24.7 C
Yerevan

Նշմար

(Մաս 3‑րդ)

Մատնուած ենք դժխեմ կացութեան մը, որու պայմաննե­րու մէջ մեր նորա­հաս սերունդին մեծ մեծա­մասնութիւնը հայե­րէն չի խօսիր, հայե­րէն չի գիտեր, պիտի յանդգնիմ ըսե­լու նաեւ, որ հայե­րէն գիտցող փոքր փոքրա­մասնութիւնն ալ հայե­րէ­նը իբրեւ ամէ­նօ­րեայ խօսակցա­կան լեզու չի գործա­ծեր, հայե­րէն գիտցող երի­տա­սարդներն իսկ (ոչ միայն երի­տա­սարդնե­րը) իրա­րու հետ տեղա­կան լեզուով կը յարա­բե­րին:

Միհրան Քիւրտօղլեան

«ԼԵԶՈՒՆ ԱԶԳՆ ԻՍԿ Է, ԵՒ՝ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ»

Այս վերնա­գի­րը իբրեւ անբե­կա­նե­լի ճշմարտութիւն հաւա­տա­ցողնե­րը եւ զայն ազգա­յին ինքնութեան հաստա­տա­գիր դաւա­նողնե­րը կը մոռնան, որ մօտաւոր անցեա­լին, ցեղասպա­նութեան հետեւանքով Սուրիա-Լիբա­նան եւ այլուր ցիրուցան Կիլի­կիոյ թրքա­խօս, հայե­րէն չգիտցող, թրքա­կան երգ-շարքի­նե­րուն սիրա­հար հայ մարդիկն էին, որ գաղթա­կա­նի առօ­րեայ հացէն բաժին հանե­ցին, որպէսզի սերունդին հայակրթութեան համար իրենց բնա­կած վայրե­րը դպրոց-եկե­ղե­ցի­նե­րու ցանցով օժտեն, համայնք կազմա­կերպեն՝ յարա­կից գործօննե­րով: Կը մոռնան նաեւ, որ հայկա­կան սփիւռքի մէջ հարիւրաւոր հազարնե­րով, թերեւս միլիո­նը գերա­զանցող թիւե­րով պատա­նի- երի­տա­սարդներ հայե­րէն չեն գիտեր, չեն խօսիր, անոնց շրթնե­րուն չի ծաղկիր մեր մայրե­նին: Քանի այդպէս է, գի՞ծ քաշել ուրեմն անոնց վրայ եւ զանոնք «հալա՞լ» ընել օտա­րութեան: Չի՞ բաւեր մեր կորսնցուցած քանա­կը: «Լեզուն ազգն իսկ է» դաւա­նողնե­րուն համար արդեօք կը նշա­նա­կէ, թէ հայ ըլլա­լու չափա­նի­շը հայե­րէն խօսի՞լն է միայն: Պոլսոյ Ակօս թերթի խմբա­գիրնե­րէն Իւսթիւկեան հրա­պա­րա­կա­յին զրոյցի մը ընթացքին վկա­յեց, թէ Համշէ­նի մէջ բարբա­ռա­յին հայե­րէ­նով խօսող շրջա­նակներ կան, բայց անոնց բոլորն ալ իրենք զիրենք համշէնցի կը դաւա­նին…:

Մատնուած ենք դժխեմ կացութեան մը, որու պայմաննե­րու մէջ մեր նորա­հաս սերունդին մեծ մեծա­մասնութիւնը հայե­րէն չի խօսիր, հայե­րէն չի գիտեր, պիտի յանդգնիմ ըսե­լու նաեւ, որ հայե­րէն գիտցող փոքր փոքրա­մասնութիւնն ալ հայե­րէ­նը իբրեւ ամէ­նօ­րեայ խօսակցա­կան լեզու չի գործա­ծեր, հայե­րէն գիտցող երի­տա­սարդներն իսկ (ոչ միայն երի­տա­սարդնե­րը) իրա­րու հետ տեղա­կան լեզուով կը յարա­բե­րին: Տեղա­կան լեզու գործա­ծե­լու հոսանքը հասած է այն աստի­ճա­նին, որ քիչ կը մնայ ամչնաս, թէ դուն հայե­րէն գիտես, հայե­րէն կը խօսիս: Բայց… արձա­նագրենք, որ օտա­րա­խօս մեր պատա­նի-երի­տա­սարդնե­րու գրե­թէ ամբողջութիւնը ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՄՐՕՐԷՆ ԳԻՏԱԿԻՑ է ԻՐ ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔԻՆ, այսինքն՝ գիտէ, թէ ինք հայ է ու ֆրանսա­ցի, հայ ու ամե­րի­կա­ցի, հայ եւ յունաստանցի եւ այսպէս բոլոր երկիրնե­րու մէջ::
Ամէն դրա­կան երեւոյթ իր մէջ կը կրէ ժխտա­կա­նին սաղմը եւ հակա­դարձա­բար՝ ժխտա­կանն ալ կ’ունե­նայ իր դրա­կան բաժի­նը: Մեր ներկայ սերունդին «երկակենցաղ»ութեան ժխտա­կան երե­սին դրա­կան բաժի­նը այն է, որ այդ երկու հանգա­մանքնե­րը զիրար կը հարստացնեն, զիրար կ’ամբողջացնեն, պայմա­նաւ որ ժամա­նա­կին դէմ մրցումի ելլենք եւ անոնց մէջ «հայ»ը ամրապնդենք :
Ժամա­նա­կը սրընթաց մեզի դէմ կը գործէ: Եթէ յամե­նանք ու միջոցնե­րու մասին չմտա­ծենք, սերունդը պիտի կորսնցնէ «ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂԻ» այժմու գիտակցութիւնն ալ եւ կորսուո­ղը առա­ջին մասը պիտի ըլլայ, այսինքն՝«հայ»ը, եւ այն ատեն ի զուր ծունկ պիտի ծեծենք, իմաստ պիտի չունե­նա լալն ալ, ողբերգու ըլլալն ալ: Գրի­գոր Զօհրապ «կոտրե­լէն ետք» վերնագրով պատմուածքին մէջ կ’ը­սէ, թէ յախճա­պա­կիէ սրուա­կին կոտրե­լէն ետք իմաստ չունե­ցաւ գիտնա­լը, թէ կոտրա­ծը թանգարժէք էր՝ Լուի 14-րդ թագաւո­րին գործա­ծած սրուա­կը եղած էր…: «Կոտրե­լէն ետք»ի վիճա­կը բազմիցս ապրե­լէ ետք, դասը սորված պիտի ըլլա­յինք շատոնց: Սակայն չենք սորված : Նորագո՞յնը փա՞ստը… չգիտցող չկայ:
Այս ըսուածնե­րէն ետք, անձս ալ իր կարգին համո­զումով կ’ընդգծէ, որ մայրե­նի լեզուն կենսա­կան է, կեանքի չափ կարեւոր է, նպա­տակ է եւ գլխաւոր կռուա­նը՝ ազգա­յին լեզուամտա­ծո­ղութիւն մշա­կե­լու եւ ինքնութիւն կռա­նե­լու համար : Ասկէ անդին սակայն, կա’յ իրա­կա­նութիւն մը, մե՜ծ մարտահրաւէր մը, զոր պէտք է դիմագրաւենք:

                 (շարունակելի)

Գրա­ռումը՝ Միհրան Քիւրտօղլեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ