20.4 C
Yerevan

Նշմար

(Մաս 5‑րդ)

Փորձել գտնել ձեւ մը, ելա­կէտ մը, որ սփիւռքի նորա­հաս սերունդը (ոչ միայն) կարե­լի ըլլայ միեւնոյն նպա­տա­կի ու տեսլա­նա­կի շուրջ միաւո­րե­լու, համախմբե­լու եւ զայն մշտա­տեւ յարա­բե­րութեան, հաղորդակցութեան մէջ դնե­լու հայ կեանքին հետ, կաթիլ-կաթիլ ծանօ­թացնե­լու անոր մեր պատմութե­նէն որոշ տուեալներ, մերթընդմերթ ներկա­յացնե­լու անոր մեր ազգա­յին արժէ­հա­մա­կարգը:

Միհրան Քիւրտօղլեան

ԱՌԱՋԱՐԿ

«Նշմար»ներու այս շարքին հետեւո­ղը բնա­կա­նա­բար պիտի կռա­հէ, թէ առա­ջարկս ինչ նպա­տա­կի պիտի յանգի: նախա­նա­խորդ՝ «նշմար»ին մէջ կ’ը­սէի, թէ օտա­րա­խօս մեր նորա­հաս սերունդնե­րը տակաւին գիտա­կից են իրենց «երկա­կենցաղ» հանգա­մանքին , որուն սակայն՝ սահող ժամա­նակն ու շրջա­պա­տի պայմաննե­րը կը սպառնան, որ անոնց մէջ այդ գիտակցութիւնը տկա­րա­նայ ու հետզհե­տէ չքա­նայ՝ ի վնաս իրենց ազգա­յին ծագումին: Այսինքն, տակաւին ունին անոնք իրար հարստացնող-ամբողջացնող օրի­նակ՝ հայու եւ ֆրանսա­ցիի (տեղա­ցիի) հայու եւ յոյնի (տեղա­ցիի) զգա­ցում: Ժամա­նա­կը կը սպառնայ, որ հայու զգա­ցումը չքա­նայ: Նշմա­րած եմ, որ միշտ հայե­րէն խօսող ընտա­նիքնե­րու մէջ իսկ, երբ հայրը կամ մայրը կը բարկա­նայ իր զաւկին կամ կարեւոր խորհուրդ մը կու տայ անոր, կը դիմէ տեղա­կան լեզուին, որովհե­տեւ գիտէ, թէ այդ լեզուն է ազդե­ցիկն ու ներգործո­ղը իր զաւկին վրայ: Ով գիտէ, թերեւս նո’յնն է ազդե­ցի­կը նաեւ ծնողքին համար: (Հիմա, հայա­խօս մեծ հայր-մայրե­րը հազուա­գիւտ են, գրե­թէ չեն մնա­ցած): Եզրա­կա­ցութիւն.

  1. Ազգա­յին ինքնութիւնը կաղա­պա­րուած հասկա­ցութիւն չէ, այլ չաւարտուող ընթացքով կազմաւո­րում է, որ պայմա­նաւո­րուած է ազգի պատմութեամբ, արժէ­հա­մա­կարգով, ներկայ տագնապնե­րով եւ ապա­գա­յի տեսլա­կաննե­րով ու նպա­տակնե­րով: Կասկած չկայ, որ ինքնութեան մշա­կումին մէջ հիմնա­կան ազդա­կը լեզուն է : Այսքա­նը գիտենք : Բոլո­րիս գիտցա­ծը իրա­րու չշռայլենք եւ ըլլանք իրա­տես: Ընդունինք, որ հայակրթութեան մարզին մէջ մեր հասա­նե­լիութիւնը անմխի­թար ըլլա­լու աստի­ճան սահմա­նա­փակ է: Սփիւռքի տարածքին մեր սերունդին ջախջա­խիչ մեծա­մասնութիւնը հայե­րէ­նի մակե­րե­սա­յին ճանա­չո­ղութիւն մը ունի կամ բնաւ չունի: Նոյնիսկ հայե­րէն գիտցողնե­րը իրա­րու հետ կը յարա­բե­րին տեղա­կան լեզուով: Արդեօք կրնա՞նք այս կացութիւնը շրջել: Անձնա­պէս դժուար թէ նման բան կարե­նամ երեւա­կա­յել:
  2. «Դատա­պարտուած» ենք ընդունե­լու, որ ամէն բանէ առաջ ու ետք լեզուն հաղորդակցե­լու միջոց է, յարա­բե­րուե­լու գործիք է: Կարեւո­րը այն է , թէ սերունդը իր գործա­ծած լեզուո­վը (անգլե­րէն, ֆրանսե­րէն, յունա­րէն կամ այլ) ի՞նչ երա­զի, ի՞նչ նպա­տա­կի, ինչպի՞սի տագնապնե­րու , արժէքնե­րու եւ տեսլա­կաննե­րու հետ կը հաղորդակցի, կը յարա­բե­րի:
  3. Այսօ­րուան մարդե­րը մեծով պզտի­կով կախարդուած են բջջի­չա­յի­նով, ֆէյսպուքով, social media-ով, կարճ՝ համա­ցանցով եւ ամբողջութեամբ կլա­նուած՝ անոնցմով: Ոչինչ կը հմա­յէ այնքան, որքան վերո­յի­շեալնե­րը: Համա­ցանցով կը սփռուին նոյնիսկ աղօթքնե­րը, որոնք գերա­զանցա­պէս անձնա­կան ու ներհա­յե­ցո­ղութեամբ առ Աստուած ուղղուե­լու բնոյթը ունին:
    Այս կը նշա­նա­կէ, թէ ներկայ ժամա­նակնե­րու մէջ մեր նորա­հաս թէ մեծա­հա­սակ սերունդը միեւնոյն գաղա­փարնե­րուն ու նպա­տակնե­րուն շուրջ համախմբե­լու եւ զանոնք միաւո­րե­լու ամէ­նէն ազդու միջոց-գործի­քա­կազմը համա­ցանցն է, ուր բացա­կայ ենք մենք՝ մասնա­գի­տա­կան ծրագրով, համադրուած աշխա­տա­կարգով եւ սիստե­մա­թիք հետեւո­ղա­կա­նութեամբ: Փաստ է, թէ համա­ցանցի միջո­ցով նոյնիսկ ամբոխներ ըմբոստութեան կը մղուին կամ պետա­կան հարուա­ծի փորձեր կը ձախո­ղե­ցուին: Իմ կարծի­քով, կազմա­կերպիչներն իսկ անակնկա­լի բերող հայոց ցեղասպա­նութեան 100-ամեա­կի զանգուա­ծա­յին մասնակցութիւննե­րը ամէ­նուր՝ արդիւնք էին սոսկա­կան անհատնե­րու կողմէ կատա­րուած համա­ցանցա­յին քարոզչութեան…:
    ՆՊԱՏԱԿ. Փորձել գտնել ձեւ մը, ելա­կէտ մը, որ սփիւռքի նորա­հաս սերունդը (ոչ միայն) կարե­լի ըլլայ միեւնոյն նպա­տա­կի ու տեսլա­նա­կի շուրջ միաւո­րե­լու, համախմբե­լու եւ զայն մշտա­տեւ յարա­բե­րութեան, հաղորդակցութեան մէջ դնե­լու հայ կեանքին հետ, կաթիլ-կաթիլ ծանօ­թացնե­լու անոր մեր պատմութե­նէն որոշ տուեալներ, մերթընդմերթ ներկա­յացնե­լու անոր մեր ազգա­յին արժէ­հա­մա­կարգը, մեր տագնապնե­րը, մեծ ու փոքր մեր նպա­տակնե­րը, ապա­գա­յի մեր տեսլա­կաննե­րը եւայլն, որպէսզի օտա­րա­ցող սերունդին մէջ քայլ առ քայլ մշա­կուի ազգա­յին ինքնութիւն, գիտակցութիւն, ազգին հանդէպ որոշ յանձնա­ռութիւն: ԱՌԱՋԱՐԿԻ ՆԱԽԱԳԻԾ. Ա. ՄԻՋՈՑ ՈՒ ԳՈՐԾԻՔԱԿԱԶՄ.
  4. Ընկե­րա­յին ցանցեր, (social media), internet, բջի­ջա­յին հեռա­խօս, 2. Տեղա­կան լեզուով (անգլ., ֆրանսե­րէն, յունա­րէն եւայլն) գրուած կարճ ծաւա­լով գրութիւններ (text)եր եւ անոր հայե­րէ­նը՝ կցուած:
    Բ. ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԽՈՒՄԲ՝ ԵՐԿՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ՝
    1.Կեդրոնական գրա­սե­նեակ կամ յանձնա­ժո­ղով ՝ որեւէ երկրի մէջ: (մնա­յուն):
    Գրա­սե­նեա­կը կամ յանձնա­ժո­ղո­վը պիտի բաղկա­նայ. ա) ընկե­րա­յին ցանցե­րու միջո­ցաւ անուղղա­կի, կը կրկպեմ՝ անուղղա­կի քարոզչութիւն կատա­րե­լու հմուտ մասնագէտ(ներ)է , բ) փորձա­ռու տարի­քա­յին մանկավարժ-հոգեբան(ներ)է, գ) մեր պատմութեան, ազգա­յին արժէա­հա­մա­կարգին, մեր անմի­ջա­կան ու հեռա­հար նպա­տակնե­րուն եւ տեսլա­կաննե­րուն, ինչպէս նաեւ հայ կեանքին ու մեր տագնապնե­րուն հաղորդ անձ(եր)է:
    Կեդրո­նա­կան գրա­սե­նեա­կը կը պատրաստէ միշտ նորո­վի կարճ պարբե­րութիւննե­րով յատուկ text-եր, առանձնա­բար ՝ երեց պատա­նի­նե­րու, երի­տա­սարդնե­րու եւ միջին տարի­քի մարդոց յարմար, նպա­տակ ունե­նա­լով զանոնք յարա­բե­րութեան մէջ դնե­լու ազգին ու ազգա­յի­նին հետ:
    Պատրաստուած գրութիւննե­րը կ’ուղարկուին գաղութա­յին գրա­սե­նեակնե­րուն:

2.Գաղութային գրա­սե­նեակներ. (մնա­յուն)
Ամէն հայա­գա­ղութ կ’ունե­նայ իր գրա­սե­նեա­կը, որ՝ ա) նախ կը կեդրո­նացնէ գաղութի երեց պատա­նի­նե­րու, երի­տա­սարդնե­րու, միջին տարի­քի բոլոր հայե­րուն բջի­ջա­յին (սելիւլեր) հեռա­խօ­սի թիւե­րը եւ ե‑հասցէները: (այս աշխա­տանքը դժուար բաժինն է , որուն կրնան օգտա­կար ըլլալ ծխա­տէր քահա­նա­նե­րը…): բ) կեդրո­նա­կան գրա­սե­նեա­կէն ստա­ցուած գրութիւննե­րը կը վերա­ծէ երկրի տեղա­կան լեզուին, բնա­կա­նա­բար նաեւ հայե­րէ­նի եւ անոնցմով յաճա­խա­կի «յարձա­կումներ» կը գործէ բջի­ջա­յի­նի թիւե­րուն եւ ե‑հասցէներուն վրայ: գ) Երբեմն առիթներ կը ստեղծէ եւ պատա­նի­նե­րէ ու երի­տա­սարդնե­րէ կազմուած զատ-զատ խմբակներ կը հրաւի­րէ պարբե­րա­կան հանդի­պումնե­րու՝ օգտա­կարն ու հաճե­լին միա­խառնուած յայտագրով մը:
Վերջա­բան.
Այս առա­ջարկին իրա­գործումը անկա­րե­լի համա­րող անձերն ու մարմիննե­րը կամ լիո­վին չեն հասկցած զայն (ինչուն) կամ չեն ճանչնար սփիւռքի կարո­ղա­կա­նութիւնը եւ կամ՝ ամբողջո­վին սպա­ռած են այլեւս, անկա­րող՝ որեւէ նոր գործի: Վստահ, որ անկա­րե­լի չէ առա­ջարկին իրա­գործումը սփիւռքին ու անոր հայա­գա­ղութնե­րուն համար, որոնք կը պահեն առաջնորդա­րաններ ու եկե­ղե­ցի­ներ, դպրոցներ ու ակումբներ, մամուլ ու ազգա­յին նպա­տա­կով տարբեր-տարբեր գրա­սե­նեակներ: Այդ բոլո­րի կողքին ու զուգա­հեռ, առա­ջարկուա­ծը նոր պատուհան մը բանալն է կորսուող սերունդին համար , որու փրկութիւնը հրա­մա­յա­կան կը դարձնէ նոր միջոցնե­րու փնտռտուքը, որպէսզի կարե­լիի սահմաննե­րուն մէջ առաւե­լա­գոյն ճիգեր ի գործ դրուին՝ նոյնիսկ եթէ նուա­զա­գոյն արդիւնք պիտի ստա­ցուի անոնցմէ: Կը մնայ, որ չյա­մե­նանք շռայլ բանա­ձեւումնե­րու խաբուսիկ հմայքին վրայ :

Ծանօթ.– 1. Այս առա­ջարկէս ետք, կրկին ու շեշտա­կի ընդգծեմ, որ հայակրթութիւնը եւ հայե­րէն լեզուն մեզի համար կեանքի չափ կարեւո’ր են ու մնա­յո’ւն նպա­տակ: Վերջին հաշուով, անոնցմով զինուածներն են, որ ազգա­յի­նով կը տագնա­պին ու սերունդի փրկութեամբ կը մտա­հո­գուին…:
Աթէնք, 14–12-23 (շար.5 եւ վերջ)

Առնչվող Հոդվածներ