ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Զիս երբեք չզարմացուցին Գագիկ Ծառուկեանի ենթադրեալ օրինազանցութիւններու մասին ի յայտ եկած տեղեկութիւնները: Ոչ ալ զարմացայ ԲՀԿ պատգամաւորներուն Ծառուկեանին տուած երդումներով եւ «անբարոյականի զաւակ» չըլլալու խոստումներով ու հաւատարմագրերով:
Զիս չեն զարմացուցած Ծառուկեանի կուսակցութեան՝ Բարգաւաճ Հայաստանի հետ ՀՀԿի, ՀՅԴի, ՀԱԿի, եւ նոյնիսկ՝ Իմ Քայլը-ի համագործակցութիւնը: Այս կուսակցութիւնները չէի՞ն գիտեր Ծառուկեանի գործունէութեան մասին: Գիտէին:
Ծառուկեանը Հայաստանի մէջ, Քոչարեանի իշխանութեան օրերուն յատուկ աճեցուած քաղաքական գործիչի տեսակ է: Այս տեսակի նպատակը՝ ստրուկ մասսաները խեղճուկ օրապահիկով մը հակակշռի տակ առնել ու երկրի հարստութիւնը շարունակաբար օլիգարխիայի միջեւ կիսել է: Ցաւալին այն էր, որ մեր քաղաքական ուժերը, մեր 13օրեայ, 13 ամսուայ եւ 130 տարուայ կուսակցութիւնները, մոռնալով իրենց գաղափարական եւ քաղաքական սկզբունքները, ընդունած էին իրենց պարտադրուած խաղի կանոնները: Անոնք համակերպած էին քրէաօլիգարխիկ խաւի բիզնէս շահերով պայմանաւորուող քաղաքական խաղին, անոր ստեղծած քրէական մշակոյթին, արժեհամակարգին, եւ բոլորի՛ն մեղսակցութեամբ հայրենի քաղաքական դաշտը դարձած էր… կրկէս:
Իրականութեան մէջ, ես ցաւ ապրեցայ, որ Ծառուկեան տեսակ մարդու խայտառակ գործարքներու բացայայտումները տեղի ունեցան քաղաքական պայքարի թէժ օրերուն: Այս տեսակ քաղաքական գործիչներու հարցը լուծուած պէտք է ըլլար վաղուց, յեղափոխութեան յաջորդող օրերուն իսկ: Չեղաւ: Իսկ այսօրուան բացայայտումներուն մէջ զիս ոչ թէ զարմացնող, այլ նեղացնող բան կայ, որովհետեւ Ծառուկեանն ու իր ենթակաները այսօր ծաղր ու ծանակի կ’ենթարկուին քաղաքական այն ուժին կողմէ, որ նուազ քան երկու տարի առաջ քաղաքական յուշագիր կը ստորագրէր Բարգաւաճ Հայաստանի հետ: Չէի՞ն գիտեր ով է Գագիկ Ծառուկեանը: Գիտէին:
Զարմանալի բան չկար երեկուան բացայայտումներուն մէջ, բայց կայ աւելի ահաւորը, կայ սարսափելին: Այն ալ տարածուած տեղեկութիւններն են, ըստ որոնց հայկական այս ուժերը Ռուսաստանի որոշ օղակներու հետ համաձայնաբար՝ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն կը նախապատրաստէին: Եւ ըստ այս տեղեկութիւններուն, անոնք կորոնավիրուսի տագնապը օգտագործելով, ժողովրդավարօրէն ընտրուած իշխանութիւններուն դէմ դաւեր լարելու եւ ի վերջոյ՝ զանոնք տապալելու ծրագիր մը ի գործ կը դնէին: Ֆէյքերը, քարոզչական սաստկացած պայքարը, կառավարութեան եւ պարետատան որոշումները ձախողեցնելու արշաւները, աշխարհով մէկ նուազող գազի գինը Հայաստանի համար բարձրացնելու ռուսական յայտարարութիւները, կառավարութեան հրաժարականի պահանջները, Արցախի խնդրի փուլային լուծման մասին հրապարակումները եւայլն, բոլորն ալ, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, լաւապէս համակարգուած էին ու են ռուսական սպասարկութիւններու հետ եւ ունեցած են մէկ նպատակ՝ համաժողովրդային դժգոհութիւն յառաջացնել եւ իշխանութենէն հեռացնել Նիկոլ Փաշինեանն ու իր խումբը:
Չեմ գիտեր, թէ որքանով ճիշդ են այս տեղեկութիւնները, բայց եթէ ճշմարտութեան փոքր կաթիլ մըն իսկ կայ անոնց մէջ, ուրեմն մենք գործ ունինք ազգադաւ ու հակապետական նորօրեայ բոլշեւիկներու հետ:Այնպէս, ինչպէս 1920ին, երբ հայկական նորանկախ պետութիւնը գործ ունեցաւ Մոսկուայի հովանաւորութեամբ աշխատող հայ բոլշեւիկներուն հետ, որոնք Կարմիր Բանակի օգնութեամբ ի վերջոյ տիրացան իշխանութեան եւ գերեզմանեցին անկախութեան յոյսերը…
Ես պիտի ուզեմ հաւատալ, որ ճիշդ չեն այս տեղեկութիւնները: Բայց եթէ ինչ որ չափով են, ուրեմն, պետութեան դէմ դաւող հայ բոլշեւիկի տեսակը դեռ չէ մեռած: Իշխանութիւնը վերցնելու համար օտարի օգնութեան դիմող բոլշեւիկը մեր մէջ է, եւ գործունեայ: Բոլշեւիկը գոյն ու ձեւ փոխած է, բայց այստեղ է, մեր քաղաքական կեանքին մէջ:
Եւ այնքան ատեն, որ մենք մեր մէջէն չենք հեռացուցած հայկական ինքինիշխանութիւնը մերժող, հայ մարդն ու հայ ազգը գերագոյն արժէք չհամարող բոշեւիկը, մենք պիտի չկարենանք կառուցել մեր երազած հզօր եւ անկախ հայրենիքը…
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի: