարժ մը կեցաւ փաշա­յին դրան առջեւ. դուրս ելաւ Թեւֆիք Ազմին եւ պայուսակ մը թեւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փաշա­յին հետ դուրս ելան եւ աճա­պա­րանքով մեկնե­ցան, շատ կարեւոր գործի մը գացող մարդոց երեւոյթով: Չմտա­հոգւե­ցայ. այնքան լաւ ուսումնա­սի­րած էի երթեւեկնե­րը, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլլար, չէր կրնար հրա­ժա­րիլ իր յետմի­ջօ­րէի պտոյտէն եւ անպայման պիտի վերա­դառնար: Տրա­մա­բա­նօ­րէն, առնուազն երկու ժամ պիտի ուշա­նար: Փութա­ցի Վիլլա Բորգե­զէ, ուր յաճախ կառքով, երբեմն ալ քալե­լով կու գար ան: Նոյնիսկ, օր մը, հետապնդումիս ընթացքին տեսայ, որ թիկնա­պա­հին գնել տուաւ ափ մը խորո­ված շագա­նակ, փողո­ցի վրայ նստող շագա­նա­կա­վա­ճա­ռէ մը: Ժամը 12ին ատեննե­րը Մ. եկաւ ու հարցուց, թէ ինչո՞ւ ճաշի չէի գացած մեր ուսա­նողնե­րուն ճաշա­րա­նը, ուր կէսօր եւ իրի­կուն սովոր էինք հանդի­պիլ:

«- Որովհե­տեւ,- պատասխա­նե­ցի,- վճռած եմ այսօր այս գործը գլուխ հանել, ամէն պարա­գա­յի տակ եւ ամէն գնով: Ջղայնա­ցած էի փաշա­յին ուշա­նա­լէն եւ քիչ մը եւս սպա­սե­ցի ու Գրի­գո­րին ըսի.- Ես տան կողմե­րը կ՛երթամ: «Այո՛»,- ըսաւ ու դուրս ելանք եւ քանի մը քայլ առի՝ դառնա­լու համար հանրա­կառքին փողո­ցը:

«Հասայ Վիա Նոմենտա­նա, ուր հանրա­կառքը կեցաւ. իջայ եւ քալե­լով մտայ Օստա­կիօ փողո­ցը: Յանկարծ դէմս ցցուե­ցաւ Հելե­նան: Ոստի­կա­նի մը հանդի­պումը այնքան չպի­տի նեղէր զիս, որքան այդ սիրուն աղջկան ներկա­յութիւնը այդ պահուն: Ջղա­յին վիճա­կի մէջ պաղ վերա­բե­րում մը ցոյց տուի: Մտե­րիմներ դարձած էինք եւ աղջի­կը կը զարմա­նար իմ անակնկալ պաղ վերա­բե­րումէս: Տարօ­րի­նակ նայուածքով կը դիտէր, կարծես առա­ջին անգամ զիս տեսած ըլլար:

«Անպի­տան աղջի­կը կատա­րեալ հարցաքննութեան մը սկսած էր եւ բաժնուե­լու միտք չունէր: Ժամը 4ին կը մօտե­նար: Փողո­ցին վարի կողմը նոր շէնքի մը շինութեան աշխա­տող բանուորնե­րը աշխա­տանքէ կ՛արձակուէին եւ, սովո­րա­բար, այդ ամա­յի եղող փողո­ցին մէջ բազմութիւն կար: Վայրկեա­նէ վայրկեան փաշան կրնար հասնիլ: Փողո­ցին խանգա­րիչ երթեւե­կը չբաւէր կարծես, դեռ կար այս յամառ աղջի­կը, որ անվերջ կը խօսէր ու կը ցրուէր ուշադրութիւնս:

«Եւ յանկարծ վերէն լսուե­ցաւ կառքի մը դղրդիւնը: Մէկէն մարմնէս անծա­նօթ սարսուռ մը անցաւ, երբ տեսայ հսկայ ձիե­րը, որոնց բաշե­րը հովէն կ՛ալեծփէին: Կառքին մէջն էր Սայիտ Հալիմ փաշան՝ իր թիկնա­պա­հին հետ: Փողո­ցին միւս ծայրը նայե­ցայ. Մ. դեռ հասած չէր: Վայրկեա­նա­պէս «ցտե­սութիւն» ըսի Հելե­նա­յին՝ պատուի­րե­լով, որ շուտ ներս մտնէ, քանի որ «հայրս» կու գար․․․

«Անմի­ջա­պէս քալե­ցի միւս մայթը, որպէսզի լաւա­գոյն դիրքով մը ահա­բե­կումը կատա­րեմ, բայց քանի մը ակնթարթ ուշա­ցած ըլլա­լուս՝ քիչ մնաց ձիե­րու տակ մնա­յի. ձեռքս վերցուցի, բռունցքս ցցած, ձիե­րը խրտչե­ցան եւ ծառա­ցան: Այդ իրա­րանցումին մէջ արագ ոստումով մը անցայ եւ ցատկե­ցի կառքին վրայ՝ կոխե­լով ոտնա­տե­ղին: Մէկ ձեռքով բռնե­ցի կառքին յենա­րա­նը, քիչ մը երե­րա­ցի, բայց հաւա­սա­րակշռութիւնս կրցայ պահել: Մինչ թիկնա­պա­հը կառա­պա­նին կը նայէր ու բաներ մը կ՛ըսէր, երեւի հասկնա­լու համար ձիե­րուն խրտչի­լը. Սայիտ Հալիմ Փաշա­յին աչքե­րը հանդի­պե­ցան աչքե­րուս: «Երէն»,- ըսաւ թիկնա­պա­հին: Այս եղաւ սատրա­զա­մին վերջին բառը: Աչքե­րը սարսա­փով լեցուն էին, երբ ատրճա­նա­կիս փողը ուղղե­ցի աջ քունքին եւ կրա­կե­ցի: Երկրորդ փամփուշտի մը հարկ չմնաց: Խռպոտ ձայն մը եւ փաշան նստած տեղէն տապա­լե­ցաւ կառքին մէջ, գլուխը իմ կողմս, գրե­թէ ոտքե­րուս տակ: Կառքը դեռ կ՛արշաւէր: Թեւֆիք Ազմին, առա­ջին շփո­թէն սթա­փած, ատրճա­նակ մը հանեց ու կը պատրաստւէր կրա­կե­լու, երբ ատրճա­նա­կիս փողը անոր ալ ճակտին ուղղե­լով, գոռա­ցի թուրքե­րէ­նով.

«- Աթ աշա­ղա, կեպերտի­րի­րըմ,- Նետէ՛ զէնքդ, կը սատկեցնեմ․․․

«Հնա­զանդե­ցաւ եւ ատրճա­նա­կը կառքէն դուրս նետեց, ահա­բեկ դէմքով: Ատրճա­նա­կիս կոթո­վը այս անգամ սկսայ հարուա­ծել կառա­պա­նին կռնա­կին՝ պոռա­լով իտա­լե­րէն.- «Ասբե­տա, ասբե­տա». «Կեցի՛ր, կեցի՛ր»: Խեղճ կառա­պա­նը վախէն կը դողար եւ յուսա­հա­տա­կան ճիչե­րով զիս վկա­յութեան կը կանչէր՝ ըսել ուզե­լով,- Տե՛ս, կեցնել կ՛ուզեմ, բայց ձիե­րը չեն կենար:

Կառա­պա­նը չյա­ջո­ղե­ցաւ կեցնել ձիե­րը, որոնք վազքը շարունա­կե­ցին մինչեւ փաշա­յին տան առջեւ եւ ինքնա­բե­րա­բար կանգ առին: Դրան առջեւ խափշիկ ծառան մեքե­նա­բար ձեռքը ճակտին տարաւ՝ «թեմեննահ» ընե­լու ձեւով, բայց փաշա­յին ինկած գլուխը տեսնե­լով՝ այդ դիրքին մէջ քարա­ցած մնաց, ապշա­հար: Առանց կարեւո­րութիւն տալու ծառա­յին՝ վար ցատկե­ցի կառքէն եւ ատրճա­նակս ցցած թեւովս լայն շարժում մը գծե­ցի շուրջս՝ թէ՛ սարսափ ձգե­լու եւ թէ՛ փախուստիս ուղղութիւնը որո­շե­լու համար»…

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Բերբերյա­նի ֆեյսբուքյան էջից։

https://m.facebook.com/nazaretberberian/posts/pfbid02ThRjvgBjvFDhZGjNLBumb3A23qdxdskk8hg6dzMdSK4878sE3X1CpnyCpUTBT6H5l?mibextid=RXn8sy&from_xma_click=xma_web_url&xma_click_id=8B6825C2-899E-449E-9EC5-98DE1B6B8D2E&tam_xma_content_type=2000&is_fb_content=true&forward=false&ts=1701772107070&wtsid=rdr_0wcDfYXgHchK9puT3

Առնչվող Հոդվածներ