25 C
Yerevan

Անկեղծ Ու Սթափ Մտա­հո­գություն

Հայաստա­նի եւ իր Սփիւռքի միջեւ յարա­բե­րութիւնը էական է՛ բայց այսօր պէտք է զարգա­նայ։ Շատ յաճախ՛ Հայկա­կան Սփիւռքը՛ յատկա­պէս Արեւմուտքի մէջ՛ մնա­ցած է անցեա­լի երազնե­րուն մէջ՝ ամբողջա­կան Հայաստա­նի վերա­միաւո­րումը՛ Ցեղասպա­նութեան միջազգա­յին ճանա­չումը՛ որոնք կարեւոր նպա­տակներ են՛ սակայն՛ թէեւ դեռ արդիա­կան՛ չեն պատասխա­ներ այսօ­րուայ Հայաստա­նի անմի­ջա­կան մարտահրաւէրնե­րուն։ 

Գրի­գոր Չիֆթճեան

Մեր Խոսքը՝

Մեզ է գրել նախկին դաշնակցա­կան Գրի­գոր Չիֆթճեա­նը ով իր նամա­կում մի շարք մտա­հո­գություններ է արտա­հայտում‘ մասնա­վո­րա­պես արժեքնե­րի պահպա­նության, Հայաստա­նի հզո­րացման, ապա­գա­յին նայե­լու հավա­տի, Սփյուռքի փոխլրացման և դերի մասին։ Ուրա­խա­լի է, որ Լիբա­նա­նում ծնված, Ֆրանսիա­յում ապրած և այժմ ԱՄՆ-ում բնակվող մեր հայրե­նա­կի­ցը, որ նաև նախկին դաշնակցա­կան է, ոչ միայն վրե­ժով չի լցվել, այլ շարունա­կում է սիրել իր գաղա­փա­րը, այլև բավա­կա­նա­չափ տեղյակ է Հայաստա­նից ու իրավ մտա­հոգ նրա ապա­գա­յով‘ լի սթա­փությամբ ու հավա­տով։

Մեր Ուղին

Նամա­կը ստորև

Հայաստան. 34 տարի արդէն. Անցեա­լը՝ որպէս ցատկա­հարթակ,

Սփիւռքը՝ որպէս գործընկեր. Նոր թափ՝ ամուր ապա­գա­յի համար:

2025‑ի Սեպտեմբեր 21‑ը կը դրոշմէ Հայաստա­նի անկա­խութեան 34-րդ ամեա­կը։ Մեր ազգի նորա­գոյն պատմութեան մէջ առա­ջին անգամ ըլլա­լով ՛ այսքան երկա­րա­տեւ անկա­խութեան վկա­նե­րը կը դառնանք։  Յաջո­ղութիւն՛ որ կը վկա­յէ մեր հիմքե­րուն ամրութեան եւ մեր ժողո­վուրդին յարա­տեւութեան մասին։

Մարտահրաւէրնե­րու եւ դժուա­րութիւննե­րու մէջ մենք ոչ միայն յարա­տեւե­ցինք՛ այլ նաեւ ամուր հիմքեր տնկե­ցինք  կայուն ու բարգաւաճ ապա­գա­յի համար։ Այս կը նշա­նա­կէ՛ որ այն սկզբունքներն եւ արժէքնե­րը՛ որոնք առաջնորդե­ցին մեր ազգա­յին վերածնունդը՛ աւե­լի ուժեղ են՛ քան երբեք։ Սա պարզա­պէս յիշա­տա­կե­լի օր չէ՛ այլ առիթ է՝ խորհե­լու մեր անկա­խութեան ուժին եւ այն ապա­գա­յին մասին՛ որ կը փափա­քինք կերտել։ Ապա­գայ մը որուն մէջ Հայաստա­նը պիտի ըլլայ աւե­լի զօրաւոր՛ աւե­լի յարգուած եւ աւե­լի միասնա­կան՛ քան երբեք։ Այս ապա­գան՛ անցեա­լը մերժե­լու փոխա­րէն՛ պէտք է անոր շարունա­կութիւնը ըլլայ։ Ամուր՛ յարա­տեւող եւ յարգուած Հայաստան կերտե­լու համար՛ պէտք է առաջ նայինք՝ երբեք չ՛ջնջելով այն զոհո­ղութիւննե­րուն յիշա­տա­կը՛ որոնք ձեւաւո­րե­ցին մեր ազգը։ Բայց այս ապա­գան մեկուսա­ցած չի կրնար կերտուիլ։ Այն պէտք է ըլլայ Հայաստա­նի եւ իր Սփիւռքի համա­գործակցութեան արդիւնքը՛ յարա­բե­րութիւն՛ որ հիմնուած է փոխլրացման եւ փոխա­դարձ յարգանքի վրայ։

1. Պահպա­նել մեր արժէքներն եւ յիշո­ղութիւնը՝ միշտ առաջ նայե­լով

Մենք գիտենք, որ մեր պատմութիւնը յատկանշուած է փորձութիւննե­րով՛ կորուստնե­րով եւ զոհո­ղութիւննե­րով։ Բայց այս փորձութիւննե­րը դարբնե­ցին մեր բնաւո­րութիւնը՛ եւ էական է՛ որ այս յիշո­ղութիւնը շարունա­կէ սնուցա­նել մեր ապա­գան։ Ցեղասպա­նութիւնը՛ ազա­տութեան համար պայքարնե­րը՛ անկա­խութիւնը… Այս իրա­դարձութիւննե­րը չ՛պէտք է պարզա­պէս մնան սառած եւ կարօ­տա­լի յիշո­ղութիւն՛ այլ պէտք է շարժիչ ուժ ըլլան՝ աւե­լի հզօր Հայաստան կերտե­լու համար։

Պէտք է յստակ ըլլանք. մեր յիշո­ղութիւնը եւ արժէքնե­րը պահպա­նե­լը չի նշա­նա­կէր անցեա­լին մէջ սառած մնալ։ Այն կը նշա­նա­կէ՛ որ մեր անցեա­լի վրայ ողբա­լու փոխա­րէն կամ կայացնել  դիւրա­յոյզ կամ յուզա­կան որո­շումներ՛ գիտնա­լով հանդերձ որ մենք այդ ուժը չ՛ունինք այսօր ՛ հիմնա­կան դաշտը՛ որուն վրայ պէտք է նախագծենք մեր ապա­գան։ Զօրաւոր եւ արդիա­կան Հայաստան՛ որ կը նայի դէպի ապա­գան՛ Հայաստան մը որ  կրնայ օգտա­գործել իր պատմութեան ուժը՝ դառնա­լու յարա­տեւութեան եւ բարգաւաճման օրի­նակ՝ արդի աշխարհին մէջ։

Անցեա­լին մէջ կորսնցուցածնե­րով մտա­հո­գուած՛ երբեմն կը մոռնանք մտա­հո­գուիլ մեր ներկա­յի ունե­ցուածքին վրայ։ Աւե­լի մտա­հո­գիչ՛ ետ բերե­լու ջանքե­րով՝ այն ինչ որ այլեւս չունինք՛ կը վտանգենք եւ կը տկա­րացնենք այն ինչ որ կերտած ենք ներկա­յին մէջ։ Հետեւա­բար՛ պէտք է խուսա­փինք անցեա­լին մէջ սառե­լու փորձութիւնէն եւ ընդհա­կա­ռա­կը՝ մեր ամբողջ եռանդը դնենք՝ ուժե­ղացնե­լու այն՛ ինչ որ այսօր ունինք՛ կեդրո­նա­նա­լով ապա­գա­յին եւ անոր առա­ջարկած հնա­րաւո­րութիւննե­րուն վրայ։

Այս ապա­գան միայն հեռու երազ չէ. ան մատչե­լի է՛ բայց պէտք է կերտուի յստակ՛ ուժեղ եւ միասնա­կան տեսլա­կա­նով։

2. Զօրաւոր Հայաստան՝  հայեացքը դէպի ապա­գան :

Հայաստա­նը չի կրնար մեկուսա­նալ անցեա­լին մէջ։ Անոր ապա­գան պիտի կերտուի ներկա­յին եւ ապա­գա­յին մէջ՛ ոչ թէ անցեա­լին մէջ: Միայն յստակ եւ հաւակնոտ տեսլա­կան նախագծե­լով՝ կրնանք ապա­հո­վել մեր ազգի անվտանգութիւնը՛ կայունութիւնը եւ բարգաւա­ճումը։ Մեր երկի­րը՛ մնա­լով իր արժէքնե­րուն հաւա­տա­րիմ՛ պէտք է կարող ըլլայ յարմա­րե­լու ժամա­նա­կա­կից աշխարհի մարտահրաւէրնե­րուն՛ յատկա­պէս տեխնո­լո­գիա­յի՛ տնտե­սութեան եւ միջազգա­յին յարա­բե­րութիւննե­րու մարզե­րուն մէջ։

Այսօր Հայաստա­նի համար բացարձակ առաջնա­հերթութիւնը ռազմա­վա­րա­կան քաղա­քա­կան կայունութիւն ապա­հո­վելն է եւ կաշա­ռա­կե­րութիւնը վերացնե­լու քաղա­քա­կա­նութիւն որ ժառանգուած է խորհրդա­յին շրջա­նէն ՛չ՛նայած արդէն աշխա­տաք կը տարուի այս վերջի­նի ուղղութեամբ՛ սակայն բաւա­րար չէ ։ Այս ամուր հիմքե­րուն վրայ կրնանք շահիլ մեր միջազգա­յին գործընկերնե­րուն վստա­հութիւնը։ Վստա­հութիւնը էական է՝ ամրապնդե­լու մեր պաշտպա­նութիւնը՛ ապա­հո­վե­լու մեր տնտե­սութիւնը եւ բարե­լաւե­լու մեր քաղա­քա­ցի­նե­րուն կենսա­մա­կարդա­կը։ Միայն այն ատեն պիտի կարե­նանք մեր համա­քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն առա­ջարկել յարմա­րաւէտ ու արժա­նա­պա­տիւ կեանքի մակարդակ՛  երկրի մը մէջ՛ որ կարող է նայիլ դէպի ապա­գան։

3. Սփիւռքը. փոխլրացման դեր՛ ոչ թէ միջամտութիւն:

Սփիւռքը: աւե­լի գործնա­կան եւ իրա­տե­սա­կան ներդրում. դէպի մտա­ծե­լա­կերպի փոփո­խութիւն:

Հայաստա­նի եւ իր Սփիւռքի միջեւ յարա­բե­րութիւնը էական է՛ բայց այսօր պէտք է զարգա­նայ։ Շատ յաճախ՛ Հայկա­կան Սփիւռքը՛ յատկա­պէս Արեւմուտքի մէջ՛ մնա­ցած է անցեա­լի երազնե­րուն մէջ՝ ամբողջա­կան Հայաստա­նի վերա­միաւո­րումը՛ Ցեղասպա­նութեան միջազգա­յին ճանա­չումը՛ որոնք կարեւոր նպա­տակներ են՛ սակայն՛ թէեւ դեռ արդիա­կան՛ չեն պատասխա­ներ այսօ­րուայ Հայաստա­նի անմի­ջա­կան մարտահրաւէրնե­րուն։ Ժամա­նակն է վերա­սահմա­նե­լու մեր մօտե­ցումը։ Պէտք է հասկնանք՛ որ պահպա­նե­լով մեր պատմութիւնը եւ յիշո­ղութիւնը, պէտք է մեր ներգրաւուա­ծութիւնը յարմարցնենք Հայաստա­նի ժամա­նա­կա­կից իրա­կա­նութիւննե­րուն։

Գիտեմ՛ որ Արեւմուտքի մէջ բնա­կող հայու համար դժուար է ամբողջութեամբ հասկնալ տեղի իրա­կա­նութիւնը։ Այսօ­րուայ Հայաստա­նը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրա­վերներ և աւէ­լի մեծ է ամեն օրուան ընթացքը սթա­փութեամբ լեցնե­լու եւ իրաւ զօրա­նա­լու համար եւ ամեն մարդ աշխարհօ ամեն ծագում չպի­տի զլա­նայ իր բաժին անկեղծ  մտա­հո­գութւի­նը ատա­հայտե­լու համար։

Գրի­գոր Չիֆթճեան

Առնչվող Հոդվածներ