Առաջին իսկ օրէն մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուած էր գիւղին մէջ, եւ մասնաւորաբար ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան մօտ:
Գէորգ Թորոյեան
Զովասարի Վերանորոգուած Դպրոցը
Մայիս 2022ին, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Յարութ Մկրտիչեանի այցելեց Զովասար եւ ականատես եղաւ գիւղի դպրոցի անմխիթար վիճակին:
Գիւղի դպրոցը հիմնադրուած է 1972ին եւ շահագործման յանձնուած՝ 1976ին: Այդ օրուընէ ասդին, վերանորոգման ոչ մէկ աշխատանք կատարուած է: Նախակրթարանի բաժինը ամէնէն ահաւոր վիճակը կը պարզէր: Թէ՛ միջանցքին եւ թէ դասարաններուն պատերը կիսաքանդ էին, յատակը խարխլած եւ պատուհանները հինցած-մաշած:
Գիւղը կազ չունի եւ դպրոցի ջեռուցումը կը կատարուի ելեկտրական վառարաններով: Իսկ ձմեռը դաժան է Զովասարի մէջ: Գտնուելով Արագածի փէշերուն՝ առաւել քան 2000 մեթր բարձրութեան վրայ, մինչեւ երկու մեթր կը ձիւնէ եւ ջերմաստիճանը կ՛իջնէ -30 աստիճանի: Այս պայմաններուն մէջ, կիսաքանդ դասարանները տաքցնելը գրեթէ անկարելի է: Հետագային, ուսուցչուհիներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին, անոնք պատմեցին թէ ձմեռը նուազ երեք-չորս աստիճանի տակ դաս կ՛ընեն: Անոնք ցաւով պատմեցին, թէ յաճախ մանուկներուն ձեռքերը այնքան կը սառէին, որ դասի պահուն չէին կրնար մատիտ բռնել…
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ վերանորոգել դպրոցը, մասնաւորաբար նախակրթարանի բաժինը: Գետնի վրայ աշխատանքներու կազմակերպումը եւ հետապնդումը վստահուեցաւ Pro Armenia հասարակական կազմակերպութեան: Նոյն ժամանակ, յանձնարարութիւն տրուեցաւ իր շրջանի «Լեռնավայր» կոմիտէութեան՝ ստանձնելու դպրոցի վերանորոգման ծախսերը: «Լեռնավայր» կոմիտէն Յուլիսի կիսուն կազմակերպեց շահութաբեր ձեռնարկ մը, որուն հասոյթը յատկացուեցաւ դպրոցի վերանորոգման ծախսերուն:
Մինչ այդ, արդէն կազմուած էր շինարարական յանձնախումբ մը, որ կազմած էր ծախսերու նախահաշիւ մը եւ ներկայացուցած ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, եւ հաւանութիւն ստանալէ ետք, Յունիսի կէսերուն սկսած էր վերանորոգման աշխատանքներուն:
Շինարարական աշխատանքները վստահուեցան զովասարցի Մհեր Յակոբեանին, որ առաւել քան տասը տարի կ՛աշխատի այս գործով: Իսկ մնացեալ բանուորները, որոնք Մհերի շինարարական խմբակը կազմեցին, նոյնպէս գիւղի երիտասարդներն էին:
Պէտք է ընդգծել, որ վերանորոգման այս աշխատանքները երկու-երեք ամիս, առաւել քան տասնեակ մը երիտասարդներու գործ հայթայթեցին:
Աշխատանքները սկսելուն զուգահեռ, Pro Armenia կազմակերպութիւնը կապ հաստատելով «Հայ Դպրոց» հիմնադրամին հետ՝ դասարաններուն ապահովեց նոր կահ-կարասի:
Վերոնշեալ կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ Հայաստանի դպրոցներուն կը հայթայթէ դասարանային գրասեղաններ, նստարաններ, գրատախտակներ, ուսուցչարանի կահոյք եւ այլն:
Խոստացուած գրասեղանները եւ աթոռները դպրոցին պիտի տրամադրուին 15 Սեպտեմբերին: Իսկ Pro Armenia կազմակերպութեան անդամները իրենց՝ դպրոցը յաճախակի այցելութիւններով, մօտէն հետեւեցան կատարուած եւ կատարուող աշխատանքներուն:
Դպրոցը փոքր գիւղի մը մէջ գտնուելով, վերանորոգման աշխատանքները լուռ եւ թաքուն պիտի չմնային: Առաջին իսկ օրէն մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուած էր գիւղին մէջ, եւ մասնաւորաբար ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան մօտ:
Կապալառու Մհերը պատմեց մեզի, թէ աշխատանքին ընթացքին դպրոցի աշակերտները յաճախ կու գային եւ ուրախութեամբ կը հետեւէին կատարուող աշխատանքին եւ երբեմն նոյնիսկ կ՛ուզէին մասնակցիլ:
Փակագիծ մը բանալով՝ նշենք, որ փոքր գիւղի փոքր դպրոց ըլլալով հանդերձ, այս դպրոցէն դուրս եկած են նշանաւոր դէմքեր: Ստեփան Պօղոսեան (ռատիօհեռուստատեսութեան տնօրէն), Արամ Պետրոսեան («Արմէնթել»ի տնօրէն), Վահէ Միքայէլեան (ԵՊՏՀի տեգան), Ֆահրատ Ֆահրատեան (էլեկտրացանցի տնօրէն), Պօղոս եւ Գեղամ Գաբրիէլեաններ (բնագիտութեան, ուսողութեան (physics-mathematics) ոլորտի գիտաշխատողներ) եւ այլն:
Մեր վերջին այցելութեան, շինարարական աշխատանքները գրեթէ հասած էին իրենց աւարտին: Նախակրթարանի բաժինը (միջանցք, դասարաններ, լուացարաններ), ուսուցչարանը եւ արտաքին մուտքը արդէն աւարտած են: Իսկ ռազմագիտութեան դասարանին, մարզասրահին եւ առաջին յարկի մասնակի նորոգութիւնները քանի մը օրերու ընթացքին կ՚աւարտին:
Գիւղը Արցախեան վերջին պատերազմին ունեցած է չորս նահատակներ: Որոշուեցաւ վերանորոգուած չորս դասարաններէն իւրաքանչիւրը անուանել այդ հերոս նահատակներէն մէկուն անունով:
Դպրոցին տնօրէնը՝ Յովսէփ Ղազարեան, մինչեւ երկինք ուրախ է: Մեզի հետ զրոյցին ընթացքին լաւատեսութեամբ յայտնեց, թէ այս տարի արդէն աւելի մօտէն կրնայ հետեւիլ կրթական ծրագիրի իրագործման: Ան տեղեկացուց, որ դպրոցի աշակերտութեան թիւը հարիւրէն պակաս ըլլալով՝ դպրոցը ուսմասվար չունի: Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ, տնօրէնը կը կատարէ կազմակերպական-վարչական աշխատանքներ, իսկ ուսմասվարը կը հետեւի կրթական հարցերուն: Ղազարեան յայտնեց նաեւ, որ դպրոցը ունի մարդուժի պակաս: Չունին քիմիագիտութեան եւ համակարգիչի ուսուցիչ: Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այս հարցը կը յաջողի լուծել: Դպրոցը ունի ժամանակավրէպ դարձած երեք համակարգիչներ՝ հետեւաբար աշակերտներուն անհասանելի է համակարգչային գիտութիւնը:
Զրուցեցինք նաեւ ուսուցչուհիներու հետ, որոնք նոյնպէս ուրախ եւ խանդավառութեամբ պիտի դիմաւորեն վերամուտը: Միջին եւ աւագ դպրոցի հայերէնի ուսուցչուհին՝ Ռոզա Յովսէփեան, նաեւ գրող է եւ անոր գրական ծածկանունը Զոզ Յովսէփեսան է: Ան բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ կը գրէ եւ կ՛ըսէ թէ սիրահար է արեւմտահայ գրականութեան: Ան հեղինակ է կարճ ժամանակ մը առաջ լոյս տեսած «Ալպէրթը՝ Հրետանաւորների Աստուած» գիրքին, որ նուիրուած է 44օրեայ պատերազմի նահատակ-հերոս հրետանաւոր Ալպէրթ Յովհաննէսեանին:
Գիւղի դպրոցը ֆրանսական թեքումով է: Ուսուցչուհին կը յայտնէ, թէ բաւարար չափով ֆրանսական գրականութիւն չկայ դպրոցի գրադարանին մէջ, ֆրանսերէնի մակարդակը աւելիով բարելաւելու համար:
Մեր զրուցակից ուսուցչուհիները յայտնեցին, որ կատարուած այս նորոգութիւններէն ետք, երբ ջեռուցման հարցը մեծ չափով լուծուած է, պիտի կարենան աւելիով կեդրոնանալ դասաւանդութեան վրայ: Անոնք համակարծիք են, որ կան փայլուն աշակերտներ, որոնք նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումով՝ կրնան դառնալ յաջողակ եւ նշանաւոր անուններ, իրենց նախնիներուն նման: Երիտասարդ ուսուցչուհիներուն մտահոգութիւններէն է նաեւ այն փաստը, որ աշակերտները չունին արտադասարանային զբաղմունքներ՝ արուեստի, մարզանքի կամ այլ ոլորտներու կարելիութիւներու բացակայութեան պատճառով:
Ինչպէս նշեցինք, դպրոցի վերանորոգութեան հարցը ամբողջութեամբ չէ լուծուած. տակաւին կան այլ հարցեր, սակայն, ակնյայտ է որ այս մինչ այդ կատարուածը մեծ փոփոխութիւն մըն է անոնց համար: Անոնք անկեղծօրէն կը յայտնեն, թէ առաջին անգամ ըլլալով կը զգան, թէ իրենցմով հետաքրքրուողներ կան եւ այդ մէկը իրենց համար մեծ նշանակութիւն ունի եւ թէ շատ ուրախ են ու շնորհակալ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան եւ ընդհանրապէս Քալիֆորնիոյ հայութեան:
Իսկ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն հետամուտ եղաւ այս ծրագիրի գործադրութեան եւ յաջողութեան՝ հիմք ընդունելով Դաշնակցութեան՝ «ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» կարգախօսը, եւ այդ կարգախօսը գործնականացնելը:
Հինգշաբթի, 1 Սեպտեմբերին՝ կրթական վերամուտի առաջին օրը, աշակերտութիւնը նոր եռանդով, նոր յոյսերով եւ նոր ակնկալութիւններով պիտի սկսի յաճախել Զովասարի դպրոցը՝ աւելի յաջողակ եւ աւելի նպատակասլաց տարեշրջան մը վերսկսելու ու աւարտելու համար:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից: