ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ինչպէս որ ՄԱՅԻՍ 28ի այս օրը հրապարակուած ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆը կը շեշտէ՝
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ գաղափարական յանձնառու շարժում է եւ կ՚առաջադրէ ապահովել ու ամրագրել մեր ժողովուրդի ազատատենչ ու արդարադատ բոլոր համախմբումներուն լիիրաւ մասնակցութիւնը Ամբողջական Հայ Ազգի եւ Հայաստան Հայրենիքի ազատ, անկախ եւ հզօր պետականութեան կերտումին։
Հայ Ժողովուրդի ազատ ու անկախ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ազգային ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆը կերտելու ՄԱՅԻՍ 28ի գաղափարական ԱՒԱՆԴէն ներշնչուած է ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։
ԵՌԱԳՈՅՆ ԴՐՕՇը խորհրդանիշն է ՄԱՅԻՍ 28էն ժառանգած գաղափարական շարժումի ՄԵՐ ՈՒՂԻԻՆ․-
ԿԱՐՄԻՐը կը նուիրագործէ խորհուրդը մինչեւ մեր օրերը հասնող ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ճանապարհին հայ ժողովուրդի զոհաբերած արեան։
ԿԱՊՈՅՏը կ՚արտայայտէ աշխարհով մէկ անկաշկանդ թեւածելու մեր կամքն ու իրաւունքը՝ Հայաստանի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ անփոխարինելի կռուանով։
Եւ ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆով՝ մեր դրօշը կը սրբագործէ ցեցերէ մաքրուած ԱՐԴԱՐ ՎԱՍՏԱԿը հայոց սերունդներու տքնաջան աշխատանքին եւ քրտինքին արգասիքին՝ հայրենի դաշտերու հասուն հասկերուն։
ՄԱՅԻՍ 28ի օրը իր երթին ՄԵԿՆԱՐԿը յայտարարելով՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ կ՚ամրագրէ իր ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆը Հայ Ազգի ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՆ լիարժէք կառուցման ու լիիրաւ հզօրացման ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ անսակարկ, անդառնալի՛ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ՝
ՄԱՅԻՍ 28ի ՀԱՄԱԽՄԲՈՂ՝ ՊԱՅՔԱՐԻ՛ ՈԳԻՈՎ Հայ Ազգի եւ Հայաստան Հայրենիքի ինքնահաստատման ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ ամբողջական յաղթանակի առաջնորդելու ՄԻԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ։