Խումբ մը հայ երիտասարդներ Աղբալեանին կը յայտնեն իրենց մտահոգութիւնը Հայաստանի մէջ այդ ռուսացման վտանգին գծով: Աղբալեան կը հանդարտեցնէ զիրենք՝ ըսելով. «Մի մտահոգուիք, աշխարհի վրայ նոյնիսկ եթէ մէկ հայ մնայ, որ հայերէն պիտի խօսի, այդ մէկը Հայաստանի մէջ պիտի ըլլայ եւ ոչ՝ Սփիւռքի»:
Աւօ Պօղոսեան
Ո՞վ պահ մը չի փշաքաղիր, երբ լսէ ազգային քայլերգը, կամ երբ դիտէ ազգային բանակին տողանցքը, երբ հազարաւորներ կը ծափահարեն կամ կը գոչեն ուռա՜: Այս զգացումները, հաւանաբար, մարդոց հոգիին մէջ անթեղուած կայծեր են` որոշ փորձառութիւններու հետ կապ ունեցող, մայրենի լեզուի իմացութեան, պատմութեան դասագիրքերու, վէպերու եւ, անվիճելիօրէն, ազգային պատկանելութեան։ Սակայն, այդ զգացումներուն ունեցած ազդեցութիւնը հայրենիքի բարօրութեան վրայ քննարկելի է եւ բազմաթիւ բանավէճերու նիւթ եղած թերեւս բոլոր դարերուն: Արդեօք ազգային պատկանելութեան զգացումին ինքնանպատակ ըլլալը բաւարա՞ր է «հայրենասիրութիւն» հասկացութեան սահմանման համար:
Բնականաբար, նախքան այդ հարցը քննարկելը, թերեւս պէտք է ազգին մաս կազմող զանգուածները բաժնել հայրենիքէն դուրս ապրողներու եւ հայրենի ժողովուրդի միջեւ:
Օտար ափերու վրայ ապրելով, կամայ թէ ակամայ մարդ ստիպուած պիտի ըլլայ իրեն ապաստան տուող երկրին լեզուն սորվելու, գործ ապահովելու, հաղորդակցելու եւ կեանքը ապրելու համար: Կենցաղային այս հարկադրանքը հետզհետէ պիտի ազդէ նաեւ անոր լեզուամտածողութեան, մանաւանդ՝ երկրորդ կամ երրորդ սերունդին վրայ: Այս ուծացման եւ օտարացման գործընթացը, միայն աննշան չափով պիտի տարբերի երկիրէ երկիր: Ապաստան տուող երկիրներու կրօնական տարբերութիւնները եւ զարգացման մակարդակը որոշ դեր կը խաղայ այդ ուծացման ուշացման վրայ:
Հայութեան մասին խօսելով, օրինակ, միջինարեւելեան երկիրները առաւելաբար իսլամութեան հետեւորդներ ըլլալով՝ մեր համայնքները աշխարհագրականօրէն խմբուած են, ուծացումը քիչ մը աւելի ուշ տեղի կունենայ, բաղդատած արեւմտեան կիսագունդի երկիրներուն հետ, որոնք մեզի պէս քրիստոնէութեան հետեւորդներ են:
Այստեղ է նաեւ հրեայ ժողովուրդին հիմնական տարբերութիւնը եւ առաւելութիւնը բոլոր իրենց բնօրրաններէն դուրս ապրող ժողովուրդներէն: Հրեաները հազարաւոր տարիներ ապրելով հանդերձ իրենց չպատկանող երկիրներու մէջ, ուրիշ ժողովուրդներու հետ համեմատած՝ աւելի շատ դիմացած են իբրեւ հաւաքականութիւն, հակառակ նոյնիսկ իրենց լեզուն կորսնցնելնուն, որովհետեւ անոնք իրենց կրօնքով կը տարբերին զիրենք հիւրընկալող ժողովուրդներէն:
Հայութեան երբեմնի ստուար համայնքները ամբողջ կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի՝ Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Հունգարիոյ եւ Պուլկարիոյ տարածքին, այսօր բոլորովին ձուլուած են, նաեւ՝ Հնդկաստանի, Ինտոնեզիոյ եւ Հոնկ Քոնկի երբեմնի մեծ եւ փոքր գաղութները: Այդ գաղութներու հայութիւնը անկասկած հայրենասէրներ էին եւ կան անոր փաստերը: Գիտենք, որ Հնդկաստանի հայութիւնը 1770ականներուն հիմնած էր Մատրասի խումբը, որուն անդամներն էին՝ Յովսէփ Էմին, Մովսէս Բաղրամեան, Շահամիր Բաղրամեան, Յարութիւն Շմաւոնեան եւ ուրիշներ: Մատրասի ազգային ժողովը 1803ին, Հայաստանի ազատագրութեան հարցին համար դիմած էր Ռուսիոյ օգնութեան: Իսկ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ հաստատուած հայ վաճառականներ երբեմն հայ ուսանողներու իրենց նիւթական օժանդակութիւնը տուած էին:
Այսօր, հայկական ստուար այդ հին գաղութներէն ոչինչ մնացած է, Լեհաստանի մեծ գաղութներէն ոչ մէկ հետք մնացած է:
Միջին Արեւելքի հոծ գաղութներուն մեր աչքերուն առջեւ խամրիլը տեսանք։ ճիշդ է որ հիմնականին մէջ անոնք, հոն տիրող քաղաքական ճգնաժամերուն պատճառած արտագաղթներուն պատճառով նօսրացան, սակայն, նաեւ՝ խառն ամուսնութիւններու, ուծացումի եւ այլասերման: Հոս կ՛արժէ յիշել Նիկոլ Աղբալեանի հետ կապ ունեցող դրուագ մը: 1940ականներուն, լիբանանահայութեան կուռ ազգային կեանքի ժամանակաշրջանին, երբ գաղութը ունէր իր դպրոցները, մշակութային հաստատութիւնները, եկեղեցիները, ուր հայերէնը կը դասաւանդուէր ազատօրէն բոլոր հայկական դպրոցներուն մէջ, մինչ Սովետական Հայաստանի մէջ կային հայ մտաւորականութեան դէմ բռնամիջոցներ, աքսորներ եւ հալածանքներ, իսկ երկրին մէջ համատարած ռուսացման քաղաքականութիւն կը տարուէր, խումբ մը հայ երիտասարդներ Աղբալեանին կը յայտնեն իրենց մտահոգութիւնը Հայաստանի մէջ այդ ռուսացման վտանգին գծով: Աղբալեան կը հանդարտեցնէ զիրենք՝ ըսելով. «Մի մտահոգուիք, աշխարհի վրայ նոյնիսկ եթէ մէկ հայ մնայ, որ հայերէն պիտի խօսի, այդ մէկը Հայաստանի մէջ պիտի ըլլայ եւ ոչ՝ Սփիւռքի»:
Այսօր, Հայաստանի հազիւ երեք միլիոն հայութեան դիմաց, Սփիւռքի մէջ կ՚ապրին 7 միլիոն հայեր, որոնք անպայմանօրէն պիտի ձուլուին մօտիկ ապագային: Ռուսիոյ տարածքին կան առաւել քան 2 միլիոն հայեր, որոնք նոյնիսկ մէկ հայկական ամէնօրեայ դպրոց չունին: Մեզի դրացի Թիֆլիսի երբեմնի կարեւոր համայնքին մէջ, ուր կեդրոնացած էին մեր ազգային հաստատութիւնները, դպրոցները եւ մտաւորականութիւնը, այսօր նոյնիսկ հայկական թաղամասերուն մէջ քալելով կարելի չէ հայերէն լսել: Վստահաբար կա՛ն, սակայն կը զգուշանան խօսելէ կամ արդէն վրացախօս դարձած են:
Սփիւռքի հայութեան մօտ անվիճելիօրէն կան հայրենասիրական զգացումներ, թէ որքան եւ ինչ ձեւի տակ՝ գիտենք եւ գրեթէ վստահ ենք, որ բոլորին մէջ Հայաստանի մասին տեղեկութիւն մը, առնուազն հետաքրքրութիւն մը պիտի արթնցնէ, ոմանց մօտ փշաքաղութիւն մը, ուրիշներու մօտ բերկրանք, որոշ խումբեր ներգրաւուած կրնան ըլլալ զանազան միութիւններու եւ կուսակցական կազմակերպութիւններու մէջ, շատեր երբ անհրաժեշտ է փոքր լումայ մըն ալ կը նուիրեն յօգուտ հայրենիքին, ոմանք կրնան աւելի մեծ գումարներով մասնակից ըլլալ ազգօգուտ ծրագիրի մը, սակայն ասոնք մասնակի երեւոյթներ են եւ ժամանակաւոր, որովհետեւ մէկ կամ երկու սերունդ ետք, կեանքի պայմաններու բերումով, անոնց մեծ մասը պիտի ձուլուի կամ նուազ ներգործօն ըլլայ ազգային ծրագիրներու մէջ:
Ի տարբերութիւն Սփիւռքի հայութեան, հայրենիքի մէջ ապրող ժողովուրդը, հայապահպանման յաւելեալ ճիգ թափելու պարտաւորութիւնը չունի, մեղմօրէն ըսած, ոչ ալ՝ հայօրէն գործելու անհրաժեշտութեան տակ ըլլալու: Ան պարզապէս իբրեւ քաղաքացի կ՛ապրի եւ կը գործէ, ունենալով օրէնքով սահմանուած պետութեան հանդէպ իր պարտաւորութիւնները եւ փոխադարձաբար անկէ ունի իր ակնկալիքները, սակայն պատերազմի պարագային, ան է որ երկիրի ապահովութեան ամբողջ բեռը իր ուսերուն կը վերցնէ՝ իր սեփական արեան գնով, որուն դիմաց սփիւռքահայութեան նիւթական մասնակցութիւնը անհամեմատ չնչին կը դառնայ:
Հայութեան բազմաթիւ մարտահրաւէրները արդիւնաւէտօրէն դիմակայելու համար, անհրաժեշտ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի հնարաւորութիւնները առաւելագոյնը օգտագործել, որ դրական արդիւնք պիտի ունենայ թէ՛ Հայաստանի հզօրացման, թէ՛ Սփիւռքի դիմադրողականութեան մէջ:
Վերջապէս, Հայաստանէն արտագաղթի դադրեցումը եւ նոյնիսկ հայրենադարձութիւնը պայմանաւորուած են հզօր եւ զարգացած տնտեսութեամբ հայրենիքով:
Աղբյուրը՝ asbarez.am կայքէջից https://asbarez.am/%d5%ba%d5%a7%d5%9e%d5%bf%d6%84-%d5%a7-%d5%a1%d5%bf%d5%a5%d5%b6%d6%84/?fbclid=IwAR3rF27-KBzd1oJjBMEpkFODh8XyOObi4M_QRPj0j0pn–l-wNGiaybc4U8
Pro Armenia NGO/ Պրո Արմենիա ՀԿ- ի գործունեությանն ու նորություններին կարող եք հետևել մեր ֆեյսբուքյան էջում՝ https://www.facebook.com/profile.php?id=100087236341276…
Անուշ Հակոբյան