ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Անկեղծ Ու Սթափ Մտահոգություն

Հայաստանի եւ իր Սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւնը էական է՛ բայց այսօր պէտք է զարգանայ։ Շատ յաճախ՛ Հայկական Սփիւռքը՛ յատկապէս Արեւմուտքի մէջ՛ մնացած է անցեալի երազներուն մէջ՝ ամբողջական Հայաստանի վերամիաւորումը՛ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը՛ որոնք կարեւոր նպատակներ են՛ սակայն՛ թէեւ դեռ արդիական՛ չեն պատասխաներ այսօրուայ Հայաստանի անմիջական մարտահրաւէրներուն։ 

Գրիգոր Չիֆթճեան

Մեր Խոսքը՝

Մեզ է գրել նախկին դաշնակցական Գրիգոր Չիֆթճեանը ով իր նամակում մի շարք մտահոգություններ է արտահայտում` մասնավորապես արժեքների պահպանության, Հայաստանի հզորացման, ապագային նայելու հավատի, Սփյուռքի փոխլրացման և դերի մասին։ Ուրախալի է, որ Լիբանանում ծնված, Ֆրանսիայում ապրած և այժմ ԱՄՆ-ում բնակվող մեր հայրենակիցը, որ նաև նախկին դաշնակցական է, ոչ միայն վրեժով չի լցվել, այլ շարունակում է սիրել իր գաղափարը, այլև բավականաչափ տեղյակ է Հայաստանից ու իրավ մտահոգ նրա ապագայով` լի սթափությամբ ու հավատով։

Մեր Ուղին

Նամակը ստորև

Հայաստան. 34 տարի արդէն. Անցեալը՝ որպէս ցատկահարթակ,

Սփիւռքը՝ որպէս գործընկեր. Նոր թափ՝ ամուր ապագայի համար:

2025-ի Սեպտեմբեր 21-ը կը դրոշմէ Հայաստանի անկախութեան 34-րդ ամեակը։ Մեր ազգի նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ՛ այսքան երկարատեւ անկախութեան վկաները կը դառնանք։  Յաջողութիւն՛ որ կը վկայէ մեր հիմքերուն ամրութեան եւ մեր ժողովուրդին յարատեւութեան մասին։

Մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու մէջ մենք ոչ միայն յարատեւեցինք՛ այլ նաեւ ամուր հիմքեր տնկեցինք  կայուն ու բարգաւաճ ապագայի համար։ Այս կը նշանակէ՛ որ այն սկզբունքներն եւ արժէքները՛ որոնք առաջնորդեցին մեր ազգային վերածնունդը՛ աւելի ուժեղ են՛ քան երբեք։ Սա պարզապէս յիշատակելի օր չէ՛ այլ առիթ է՝ խորհելու մեր անկախութեան ուժին եւ այն ապագային մասին՛ որ կը փափաքինք կերտել։ Ապագայ մը որուն մէջ Հայաստանը պիտի ըլլայ աւելի զօրաւոր՛ աւելի յարգուած եւ աւելի միասնական՛ քան երբեք։ Այս ապագան՛ անցեալը մերժելու փոխարէն՛ պէտք է անոր շարունակութիւնը ըլլայ։ Ամուր՛ յարատեւող եւ յարգուած Հայաստան կերտելու համար՛ պէտք է առաջ նայինք՝ երբեք չ՛ջնջելով այն զոհողութիւններուն յիշատակը՛ որոնք ձեւաւորեցին մեր ազգը։ Բայց այս ապագան մեկուսացած չի կրնար կերտուիլ։ Այն պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ իր Սփիւռքի համագործակցութեան արդիւնքը՛ յարաբերութիւն՛ որ հիմնուած է փոխլրացման եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ։

1. Պահպանել մեր արժէքներն եւ յիշողութիւնը՝ միշտ առաջ նայելով

Մենք գիտենք, որ մեր պատմութիւնը յատկանշուած է փորձութիւններով՛ կորուստներով եւ զոհողութիւններով։ Բայց այս փորձութիւնները դարբնեցին մեր բնաւորութիւնը՛ եւ էական է՛ որ այս յիշողութիւնը շարունակէ սնուցանել մեր ապագան։ Ցեղասպանութիւնը՛ ազատութեան համար պայքարները՛ անկախութիւնը… Այս իրադարձութիւնները չ՛պէտք է պարզապէս մնան սառած եւ կարօտալի յիշողութիւն՛ այլ պէտք է շարժիչ ուժ ըլլան՝ աւելի հզօր Հայաստան կերտելու համար։

Պէտք է յստակ ըլլանք. մեր յիշողութիւնը եւ արժէքները պահպանելը չի նշանակէր անցեալին մէջ սառած մնալ։ Այն կը նշանակէ՛ որ մեր անցեալի վրայ ողբալու փոխարէն կամ կայացնել  դիւրայոյզ կամ յուզական որոշումներ՛ գիտնալով հանդերձ որ մենք այդ ուժը չ՛ունինք այսօր ՛ հիմնական դաշտը՛ որուն վրայ պէտք է նախագծենք մեր ապագան։ Զօրաւոր եւ արդիական Հայաստան՛ որ կը նայի դէպի ապագան՛ Հայաստան մը որ  կրնայ օգտագործել իր պատմութեան ուժը՝ դառնալու յարատեւութեան եւ բարգաւաճման օրինակ՝ արդի աշխարհին մէջ։

Անցեալին մէջ կորսնցուցածներով մտահոգուած՛ երբեմն կը մոռնանք մտահոգուիլ մեր ներկայի ունեցուածքին վրայ։ Աւելի մտահոգիչ՛ ետ բերելու ջանքերով՝ այն ինչ որ այլեւս չունինք՛ կը վտանգենք եւ կը տկարացնենք այն ինչ որ կերտած ենք ներկային մէջ։ Հետեւաբար՛ պէտք է խուսափինք անցեալին մէջ սառելու փորձութիւնէն եւ ընդհակառակը՝ մեր ամբողջ եռանդը դնենք՝ ուժեղացնելու այն՛ ինչ որ այսօր ունինք՛ կեդրոնանալով ապագային եւ անոր առաջարկած հնարաւորութիւններուն վրայ։

Այս ապագան միայն հեռու երազ չէ. ան մատչելի է՛ բայց պէտք է կերտուի յստակ՛ ուժեղ եւ միասնական տեսլականով։

2. Զօրաւոր Հայաստան՝  հայեացքը դէպի ապագան :

Հայաստանը չի կրնար մեկուսանալ անցեալին մէջ։ Անոր ապագան պիտի կերտուի ներկային եւ ապագային մէջ՛ ոչ թէ անցեալին մէջ: Միայն յստակ եւ հաւակնոտ տեսլական նախագծելով՝ կրնանք ապահովել մեր ազգի անվտանգութիւնը՛ կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը։ Մեր երկիրը՛ մնալով իր արժէքներուն հաւատարիմ՛ պէտք է կարող ըլլայ յարմարելու ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն՛ յատկապէս տեխնոլոգիայի՛ տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու մարզերուն մէջ։

Այսօր Հայաստանի համար բացարձակ առաջնահերթութիւնը ռազմավարական քաղաքական կայունութիւն ապահովելն է եւ կաշառակերութիւնը վերացնելու քաղաքականութիւն որ ժառանգուած է խորհրդային շրջանէն ՛չ՛նայած արդէն աշխատաք կը տարուի այս վերջինի ուղղութեամբ՛ սակայն բաւարար չէ ։ Այս ամուր հիմքերուն վրայ կրնանք շահիլ մեր միջազգային գործընկերներուն վստահութիւնը։ Վստահութիւնը էական է՝ ամրապնդելու մեր պաշտպանութիւնը՛ ապահովելու մեր տնտեսութիւնը եւ բարելաւելու մեր քաղաքացիներուն կենսամակարդակը։ Միայն այն ատեն պիտի կարենանք մեր համաքաղաքացիներուն առաջարկել յարմարաւէտ ու արժանապատիւ կեանքի մակարդակ՛  երկրի մը մէջ՛ որ կարող է նայիլ դէպի ապագան։

3. Սփիւռքը. փոխլրացման դեր՛ ոչ թէ միջամտութիւն:

Սփիւռքը: աւելի գործնական եւ իրատեսական ներդրում. դէպի մտածելակերպի փոփոխութիւն:

Հայաստանի եւ իր Սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւնը էական է՛ բայց այսօր պէտք է զարգանայ։ Շատ յաճախ՛ Հայկական Սփիւռքը՛ յատկապէս Արեւմուտքի մէջ՛ մնացած է անցեալի երազներուն մէջ՝ ամբողջական Հայաստանի վերամիաւորումը՛ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը՛ որոնք կարեւոր նպատակներ են՛ սակայն՛ թէեւ դեռ արդիական՛ չեն պատասխաներ այսօրուայ Հայաստանի անմիջական մարտահրաւէրներուն։ Ժամանակն է վերասահմանելու մեր մօտեցումը։ Պէտք է հասկնանք՛ որ պահպանելով մեր պատմութիւնը եւ յիշողութիւնը, պէտք է մեր ներգրաւուածութիւնը յարմարցնենք Հայաստանի ժամանակակից իրականութիւններուն։

Գիտեմ՛ որ Արեւմուտքի մէջ բնակող հայու համար դժուար է ամբողջութեամբ հասկնալ տեղի իրականութիւնը։ Այսօրուայ Հայաստանը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրավերներ և աւէլի մեծ է ամեն օրուան ընթացքը սթափութեամբ լեցնելու եւ իրաւ զօրանալու համար եւ ամեն մարդ աշխարհօ ամեն ծագում չպիտի զլանայ իր բաժին անկեղծ  մտահոգութւինը ատահայտելու համար։

Գրիգոր Չիֆթճեան

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *