24.7 C
Yerevan

Նշմար

(Մաս 4‑րդ)

Նոյնիսկ հայատրոփ Լիբա­նա­նի մէջ, հայկա­կան եւ օտար դպրոց յաճա­խողնե­րու թիւե­րը իրար կը հաւա­սա­րեցնեն՝ 5.000–5.000 (երկրի տնտե­սա­կան տագնա­պէն առաջ , նաեւ ներկա­յի ենթադրեալ թիւերն են): Հարցա­կան է տակաւին, որ հայկա­կան վարժա­րա­նի աշա­կերտնե­րու առօ­րեայ, կենցա­ղա­յին ու ընթա­ցիկ լեզուն հայե­րէնն է, թէ ոչ…:

Միհրան Քիւրտօղլեան

ԼԵԶՈՒՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑ

Ամէն բանէ առաջ ու վերջ, լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է, ապա նաեւ լեզուամտա­ծո­ղութեան եւ ազգա­յին ինքնութեան մշա­կումի գլխաւոր կռուան: Խնդիրն այն է, որ այդ տուեալ լեզուով ի՞նչ երազնե­րու, ինչպի­սի՞ յուշե­րու, ո՞ր արժէքնե­րու եւ նպա­տակնե­րու կամ տագնապնե­րու հետ կը հաղորդակցիս …: Բազմա­թիւ օրի­նակներ կան, որ տարբեր ժողո­վուրդներ միեւնոյն լեզուն խօսե­լով հանդերձ, նոյն ազգին չեն պատկա­նիր: Եւ հակա­ռա­կը՝ տարբեր լեզու խօսե­լով հանդերձ, նոյն ազգին կը պատկա­նին : Զուի­ցե­րիա­կան ազգը կը բաղկա­նայ գերմա­նա­խօս, ֆրանսա­խօս եւ իտա­լա­խօս ժողո­վուրդնե­րէ, որոնք տարբեր լեզու կը գործա­ծեն, բայց բոլորն ալ նոյն հոգե­րը ունին, նոյն խնդիրնե­րը, իրենց գործա­ծած տարբեր լեզունե­րով կը հաղորդակցին նոյն նպա­տակնե­րու հետ եւ կ’ապրին միեւնոյն տագնապնե­րը: Իսկ արա­բա­խօս, անգլիա­խօս, ֆրանսա­խօս կամ այլ տարբեր ժողո­վուրդներ, նոյն լեզուն գործա­ծե­լով հանդերձ, տարբեր ազգե­րու կը պատկա­նին, որովհե­տեւ անոնք նոյն լեզուով տարբեր նպա­տակնե­րու, տարբեր տեսլա­կաննե­րու հետ կը հաղորդակցին-կը յարա­բե­րին եւ տարբեր հոգե­րով կ’ապրին: Այս բոլո­րը ըսե­լէ ետք, կը գիտակցիմ, որ բացի նոյն նպա­տակնե­րէ, երազնե­րէ, տեսլա­կաննե­րէ ու տագնապնե­րէ, այդ ժողո­վուրդնե­րու ոտքին տակ կայ հայրե­նի հողը եւ համա­խումբ կեանքը, որոնց բարե­րար ներգործութե­նէ զրկուած ենք մենք եւ մեր մատղաշ սերունդը: Զրկուած է ողջ սփիւռքա­հա­յութիւնը:

փոքրա­մասնութիւն մը բացա­ռե­լով, հաստա­տե­լի է, որ մեր նորա­հաս սերունդը (եւ ոչ միայն նորա­հաս) առօ­րեայ յարա­բե­րութեանց մէջ իր բնա­կած երկրին լեզուն կը գործա­ծէ : Հայե­րէն չի գիտեր կամ մեծա­պէս կը դժուա­րա­նայ եւ չի կրնար իր մտա­ծումը հայե­րէ­նով արտա­յայտել:
Իսկ գոյութիւն ունե­ցող մեր վարժա­րաննե­րը չափա­զանց անբաւա­րար են: Ան-բա-ւա-րար:
Քանի մը տարի առաջ, հետաքրքրութեանս արդիւնքը եղած էր այն, որ օրի­նակ՝ ամբողջ Ամե­րի­կա­յի մեր վարժա­րաննե­րու աշա­կերտաց հանրա­գումա­րը շուրջ 10.000 (տաս հազար) էր, մինչ միայն Կլենտէյլ քաղա­քի օտար դպրոց յաճա­խող հայ աշա­կերտնե­րու թիւը կ’ենթադրուէր նոյնպէս՝ 10.000: Ֆրանսա­յի մէջ, շուրջ 1.500‑ի դիմաց, կ’ենթադրուի, թէ 60.000 դպրո­ցա­կան տարի­քի հայ տղաք կան: Նոյնիսկ հայատրոփ Լիբա­նա­նի մէջ, հայկա­կան եւ օտար դպրոց յաճա­խողնե­րու թիւե­րը իրար կը հաւա­սա­րեցնեն՝ 5.000–5.000 (երկրի տնտե­սա­կան տագնա­պէն առաջ , նաեւ ներկա­յի ենթադրեալ թիւերն են): Հարցա­կան է տակաւին, որ հայկա­կան վարժա­րա­նի աշա­կերտնե­րու առօ­րեայ, կենցա­ղա­յին ու ընթա­ցիկ լեզուն հայե­րէնն է, թէ ոչ…:
Արդ, կրնա՞նք շրջել այս կացութիւնը: դպրո­ցա­կան ցանցեր ստեղծել ամէ­նուր: Ըստ ինծի՝ չենք կրնար: Կարգ մը տեղեր նոր դպրոցներ կը բացուին թէեւ, բայց այլ տեղեր կը փակուին…:
Այս իրա­կա­նութեան դիմաց ի՞նչ կրնանք ընել, որ օտա­րա­խօս մեր տղա­քը իրենց գործա­ծած լեզուով հաղորդակցին-յարա­բե­րին ազգա­յին մեր տագնապնե­րուն, նպա­տակնե­րուն, յուշե­րուն եւ Հայաստան հայրե­նի­քի իրա­կա­նութեան հետ: Ահա բուն խնդի­րը եւ այս «նշմար»ներու գրութեան նպա­տա­կը:
Այս շարքին վերջի­նը եւ իմ առա­ջարկը յաջորդիւ:
Աթէնք, 9–12-23
(շարունա­կե­լի)

Գրա­ռումը՝ Միհրան Քիւրտօղլեա­նի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ