Հայաստան

Նշմար

Փաստ է, որ սփիւռքացած Կիլիկիոյ, Պոլսոյ, Պարսկաստանի, թերեւս նաեւ այլ վայրերու մէջ հայութիւնը երկար դարեր դիմացաւ, հակառակ իր դիմագրաւած տառապանքին ու տարատեսակ դժուարութիւններուն:

Միհրան Քիւտողլեան

Ֆէյսպուքեան հարթակներու վրայ եւ մամուլի սիւնակներուն մէջ յաճախ կը հանդիպիմ գրութիւններու, որոնք կ’ահազանգեն, թէ ամէն առումով սփիւռքահայութեան նահանջը հասած է այն աստիճանին, ուրկէ կը սկսի ձուլումի սպառնալիքը…։

Չգիտցող չկայ, որ երկար ժամանակէ ի վեր սփիւռքը դարձած է անհոգ ու անտարբեր՝ ինքզինքին հանդէպ: Անտարբերութիւն մը, որ աւելի ահարկու է քան ամէնէն ահեղ թշնամին, քանի որ անզգալաբար կը կրծէ ու կը հիւծէ ան սեփական ուժականութիւնը, դիմադրողականութիւնը եւ առ ոչինչի կը վերածէ ազգային ինքնութեան էատարրերը: Սփիւռքեան նորահաս սերունդը արդէն իսկ ուծացման ճամբուն մէջ է եւ առաջին ու մեծ զոհը լեզուն է, հայերէնը եւայլն, եւայլն

Այսքանը գիտենք: Բայց դժուար է հասկնալ, թէ ինչի՞ կը ծառայեն բազմիցս կրկնուող ահազանգերը, վտանգը մատնանշող հաստատումները, երբ անոնց չեն ընկերանար գործնական առաջարկներ, որոնց իրագործումով քիչ-շատ թերեւս հեռացնեն վտանգը:
Կը կարծեմ, թէ վտանգաւոր է ամէն առիթի կամ անառիթ վտանգի մասին խօսիլն ու գրելը, եթէ անոնք պիտի չյանգին կացութիւնը գէթ մեղմելու փնտռտուքին: Յաճախակի կատարուած ձուլումի խօսքերը կրնան անուղղակի նպաստել, որ ընդհանրական մտայնութեան վերածուի ան եւ ձուլումի գաղափարին հետ հաշտ գոյակցիլը եւ անոր ընկալումը դիւրանայ՝ անտարբերութեան ախտէն վարակուած սփիւռքահայու մտածողութեան մէջ:
Փաստ է, որ սփիւռքացած Կիլիկիոյ, Պոլսոյ, Պարսկաստանի, թերեւս նաեւ այլ վայրերու մէջ հայութիւնը երկար դարեր դիմացաւ, հակառակ իր դիմագրաւած տառապանքին ու տարատեսակ դժուարութիւններուն: Կը գիտակցիմ, որ այդ վայրերու մէջ կը նպաստէին կրօնական տարբերութեան եւ այլ, միով բանիւ՝ մշակոյթի ազդակը, ինչպէս նաեւ համախումբ կեանքը: Բայց ի վերջոյ փաստ է, որ դիմացաւ:
Ուրեմն, փոխանակ ծունկ ծեծելու մտածենք, թէ սփիւռքեան միջավայրին մէջ ինչպի՞սի ազդակներ կը տոկացնեն մեզ. ահա առաջարկուած փնտռտուքը…:
Ըստ ինծի , վտանգաւոր է ամէն առիթի ու անառիթ վտանգի մասին խօսիլ-գրելը:

Աթէնք, 4-12-23
(շարունակելի)

Գրառումը՝ Միհրան Քիւտողլեանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *