Ազատ բեմ

Մտահոգություն ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովին Ընդառաջ

Կուսակցութեան կազմակերպական կանոնները, որոնք հնամաշ դարձած են, ստեղծած են բուրգաձեւ կառոյց մը, ուր ղեկավար խաւը եւ մասնաւորաբար Բիւրօն եւ անոր ներկայացուցիչը սրբադասուած են։ Դաշնակցութեան անսխալական ըլլալու հոգեբանութիւնը, որ արմատացած է կուսակցականներուն քով, ղեկավարութեան դրած է այնպիսի դիրքի մը վրայ, որ անոնք ոչ միայն մենատիրական ձեւով ղեկավարեն կուսակցութիւնը, այլեւ հաշուետու ըլլալէ դադրած են։

Օրերս Դավիթ Թորոսյան անուն ազգանուն հեղինակությամբ «Մեր Ուղին»-ի խմբագրությանն է ուղարկվել հետևյալ հոդվածը՝ առաջիկայում կայանալիք ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովի մասին: «Մեր Ուղին»-ը, որպես խոսքի ազատ արտահայտության դրսևորում՝ ընթերցողներին է ներկայացնում այդ գրառումը Ազատ Բեմ-ի բաժնում
Մեր Ուղին

ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր Ժողովին Ընդառաջ

2023 Հոկտեմբերին, Կիպրոսի մէջ գումարուած Դաշնակցական Մարմիններու, (իմա Կեդրոնական Կոմիտէ) խորհրդաժողովը, կուսակցութեան իրավիճակի քննարկումը կատարելով, եզրակացուցած էր որ անհրաժեշտ է յառաջաձգել ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովի գումարումը՝ ի տես կազմակերպութեան պարզած անբաղձալի պատկերին։ Այդ ժողովին քննարկուած եւ որոշ ախտաճանաչումներ կատարուած են կազմակերպական կեանքին, քաղաքական ուղղութեան եւ ամէնէն կարեւորը կուսակցութեան հեղինակութեան անկման հետ կապուած։ Առ այդ, ժողովը տրամադրութիւն յայտնած էր շուտով արտակարգ Ընդհանուր Ժողով մը գումարել։ Բայց նախքան այս ժողովի գումարումը, շրջող որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մեծ ճիգ թափած էր եւ համաձայնած էր ժողովականներու պատուիրակութիւններու մեծամասնութեան հետ, որ Ընդհանուր Ժողովի կամ նոր Բիւրոյի ընտրութեան հարց չդրուի։ Ժողովը սակայն այլ ընթացք ստացաւ եւ Բիւրօն ընդառաջելով նշեալ ժողովի տրամադրութիւններուն, որոշեց Ընդհանուր Ժողով գումարել 2024ի ամրան սկիզբը։ Այս կը նշանակէ թէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին տրուած խոստումները ապարդիւն անցան։ Այլ խօսքով, Դաշնակցական Մարմիններու ներկայացուցիչները նախ չյարգեցին իրենց բերանացի խոստումը եւ երկրորդ՝ Բիւրօն այլեւս հեղինակութիւն չունի Կ.Կ.-ներուն վրայ։ Սակայն Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի առաջարկով ժողովը յետաձգուեցաւ 2025ի Փետրուարին։ Գերագոյն Մարմինը իր առաջարկը հիմնաւորած էր որ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ »Թէժ Աշուն» կը նախատեսուի։ Այսինքն, իշխանափոխութեան միտուած ցոյցերը կրնան նոր թափ ստանալ եւ հետեւաբար Հայաստանի Դաշնակցական կառոյցը զբաղած պիտի ըլլար երկրին մէջ կատարուելիք իրադարձութիւններով։ Բայց անգամ մը եւս Գերագոյն Մարմինի նախատեսութիւնները չիրականացան եւ Հայաստանի մէջ աշունը անցաւ խաղաղ: Արդեօ՞ք Գերագոյն Մարմինը իսկապէս «թէժ աշուն» կ‘ակնկալէր թէ՞ այդ ալ փորձ մըն էր Ընդհանուր Ժողովը քիչ մը աւելի ուշացնելու, որպէսզի ժողովը լաւ պատրաստուի եւ կարելի ըլլայ անգամ մը եւս իրեն ենթակայ Բիւրօ վերարտադրել. տակաւին յստակ չէ:
Թէ ի՞նչ փոփոխութիւններ պիտի բերէ կամ կրնայ բերել ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր Ժողովը կուսակցութիւնը վերաշխուժացնելու եւ բարեկարգելու ուղղութեամբ, ժամանակը ցոյց պիտի տայ։ Միայն այն փաստը, որ Դաշնակցական Մարմիններու Ժողովը Ընդհանուր Ժողովի անհրաժեշտութեան մասին խօսած է, կը նշանակէ թէ կուսակցութեան մէջ կայ լուրջ ճգնաժամ կամ կազմակերպական տագնապ։ Սովորական դիտորդ մը անգամ այսօր կրնայ նկատել որ Դաշնակցութիւնը այլեւս դադրած է նախկին հեղինակաւոր կուսակցութիւնը ըլլալէ։ Մանաւանդ Հայաստանի անկախացումէն ետք, երեք տասնամեակ շարունակ, Դաշնակցութիւնը չէ կրցած կամ չէ ուզած բարեփոխուիլ, քայլ պահելու համար թէ աշխարհի եւ թէ հայ կեանքէն ներս կատարուող փոփոխութիւններուն հետ։ Կառոյցէն ներս թէ արտաքին ճակատի վրայ, ան շարունակեց Պաղ-պատերազմի ժամանակաշրջանի գաղափարական եւ քաղաքական հայեացքներով գործել, ինքզինք ներկայացնելով որպէս աւանդապահ եւ ազգային արժէքներու պահապան։ Վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին, կուսակցութենէն ներս զայն բարեփոխելու ձայները տարբեր պիտակաւորումներով խեղդուեցան։ Դաշնակցութիւնը, որ կը կրէ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ անունը, մերժեց որեւէ յեղափոխիչ գաղափար, որ կուսակցութիւնը կրնար թարմացնել եւ նոր աւիւն տալ անոր։
Այս պարունակին մէջ պէտք է հասկնալ նաեւ Արեւմտեանի Ամերիկայի կազմակերպութեան 52րդ Շրջանային Ժողովի յանդուգն որոշումը։ Տասնամեակէ մը աւելի Բիւրօն հետեւողականօրէն թիրախաւորած էր շրջանը, որովհետեւ եւ մանաւանդ 2011ի Ընդհանուր Ժողովին անոր պատգամաւորներուն կողմէ ներկայացուցած բարեկարգման առաջարկները կրնային սասանել միանձնեայ իշխելու կարգը, որ հաստատուած էր վերջին աւելի քան 25 տարիներուն։ Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցը եւ անոր փաստացի ղեկավարութիւնը թիրախաւորելու համար, Բիւրօն դիմեց զգայացունց ոճի։ Շրջանի հեղինակաւոր կուսակցականներու պիտակաւորումներ սկսան տրուիլ (ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութեան գործակալներ), աւելի ուշ, Հայաստանի իշխանութեան ջատագովներ կամ նիկոլականներ։ Ոճ մը, որ դաշնակցականութեան անյարիր է եւ յատուկ է սովետական գաղտնի սպասարկութեան դաստիարակութիւն ստացած գործակալներու:
Այստեղ փակագիծ մը բանալով, պէտք է կատարել կարեւոր մատնանշում մը։ 2018ին, երբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ըմբոստութիւնը, կուսակցականներու մեծ փաղանգ մը ուղղակի եւ անուղղակիօրէն զօրակցեցաւ այդ ըմբոստութեան։ Զանց առնելով այդ ըմբոստութեան պատճառով կատարուած իշխանափոխութեան եւ հետագային կատարուած քաղաքական իրադարձութիւններուն (44օրեայ պատերազմ եւ պարտութիւն, Արցախի հայաթափում եւայլն), այդ ըմբոստութեան զօրակցողներուն գլխաւոր մտասեւեռումը եւ հեռանկարը Հայաստանի քաղաքական եւ ընկերային կեանքի բարելաւումն էր։ Բոլորս ալ իրազեկ ենք թէ Հայաստանի մէջ ինչ աստիճանի հասած էր փտածութիւնը, կաշառակերութիւնը, թալանը եւ նմանօրինակ բազմաթիւ յոռի երեւոյթներ։ Հետեւանքը շարունակուող արտագաղթն էր, որ ուժաքամ կ՛ընէր երկիրը, չզարգացող տնտեսութիւնն էր, որուն հետեւանքով չունէինք հզօր բանակ եւայլն։ Ժողովրդային այս ընդվզման մէջ կուսակցականներէն շատ-շատեր յոյսի նշոյլ տեսան երկիր վերջնական կործանումէ փրկելու։ Ժողովրդային այս ընդվզումը պէտք է խթան հանդիսանար Դաշնակցութեան ղեկավարութեան ինքնասրբագրման եւ կուսակցութիւնը ճիշդ ուղիի վրայ վերադարձնելու։ Բայց Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը յամառօրէն շարունակեց Հայասռանի իշխանութիւններուն հաւատարմութեան իր կործանիչ քաղաքականութիւնը։
Վաստակաւոր կուսակցականներու դէմ կատարուող այս պիտակաւորումները տարածուեցան ամբողջ կառոյցին մէջ եւ Արեւմտեանի Դաշնակցականները կառոյցի միւս անդամներուն համար դարձան լաւագոյն պարագային «անբաղձալի»։ Այս ահռելի քարոզչութեան մասնակցեցան բոլոր անոնք, որոնք Բիւրոյի քաղաքականութեան լծուած էին, ըլլան անոնք մարմիններու անդամներ, մտաւորական համարուողներ, մամուլի պաշտօնեաներ եւ մինչեւ իսկ համեստ կուսակցականներ։ Քարոզչական այս սահմռկեցուցիչ ապատեղեկատուութեան հետեւանք պէտք է համարել այն երեւոյթը, որ կուսակցականներուն մեծամասնութիւնը որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն՝ հալած իւղի տեղ ընդունեց Բիւրոյի ներկայացուցած թէզը եւ նոյնիսկ լուրջ հարցադրումներ չկատարուեցան Արեւմտեանի ըմբոստացման մասին։ Ամբողջ փաղանգի մը դաշնակցականութիւնը հարցականի տակ դրուեցաւ եւ այդ փաղանգը հալածուեցաւ։ Այս մթնոլորտը ստեղծելով, ի վերջոյ Բիւրօն առանց Շրջանային Ժողովի գումարման (որուն նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած էին), նշանակեց Կեդրոնական Կոմիտէ։ Այս որոշումը յանգեցուց Արեւմտեանի շարքային անդամներու մեծամասնութեան ընդվզումին, որոնք նշանակման յաջորդ օրն իսկ գումարեցին իրենց Շրջանային Ժողովը եւ ընտրեցին Կեդրոնական Կոմիտէ։ Աւելի ուշ, երկար բանակցութիւններէ ետք, հարցը իբրեւ թէ լուծում գտաւ, սակայն Բիւրոյի վարած քաղաքականութեան եւ Արեւմտեանի ըմբոստացման պատճառները տակաւին կը յամենան։
Յառաջիկային գումարուելիք Ընդհանուր Ժողովը պիտի քննէ՞ Դաշնակցութեան վերականգման ուղին, թէ՞ նոյն հնամաշ լոզունգներով կուսակցութիւնը պիտի առաջնորդուի, աւելիով զայն հեղինակազրկելու եւ անոր դերակատարութիւնը հայ կեանքին մէջ նուազեցնելու։ Դաշնակցական ղեկավարներուն մօտ առկայ անհատական հաշիւները եւ խանդերը պիտի շարունակե՞ն աւերներ գործել, թէ՞ Դաշնակցական-գաղափարական ոգիով պիտի քննարկուին հարցերը։
Դաշնակցութեան առջեւ կայ երկու ճամբայ։ Կամ շարունակել ներկայ ընթացքը, որ ամէն օր աւելիով դէպի անդունդ կը տանի կուսակցութիւնը եւ հայութեան պորտակապը կը կտրէ անոր հետ, կամ կ՛ընտրէ դժուար ճանապարհը, վերադառնալով Դաշնակցականութեան։ Հաւանաբար կուսակցութիւնը փրկելու եւ անոր առողջացման առաջին քայլերը առնելու համար, պէտք է վերադառնալ Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհանուր Ժողովի ոգիին՝ կուսակցութեան անդամներուն քաղաքականցման եւ գաղափարական պատրաստութեան, նոր թափ հաղորդելու կուսակցութեան գործունէութեան եւ նորովի սկսելու կիսատ մնացած գործը։ Որքան ալ դժուար իրականանալի, այդ մէկը կրնայ նախաքայլը ըլլալ ընդհանուր փոփոխութեան, որուն այնքան կարիք ունի երբեմնի փառապանծ Դաշնակցութիւնը։
Արեւմտեան մէջ պատահած ըմբոստութիւնը առիթ մը պէտք է հանդիսանար եւ հանդիսանայ դաշնակցականներուն համար, որ վերանային եւ քննարկեն կուսակցութեան ընդհանուր կառուցուածքը՝ սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը։ Այստեղ կառուցուածք ըսելով պէտք է հասկնալ անոր պատմութիւնը, կազմակերպական կառոյցը, աշխարհընկալումը, քաղաքական դերակատարութիւնը, ծրագիրը, այլ խօսքով ամէն ինչ որ կ՛առընչուի կազմակերպութեան հետ, որպէս գաղափարներ եւ կազմակերպութիւն։ Այստեղ պէտք է նշել որ Արեւմտեան Ամերիկայի պատգամաւորներուն կողմէ 2011ին ՀՅԴ 31րդ Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին անոնց ներկայացուցած առաջարկները այսօր ալ կրնան կազմակերպութեան բարեփոխման հիմք ծառայել։ Յիշեցնենք որ այդ առաջարկներուն մերժումը կատարուեցաւ Հրանդ Մարգարեանի կողմէ, որուն հետեւանքով Արեւմտեան Ամերիկայէն Բիւրոյի անդամ Վիգէն Յովսէփեան մերժեց շարունակել մաս կազմել նոր Բիւրոյին եւ Հրանդ Մարգարեան դարձաւ մենատէր եւ այդ օրուընէ սկիզբ առին հալածանքները Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան դէմ։
Բարեփոխման ձգտող այդ առաջարկներուն կարեւորագոյն կէտերն էին.
Ա – Կուսակցութիւնը անջատել պետութենէն։ Այսինքն պետական պաշտօն զբաղեցնողները մաս չկազմեն Դաշնակցական բարձրագոյն մարմիններու։
Բ – Մարմիններու անդամակցութեան ժամանակաշրջանի սահմանափակում։ Այլ խօսքով, կուսակցականներու անդամակցութիւնը պէտք է սահմանափակուի որոշ ժամանակաշրջանով։ Այս իմաստով, Արեւմտեանը իր գումարած 56րդ Շրջանային Ժողովին նմանօրինակ փոփոխութիւն կատարած էր ներքին կանոնագիրին մէջ։
Գ – Ապահովել կանանց մասնակցութիւնը մարմիններու մէջ, մեկնելով Դաշնակցութեան գաղափարական համոզումներէն՝ որ կ՛ենթադրէ հաւասարութիւն առանց սեռի խտրութեան։
Անշուշտ կուսակցութեան մէջ գոյութիւն ունեցող երեւոյթները որքան ալ որ փորձենք անջատաբար քննարկել, անոնք շաղկապուած են իրարու եւ իւրաքանչիւրին առանձնացումը ամբողջական պատկերը չի տար այն տխուր իրականութեան, որ գոյութիւն ունի կուսակցութենէն ներս։
Դաշնակցութեան առջեւ ծառացած խնդիրները, որոնք անհրաժեշտ է որ քննարկուին եւ պատշաճեցուին մերօրեայ ընկալումներուն եւ քաղաքական իրադրութիւններուն, առաջին հերթին հետեւեալներն են.

Ա – Դաշնակցութեան առաջին եւ կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը անոր պատմութիւնն է կամ աւելի ճիշդ անոր պատմութեան մատուցման ձեւը։ Դժբախտաբար Հ.Յ.Դ. պատմութիւն, որպէս պատմագիտութիւն գոյութիւն չունի։ Դաշնակցութեան առաջին երկու սերունդներու ներկայացուցիչները, որոնք հիմնական դերակատարներն են անոր յեղափոխական գործունէութեան եւ հետագային Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին, գրած են իրենց յուշերը։ Այս իմաստով բաւական հարուստ գրականութիւն ունի Դաշնակցութիւնը։ Սակայն պէտք է ընդգծել որ այդ յուշերը պատմագիտական-մասնագիտական աշխատութիւններ չեն։ Գրուած են դերակատարներու կողմէ, երբեմն նաեւ բերանացի լսածներու հիման վրայ։ Ատոնք կրնան իբրեւ ատաղձ ծառայել պատմաբանին, բայց պատմութեան ամբողջութիւնը չեն ներկայացներ։ Յաճախ զգացական եւ վիպական ձեւով գրուած աշխատութիւններ են։ Այս բոլորը հասկնալի են, որովհետեւ առաջին երկու սերունդները մարտական բովէ անցած կուսակցութեան գովքը պիտի հիւսէին։ Անոնք ապրած են Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկման կորուստի ցաւը։ Այս հանգամանքները անոնց մէջ ստեղծած են հայրենիքի կարօտախտը եւ զայն ազատ անկախ տեսնելու մեծ երազանքը։ Այս պատճառով ալ կուսակցութեան պատմութիւնը յուշագիրներուն կողմէ առասպելականացուած է, հասկնալիօրէն։ Միւս կողմէ Դաշնակցութիւնը հարուածելու համար, անոր հակադրուող ուժերու կողմէ՝ մասնաւորաբար Խորհրդային Միութեան, ամէն ճիգ թափուած է անոր պատմութիւնը աղաւաղելու եւ հայութեան պատուհասած աղէտներուն պատասխանատուութիւնը անոր վրայ բեռցնելու եւ զանազան մեղադրանքներ ուղղելու Դաշնակցութեան, նսեմացնելով անոր դերակատարութիւնը։
Բ – Դաշնակցութեան կողմէ իր պատմութեան առասպելականացումը իբրեւ ուղեցոյց ծառայած է նոր սերունդներ դաստիարակելու, որուն ժխտական անդրադարձներուն ականատես ենք այսօր։ Դաշնակցական կուսակցականներուն համար իրենց պատմութիւնը անքննելի է։ Այս մօտեցումը կուսակցականներուն մօտ ստեղծած է այն խաբկանքը, որ Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցական մարմինները անսխալական են եւ անոնց գործունէութիւնը, ուղեգիծը, քաղաքական թէ այլ որոշումները կը ծառայեն միմիայն հայութեան շահերուն։ Այս սրբացումը, որ շեշտուած է մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի (Լիբանան, Սուրիա, Պարսկաստան) կառոյցներուն կուսակցականներուն մօտ եւ ժամանակի ընթացքին այլամերժութեան հոգեվիճակ ստեղծած է կուսակցութեան մէջ։ Հիւանդագին այս երեւոյթը տարածուած է նոյնիսկ կուսակցութեան մէջ, այսինքն կուսակցականներու հանդէպ, որոնք չեն բաժներ ղեկավարութեան քաղաքականութիւնը։ Այս հիւանդագին հոգեվիճակի զոհերէն է նաեւ Բիւրօն, որ իր միահեծան իշխանութիւնը հաստատելու համար քայլերու ձեռնարկեց Արեւմտեանի դէմ։
Կուսակցութենէն ներս միանձնեայ իշխելու երեւոյթը, որ արդէն աւելի քան 50 տարիներու պատմութիւն ունի, իր մենատիրական իշխանութիւնը պահելու համար լաւագոյնս օգտագործած է այս հոգեվիճակը եւ քաջալերած է որ այն ամրապնդուի եւ զարգանայ։ Իսկ միանձնեայ եւ երկարաժամկէտ ղեկավարումը յղի է բազմաթիւ վտանգներով։ Ժամանակի ընթացքին կը սկսին անհատական շահերու հետապնդում, որուն ընթացքին ականատես կ՛ըլլանք ղեկավարի շրջապատի նիւթական վիճակի բարելաւման։ Երկրորդ վտանգը այն է որ ոեւէ ղեկավար, իր դիրքը անսասան պահելու համար կը սկսի անձնական նախասիրութիւնները թելադրել կուսակցութեան։ Իսկ կուսակցականներու մեծամասնութիւնը պարպուած ըլլալով դաշնակցականութենէ դարձած է կուսակցականամոլ եւ իր այս վարքով արդէն կուսակցութիւնը գլորած անդունդի մէջ։
Գ – Կուսակցութեան կազմակերպական կանոնները, որոնք հնամաշ դարձած են, ստեղծած են բուրգաձեւ կառոյց մը, ուր ղեկավար խաւը եւ մասնաւորաբար Բիւրօն եւ անոր ներկայացուցիչը սրբադասուած են։ Դաշնակցութեան անսխալական ըլլալու հոգեբանութիւնը, որ արմատացած է կուսակցականներուն քով, ղեկավարութեան դրած է այնպիսի դիրքի մը վրայ, որ անոնք ոչ միայն մենատիրական ձեւով ղեկավարեն կուսակցութիւնը, այլեւ հաշուետու ըլլալէ դադրած են։ Այս պատճառով ալ հաշուետու ժողովներ դարձած են կազմակերպական ֆոլքլոր եւ պարպուած են իրենց էութենէն։ Ժողովներու մասնակիցներու ընտրութիւնը կը կատարուի ղեկավար խաւին հանդէպ անոնց հաւատարմութեան հիման վրայ։ Եւ այս ձեւով, բրգաձեւ կառոյցը, որ սկիզբ պէտք է առնէ ներքեւէն, ամբողջութեամբ կը ղեկավարուի վերէն։ Այստեղ կը գործեն խոստումները, սպառնալիքները, շահակցական հաշուարկները, խնամաշահութիւնը եւայլն։ Կուսակցութեան այս բեմականացուած ժողովները նաեւ պատճառ դարձած են որ անոնց ընթացքին հարցերու քննարկումներ չկատարուին եւ մարմիններու աշխատանքներու ճշգրիտ գնահատումը եւ ապագայ գործունէութեան յստակ եւ դաշնակցական ուղեգիծ չճշդուի։ Ամէն ինչ ձգուած է ղեկավարող խմբակի հայեցողութեան եւ քմահաճոյքին։ Այլ խօսքով, Դաշնակցութեան ժողովները վերածուած են ձեւականօրէն ընտրական ժողովներու, որոնց պատկերը նախօրոք ճշդուած կ՛ըլլայ։ Ժողովական այս պատկերները եւ այլամերժութեան հոգեվիճակը վանողական մթնոլորտ ստեղծած են Դաշնակցութեան մէջ եւ անոր շուրջ։ Ակներեւ է որ վերջին տասնամեակներուն մտաւորականութիւնը համարեայ կը բացակայի Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ եւ կամ անոր շուրջ բոլորուելէ։ 1972ի 20րդ Ընդհանուր Ժողովը անկիւնադարձային է Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ։ Աւելի քան 50 տարի սփիւռքեան պայմաններու մէջ գործելով, Դաշնակցութիւնը սկսած էր ճահճանալ եւ վերածուիլ տեղայնական կուսակցութիւններու։ 20րդ Ընդհանուր Ժողովը փորձեց նոր աւիւն տալ կուսակցութեան զայն վերածելու քաղաքական կշիռ ունեցող կազմակերպութեան։ Այս ուղղութեամբ ալ որոշ աշխատանք սկսաւ բայց չշարունակուեցաւ։ Աւելի ուշ, Հայաստանի կառոյցը իր որդեգրած գործելաոճով եւ քաղաքականութեամբ, մեծ հարուած հասցուց Դաշնակցութեան վարկին եւ հեղինակութեան։ Այլ խօսքով, դաշնակցութիւնը սկսաւ ղեկավարուիլ ճիշդ այնպէս ինչպէս համայնավար կուսակցութիւնը Խորհրդային Միութեան մէջ:

      Դ - Դաշնակցութեան սփիւռքեան կազմակերպական կեանքը հպանցիկ ձեւով եթէ փորձենք քննել, բազմաթիւ հարցադրումներ կը ծագին։ Յաճախ խօսուած է եւ կը խօսուի կուսակցութենէն ներս թափանցումներու մասին։ Շատեր այս երեւոյթը բնական կը համարեն, տրուած ըլլալով որ տարբեր երկիրներու մէջ գործելով եւ պետական համակարգերու հետ աշխատելով, կուսակցութիւնը չէր կրնար անմասն մնալ այդ պետութիւններու հետաքրքրութենէն եւ կառոյցին մէջ կատարուող աշխատանքներէն։ Կը խօսուի նոյնիսկ ամէնաբարձր մակարդակներու վրայ թափանցումներու մասին։ Բնական է որ Դաշնակցութիւնը չէր ապահովագրուած նմանօրինակ երեւոյթի դէմ։ Սակայն այս թափանցումները երբ կը կատարուին այնպիսի պետութիւններու կողմէ, որոնք ուղղակիօրէն շահագրգռուած են հայկական հարցով եւ համահայկական առումով Դաշնակցութեան դերակատարութեամբ, արդէն երեւոյթը դուրս գալով տեղայնական երեւոյթ ըլլալէ, կը դառնայ սպառնալիք եւ մարտահրաւէր։ Այս իմաստով ռուսական թափանցման մասին նոյնիսկ վկայութիւններ կան։ Կուսակցութեան Հայաստան մուտքով, այդ թափանցումները աւելի մեծ ծաւալ ստացան եւ այսօր Հայաստանի ժողովուրդը արդար կամ անարդարօրէն Դաշնակցութեան կը մեղադրէ ռուսական շահերուն սպասարկելու մէջ։ Թէ որքան արդարացի կամ փաստացի են այդ թափանցումներուն վերագրուող տեղեկութիւնները, ստոյգ չէ։ 
      Ե - Պահ մը եթէ պատմական հերթականութեամբ նայինք կուսակցութեան ստացած հարուածներուն սփիւռքի մէջ, ապա պիտի նկատենք որ հերթաբար հարուած ստացան ամէնէն աշխուժ եւ գործունեայ կառոյցները, որոնց շնորհիւ տուեալ երկիրներուն մէջ հայ կեանքը թռիչք կ՛ապրէր մշակութային, կրթական կամ տնտեսական բարգաւաճումով։ 1950-1960ականներուն Միջին Արեւելքի երկու մեծ կառոյցները՝ Եգիպտոս եւ Սուրիա, նոյն ժամանակաշրջանին, Արեւելեան Ամերիկայի կառոյցին մէջ պատահած ըմբոստութիւնը եւս տկարացուց այդ գաղութը։ Արեւելեանը աւելի հին եւ աւելի մեծ գաղութ էր բաղդատած այդ օրերու Արեւմտեանին։ Ցնցում ապրեցաւ Ֆրանսայի կառոյցը արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով 1970-80ականներուն։ Դեռ հազիւ Մարտկոցական շարժումէն ուշքի եկած, կառոյցը անգամ մը եւս յայտնուեցաւ ներքին վէճերու եւ պառակտումներու մէջ որոնց հետեւանքով մինչեւ այսօր տակաւին ինքզինք չէ վերագտած։ Ամէնէն տոկունը կարծուած Լիբանանի կառոյցը, 1975ին երկիրին մէջ ծայր առած քաղաքացիական պատերազմին բերումով որոշ չափով ցնցուեցաւ 1980-1990ականներուն Դաշնակցութիւն-Գաղտնի Բանակ հակադրութիւնը եւս կառոյցը հարուածելու կը միտէր։ Լիբանանի կառոյցը իր ամէնէն մեծ հարուածը ստացաւ 1990ականներուն, երբ ներքին վէճերու եւ կուսակցական-ընտրական պայքարներու հետեւանքով կուսակցութիւնը ներքնապէս ջլատուեցաւ եւ յաչս ժողովուրդին բարոյալքուեցաւ եւ հեղինակազրկուեցաւ։ Լիբանանեան մամուլը անդրադարձաւ կուսակցութենէն ներս գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններու մասին։ Խօսուեցաւ սուրիական սպասարկութիւններու դերակատարութեան մասին։ 
      Այլ խօսքով, Դաշնակցութիւնը ներքնապէս տկարացնելու եւ անոր ուժականութիւնը ջլատելու գործընթացը սկսած է 1930ականներէն եւ տարբեր երկիրներու կառոյցները, որոնք աշխուժ են, գաղափարական-քաղաքական ուժ եւ որակ կը ներկայացնեն եւ ի վիճակի են հայութեան կեանքին մէջ Դաշնակցութեան տալ իր արժանի դերը։ Փաստօրէն, այսօր սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան գոյութիւն դարձած է անուանական եւ անոր գործունէութիւնը վերածուած է տեղայնական-գաղութային։ Դաշնակցութիւնը դադրած է հայ ժողովուրդի իրաւունքները պահանջող եւ անոր արդար դատին համար պայքարող կուսակցութիւն ըլլալէ։ Այն ինչ այսօր Դաշնակցութիւնը կը կատարէ, ներքին սպառումի համար է, տեսակ մը թմրեցուցիչ իր անդամներուն եւ համակիր զանգուածին, որ օրէ օր կը նօսրանայ։
      Զ - Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան որ Դաշնակցութիւնը այլեւս ոչ մէկ առընչութիւն ունի յեղափոխական հասկացողութեան հետ։ Կուսակցականներու մեծամասնութեան ներարկուած է այն թիւր գաղափարը թէ յեղափոխականը զէնքն է եւ զէնքով կռուիլը։ Այս սխալ ընկալումը կը շարունակուի եւ կը շահագործուի։ Դաշնակցականի երդման արարողութիւնը, որ ներքին ծիսակատարութիւն մըն է, դարձած է հանրութեան սեփականութիւնը, ուր ցուցամոլաբար տեղի կ՛ունենայ Դաշնակցականի երդումը իր ներքին խորհրդանիշներով (ատրճանակ, դրօշ եւայլն)։ Այս իւրայատուկ ծէսերու տեսաերիզնեը սկսած են տարածել նոյնիսկ ընկերային ցանցերու վրայ, քարոզչական իմաստով։ Բայց Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը կ՛անտեսէ նաեւ այն իրողութիւնը որ նման արարողութիւններու տարածումը կրնայ օգտագործուիլ իր դէմ, որ ոչ թէ Հայաստանի եւ հայութեան ծառայելու կոչուած գաղափարական երիտասարդներ կը պատրաստուին, այլ պարզապէս ահաբեկիչներ կամ խափանարարներ։ Մինչդեռ որպէս յեղափոխական կուսակցութիւն, Դաշնակցութիւնը առաջին հերթին պէտք է ձգտւ ինքզինք յեղափոխել։ Վերանայիլ իր ժամանակավրէպ կառոյցը, իր ծրագիրը եւ քաղաքական պահանջները եւ ամէնէն կարեւորը յետադարձ հայեացքով քննել իր բարոյական հասկացողութիւնները եւ նոր դիմագիծ տալ կուսակցութեան եւ ապա անցնիլ հայ կեանքի յեղափոխականացման։ Դժբախտաբար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, այսօր հայ կեանքի, թէ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ, ամէնէն պահպանողական կուսակցութեան վերածուած է եւ կը մերժէ ամէն փոփոխութիւն, թէ ներքին առումով եւ թէ արտաքին՝ հայ կեանքին մէջ։
      Իսկ Հայաստանի կառոյցը իր  ընթացքով, 1991էն սկսեալ եւ մանաւանդ վերջին 25 տարիներուն, թէ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ  կուսակցութեան հեղինակազրկման պատճառ դարձաւ։ Հայաստանի կուսակցական վերնախաւը իր վարքով եւ վարած քաղաքականութեամբ մսխեց այն հռչակը, որ ունէր Դաշնակցութիւնը Հայաստան մուտքի նախօրէին։ Եթէ առաջին տարիներուն Արցախեան հերոսամարտը կարելի եղաւ իբրեւ քող ծառայել անոր ձախաւեր գործունէութեան, ապա անկէ ետք, կուսակցութիւնը ժողովրդային մակարդակի վրայ գնաց պարտութենէ պարտութիւն։ 
      Այս պրիսմակին մէջ պէտք է դիտել նաեւ Արեւմտեանի ըմբոստացման երեւոյթը։ Ինչպէս վերը նշուած է, պատահական չէր որ Արեւմտեանը Դաշնակցականութեան վերջին ամրոցն էր։ Անոր առաջ մղած նորարարական գաղափարները՝ (յեղափոխական մօտեցումները), որոնք միտուած էին կուսակցութիւնը բարեկարգելու, արգելք էին անոր դէմ կատարուող դաւադրական այն ծրագիրներուն եւ որոնք տասնամեակներու պատմութիւն ունին։ Արեւմտեանը ունէր ներուժը թէ տնտեսական, թէ գաղափարական-քաղաքական եւ թէ մարդկային (կուսակցականներ եւ համակիրներ), որոնք կրնային կուսակցութեան թաւալագլոր անիւը հակառակ շրջել եւ Դաշնակցութիւնը դուրս հանել նախ ճահճացումէն, որուն մէջ յայտնուած էր եւ ապա ի վիճակի էր կուսակցութիւնը բարեկարգելով, վերադառնալ Դաշնակցութեան իսկական առաքելութեան՝ հայութեան իրաւունքներու պահանջատիրութեան եւ քաղաքական ասպարէզ կարդալ՝ մանաւանդ հայրենիքի մէջ կատարուող իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Արեւմտեանը կրնար կայծը տալ կուսակցութենէն ներս դաշնակցականութեան վերադարձի գաղափարախօսութեան, որուն նախանշաններ տուաւ իր 56րդ Շրջանային Ժողովին, ուր կանոնագրային որոշ պատշաճեցումներ կատարուեցան։ Թերեւս Բիւրոյին եւ իր «հաւատարիմ»ներուն ձեռնտու չէր Արեւմտեանի օրինակը, այդ շրջանը պէտք է վեևահսկուէր եւ լաւագոյն պարագային կատարէր «կթան կովու» պարտականութիւն։ Այդ պատճառով ալ ներկայացուած փոփոխութիւնները անընդունելի կը համարուին Դաշնակցութեան կողմէ, որ յամառօրէն կառչած կը մնայ իր հնամաշ կանոնագիրին։ Բիւրօն ունէր այն մտավախութիւնը, որ Արեւմտեանի օրինակը, թէ կազմակերպականօրէն եւ թէ քաղաքականօրէն, օրինակելի կը սկսի դառնալ այլ շրջաններու եւ հետեւաբար կառոյցը կրնայ առողջացման ճամբան բռնել։ Այս իրողութիւնը կրնար հարցադրումներ ստեղծել այլ շրջաններու կուսակցականներուն եւ նաեւ առհասարակ Դաշնակցութեան համակիր զանգուածին մօտ։  Իսկ բոլորն ալ գիտեն թէ ո՞վ եւ ուրկէ կը ղեկավարուի Բիւրօն։ Մատնացոյց կ՛ըլլայ հայաստանեան կառոյցը, այսինքն Գերագոյն Մարմինը, որուն անդամներուն պատկանելիութեան շուրջ մեծ կասկածներ կան։ Արդեօ՞ք այս ալ մաս կը կազմէ Դաշնակցութենէն ներս գործակալներու աշխատանքին, որն է դաշնակցութիւնը հեղինակազրկել եւ այդպիսով ժողովուրդէն անջատելով վերջնականապէս քանդել զայն: 
      Գլխաւոր հարցումը կը մնայ հետեւեալը. Դաշնակցութիւնը պիտի յաջողի՞ այս Ընդհանուր Ժողովին ինքզինք յաղթահարել եւ վերականգնիլ։ Պիտի քննարկուի՞ն վերոնշեալ հարցերը կամ անոնց մէկ մասը։ Կուսակցութիւնը բարեփոխելու որոշումներ պիտի կայանա՞ն։ Թէ՞ ընթացիկ-դասական Ժողովի մը ականատես պիտի դառնանք, որ կուսակցութեան դերակատարութիւնը կը սահմանափակէ Հայաստանի մէջ ընտրական մեքենայ մը ըլլալու, որ 30-40 Դաշնակցական ղեկավարներու հարստացման կը ծառայէ։ Ժողովի պատգամաւորները պատմական մեծ պատասխանատուութիւն ունին։ Մեծ պատասխանատուութիւն ունի նաեւ Բիւրօն։ Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցներուն մէջ ներառելով կուսակցական «այլախոհներ», եւ հեղինակութիւններ, որոնք թէկուզ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրուին ժողովին։ Այսպիսով, բոլոր շերտերուն մասնակցութիւնը ապահովելով, Ընդհանուր Ժողովին կարելի պիտի ըլլայ հարցերու խորքային քննարկում եւ պատշաճ լուծումներու յանգիլ։ Հեղինակութիւններու անտեսումը կամ չէզոքացումը լուծումեր չեն բերած եւ չեն բերեր։ Բիւրոյի անդամները պարտաւոր են մէկդի դնել անհատական իրենց նախասիրութիւնները եւ բարձրանալ Դաշնակցականութեան, որպէսզի կուսակցութիւնը փրկեն ամբողջական քայքայումէ։ 

Դաւիթ Թորոսեան

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *