28.6 C
Yerevan

Հակա­յե­ղա­փո­խա­կա­նութիւնը սկսած էր վաղուց

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Այսօր, նախկին իշխա­նութիւննե­րը՝ Հայաստա­նի քրէա-օլի­գարխիկ խաւը, արդա­րութեան դէմ պատե­րազմի ելած են իրենց ամբողջ զինա­նո­ցով: Անոնք գործի դրած են ժողո­վուրդէն եւ պետութե­նէն կողոպտուած իրենց անսահման գումարնե­րը, դատա­կան համա­կարգի մէջ իրենց նշա­նա­կած եւ հարստա­ցուցած դատաւորնե­րը, ոստի­կա­նութեան մէջ քաւոր-սանիկ յարա­բե­րութիւննե­րով բարձր պաշտօննե­րու հասած բաժնի պետերն ու ղեկա­վարնե­րը, անվտանգութեան կառոյցնե­րու մէջ բարձրա­գոյն դիրքե­րու բարձրա­ցուած իրենց բարե­կամներն ու հարա­զատնե­րը: Զինա­կից դարձուցած են իրենց լռե­լեայն եւ բացա­յայտ բիզնէս գործընկերնե­րը: Եւ դեռ՝ արդա­րութեան դէմ պատե­րազմին միա­ցած են իրենց կեղտոտ գործե­րու բացա­յայտումով մտա­հոգ նախկին կաշա­ռա­կեր նախա­րարնե­րը, որոշ կուսակցա­կան ղեկա­վարներ, ապօ­րի­նի գործարքնե­րով հարստա­ցած գործա­րարներ, կոպեկնե­րով անշարժ եւ այլ գոյքի սեփա­կա­նա­տէր դարձած խաչա­գո­ղեր, ասոնց հետ գործարքնե­րու մէջ մտած քաղա­քա­կան գործիչներ, պատգա­մաւորներ, ոստի­կա­նա­կան-քաղա­քա­կան հովա­նաւո­րութեամբ գործած գողա­կան կերպարներ, կոռուպցիա­յէն օգտուող մեծ թիւով «բիզնէսմէն»ներ: Իրենց տրա­մադրութեան տակ ունին լրա­տուա­մի­ջոցներ, կայքեր, ֆէյքեր, ռատիո­կա­յաններ, հեռուստաա­լիքներ, վարձկաններ…

Այնպէս չէ, որ ասոնք կը գործեն ինքնագլուխ: Կան համա­կարգողներ, որո­շում կայացնողներ, ցանցեր ստեղծողներ: Տեղե­կատւութեան կազմա­կերպուած հոսք կայ մէկ օղա­կէն միւսը, եւ ամէ­նէն վտանգաւո­րը՝ ուժա­յին կառոյցնե­րու որոշ օղակնե­րէն դէպի իրենց նախկին տէրե­րը: Քարոզչա­կան համա­կարգուած եւ լաւ ֆինանսաւո­րուած ծաւա­լուն արշաւը կազմա­կերպուած է իր բոլոր մանրա­մասնութիւննե­րով: Այս արշաւին մէջ ներա­ռուած են օտա­րերկրեայ սպա­սարկութիւններ: Համա­կարգումը տեղի կ’ունե­նայ Հայաստա­նէն ներս եւ Հայաստա­նէն դուրս:

Քարոզչա­կան արշաւը տեղի կ’ունե­նայ նաեւ պետա­կան որոշ օղակնե­րու մէջ ապա­տե­ղե­կատւութեան տարա­ծումով: Իսկ ժողո­վուրդը օրա­կան 24 ժամ, առանց դադա­րի, ենթա­կայ է տեղե­կա­տուա­կան տեռո­րի: Նպա­տա­կը մէկն է՝ ստեղծել շփոթ, բարկութիւն, անվստա­հութիւն, անկա­ռա­վա­րե­լիութիւն: Ստեղծել ԽՈՒՃԱՊ ժողո­վուրդի տարբեր շերտե­րու եւ պետա­կան զանա­զան օղակնե­րու, եւ նոյնիսկ՝ ուժա­յին կառոյցնե­րու մէջ:

Խուճա­պի միջո­ցով ստեղծել անա­պա­հո­վութեան զգա­ցում, հիասթա­փութիւն, անիշխա­նութիւն, սարսափ, վախ, վստա­հութեան կորուստ… Այս բոլո­րը վերջաւո­րութեան օգտա­գործել իշխա­նութիւննե­րուն դէմ, թոյլ եւ անզօր ներկա­յացնել զանոնք յաչս ժողո­վուրդին եւ ի վերջոյ՝ զրկել իշխա­նութիւնը ժողովրդա­յին լայն աջակցութե­նէ:

Սա, ընկերներ, Ճորճ Օրուէ­լի վէպե­րէն առնուած դրուագ մը չէ: Սա մեր իրա­կա­նութիւնն է: Սա հայաստա­նեան առօ­րեան է: Սա նախկին իշխա­նութիւննե­րու ռազմա­վա­րութիւնն է: Սա, այլ խօսքով, հակա­պե­տա­կան գործունէութիւն է: Եւ այս ապազգա­յին եւ հակա­պե­տա­կան գործունէութեան հովա­նաւորներն ու տէրե­րը ունին անուն ազգա­նուն, անոնք Հայաստա­նի երբեմնի ղեկա­վարներն են, մեծ դրա­մագլուխի սեփա­կա­նա­տէ­րե­րը եւ անոնց շահե­րուն սպա­սարկած քաղա­քա­կան ուժե­րը:


Հայաստա­նի քրէաօ­լի­գարխիկ դասա­կարգն ու անոնց ծառա­յող ուժե­րը փրկուե­լու ուրիշ ձեւ եւ մեթոտ չունին: Ան կա՛մ պիտի կանգնին ժողո­վուրդի կողմէ պահանջուող արդա­րա­դա­տութեան առջեւ, կամ ալ այս իշխա­նութիւննե­րու ձախո­ղումով ու տապա­լումով՝ պիտի փորձեն փրկել իրենց կաշին ու ինչքը: Հայաստա­նի քրէաօ­լի­գարխիկ խաւին առջեւ ուրիշ այլընտա­րանք պարզա­պէս չկայ:

Իսկ ու՞ր պիտի կանգնի հայրե­նի­քի եւ հայութեան ճակա­տագրով մտա­հոգ իւրա­քանչիւր գիտա­կից, պատասխա­նա­տու հայորդի: Թողե՞լ, որ օլի­գարխիան գերեզմա­նէ վերա­զարթնած հայ ժողո­վուրդի վերջին յոյսը, թէ միաւո­րուիլ յեղա­փո­խութեան նպա­տակնե­րուն համար պայքա­րած ուժե­րուն շուրջ ու վճռա­կան պայքա­րով՝ գերեզման ուղարկել Հայաստա­նի օլի­գարխիա­յի քրէա­ծին համա­կարգը: Պատասխա­նը պէտք է տանք իւրա­քանչիւրս, Հայաստա­նէն  մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ոստաններ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

https://www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10223680395140505

Առնչվող Հոդվածներ