18.5 C
Yerevan

Նշմար

Փաստ է, որ սփիւռքա­ցած Կիլի­կիոյ, Պոլսոյ, Պարսկաստա­նի, թերեւս նաեւ այլ վայրե­րու մէջ հայութիւնը երկար դարեր դիմա­ցաւ, հակա­ռակ իր դիմագրաւած տառա­պանքին ու տարա­տե­սակ դժուա­րութիւննե­րուն:

Միհրան Քիւտողլեան

Ֆէյսպուքեան հարթակնե­րու վրայ եւ մամուլի սիւնակնե­րուն մէջ յաճախ կը հանդի­պիմ գրութիւննե­րու, որոնք կ’ա­հա­զանգեն, թէ ամէն առումով սփիւռքա­հա­յութեան նահանջը հասած է այն աստի­ճա­նին, ուրկէ կը սկսի ձուլումի սպառնա­լի­քը…։

Չգիտցող չկայ, որ երկար ժամա­նա­կէ ի վեր սփիւռքը դարձած է անհոգ ու անտարբեր՝ ինքզինքին հանդէպ: Անտարբե­րութիւն մը, որ աւե­լի ահարկու է քան ամէ­նէն ահեղ թշնա­մին, քանի որ անզգա­լա­բար կը կրծէ ու կը հիւծէ ան սեփա­կան ուժա­կա­նութիւնը, դիմադրո­ղա­կա­նութիւնը եւ առ ոչինչի կը վերա­ծէ ազգա­յին ինքնութեան էատարրե­րը: Սփիւռքեան նորա­հաս սերունդը արդէն իսկ ուծացման ճամբուն մէջ է եւ առա­ջին ու մեծ զոհը լեզուն է, հայե­րէ­նը եւայլն, եւայլն

Այսքա­նը գիտենք: Բայց դժուար է հասկնալ, թէ ինչի՞ կը ծառա­յեն բազմիցս կրկնուող ահա­զանգե­րը, վտանգը մատնանշող հաստա­տումնե­րը, երբ անոնց չեն ընկե­րա­նար գործնա­կան առա­ջարկներ, որոնց իրա­գործումով քիչ-շատ թերեւս հեռացնեն վտանգը:
Կը կարծեմ, թէ վտանգաւոր է ամէն առի­թի կամ անա­ռիթ վտանգի մասին խօսիլն ու գրե­լը, եթէ անոնք պիտի չյանգին կացութիւնը գէթ մեղմե­լու փնտռտուքին: Յաճա­խա­կի կատա­րուած ձուլումի խօսքե­րը կրնան անուղղա­կի նպաստել, որ ընդհանրա­կան մտայնութեան վերա­ծուի ան եւ ձուլումի գաղա­փա­րին հետ հաշտ գոյակցի­լը եւ անոր ընկա­լումը դիւրա­նայ՝ անտարբե­րութեան ախտէն վարա­կուած սփիւռքա­հա­յու մտա­ծո­ղութեան մէջ:
Փաստ է, որ սփիւռքա­ցած Կիլի­կիոյ, Պոլսոյ, Պարսկաստա­նի, թերեւս նաեւ այլ վայրե­րու մէջ հայութիւնը երկար դարեր դիմա­ցաւ, հակա­ռակ իր դիմագրաւած տառա­պանքին ու տարա­տե­սակ դժուա­րութիւննե­րուն: Կը գիտակցիմ, որ այդ վայրե­րու մէջ կը նպաստէին կրօ­նա­կան տարբե­րութեան եւ այլ, միով բանիւ՝ մշա­կոյթի ազդա­կը, ինչպէս նաեւ համա­խումբ կեանքը: Բայց ի վերջոյ փաստ է, որ դիմա­ցաւ:
Ուրեմն, փոխա­նակ ծունկ ծեծե­լու մտա­ծենք, թէ սփիւռքեան միջա­վայրին մէջ ինչպի՞սի ազդակներ կը տոկացնեն մեզ. ահա առա­ջարկուած փնտռտուքը…:
Ըստ ինծի , վտանգաւոր է ամէն առի­թի ու անա­ռիթ վտանգի մասին խօսիլ-գրե­լը:

Աթէնք, 4–12-23
(շարունա­կե­լի)

Գրա­ռումը՝ Միհրան Քիւտողլեա­նի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ