Ազատ բեմ

Պատգամի Հասանելիութեան Մասին

Սերոբ Սերայտարեան

Հայաստանեան քաղաքական դաշտի կայացման, աւելի ճիշտ՝ չկայանալու փաստին երկու կարծիք չկայ մեր հասարակութեան մէջ։

Հասկնալի է թէ համակարգային իսկական փոփոխութեան համար անհրաժեշտ է նպատակային աշխատող իշխանութիւն և կայացած ընդիմութիւն, ընդիմութիւն մը որ ի վիճակի ըլլայ իր առաջադրանքներով, իր ծրագիրներով և իր քաղաքական պատգամով ստեղծել իրմով և իր շուրջը այնպիսի կշիռ, այնպիսի ծանրութիւն, որ կարենայ դառնալ ճնշող ազդակ ուղղորդելու համար իշխանութիւններու սխալները, զսպելու, զանոնք սայթաքումներէ հեռու պահելու համար, և ինչո՞ւ չէ նաեւ, որպէս այլընտրանք, ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը շահած, փոխարինելու զանոնք։

Դժբախտաբար, այսօր թէ՛ իշխանութիւնները և թէ ընդիմութիւնը հեռու են այդ վիճակէն։ Եւ որովհետեւ իշխանութիւններու և ընդիմութեան կայացման հոլովոյթին անհրաժեշտ է երկար անդրադառնալ, այս գրութեամբս պիտի սահմանափակուիմ ընդիմութեան հանդէպ ժողովրդային տրամադրութեան դրական աճի բացակայութեան, կամ աննշան յառաջընթացին պատճառներու վերլուծումով։

Արդարեւ, փորձ կը կատարուի երբեմն քիչ թէ շատ ներդաշնակ ծրագրեր ու գաղափարներ հրապարակ դնել, որով ընդիմութիւնը ինքզինք կ’առաջադրէ որպէս վստահելի և վաւերական այլընտրանք։ Սակայն այդ առաջադրանքը եւ ծրագրերը չեն հասնիր ժողովուրդին, հաղորդակցութեան միջոցներու անբաւարաութեան և անոնց հանդէպ վստահութեան պակասի պատճառաւ։

Երկրորդ հիմնական դժուարութիւնը ընդիմութեան պատգամին ժողովուրդին կողմէ չհասկցուիլը կամ այդ պատգամի մերժումն է։ Այս իրողութիւնը հիմնականին մէջ արդիւնքն է երկու տուեալի.

Առաջին․ պատգամի բովանդակութեան կամ ձեւակերպումին
Երկրորդ․ պատգամը փոխանցող անձին կամ մարմնին վայելած, աւելի ճիշտ, չվայելած հեղինակութեան։

Հոս նոյնքան կարեւոր է պատգամին խմբագրումը որքան պատգամը փոխանցողին մասին հանրութեան մօտ ձեւաւորուած պատկերացումը։ Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ է պատգամը փոխանցող դէմքերու փոփոխութիւնը։

Եզրակացնեմ ըսելով, թէ կարելի չէ հասարակութիւնը մեղադրել այս կամ այն ուժին պատգամին անհաղորդ մնալուն։ Հարցը վերեւ նշուածներուն մէջ պէտք է փնտռել։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *