Ազատ բեմ

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝ ՄԻՖԵՐ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Մաս 2 եւ վերջ)

Արտավազդ Տէր Մարկոսեան

Ամիսներ առաջ, խումբ մը նախկին կուսակցականներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ «Մեր Ուղին» գաղափարական շարժումը եւ ընկերաքաղաքական հարթակը: Այդ օրէն ի վեր, ՀՅԴ անունով գործող կուսակցութեան հայաստանեան թեւի ապագաղափարական «ղեկավարներ»ը բացայայտ ու գաղտնի քարոզչական պայքար մը սկսան «Մեր Ուղին»ի դէմ: «Մեր Ուղին» գաղափարական շարժումը վարկաբեկելու միտող այս արշաւի ընթացքին օգտագործուեցան եւ դեռ կ’օգտագործուին ոչ միայն կուսակցական ժողովներու ընձեռած հարթակները, այլեւ՝ բազմատեսակ ֆէյքերն ու սոցիալական տարբեր ցանցերը: 

Նախորդ յօդուածով, գրեցինք երկու միֆերու մասին: Շարունակենք նոյն ձեւով, խօսելով միֆերու եւ իրականութեան մասին:

ՄԻՖ ԵՐՐՈՐԴ՝ «Մեր Ուղին»ը կը ֆինանսաւորուի անյայտ աղբիւրներէ, ունի եկամուտի կասկածելի միջոցներ:

Իսկ ի՞նչ է ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Իրականութիւնը այն է, որ «Մեր Ուղին» ո՛չ մեծ ծախսեր, ո՛չ պաշտօնէութիւն, ո՛չ աշխատակազմ, ոչ ալ մեծ գումարներ պահանջող ծրագիրներ ունի: «Մեր Ուղին»ի շուրջ հաւաքուած դաշնակցականները յօդուած գրելու, քննարկումներ կազմակերպելու եւ կայքէջ ու դիմատետրի էջ պահելու համար գումար չեն ստանար: Ընդհակառակը, իրենց սեփական միջոցներով կը հոգան առցանց ներկայութիւն ապահովելու ծախսերը: Յանուն գաղափարական աշխատանքի՝ կամաւոր հիմունքներով գործելը «Մեր Ուղին»ի համար շատ բնական երեւոյթ է, թէեւ շատ շատեր, մանաւանդ Հայաստանի մէջ, այս սկզբունքին չեն հաւատար եւ առանց փողի՝ յեղափոխութիւն չեն պատկերացներ… Փանջունիին նման՝ «մի քիչ փող ուղարկեցէք» գրելով ժողովրդանուէր գործունէութիւն կը խոստանան դուրսի ընկերներուն:

ՄԻՖ ՉՈՐՈՐԴ՝ «Մեր Ուղին»ի ետին կը կանգնին արտասահմանեան յատուկ գործակալներ, արեւմտամէտ մութ ուժեր, Դաշնակցութիւնը հարուածել ուզող խորհրդաւոր շրջանակներ…

Իսկ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մասին արժէ՞ խօսիլ այստեղ: Հայաստանի մէջ Ստալինեան օրերէն ի վեր շատ սովորական է հակառակորդին օտարի գործակալ յայտարարելը: Այդպէս էր, որ խորհրդային բռնատիրական կարգերը հազարաւոր մտաւորականներ, գրողներ, գիտնականներ եւ հասարակական գործիչներ գնդակահարեցին, բոլորին օտարի գործակալ եւ ժողովուրդի թշնամի յայտարարելով: Այլախոհութիւնը խեղդելու, այլակարծութիւնը արմատախիլ ընելու, ընդդիմախօսները չէզոքացնելու ստալինեան յայտնի այս ոճը բաւական ազդու է, եւ միաժամանակ շարքերուն սաստելու համար կ’օգտագործուի: Ուրեմն ի՞նչ կ’ըսեն այս միֆի հեղինակ, Հայաստանի մէջ ՀՅԴի անունով հանդէս եկող երէկուան կոմերիտականները: Տեսէ՛ք, կ’ըսեն անոնք շարքերուն, այդ մարդիկ դաւաճաններ են, քանի որ օտարի գործակալներ են, օտար մութ ուժերու կը ծառայեն, եւ եթէ գործ ունենաք անոնց հետ, դուք ալ դաւաճաններ եք, դուք ալ օտար գործակալներու հետ համագործակցողներ կը դառնաք: Եկուր եւ դիմացիր: Նիւթը փակուած է արդէն: Եթէ դաւաճան են, ինչպէս կ’ըսեն մեր ղեկավարները, ապա ինչպէ՞ս խօսիլ դաւաճաններու եւ օտար գործակալներու բարձրացուցած խնդիրներու մասին, ինչպէ՞ս քննարկման դնել մեզի համար կարեւոր նիւթերը: Հապա՞ եթէ մեզի ալ դաւաճանի հետ գործակցող համարեն…

Այսուհանդերձ, զարմանալի չէ, որ Հայաստանի մէջ ՀՅԴ անունը գործածող հատուածը իւրաքանչիւր ընդդիմախօսի մէջ ազգի եւ հայրենիքի, կուսակցութեան ու գաղափարի դաւաճան կը տեսնէ: Այդպէս էր Ստալինի օրերուն, այդպէս էր Բրեժնեւի օրերուն, այդպէս սորված էին իրենց հայրերը սովետի «երանելի» օրերուն, այդպէս պիտի ըլլայ այսօր: Ուրիշ ի՞նչ ակնկալել խորհրդային կեանքի դպրոցէն շրջանաւարտ մարդոցմէ:

ՄԻՖ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ՝ «Մեր Ուղին»ի շուրջ հաւաքուածները կուսակցական կարգապահութիւնը խախտածներն են, կուսակցական աւանդութիւնները արհամարհածները: Արդար է անոնց տրուած պատիժը:

Իսկ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆը այն է, որ «Մեր Ուղին»էն առաջ եւ այս օրերուն, կանոնագիրը կամայականօրէն կը գործադրուի կուսակցութեան մէջ «ղեկավար» դիրքերու հասած մարդոց կողմէ: Ո՞վ այսօր չի գիտեր, որ կան բազմաթիւ ընկերներ, որոնք մեծ սխալներ գործելով հանդերձ, կը մնան շարքերու մէջ եւ առանձնաշնորհեալ վերաբերմունքի կ’արժանան, եւ կան ուրիշներ, որոնք այլ կարծիք կամ տեսակէտ յայտնելու համար կը չէզոքացուին կամ կը հեռացուին: Մէկը «մեզմէ» է, մեզի չի հակադրուիր, ուրեմն ամէն ինչ արտօնուած է իրեն… իսկ այն միւսը մեզի քննադատող է, «անոնցմէ» է, ուրեմն պէտք է չէզոքացնել եւ դաւաճան հռչակել: Չէ՞ որ մենք ենք ղեկավարը եւ կանոնագիրը մեր ձեռքն է… ինչպէս կ’ուզենք, այդպէս ալ կ’ընենք. մէկուն դաւաճան կը հռչակենք ու կը պատժենք, միւսին գործած մեղքերը, նոյնիսկ եթէ կաշառք է եւ գողութիւն, աչք կը փակենք ու կ’անցնինք եւ…կեցցէ՛ մեր օրինապաշտութիւնը, երկա՜ր ապրի մեր շահերուն ծառայող կանոնագրամոլութիւնը…

ՄԻՖԵՐՈՒ շարքը կարելի է դեռ երկարել: Բայց այսքանով բաւարարուինք եւ յիշեցնենք, որ իմաստ չունի ամէն դատարկ խօսքին պատասխանելը:

Անգամուան մը համար յստակացնենք ու անցնինք: Հասկցողը արդէն հասկցաւ, մնացածներն ալ՝ օր մը կը հասկնան երեւի…

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *