26.4 C
Yerevan

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ շարժում Է

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ շարժում է,- գրուած է այսօր հրա­պա­րա­կուած յայտա­րա­րութեան մէջ։

Շարժում՝ որու մասնա­կիցնե­րը հպարտ են իրենց դաշնակցա­կան անցեա­լով, որոնք կը բաժնեն Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան արժէքնե­րը եւ, կուսակցութե­նէն դուրս թէ ներս, յանձնա­ռու են հաւա­տա­րիմ մնա­լու այդ արժէքնե­րուն՝ իրենց գործունէութիւնը ծաւա­լե­լով Դաշնակցութեան ծրագրէն բխած ոգիով ու անոր հերոս նահա­տակնե­րու ու ազնուա­գոյն զինուո­րագրեալնե­րու հետեւորդնե­րը ըլլա­լու փառա­սի­րութեամբ։

Շարժում՝ որ պիտի գծէ իր ուղին, պիտի հաստա­տէ իր ինքնուրոյն ճանա­պարհը, որու երկայնքին իւրա­քանչիւր հանգրուան մեզ պիտի մօտեցնէ մեր ժողո­վուրդին ձգտումնե­րու իրա­կա­նացման։

Շարժումը նպա­տակ չունի ստա­նա­լու ո՛չ կուսակցութեան, ոչ ալ կառուցա­յին այլ ձեւ։ Ան պիտի մնայ մտքե­րու եւ գաղա­փարնե­րու զարգացման, հարստացման, փոխ-ներգործութեան ջատա­գով, որու համար գործնա­կան իբրեւ միջոց պիտի տրա­մադրէ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ Հարթա­կը, ապա­հո­վե­լով ազատ քննարկումնե­րու բեմ մը։

Շարժումը յայտա­րա­րուած սկզբունքնե­րէն բխած ծրա­գիրներ իրա­կա­նացնողներ պիտի մէկտե­ղէ, կամաւոր, ազատ մասնակցութեան սկզբունքով։

Շարժումը կեդրոն չի կրնար ունե­նալ։ Իր կեդրո­նը հայ ազգն է եւ Հայաստա­նը։

Շարժումը կը ղեկա­վա­րուի ոչ թէ անձե­րով, այլ գաղա­փարնե­րով։

Շարժումին ուժն ու թափը պայմա­նաւո­րուած են անոր մասնա­կիցնե­րու հետեւո­ղա­կան ու գաղա­փա­րա­կան սլացքով։

Շարժումին կենսունա­կութեան միակ երաշխի­քը իր հաւա­տարմութիւնն է յայտա­րա­րած սկզբունքնե­րուն։

Առնչվող Հոդվածներ