14.7 C
Yerevan

ՀՅԴ Իրա­կան Առաջնա­հերթությունը

Սփիւռքը, ուր ՀՅԴ‑ն դեռեւս ամե­նէն աւե­լի կազմա­կերպուած եւ զօրա­շարժի ատակ քաղա­քա­կան կառոյցն է, չէ վերա­ծուած Հայաստա­նի ռազմա­վա­րա­կան գործընկե­րին, որով եւ չէ իրա­կա­նա­ցած համա­հայկա­կան համախմբումի եւ զօրա­շարժի կառուցա­յին հայե­ցա­կարգը։

Խ. Տէր Ղուկա­սեան

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վի ընդա­ռաջ. Կազմա­կերպա­կան կառոյցի արդիա­կա­նա­ցում ի խնդիր 21-րդ դարուն համա­հայկա­կան զօրա­շարժի վերաշխուժացման

25 ՓԵՏՐՎԱՐ 2025

Խ. Տէր Ղուկա­սեան

ՀՅԴ 24-րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վի (ԸԺ) (1988) Դէպի Երկիր որո­շումը ծնունդ տուաւ կուսակցութեան գործունէութեան նոր պատմա­կան հանգրուա­նի մը, որուն յաջորդա­կան ժամա­նա­կաշրջաննե­րու գնա­հա­տա­կաննե­րը տուած են ՀՅԴ 24-րդ ԸԺի յաջորդած տասը ԸԺնե­րը ‑վերջի­նը՝ 34-րդ (2022): Այս շաբաթ ընթացք առնող 35-րդ ԸԺը նոյնը պիտի ընէ անցնող եռա­մեա­կին վերա­բե­րեալ: Այդ գնա­հա­տա­կաննե­րէն անկախ, կուսակցութեան 34-ամեայ գործունէութեան տարբեր ժամա­նա­կա­հա­տուածնե­րը իրենց ամե­նա­յե­տին մանրա­մասնութիւննե­րով սպա­սե­լիօ­րէն տեղի տուած են քաղա­քա­կա­նա­ցած քննարկումնե­րու, զուսպ եւ առարկա­յա­կան երբեմն, դրա­կա­նօ­րէն քննա­դա­տա­կան տարբեր առիթնե­րու, բայց նաեւ յաճախ յետին նպա­տակնե­րով, անձնա­կան շահախնդրութեան եւ մինչեւ իսկ ոխա­կա­լութեան մղումով:

Ներկուսակցա­կան ոլորտին մէջ սակայն, մինչ կարգա­պա­հութեան աւանդա­կան հասկա­ցո­ղութեան յարգանքով ԸԺնե­րու գնա­հա­տա­կաննե­րը հարցա­կա­նի տակ չեն դրուած եւ չեն կրնար դրուիլ, բայց նաեւ ճիշդ է որ Դէպի Երկիր պատմա­կան հանգրուա­նը որպէս ամբողջութիւն քննարկե­լու նախանձախնդրութիւն չէ եղած: Պատմա­կան հանգրուան մը կարե­լի է որպէս ամբողջութիւն քննարկել՝ ձեռքբե­րումնե­րուն, բացթո­ղումնե­րուն եւ ձախո­ղութիւննե­րու բանա­կա­նացման իմաստով երբ նոյն այդ հանգրուա­նի լրումի ազդանշաննե­րը կ’ընկալուին: Այդ ազդանշաննե­րու ընկա­լումն ինքնին քննարկման նախասկիզբն է:

Այս իմաստով, Դէպի Երկիր հանգրուա­նի լրումն ու նորի մը սկիզբ տալու անհրա­ժեշտութիւնը կը զգա­ցուի հետեւեալ պատճառնե­րով.

Ա) Կուսակցութեան Հայաստան վերա­դարձը եւ քաղա­քա­կան գործընթա­ցի մէջ ինքնա­հաստատման փաստը արդա­րա­ցուցած են ՀՅԴ 24-րդ ԸԺ‑ի Դէպի Երկիր բեկումնա­յին որո­շումը:

Բ) Քսանմէ­կե­րորդ դարու առա­ջին քառորդի աւարտին աշխարհա­կարգը, ուժե­րու հաւա­սա­րակշռութե­նէն մինչեւ հարստութեան ստեղծման եւ վերա­բաշխումի համաշխարհին տնտե­սութեան ենթա­կա­ռոյց, փոխուած է Պաղ Պատե­րազմի աւարտին եւ անոր անմի­ջա­պէս յաջորդած տասը կամ քսան տարի­նե­րը յատկանշած միա­բեւեռ համա­կարգէն:

Գ) Սփիւռքը, ուր ՀՅԴ‑ն դեռեւս ամե­նէն աւե­լի կազմա­կերպուած եւ զօրա­շարժի ատակ քաղա­քա­կան կառոյցն է, չէ վերա­ծուած Հայաստա­նի ռազմա­վա­րա­կան գործընկե­րին, որով եւ չէ իրա­կա­նա­ցած համա­հայկա­կան համախմբումի եւ զօրա­շարժի կառուցա­յին հայե­ցա­կարգը որ համաշխարհա­յին քաղա­քա­կան թէ քաղա­քակրթա­կան գործընթացնե­րուն մէջ պիտի ապա­հո­վէր Հայաստա­նի եւ հայութեան տեղը:

Հայաստա­նի թէ Սփիւռքի մէջ իր եզա­կի ներկա­յութեամբ, Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը կրնայ հահայկա­կան համախմբուա­ծութեան եւ զօրա­շարժի օրի­նակ, խթան եւ գործօն հանդի­սա­նալ: Սակայն, հարցա­խոյզե­րը, անցնող երեք տասնա­մեակնե­րու քաղա­քա­կան գործի ձեռքբե­րումնե­րու, բացթո­ղումնե­րու թէ ձախո­ղութիւննե­րու համե­մա­տա­կան վերլուծումը եւ կուսակցա­կան առօ­րեա­յի կոնկրետ փորձա­ռութեան օրի­նակնե­րը Հայաստա­նի թէ Սփիւռքի մէջ կը յուշեն, որ Դաշնակցութեան այդ կարո­ղա­կա­նութիւնը անցնող երեք տասնա­մեակնե­րուն չէ յաջո­ղած ինքզինք լիո­վին փաստել: Համա­հայկա­կան համախմբուա­ծութիւն ստեղծե­լու Դաշնակցութեան կարո­ղա­կա­նութիւնն ու պատմա­կան փորձա­ռութիւնը կը մնան անխախտ: Բայց այդ կարո­ղա­կա­նութեան գործնա­կա­նա­ցումը կ’ենթադրէ կուսակցութեան համաշխարհա­յին կառոյցին, կազմա­կերպա­կան տինա­մի­քին, եւ մարմիննե­րու եւ շրջաննե­րու փոխ-յարա­բե­րութեանց կարգուկա­նո­նին տալ համա­կարգումի մեծ ճկունութիւն, որուն համար ալ կուսակցութեան ծննդո­ցին մաս կազմած է կազմա­կերպա­կան ապա­կեդրո­նացման սկզբունքը:

Կը մնայ որ ապա­կեդրո­նա­ցումը պիտի դուրս բերել իր սկբունքայնութեան վերա­ցա­կա­նութե­նէն եւ ընկա­լել պատմա­կան տարբեր հանգրուաննե­րու ոլորտին մէջ: Այսպէս, ՀՅԴ 24-րդ ԸԺի (1988) Դէպի Երկիր որո­շումը կուսակցութեան պատմա­կան զարգացման մէջ բերած է ծրագրա­յին առա­ջադրանքնե­րու եւ կազմա­կերպա­կան կանոննե­րու այնպի­սի բեկում մը ինչպէս նախա­պէս բերած էին 20-րդ (1972), 9‑րդ (1919) եւ 4‑րդ (1907) ԸԺնե­րը: Անոնցմէ իւրա­քանչիւրը կուսակցութեան գործունէութեան մէջ բացած է նոր հանգրուան մը, եւ պատմա­կան ամբողջ ժամա­նա­կաշրջա­նի մը վրայ դրած իր խոր կնի­քը. Կովկա­սեան Նախա­գիծ (1907), Ազատ, Անկախ, Միա­ցեալ Հայաստան (1919) եւ Յեղա­փո­խա­կան Արմատնե­րու Վերա­դարձ (1972): Այդ բեկումնա­յին ԸԺնե­րը միա­ժա­մա­նակ կուսակցութեան կազմա­կերպա­կան կառոյցին մէջ բերած են յատկանշա­կան բարե­փո­խումներ եւ վերա­նայման ենթարկած են կազմա­կերպա­կան կանոննե­րը: Այսինքն՝ ապա­կեդրո­նա­ցումը կոնկրե­տա­ցուցած են պատմա­կան նոր հանգրուա­նի մը ոլորտին մէջ, ի խնդիր այդ հանգրուա­նի մարտահրաւէրնե­րուն լաւա­գոյնս դիմագրաւման:

Ի տարբե­րութիւն անցեա­լի այդ բեկումնա­յին որո­շումնե­րուն որոնք արձա­նագրած են պատմա­կան հանգրուա­նի մը աւարտն ու սահմա­նած նորը, այսօր դժուար է յետ-Դէպի Երկիր հանգրուա­նի յստակ սահմա­նումը: Դէպի Երկի­րը հանգրուան մըն է որ իր լրումին հասած է, բայց նորին սահմա­նումը տակաւին չէ բանա­ձեւուած: Անհրա­ժեշտ է շարքա­յին լայն մակարդա­կով մտքե­րու պատրաստութիւն, քննա­կան-քննա­դա­տա­կան բանա­վէճ, իրա­վի­ճա­կի գնա­հա­տա­կան վերլուծում, կառուցա­յին, կազմա­կերպա­կան թէ այլ բարե­փո­խութիւննե­րու ծրագրում, եւ մինչեւ իսկ բաց քննարկում, որովհե­տեւ հայ հանրա­յին կարծի­քը, հայրե­նի­քի մէջ թէ Սփիւռքի, պէտք է իմա­նայ որ վերա­նայման գործընթա­ցը ինքնանպա­տակ չէ, այլ ի խնդիր հայ ժողո­վուրդին: Յստակ է միայն որ 21-րդ դարուն Հայաստա­նի եւ հայութեան գոյա­տեւման եւ զարգացման համար համա­հայկա­կան համախմբումի եւ զօրա­շարժի վերարժեւորման, վերա­նա­յումի եւ վերաշխուժացման կարի­քը կենսա­կան է:

Պատմա­կան նոր հանգրուա­նի մը սահմանման անհրա­ժեշտութեան դէմ յանդի­ման, ՀՅԴ 35-րդ ԸԺի մեծ մարտահրաւէ­րը կուսակցութեան կառոյցի, կազմա­պերպա­կան կանոննե­րու եւ ներկուսակցա­կան տինա­մի­քի վերա­նայման եւ արդիա­կա­նացման նախա­պատրաստութեան ընթացք տալն է, որպէս նպա­տակ ճշդե­լով բարե­փո­խումնե­րու բեկումնա­յին որո­շումի քննարկման թղթածրարնե­րը դնել ՀՅԴ 36-րդ ԸԺի տրա­մադրութեան տակ: Այս մէկը անշուշտ չի՛ նշա­նա­կեր որ կուսակցութեան քաղա­քա­կան, համայնքա­յին թէ Հայ Դատի գործունէութիւնը դադար կ’առնէ: Սակայն, կուսակցութեան, եւ յատկա­պէս նորընտիր Բիւրո­յի համար առաջնա­հերթա­յին կ’ըլլայ յաջորդ ԸԺի ներկա­յա­ցուե­լիք բարե­փո­խումնե­րու թղթածրա­րի պատրաստութիւնը, եւ այդ գործին կուսակցա­կան մարմիննե­րու եւ, ընդհանրա­պէս, կուսակցա­կան շարքե­րու լայն մասնակցութեան ապա­հո­վումը:

Հորի­զոն

Առնչվող Հոդվածներ