Հիմա նոյն այդ Լիբանանահայութիւնը ինքը կարիքը ունի ազգի մնացեալ տարրի զօրակցութեան։ Համազգային ծրագիրներու եւ ատոնցմէ բխող խրատներու կարեւորութիւնը չանտեսելով հանդերձ, այսօր անմիջական ու սարսափելի աղէտ է որ կը դիմագրաւեն մեր հայրենակիցները։
Վիգէն Արշաւիր Յովսէփեան
Լիբանանահայութեան այսօրուան վիճակին առնչուող երկու իրականութիւններ կան, որոնք կը խորհիմ թէ անառարկելի են:
Առաջին, Լիբանանի մէջ պարզուած ընկերա-տնտեսական իրավիճակը եւ անկէ բխող մարդասիրական տագնապը, աննախընթաց աղէտ մըն է որ օրէ օր կը զարգանայ։ Աղէտ, որուն իբր հետեւանք ոչ միայն ազգային կեանքն ու հաստատութիւնները կ՚անդամալուծուին, այլ անհատ հայերու օրուան հացի, դեղորայքի, եւ ամենատարրական կարիքներու գծով անմիջական ճգնաժամ ստեղծուած է։ Նոյնիսկ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ամենէ թէժ պահերուն, Լիբանանցի ժողովուրդը, ու այս պարագային Լիբանանահայութիւնը նման իրավիճակի մէջ չէ գտնուած։ Սա ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՂԷՏ է։
Երկրորդ, ոչ ոք կրնայ կասկածի տակ առնել տարիներու եւ տասնամեակներու ընթացքին Լիբանանահայութեան ներդրումը համազգային բոլոր կարիքներու եւ նախաձեռնութիւններու մէջ։ Լիբանանահայութիւնը հասած է բոլոր մեր ազգային կարիքներուն՝ Հայաստանէն ու Արցախէն, մինչեւ Սուրիահայութեան, Իրաքահայութեան սպառնացող կարիքներուն, հասցուցած է մարդուժ, հասցուցած է նիւթական օժանդակութիւն ու անվերապահ բարոյական զօրակցութիւն։
Հիմա նոյն այդ Լիբանանահայութիւնը ինքը կարիքը ունի ազգի մնացեալ տարրի զօրակցութեան։ Համազգային ծրագիրներու եւ ատոնցմէ բխող խրատներու կարեւորութիւնը չանտեսելով հանդերձ, այսօր անմիջական ու սարսափելի աղէտ է որ կը դիմագրաւեն մեր հայրենակիցները։ Որքան ալ բարի նպատակներով եղած, այսօր «Ելէք Հայաստան փոխադրուեցէք»ի կարգի խրատներ հարկաւոր չեն մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ այլ օրուան հացը եւ գոյատեւումի անմիջական շունչը։ Մնացածը, հեռահար ծրագիրները՝ ապագային ու իրենց կարգին։ Այսօր՝ հաց, դեղորայք, կեանք…
Հետեւաբար, մենք բոլորս պահ մը եւս դուրս պիտի գանք մեր յարաբերական հանգիստէն, ու պիտի նուիրաբերենք մեր հայրենակիցներուն հասնելու համար։ Բոլորս անխտիր, եթէ կ՚ըսենք թէ ՀԱՅ ենք։ Կարեւոր չէ թէ ինչքանով, կամ ո ՞ր հաստատուած եւ հեղինակաւոր կազմակերպութեան ճամբով կը նուիրաբերենք, միայն թէ նուիրաբերենք անմիջապէս։
Փափաքս է եւ կոչս – անշուշտ եթէ լսող կայ – որ Հայաստանի ժողովուրդը եւ մանաւանդ ՀՀ իշխանութիւնները անմասն չի մնան Լիբանանահայութեան հասնելու հրամայականէն։ Ինչ ալ ըլլան տարբեր տեսակի հիմնադրամներու նպատակները, այսօր մարդասիրական աղէտի իրականութիւնները անմիջական առաջնահերթութիւն մը կը պարտադրեն բոլորիս վրայ: Ազգը մէկ է, մանաւանդ անոր մէկ մասնիկի կարիքի պահուն։
Պէտք է հասնիլ Լիբանանահայութեան, պէտք է հասնիլ այսօր, պէտք է հասնիլ անմիջապէս եւ համազգային տարողութեամբ։