ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

27 Յուլիս, 1983. Լիզպոնի Հինգ Ողջակէզները Անմահացուցին Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուժական Պայքարին Պատգամը

#Լիզբոն5 #ԱրդարությանՄարտիկներ

Այդպէ՛ս, Լիզպոնի Ողջակիզումը դարձաւ նորօրեայ վկայութիւնը «իմացեալ մահով անմահութիւնը նուաճելու» հայ ազգային գաղափարախօսութեան:

Յուշատէտր

Նազարէթ Պէրպէրեան

Լիզպոնի Հինգ Ողջակէզները անմահացուցին Հայ Դատի պահանջատիրութեան Ուժական Պայքարին ՊԱՏԳԱՄըՆ. ՊէրպէրեանՅուլիս 27, 2021Հայ ժողովուրդի կեանքին ու նորագոյն պատմութեան անմոռանալի եւ յիշատակելի թուականներէն մէկը կը խորհրդանշէ 1983ի 27 Յուլիսը։Յուլիս 27ի այս օրը, 38 տարի առաջ, Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանութեան համալիր շէնքը արիւնալի թատերաբեմը դարձաւ հայեցի իւրօրինակ ՈՂՋԱԿԻԶՄԱՆ։

Հինգ երիտասարդ հայորդիներ, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան անդամներ, յանուն Հայ Դատի պահանջատիրութեան, ուժանակով պայթեցուցին եւ օդը հանեցին թրքական պետութիւնը խորհրդանշող շէնքը՝ ինքնասպանական գործողութեամբ եւ հերոսական գաղափարապաշտութեամբ այդ նպատակին նուիրաբերելով իրենց գերագոյնը՝ դեռատի կեանքը։

«Հայ Յեղափոխական Բանակ»ին զինուորագրուած գաղափարի մարտիկներ էին Արա Քըրճըլեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սիմոն Եահնիեանը, Սեդրակ Աճեմեանը եւ Սարգիս Աբրահամեանը։ Սիմոնը նահատակուեցաւ գործողութեան առաջին փուլին, դեսպանութեան համալիրը գրաւելու գրոհի ընթացքին։ Արա, Վաչէ, Սեդրակ եւ Սարգիս չուշացան միանալու մարտիրոսացած իրենց ընկերոջ՝ յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի վերատիրացման հայոց պայքարին Ողջակիզման աւանդ մը կտակելով մեր սերունդներուն։

Կայծակնային արագութեամբ իրագործուած ամբողջ գործողութիւնը այնքան ցնցիչ էր, որ բառին խորագոյն իմաստով սահմռկեցան ոչ միայն աշխարհով մէկ ցրուած պահանջատէր հայութիւնը, այլ նաեւ Հայկական Իրաւունքին ու Արդարութեան շուրջ ուրացման պատ քաշած ցեղասպան Թուրքիան եւ անոր հետ քայլ պահող Ամօթալի Լռութեան պատասխանատու մեծապետական ուժերը։

Օրին՝ Լիզպոնի Հինգին անունով եւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան բոլոր միջոցներով, Հայ Յեղափոխական Բանակը անմիջապէս տարածեց հանրային կարծիքը լուսաբանող հաղորդագրութիւն մը.- «Մենք որոշած ենք պայթեցնել այս շէնքը եւ մնալ անոր փլատակներուն տակ։ Ասիկա ո՛չ ինքնասպանութիւն է, ոչ ալ խելագարութեան դրսեւորում մը, այլ ընդհակառակն՝ մեր զոհաբերումն է ազատութեան բագինին»։

Լիզպոնի Հինգին հարազատներուն, ընկերներուն եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար օրին դժուար եղաւ հաւատալ, որ այնքա՜ն կենսուրախ եւ ապագայի հեռանկարներով խանդավառ հայորդիներ, իրենց անձին օրինակով, որոշած էին գործքով հաստատել – հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին ծառայելու ճամբուն վրայ – գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իրենց գաղափարական ուխտը։

Իսկ թրքական պետութիւնն ու մեծապետական քաղաքականութիւնը, ցեղասպանութեան եւ անարդարութեան վրայ իրենց խարսխած աշխարհակարգին հանգիստը վերահաստատելու խուճապով, տենդագին լծուեցան՝ իրենց իսկ բառերով «Հայկական Ահաբեկչութեան նորայայտ վտանգը» խեղդելու աններելի արշաւին… Մեծապետական աշխարհը ցնցուեցաւ Լիզպոնի Պայթիւնէն, բայց չկրցաւ սթափիլ մարդկային Խղճմտանքին պարտադրուած մահաքունէն եւ անձնատուր դարձաւ Իրաւունքի ու Արդարութեան պայքարին Պետական Ահաբեկչութեամբ պատասխանելու մոլորանքին։

Որոշակի ժամանակ պէտք եղաւ, որպէսզի Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութիւնը հայերուս եւ ողջ աշխարհին հասկնալի դառնայ իրենց իսկ խոստովանութեամբ – նախքան գրոհը կատարուած անոնց տեսագրութեան հետագայ հրապարակումով.

– «Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողին՝ ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտանիք կ՚ըլլայ: Առանց մայր հողին, առանց ազգին, որեւէ ընտանիք գոյութիւն չ՚ունենար»,- հաւատացած էր Արան։

– «Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայ պիտի մեռնիմ: Շատ ուրախ եմ այս գործողութեամբ: Հիմա մեր ապրած կեանքը իսկապէս որ կեանքէ զատ՝ ամէն ինչի կը նմանի: Կ՚ապրինք ուրիշին տիրապետութեան տակ, ուրիշին խամաճիկներն ենք»,- աւելցուց Սիմոնը:

– «Ինչպէս որ կ’ըսէ երգը (Սարդարապատի հերոսներուն նուիրուած երգը – Ն.), «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Այո՛, մենք խենթեր ենք, բայց չակերտեալ խենթեր: Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի: Կը հաւատամ, որ կը տիրանանք մեր հայրենիքին»,- յայտարարեց Սագոն։

– «Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ. զոհը պիտի չըլլամ ճակատագրի խաղերուն: Ես Հայ Դատի զինուոր եմ. կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ»,- ընդգծեց Վաչէն։

– «Մենք առաջինները չենք, որ կը քալենք, մեզմէ առաջ շատեր քալած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւելի գործեր պիտի ընեն»,- պատգամեց Սեդրակը։

«Ահա այսպէ՛ս արշաւեցին Լիզպոն զոհուած քաջ ընկերներ»ը։

***

Իրաւամբ՝ 1983 թուականի Յուլիս 27ի օրը արեամբ գրուած անջնջելի թուական մը դարձաւ հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան մէջ, խորհրդանշե՛ց Հայ Դատի ուժական պայքարի 1970ականներու զարթօնքին արեւամարը…

Եւ որքան տարիները կ՚անցնին ու ժամանակը յուշերու մէջ կ՚ամփոփէ օրին ապրուած բոլորիս ցաւն ու կսկիծը, այնքան Լիզպոնի հերոսական քայլը պարուրած խորհրդաւորութիւնը իր տեղը կը զիջի պարզ ու պայծառ պատգամին առջեւ Հինգ Ողջակէզներու գերագոյն զոհաբերութեան։

Շատ գրուած է եւ տակաւին երկար ժամանակ ու միշտ պիտի գրուի Լիզպոնի Հինգին մասին, անոնց գերագոյն զոհաբերութեան մէջ խտացած գաղափարական անկորնչելի խորհուրդին եւ պատգամին մասին։

Անոնք «խենթ»եր էին, կենսուրախ զաւակներն էին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած, հայրենազուրկ դարձած հայրերու, որոնք կրցած էին յաղթահարել տարագրութեան հետ եկած կեանքի դժուարութիւնները, ճաշակած էին հիւղաւաններու եւ թիթեղաշէն դպրոցներու դաժան պայմանները եւ կրցած էին հայու աշխատասիրութեան, ձեռներէցութեան ու ստեղծագործ ոգիին կենսայորդ աշխուժութիւնը մարմնաւորել եւ ազգային ու պահանջատիրական շունչով սերունդ թրծել։

Արա, Վաչէ, Սիմոն, Սեդրակ եւ Սարգիս Ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիր հայութեան երրորդ սերունդին կը պատկանէին։ Ամէն հիմք ունէին կեանքին փարելու եւ վայելելու իրենց աշխատանքին պտուղները, բայց անպատիժ ձգուած Ազգի եւ Հայրենիքի սպանդին ու տեղահանութեան, բռնագրաւումին եւ կործանման Համաթրքական Ոճիրին մեծ ու խորագոյն խոցը, այլեւ՝ հայկական Իրաւունքին ու Արդարութեան դէմ մեծապետական աշխարհին հիւսած Լռութեան Պատը անոնց ամբողջ սերունդը վերածած էր աշխարհին հանդէպ մեծ օտարականներու։

Սեփական ու մայրենի լեզուով եւ մշակոյթով լիարժէք ապրելու եւ արարելու ներքին կրակը, պապենական հողին վրայ հայաշունչ կեանք ու ազատ ապագայ կերտելու եւ վայելելու բուռն պահանջը եւ, մանաւանդ, արեւուն տակ հայու հպարտութեամբ յաղթահասակ քալելու անյագ ծարաւը Լիզպոն առաջնորդեց գրոհային մարտունակութիւնը Հինգ Խենթերուն, որպէսզի նախ սեփական ժողովուրդի իրենց սերնդակիցներուն, ապա՝ ցեղասպան թրքական պետութեան ժառանգորդներուն եւ, վերջապէս, լուռ ու անտարբեր հայեացքով հայոց ողբերգութեան նայող աշխարհին իրենց ՊԱՏԳԱՄը փոխանցեն առաւելագոյն ուժականութեամբ։

Այդպէ՛ս, Լիզպոնի Ողջակիզումը դարձաւ նորօրեայ վկայութիւնը «իմացեալ մահով անմահութիւնը նուաճելու» հայ ազգային գաղափարախօսութեան։

Եղաւ պատգամաբերը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանէն դուրս կեանքի բոլոր հեռանկարները մերժելու Հայու յեղափոխական անդառնալի ուխտին։

Խորհրդանշեց Յեղափոխական ու Գաղափարական աներեր պատրաստակամութիւնը՝ գերագոյն զոհաբերութեան անձնական օրինակով շրջելու պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը եւ վերահաստատելու հայոց ազգային արժանաւորութիւնը, սեփական ուժով վերականգնելու անփոխարինելի Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։Իբրեւ այդպիսին՝ 27 Յուլիս 1983ը Լիզպոնի Ողջակիզման խորհրդանիշ էջն է հայոց յուշամատեանին։

Օրն է Հայ Դատի պայքարէն դուրս կեանքը մերժելու ամբողջ սերունդի մը անկորնչելի պատգամին, արեամբ նուիրագործած գաղափարական յանդգնութեան։

Եւ տարագրութեան դատապարտուած հայը, այսօր թէ վաղը, երբ իր զաւակներուն հայեցի շունչ ու գաղափարական թռիչք կը ներարկէ, անպայման պիտի յիշէ եւ միշտ պիտի յիշեցնէ օրինակը Լիզպոնի Հինգին՝ իբրեւ յաւերժին մէջ արձագանգող պոռթկումը հայոց արդար ցասումին։

Այսօր հայ ժողովուրդը իր հոգիին խորը հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէ եւ կը խոնարհի յիշատակին առջեւ Ազգի ու Հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան բագինին զոհաբերուած Ողջակէզներուն՝ Արային, Վաչէին, Սիմոնին, Սեդրակին եւ Սագոյին։Լիզպոնի Հինգին հետ մեր էութեան կենսուրախ մէկ բջիջը ողջակիզուեցաւ, որպէսզի երբեք չմոռնանք հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը, անդուլ շարունակենք արդար Պատիժի եւ Հատուցման ի խնդիր Պահանջատիրական մեր Պայքարը եւ, արժանաւորապէ՜ս, տէ՛ր կանգնինք Ազգն ու Հայրենիքը իրենց ամբողջական ազատագրումին առաջնորդելու գաղափարական մեր Մեծ Պարտքին։

Յուլիս 27, 2021

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *