14 C
Yerevan

ԿեցցԷ ՛Քննա­դա­տութիւնը

Անցեա­լէն թէ ներկա­յէն քանի՞ պարա­գայ կարե­լի է նշել, ուր քննա­դա­տութիւնը իր անմի­ջա­կան արդիւնքը տուած ըլլայ քննա­դա­տուո­ղին վրայ,– հազուա­դէպ, գրե­թէ ոչ մէկ պարագայ,-:Մինչ հակա­ռա­կին օրի­նակնե­րը ամէն ժամ կը վխտան մեր շուրջը: Որեւէ պահու բացէ’ք ֆէյսպուքը եւ տեսէ’ք:

Միհրան Քիւրտօղլեան

Քննա­դա­տութիւննե­րու տարա­փով յատկանշուող մեր անմի­ջա­կան շրջա­պա­տէն կամ անկէ դուրս կարե­լի՞ է արդեօք գտնել երկու-երեք օրի­նակ, որ ցոյց տայ, թէ նոյնիսկ արդար քննա­դա­տութիւնը առաջնորդած ըլլայ քննա­դա­տուո­ղը իր «սխա­լը» ընդունե­լու կեցուածքին:
Ով գիտէ քանի անգամներ մենք ալ գտնուած ենք երկու վիճակնե­րու մէջ. Քննա­դա­տե­լու եւ քննա­դա­տուե­լու:

Առա­ջին պարա­գա­յին, հաւա­նա­բար գերա­կայ զգա­ցումով ունե­ցած ենք «յաղթա­նակ» մը արձա­նագրած ըլլա­լու ինքնա­գո­հութիւնը, իսկ երկրորդին՝ մեր հպարտութեան մէջ վիրաւո­րուած՝ ստո­րա­կայ զգա­ցումը համա­կած է մեզ եւ մղուած ենք ինքնա­պաշտպա­նութեան:
Մարդկա­յին բնութեան անբա­ժա­նե­լի գիծը կը կազմէ հակազդե­լու մղումը: Որքան որ բնա­կան կը թուի գործի կամ տեսա­կէ­տի մը յառա­ջա­ցուցած քննա­դա­տութիւնը, նոյնքան եւ հակազդե­ցութեան բնա­կան օրէնքով, տրա­մա­բա­նա­կան է պաշտպա­նութեան դիրքի վրայ մնա­լու քննա­դա­տուո­ղին յամա­ռութիւնը, կամ լաւա­գոյն պարա­գա­յին՝ արդա­րա­ցում-պատճա­ռա­բա­նութիւն որո­նե­լու միջո­ցը:

Իրա­պէս. անցեա­լէն թէ ներկա­յէն քանի՞ պարա­գայ կարե­լի է նշել, ուր քննա­դա­տութիւնը իր անմի­ջա­կան արդիւնքը տուած ըլլայ քննա­դա­տուո­ղին վրայ,– հազուա­դէպ, գրե­թէ ոչ մէկ պարա­գայ,–: Մինչ հակա­ռա­կին օրի­նակնե­րը ամէն ժամ կը վխտան մեր շուրջը: Որեւէ պահու բացէ’ք ֆէյպսուքը եւ տեսէ’ք:

Բայց թողունք ֆէյսպուքը, ուր յաճախ յոխորտանքն ու հայհո­յանքը շփո­թուած են քննա­դա­տութեան հետ եւ ցոյց տանք երկու հանրա­ծա­նօթ պատկերներ:
Նշա­նաւոր կանկսթեր Ալ Գաբո­նէ, որ կը նկա­տուէր «ընկե­րութեան թիւ 1 թշնա­մին», ձերբա­կա­լութե­նէն ետք, ակնարկե­լով արգի­լեալ խմիչքի ու բախտա­խա­ղի իր ապօ­րէն գործունէութեան, կը յայտա­րա­րէր. «Կեանքիս լաւա­գոյն տարի­նե­րը վատնե­ցի մարդի­կը հաճո­յացնե­լու, անոնց օգնե­լու որ ուրախ պահեր ունե­նան առօ­րեայ դժուա­րութեանց մէջ, բայց փոխա­րէ­նը ստա­ցայ հալա­ծանք ու պարսաւանք…»:

Համաշխարհա­յին երկրորդ պատե­րազմի աւարտին, Ֆրանսան Հիթլե­րի բանակնե­րուն յանձնող նախա­գա­հը՝ Ֆիլիփ Փեթեն, երբ կը դատա­պարտուէր իբրեւ հայրե­նի­քի դաւա­ճան, ան կը շարունա­կէր մնալ իր համո­զումին մէջ ու կը յայտա­րա­րէր. «իմ արարքնե­րուս առաջնորդը Ֆրանսա­յի բարիքն էր ու շահը. Խիղճս հանդարտ է…»:

Ահա պատա­հա­կան, բայց ցցուն երկու պարա­գա­նե­րը անձե­րու, որոնք ընկե­րութե­նէ մեկուսա­ցած ու դատա­րա­նէ խարա­նուած յանցանքը իրենց ճակտին՝ չէին ընդուներ, որ սխալ գործած են:
Մարդիկ չե՞ն անդրա­դառնար, որ այս այսպէս է:

Կ’անդրա­դառնան, բայց կը շարունա­կեն քննա­դա­տել:
Գիտութեան յառա­ջընթա­ցի ներկայ փուլն իսկ ոչ միայն չէ չափաւո­րած մարդոց քննա­դա­տե­լու եռանդը, այլ ընդհա­կա­ռակն՝ աւե­լի բորբո­քած է զայն ու թափ տուած անոր: Աչք մը նետենք մեր շուրջը. ամէ­նուրեք գերիշխո­ղը բորբո­քած ոճով քննա­դա­տութիւնն է:

Պետութիւններ քննա­դա­տութիւնը կ’ը­նեն դաշնա­կից թէ թշնա­մի պետութիւննե­րուն, կուսակցութիւններ՝ կուսակցութիւննե­րուն, միեւնոյն կուսակցութեան անդամներ՝ իրենց կուսա­կիցնե­րուն, գործաւորներ՝ գործա­տէ­րե­րուն, քաղա­քա­ցի­ներ՝ կառա­վա­րութիւննե­րուն, պատգա­մաւորներ՝ գործընկեր պատգա­մաւորնե­րուն եւ այսպէս կեանքի անիւը կը դառնայ ու կ’ա­ռա­ջամղուի քննա­դա­տութեամբ, բոլոր մարզե­րու մէջ եւ բոլոր մակարդակնե­րու վրայ:
Կ’եզրա­կա­ցուի ուրեմն, որ մարդկա­յին մտա­ծո­ղութիւնը իր սնունդը եւ ուժա­կա­նութիւնը կ’առնէ քննա­դա­տութե­նէն եւ այդ ուժա­կա­նութիւնը կը սպառէ…քննադատութեամբ:
Եւ որքան շատ սպա­ռէ, այնքան աւե­լի ուժ կ’ամբա­րէ: Զարտուղի պարա­գայ, ուր սպա­ռումը ոչ միայն չի պակսեցնէր պաշա­րը, այլ ընդհա­կա­ռակն. նոր կուտա­կում կը բերէ մտքի ու դատումի հարստութեան:

Ուրեմն, կեցցէ’ քննա­դա­տութիւնը:

Սակայն զգո՜յշ. Քննա­դա­տութիւնն ալ ունի իր ծուղա­կը, որուն մէջ ինկո­ղը կ’աղքա­տա­նայ եւ ուժա­քամ կը դառնայ:

Անշուշտ…մտքով:

Առնչվող Հոդվածներ