14.7 C
Yerevan

Դոկտոր Չիլի­նիկրյա­նի Ուսումնա­սի­րության Հետքե­րով

Ավե­լի քան երկու ժամ տևող տեսանյութի ընթացքում դոկտոր Չիլինկիրյա­նը նախ հակիրճ ներկա­յացրեց իր ուսումնա­սի­րություննե­րը և եզրա­հանգումնե­րը հայկա­կան Սփյուռքի, նրա դասա­կան ու ժամա­նա­կա­կից ընկա­լումնե­րի վերա­բերյալ, պատասխա­նեց մի շարք կարև­որ հարցե­րի։ Այդ բանա­խո­սությունը առանձնա­նում է խիստ հետաքրքրա­կան և գիտա­կան առումով, փաստա­տախտակնե­րով, թվա­յին կոնկրետ տվյալնե­րով։

Հրաչ Չիլինկիրյան

2024թ․ հունի­սի 20-ին ԱԶԴԱԿ լսա­րան յութուբայն ալի­քով տեղի ունե­ցավ բավա­կան հետաքրքիր բանա­խո­սություն քննարկում, որի հյուրն էր Օքսֆորդի Ասիա­կան և Մերձա­վոր Արև­ելքի պատմության ամբիո­նի դասախոս,(նախկինում տասը տարի նաև Քեմբրի­ջում դասա­խո­սած) պատմա­բան, սփյուռքա­գետ, սոցիա­լա­կան գիտություննե­րի դոկտոր(Լոնդոնի Տնտե­սա­գի­տության և Քաղա­քա­գի­տության համալսա­րան) Հրաչ Չիլինկիրյա­նը։ Հեղի­նակ է բազմա­թիվ դասա­խո­սություննե­րի ու հոդվածնե­րի, որոնց շարքում՝ «Հայկա­կան Սփիւռքի Հարցախոյզ»ի 2019, 2021 եւ 2022 թվա­կաննե­րին տասը երկիրնե­րում կատարված դաշտա­յին աշխա­տանքնե­րի արդյունքնե­րը, “Reverse Engineering: A State-Created “Albanian Apostolic Church” in Caucasian Albania. An International Handbook (eds., Jost Gippert and Jasmine Dum-Tragut), De Gruyter Mouton, 2023, “Armenian Communities in the Middle East: Losing the Past in the Future?” in From Pluralism to Extinction?: Perspectives and Challenges for Christians in the Middle East (ed. Sotiris Roussos), London: Transnational Press, 2023․
Ավե­լի քան երկու ժամ տևող տեսանյութի ընթացքում դոկտոր Չիլինկիրյա­նը նախ հակիրճ ներկա­յացրեց իր ուսումնա­սի­րություննե­րը և եզրա­հանգումնե­րը հայկա­կան Սփյուռքի, նրա դասա­կան ու ժամա­նա­կա­կից ընկա­լումնե­րի վերա­բերյալ, պատասխա­նեց մի շարք կարև­որ հարցե­րի։ Այդ բանա­խո­սությունը առանձնա­նում է խիստ հետաքրքրա­կան և գիտա­կան առումով, փաստա­տախտակնե­րով, թվա­յին կոնկրետ տվյալնե­րով։ Այս աշխա­տանքն իր մեջ ներա­ռում է ավե­լի քան 13 հազար մարդու ուսումնա­սի­րություն։ Դոկտո­րը ըստ էության ներկա­յացնում է Սփյուռքում առկա խնդիրնե­րի մի ողջ փունջ, որը շատե­րիս համար դեռևս կամ մշտա­պես անտե­սա­նե­լի են եղել ու շարունա­կում են մնալ։
Դոկտոր Չիլինկիրյա­նի այս ուսումնա­սի­րությունը իրե­նից բավա­կան մեծ արժեք է ներկա­յացնում, քանի որ ոչ միայն հարուստ փաստա­կան տվյալներ է տալիս, այլև արժե­քա­վոր մեկնա­բա­նություններր։ Դոկտո­րի այս ուսումնա­սի­րությունը մենք հաջորդիվ կներկա­յացնենք չորս մասով, ուտեղ առա­ձին-առանձին կփորձենք խոսել իր կողմից առանձնացված Սփյուռքի յոթ կառույցնե­րի մասին՝ Հայկա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րը, ավանդա­կան կուսակցություննե­րը, ՀԲԸՄ‑և և այս կառույցնե­րին զուգա­կից կառույցնե­րը՝ փորձե­լով հասկա­նալ, թե Սփյուռքում առհա­սա­րակ ի՞ն չ իրա­վի­ճակ է տիրում և մասնա­վո­րա­պես ինչպե՞ս են շոշափվում այն հարցրեը, որ մեր կարծի­քով առանձնա­հա­տուկ տեղ պիտի ունե­նան՝ օրի­նակ ազգա­յին ինքնություն, հայրե­նիք և այլն։ Իր ժամա­նա­կին «Մեր Ուղի­նը» ևս որոշ ուշադրություն է ներկա­յացրել վերո­հիշյալ հարցե­րին՝ մի շարք սփյուռքա­հայ գործիչնե­րի հետ անհա­տա­կան հարցազրույցներ կազմա­կերպե­լով։
Այս նախա­բա­նում ցանկա­նում ենք նաև ներկա­յացնել Հրաչ Չիլինկիրյա­նի Սփյուռքի մեծ բացա­կան՝ ղեկա­վա­րությունը» հոդվա­ծը, իսկ հաջորդ մասե­րում կքննարկենք արդեն իսկ հիշա­տակված տեսանյութն ու դրանցում տեղ գտած գաղա­փարնե­րը՝

Սփիւռքի Մեծ Բացա­կան՝ Ղեկա­վա­րութիւն

Վերջին տարի­նե­րուն, սփիւռքի կառոյցնե­րու եւ ղեկա­վա­րութեան հարցը դարձած է աճող եւ մտա­հո­գիչ երեւոյթ մը։ Ապա­գան մշուշոտ է, իսկ ներկայ վիճա­կը՝ յուսա­խա­բեցնող։ Մեծի Տանն Կիլի­կիոյ Արամ Ա. Կաթո­ղի­կո­սի բնո­րո­շումով՝ «Կը գտնուինք անդունդի եզրին: Համա­պա­տասխան դիրքո­րո­շումներ պէտք է որդեգրենք՝ հեռու ամէն տեսակ անի­րա­տես մօտե­ցումէ ու մակե­րե­սա­յին դատողութենէ:»(1)

Ժամա­նակն է կարկի­նը աւե­լի լայն բանա­լու եւ արմա­տա­կան հարցե­րու մասին խօսե­լու։

Բացա­ռութիւննե­րը յարգե­լով, այսօր սփիւռքի «դասա­կան» կազմա­կերպութիւննե­րը կը նմա­նին լքուած շէնքե­րու, ուր անցեա­լի փառքը տակաւին յայտնա­պէս տեսա­նե­լի է, տէրե­րը, դեռ տեղ մը գոյութիւն ունին, բայց շատ քիչ բնա­կիչներ մնա­ցած են: Ղեկա­վարնե­րը տեղ մը տակաւին ներկայ են, բայց անդամնե­րը, յատկա­պէս երի­տա­սարդնե­րը, կա՛մ բացա­կայ են, կա՛մ ալ ներգրաւուած չեն: Ներկան ապրե­լու եւ ապա­գայ կերտե­լու ուժը զգա­լիօ­րէն թուլցած է: Ցեղասպա­նութե­նէն ետք, այս կազմա­կերպութիւննե­րը կառուցուած էին ժամա­նա­կի պահանջնե­րուն համա­պա­տասխան, երբ սփիւռքը նոր կը ձեւաւո­րուէր, երբ գաղթա­կան հայութիւնը կենսա­կան անհրա­ժեշտութիւն ունէր համախմբուե­լու, կեանք վերա­կերտե­լու եւ ինքնութիւն պահպա­նե­լու, կազմա­կերպուե­լու։ Սակայն ժամա­նակնե­րը փոխուած են, իսկ կառոյցնե­րը՝ ոչ։

Երբեմնի աշխուժ ու կենսունակ այս կառոյցնե­րը խորքա­յին վերա­նո­րո­գում եւ նոր շունչ կը պահանջեն, սակայն կը թուի, թէ անոնց ղեկա­վարնե­րը ո՛չ յստակ նպա­տակներ ունին, ո՛չ ալ բաւա­րար միջոցներ։ Փոխա­րէ­նը, գիտակցա­բար կամ անգի­տակցա­բար, անոնք իրենց կազմա­կերպութիւննե­րը վերա­ծած են թանգա­րաննե­րու, ուր իրենց ու անցորդնե­րուն համար կը պահպա­նեն անցեա­լի վաստա­կի փայլքը՝ առանց ապա­գա­յի տեսիլքի, յոյսի կամ լուրջ ծրա­գիրնե­րու։

Ղեկա­վա­րութեան խնդի­րը միայն տեսա­կան հարց չէ։ Վերջին տարի­նե­րուն, Սփիւռքի մէջ կատա­րուած հարցա­խոյզե­րը եւս պատկե­րա­ցուցած են այս հարցը։ Սփիւռքա­հայ համայնքնե­րու մէջ կատա­րուած ուսումնա­սի­րութիւննե­րը զգա­լի մտա­հո­գութիւններ կը բացա­յայտեն ղեկա­վա­րութեան մասին։ Տեսլա­կան ունե­ցող եւ ուժեղ ղեկա­վա­րութեան պակա­սը կը նկա­տուի համայնքա­յին կեանքի առաջնա­հերթ խնդիրնե­րէն մէկը (2)։ Համայնքա­յին ղեկա­վարնե­րու եւ համայնքի անդամնե­րու միջեւ կապը խզուած է, իսկ անդունդը՝ օրըստօ­րէ կը խորա­նայ։

Իրա­կա­նութիւնը այն է, որ Սփիւռքը 21-րդ դարուն կտրուկ կերպա­րա­նա­փո­խուած է, սակայն մեր կառոյցնե­րը չեն յարմա­րած այս փոփո­խութիւննե­րուն։ Այսօր սփիւռքը չունի իր պահանջնե­րուն համա­ձայն ղեկա­վարներ, որոնք կրնան իսկա­պէս առաջնորդել եւ վերա­կազմա­կերպել զայն։ Եթէ նման ղեկա­վարներ գոյութիւն ունե­նա­յին, այսօր այս խնդիրնե­րուն մասին անընդհատ պիտի չխօ­սէինք։ Ղեկա­վա­րութիւնը պէտք չէ սահմա­նա­փա­կուի միայն գոյութիւն ունե­ցող իրա­վի­ճա­կը կառա­վա­րե­լով, այլ պէտք է գծէ ու կերտէ ապա­գան, ցանէ ու սերմա­նէ հունտե­րը եւ մշա­կէ հիմքե­րը, այլա­պէս ան պարզա­պէս կը վերա­ծուի վարչա­կան պաշտօ­նի՝ առանց որեւէ խորքա­յին ազդե­ցութեան։

Ղեկա­վա­րութեան ամէ­նէն էական պարտա­կա­նութիւննե­րէն մէկը կառոյցին մշտա­կան թարմա­ցումին եւ կենսունա­կութեան ապա­հո­վումն է։ Այս հարցե­րը ղեկա­վարնե­րը նախ իրենք իրենց պէտք է ուղղեն եւ անկեղծութեամբ հայե­լիին նային: Ո՞րն է իմ կառոյցիս կամ կազմա­կերպութեանս առա­քե­լութիւնը ԱՅՍՕՐ։ Ի՞նչ նպա­տակներ պէտք է իրա­կա­նացնեմ, ի՞նչ ձեւե­րով, եւ ի՞նչ միջոցնե­րով։ Ի՞նչ դերա­կա­տա­րութիւն ունի երի­տա­սարդութիւնը եւ ի՞նչ հնա­րաւո­րութիւններ կը տրուին անոր։ Քանի՞ կին անդամներ ունին մեր որո­շումներ կայացնող բարձրա­գոյն ղեկա­վար մարմիննե­րը։ Քանի՞ 25–35 տարե­կան երի­տա­սարդ մաս կը կազմէ ղեկա­վա­րութեան։

Այս եւ այլ հիմնա­կան հարցե­րը լոկ ձեւա­կան ուսումնա­սի­րութեան համար չեն, այլ գոյութե­նա­կան խնդիրներ են, որոնք եթէ չգտնեն իրենց լուծումը՝ կառոյցնե­րը դատա­պարտուած են աստի­ճա­նա­կան փլուզումի։

Առանց անկեղծ ներհա­յե­ցո­ղութեան, ինքնասրբագրումի եւ ներքին «յեղա­փո­խութեան» անհնար է «հետեւորդնե­րու» կամ «շարքա­յիննե­րու» ուղղութիւն եւ յոյս տալ, ու աւե­լի էակա­նը՝ նախընտրե­լի ապա­գա­յի մը ճանա­պա­րա­հա­գարտէ­զը ուրուագծել :

Սփիւռքի միասնա­կա­նութեան կոչեր կամ կենացներ

Ամէ­նէն մտա­հո­գիչ երեւոյթնե­րէն մէկն այն է, որ երբ խօսքը «համասփիւռքա­յին», «միասնա­կան» կամ «միա­ցեալ» նախա­ձեռնութիւննե­րու մասին է, անոնք յաճախ կը մնան անհասցէ եւ դատարկ կարգա­խօսներ։ Ո՞րոնք են այդ յայտա­րա­րութիւննե­րուն հասցէա­տէ­րե­րը.- ո՞ր կրօ­նա­կան հաստա­տութիւնը, ո՞ր կուսակցութիւնը, ո՞ր կազմա­կերպութիւնը կամ կառոյցը: Շատ մը ղեկա­վարներ, որոնք նման կոչեր կ՛ուղղեն, իրա­կա­նութեան մէջ կը ձգտին համայքա­յին կազմա­կերպութիւննե­րը համախմբե­լու իրենց ծրա­գիրնե­րուն շուրջ՝ առանց իրա­կան երկխօ­սութեան, փոխա­դարձ հասկա­ցութեան կամ յարգանքի։ Այսինքն, անոնք չեն ձգտիր հարցե­րուն շուրջ բաց քննարկումնե­րու եւ համա­խոհ լուծումնե­րու, այլ պարզա­պէս կը փորձեն միւսնե­րը բերե­լու իրենց կողմը՝ առանց երկուստեք գաղա­փա­րա­կան կամ մարտա­վա­րա­կան զիջումնե­րու կամ յարմա­րե­ցումնե­րու։ Շատ անգամ, նման յայտա­րա­րութիւններ տկա­րութեան նշան են, այսինքն՝ ո՛չ մտա­ծուած եւ մշա­կուած ծրա­գիր կայ ո՛չ ալ անհրա­ժեշտ միջոցնե­րը: Իսկ այն կազմա­կերպութիւննե­րը, որոնք արդէն իրենց տնա­յին աշխա­տանքը կատա­րած են եւ միջոցներ ձեռք բերած, աշխա­տանքը կը տանին առանց սպա­սե­լու այլ կառոյցնե­րու «միասնութեան» կամ «համա­գործակցութեան:»

Վերջերս, յօդուա­ծի մը մէջ (3), սրտցաւ եւ մտա­հոգ կուսակցա­կան մը կը մատնանշէր իր կառոյցին հիմնա­կան հարցը՝

[Շարքա­յիննե­րու] ըմբոստութիւնը առիթ մը պէտք է հանդի­սա­նար եւ հանդի­սա­նայ… որ վերա­նա­յին եւ քննարկեն կուսակցութեան ընդհա­նուր կառուցուածքը՝ սկիզբէն մինչեւ մեր օրե­րը։ Այստեղ կառուցուածք ըսե­լով պէտք է հասկնալ անոր պատմութիւնը, կազմա­կերպա­կան կառոյցը, աշխարհընկա­լումը, քաղա­քա­կան դերա­կա­տա­րութիւնը, ծրա­գի­րը, այլ խօսքով ամէն ինչ որ կ՚առընչուի կազմա­կերպութեան հետ, որպէս գաղա­փարներ եւ կազմա­կերպութիւն»:

Յօդուա­ծա­գի­րը ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ կը մատնանշէ, թէ ինչպէս իր կուսակցութիւնը—եւ ես պիտի աւելցնէի սփիւռքեան «դասա­կան» այլ կառոյցնե­րը— իրենց պատմութիւնը եւ դերա­կա­տա­րութիւնը «առասպե­լա­կա­նա­ցուցած» են եւ իբրեւ այդպի­սին «անքննե­լի» են: «Այս սրբա­ցումը, որ շեշտուած է մասնաւո­րա­բար Միջին Արեւելքի» կազմա­կերպութիւննե­րու անդամնե­րուն մէջ, «ժամա­նա­կի ընթացքին այլա­մերժութեան հոգե­վի­ճակ ստեղծած է» կառոյցնե­րուն մէջ:

Այստեղ մեր քննարկումին համար կարեւոր չէ ո՞ր կուսակցութեան մասին է խօսքը, ըսուա­ծը բոլոր սփիւռքեան «դասա­կան» կառոյցնե­րուն կը վերա­բե­րի: Սփիւռքի ապա­գան պիտի որո­շուի ոչ թէ լոկ անցեա­լի ձեռքբե­րումնե­րով, այլ ապա­գա­յի համարձակ եւ խորա­թա­փանց տեսլա­կա­նով։ Այժմ ժամա­նակն է ոչ թէ միայն խօսե­լու «համասփիւռքեան միասնա­կա­նութեան» մասին, այլ իրա­կան, գործնա­կան քայլե­րու դիմե­լու՝ նոր տեսլա­կա­նով, նոր մեթոտնե­րով եւ նոր առաջնորդնե­րով։

Սփիւռքի կազմա­կերպութիւննե­րը վերա­կենդա­նացնե­լու համար անհրա­ժեշտ է ինքնաքննա­դա­տութեան որդեգրումը, ինչպէս նաեւ աշխա­տե­լա­կերպի ու ոճի վերա­նա­յում: Սփիւռքեան կառոյցնե­րը պէտք է յստա­կեցնեն իրենց առա­քե­լութիւնն ու նպա­տակնե­րը՝ ստեղծե­լով բաց երկխօ­սութեան հարթակներ ղեկա­վարնե­րու եւ անդամնե­րու միջեւ։ Երի­տա­սարդնե­րու ներգրաւումը պէտք է դառնայ առաջնա­հերթութիւն՝ զիրենք ընդգրկե­լով որո­շում կայացնող մարմիննե­րուն մէջ եւ օգտա­գործե­լով թուա­յին արհեստա­գի­տութիւններ՝ զանոնք հասա­նե­լի դարձնե­լու նպա­տա­կով։ Կանանց ներգրաւումը եւ ղեկա­վա­րութեան մէջ անոնց ընդգրկումը, ցանցա­յին եւ ճկուն կառա­վարման մեթոտնե­րու որդեգրումը, ինչպէս նաեւ՝ համայնքա­յին կազմա­կերպութիւննե­րու համար համա­գործակցա­յին նոր ձեւա­չա­փե­րու փորձարկումն ու գործադրութիւնը կրնան նպաստել աւե­լի ժամա­նա­կա­կից եւ կենսունակ կառոյցնե­րու ստեղծումին։ Գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը գործնա­կան ու կիրա­րե­լի պէտք է ըլլայ եւ ոչ միայն «դաւա­նանք»: Անցեա­լի սխալնե­րու գիտակցութիւնը եւ քննա­կան մօտե­ցում որդեգրե­լը, դասեր քաղե­լը եւ նոր մօտե­ցումներ ներմուծե­լը կրնան հնա­րաւո­րութիւն տալ կառոյցնե­րուն ձերբա­զա­տե­լու անքննե­լի առասպելնե­րէ եւ ականջա­լուր ըլլա­լու 21-րդ դարու պահանջնե­րուն։ Վերջա­պէս, նոր ղեկա­վարնե­րու պատրաստութիւնը, սփիւռքի այլ կառոյցնե­րու յաջո­ղած օրի­նակնե­րու որդեգրումն ու յարմա­րե­ցումը կրնան ապա­գա­յասլաց, կենսունակ ու արդիւնաւէտ ղեկա­վա­րութիւն ձեւաւո­րել:

Հրաչ Չիլի­կի­րեան

Աղբյուրը

Առնչվող Հոդվածներ