15.3 C
Yerevan

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Արցա­խեան Ազա­տա­մարտի շղթա­յա­զերծման եւ Հայաստա­նի վերանկա­խացման նուա­ճումին զուգա­հեռ՝ հայ ազգն ու հայոց հայրե­նի­քը տիրա­ցան մեր ժողո­վուրդի ընկե­րատնտե­սա­կան ծաղկումի եւ ժողովրդա­վա­րա­կան պետութեան կառուցման պատմա­կան հնա­րաւո­րութեան։

Դժբախտա­բար, ամբողջ երեք տասնա­մեակ, վերանկա­խա­ցեալ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան իրե­րա­յա­ջորդ երեք նախա­գահնե­րը հաստա­տե­ցին եւ արմա­տաւո­րե­ցին խմբիշխա­նա­կան ու կոռումպա­ցուած՝ խաթա­րուած քաղա­քա­կան կառա­վարման համա­կարգ մը։

Մեր երկիրն ու ժողո­վուրդը ապրե­ցան մշտա­կան թալա­նա­սարսա­փի, դաւա­դիր ֆիզի­քա­կան մաքրա­գործումնե­րու, քաղա­քա­կան հաշուե­յարդարնե­րու, բնա­կան հարստութիւննե­րը օտա­րին չարա­շահման տրա­մադրե­լու եւ մեր անվտանգութիւնը դիւա­նա­գի­տա­կան սեղա­նին սակարկութեան դնե­լու աղի­տա­լի անկումի մէջ։

Ազգա­յին ու համա­ժո­ղովրդա­յին մեր երազներն ու հեռանկարնե­րը հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն ոտնա­կո­խուե­ցան՝ իշխա­նաւոր ցեցե­րու գործած ազգա­յին-քաղա­քա­կան եւ ընկե­րա­յին-տնտե­սա­կան կեղե­քումնե­րուն ու յափշտա­կութեանց հետեւանքով։

Ներքին Չարի­քին ու ահագնա­ցող անկումին դէմ 2018ի Ապրիլ-Մայի­սին ծաւա­լե­ցաւ համա­ժո­ղովրդա­յին բուռն ապստամբութիւնը, որ իր հաւա­քած յեղա­փո­խա­կան թափով, հայրե­նի հայութեան մէջ հզօ­րա­ցուց ընկե­րա­յին բողո­քի շարժումնե­րը՝ քաղա­քա­ցիա­կան ազա­տութեանց եւ հասա­րա­կա­կան իրաւա­հաւա­սա­րութեանց համար պայքա­րող ուժե­րը։

Համա­ժո­ղովրդա­յին ոչ-բռնի յեղա­փո­խութիւնը ակնյայտ դարձուց, որ վերանկա­խա­ցեալ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան մէջ յառա­ջա­ցած քաղա­քա­կան խմբակցութիւններն ու կուսակցութիւննե­րը, իրենց միանձնեայ ղեկա­վա­րութիւննե­րով, ի վիճա­կի չեն գործե­լու ժողո­վուրդին ցաւե­րուն հասնե­լու ուղղութեամբ ու, մակա­բոյծի իրենց վարքուբարքով, կը կողոպտեն ժողո­վուրդն ու պետա­կան սնտուկը եւ ծանր հարուած կը հասցնեն հայութեան — ներա­ռեալ սփիւռքա­հա­յութեան — ազգա­յին ինքնուրոյնութեան ու հաւա­քա­կան ուժին։

ժողո­վուրդի ցաւե­րուն նկատմամբ փաստօ­րէն անտարբե­րութիւն եւ արհա­մարհանք կը ցուցա­բե­րեն առ հասա­րակ բոլոր քաղա­քա­կան ուժե­րը՝ ներա­ռեալ պատմա­կան երկար ճամբայ կտրած կուսակցութիւննե­րը, որոնք անկա­րող եղան իրա­գործե­լու դէպի ժողո­վուրդը ուղղուած իրենց հարիւրա­մեայ գաղա­փա­րա­խօ­սութեան առա­ջադրանքնե­րը։

2018ի համա­ժո­ղովրդա­յին ոչ-բռնի յեղա­փո­խութե­նէն ասդին, հակա­ռակ քաղա­քա­կան դաշտին վրայ իրենց դիմագրաւած ժողովրդա­յին ու քաղա­քա­ցիա­կան բուռն ընդդի­մութեան եւ մարտունակ մերժումին, ու հակա­ռակ ընտրութեանց ընթացքին իրենց արձա­նագրած պարտութիւննե­րուն՝ իշխա­նութեան ղեկէն դուրս նետուածնե­րը, իրենց թալա­նած հսկա­յա­կան գումարնե­րով, վարձկան քաղա­քա­կան գործիչնե­րով ու հակակշռած լրա­տուա­մի­ջոցնե­րով՝ ձեռնարկած են համա­ժո­ղովրդա­յին պահանջնե­րու ձեռքբե­րումնե­րը վիժման ենթարկե­լու թշնա­մա­կան ու պառակտիչ, այլեւ հակա­պե­տա­կան ամէ­նօ­րեայ համա­տա­րած արշաւանքի։

Հայ ազգա­յին պետա­կա­նութիւնը հիմքէն քանդե­լու միտուած է էապէս հայրե­նա­դաւ այդ արշաւը, որ Հ․Հ․ պետա­կան վարչա­մե­քե­նա­յի ու որո­շա­պէս դատաի­րաւա­կան համա­կարգին վրայ նախկիննե­րէն յամե­ցող հակակշի­ռը շարժման մէջ դնե­լով՝ բուռն հակա­պայքար կը մղէ իրա­պէս ժողո­վուրդին ծառա­յող իրաւունքի եւ արդա­րութեան կառա­վարման, որո­շա­պէս եւ դատաի­րաւա­կան համա­կարգի կայա­ցումին դէմ։

Դէմ յանդի­ման օրհա­սա­կան այս վտանգին, նաեւ՝ յաղթա­կան իր երթը շարունա­կե­լու եւ ազատ ու ժողովրդա­վար, զարգա­ցած, յառա­ջա­դէմ եւ ընկե­րա­յին արդա­րութեան վրայ հիմնուած ազգա­յին պետա­կա­նութիւն ամրապնդե­լու իր տեսլա­կա­նը իրա­կա­նացնե­լու համար՝ Անկախ եւ Ազատ Հայաստա­նը այսօր կարի­քը ունի հայ ժողո­վուրդի գաղա­փա­րա­կան բովանդակ ներուժին՝ ազգա­յին-ազա­տագրութեան եւ քաղա­քա­ցիա­կան, հասա­րա­կա­կան ու ժողովրդա­կան իրաւունքնե­րու եւ ազա­տութիւննե­րու ձեռքբերման ի խնդիր պայքա­րող յանձնա­ռու բոլոր ուժե­րուն ամբողջա­կան լարումին:

Այսօր, ինչպէս անցնող 30 տարի­նե­րուն, հայրե­նաբնակ մեր ժողո­վուրդը կը մղէ հետեւո­ղա­կան պայքար՝ Հ․Հ․ պետա­կան համա­կարգին մէջ թափանցած ցեցե­րէն ձերբա­զա­տուե­լու, քաղա­քա­կան-հասա­րա­կա­կան փտախտը արմա­տա­խիլ ընե­լու, Հայաստա­նի քաղա­քա­ցիին, հայ աշխա­տաւոր եւ գիւղա­ցի դասին արժա­նա­պա­տիւ կեանքը երաշխաւո­րե­լու համար։

Համա­ժո­ղովրդա­կան յեղա­փո­խութե­նէն երկու տարի ետք, ժողո­վուրդի վստա­հութեան քուէն ստա­ցած Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը աւե­լիով կը գտնուին վճռա­կան ու արմա­տա­կան քայլե­րով պետա­կան կառա­վարման համա­կարգի ամբողջա­կան բարե­փոխման անհրա­ժեշտութեան առջեւ։ Նոր Հայաստա­նի պետա­կա­նութեան լիարժէք կայա­ցումին խոչընդոտ են նախկին փտած իշխա­նաւորնե­րը՝ իրենց կազմա­կերպած քաղա­քա­կան ամէ­նօ­րեայ գրոհնե­րով եւ տեղե­կա­տուա­կան ահա­բեկչութեամբ: Իսկ իշխա­նութիւննե­րուն ձեռնարկած բարե­կարգումնե­րուն տարո­ղութիւնը, ինչպէս եւ նախկին փտած համա­կարգի մնա­ցորդին հակա­պե­տա­կան հարուածնե­րուն տրուած ոչ-վճռա­կան պատասխաննե­րը չեն գոհացներ ժողո­վուրդին, որ ամէն պատճառ ունի մերժե­լու ի՛ր յեղա­փո­խութեան նպա­տակնե­րէն շեղումը եւ տատամսոտ քայլե­րը:

Հայոց Հայրե­նի Տունը սուտի ու կեղծի­քի չարիքնե­րէն մաքրե­լու դժուա­րին, այլեւ բախտո­րոշ զօրա­շարժին ու աշխա­տանքին զուգա­հեռ՝ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը — Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան հետ — կը դիմագրաւէ նաեւ իր անվտանգութեան սպառնա­ցող արտա­քին լուրջ մարտահրաւէրներ, զորս յաղթա­հա­րե­լու միակ գրաւա­կա­նը համա­հայկա­կան ներուժն է, որուն արդիւնաւէտ կազմա­կերպումը եւ ներա­ռումը մեր օրե­րու անյե­տաձգե­լի հրա­մա­յա­կա­նը դարձած է։

Ազգի ու Հայրե­նի­քի համընդհա­նուր յառա­ջընթա­ցին, ինքնա­հաստատման եւ մաքուր ձեռքե­րով կառա­վարման ու հզօ­րացման անկա­սե­լի այս զօրա­շարժին մեր ներդրումը բերե­լու հիմնա­կան առա­ջադրանքէն ծնունդ առած է ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ:

Համա­հայկա­կան այդ զօրա­շարժին թափը հզօ­րացնող եւ երթը հունաւո­րող գաղա­փարնե­րու խմորման, մէկտեղման ու բիւրե­ղացման եւ, բազմա­կարծութեան ճամբով, ազատ ու անկաշկանդ զարգացման ծառա­յե­լու կոչուած է ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ բնա­բա­նով հարթա­կը:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ազգա­յին-ազա­տագրա­կան, ընկերվա­րա­կան, ժողովրդա­վա­րա­կան եւ յեղա­փո­խա­կան աշխարհա­յեացքէ սնուող՝ համա­պա­տասխան արժէքնե­րու հիմքին վրայ Հայաստա­նի ու Հայութեան ամբողջա­կան ազա­տագրութեան համար պայքա­րող բոլոր հոսանքնե­րու, խմբաւո­րումնե­րու եւ յանձնա­ռու նուի­րեալնե­րու ներքին դաշնութիւնն ու միաւո­րումը առա­ջադրող գաղա­փա­րա­կան շարժում է։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հայ հասա­րա­կութեան մէջ իրաւա­հաւա­սա­րութեան հաստատման յանձնա­ռու շարժում է եւ կ՚առաջադրէ հանրա­յին ու պետա­կան յատուկ հոգա­ծութեան եւ պաշտպա­նութեան արժա­նացնել ժողո­վուրդի անկար եւ տկար խաւերն ու սեռի, տարի­քի կամ դաւա­նանքի հետեւանքով իրաւազրկեալ շերտե­րը՝ ապա­հո­վե­լու եւ ամրագրե­լու համար բոլո­րին լիի­րաւ մասնակցութիւնը Ամբողջա­կան Հայ Ազգի եւ Հայաստան Հայրե­նի­քի ազատ, անկախ եւ հզօր պետա­կա­նութեան կերտումին։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Կ՚առաջադրէ Հայոց Պետութեան հզօ­րացման գործին լծա­կից դարձնել ուժը, կարո­ղա­կա­նութիւնը եւ յանձնա­ռութիւնը բոլոր այն անհատնե­րուն, շրջա­նակնե­րուն եւ խմբաւո­րումնե­րուն, որոնք կը փնտռեն իրենց ներուժը լիարժէք նուի­րա­բե­րե­լու ազգա­յին ծառա­յութեան այն անսա­կարկ ու անկա­շառ ասպա­րէ­զը, որ վեր է հատուա­ծա­կան ու մասնա­կի շահախնդրութիւննե­րէ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Կը հաւա­տայ Հայաստան-սփիւռքա­հա­յութիւն կենսունակ փոխ-ներգործութեան։

Կը հաւա­տայ, որ Սփիւռքի հայութիւնը ռազմա­վա­րա­կան անփո­խա­րի­նե­լի յենա­րան է Հայաստա­նի պետա­կա­նութեան համար, եւ անոր ռազմա­վա­րա­կան գլխաւոր գործընկե­րը: Փոխա­դարձա­բար, ընկե­րա­յին արդա­րութեամբ օժտուած, տնտե­սա­պէս ուժեղ եւ համա­հայկա­կան օրա­կարգով առաջնորդուող Հայաստա­նի ազատ ու անկախ ազգա­յին պետա­կա­նութիւնը, իր բոլոր միջոցնե­րով, պիտի հասնի աշխարհա­տա­րած հայութեան հոգե­բա­րո­յա­կան, մշա­կութա­յին, կրթա­կան եւ ապա­հո­վա­կան կարիքնե­րուն:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Կենսա­կան կը նկա­տէ չորրորդ իշխա­նութեան պաշտպա­նութիւնը ամէն կարգի ճնշումնե­րու եւ տեղե­կա­տուա­կան միջոցնե­րու մենաշնորհնե­րու դէմ։

Կը զօրակցի ժողո­վուրդին իրաւունքներն ու պահանջնե­րը լսե­լի դարձնող անկախ մամուլին, մամլոյ պատասխա­նա­տու ազա­տութեան։

Մեր պետա­կա­նութեան լիարժէք կայա­ցումին վտանգաւոր սպառնա­լիք կը նկա­տէ՝ Ժողո­վուրդին եւ անոր արդար պահանջնե­րուն դէմ տեղե­կա­տուա­կան տեռոր գործադրող ուժե­րը եւ անոնց ենթա­կայ զանգուա­ծա­յին լրա­տուա­մի­ջոցնե­րը։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Համա­հայկա­կան գերա­գոյն արժէք կը դաւա­նի լիարժէք զարգա­ցումն ու անվտանգութիւնը Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան — վերա­միա­ցուած Արցա­խով եւ Արեւմտեան Հայաստա­նի բռնագրաւեալ հողե­րով։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ճամբայ ելած է՝ թափանցիկ քննարկումի եւ հանդուրժո­ղա­կան մօտե­ցումի յանձնա­ռութեամբ լուծումներ որո­նե­լու Ազգի եւ Հայրե­նի­քի դիմագրաւած հիմնա­կան մարտահրաւէրնե­րուն, տեսա­կէտնե­րու բախման եւ բաց մտքով բանա­վէ­ճի միջո­ցաւ մեր երթը նպա­տա­կասլաց պահե­լու նախանձախնդրութեամբ։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Իր գործունէութիւնը կը հունաւո­րէ ապա­կեդրո­նացման սկզբունքով, բացա­ռե­լով որեւէ բնոյթի իշխա­նութեան եւ ուժի կեդրո­նացման ամէն ձգտում, այլեւ ընդհա­կա­ռակն՝ կը հիմնուի հանրա­յին հակակշիռնե­րու եւ թափանցի­կութեան-հրա­պա­րա­կա­յին հաշուե­տուութեան, ժողովրդա­վա­րութեան, խօսքի ու մտա­ծումի ազա­տութեան, հանդուրժո­ղա­կա­նութեան սկզբունքնե­րուն վրայ։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հայաստա­նը համա­րե­լով հայութեան բոլոր ճամբա­նե­րուն եւ ուղղութիւննե­րուն հանդիպման անփո­խա­րի­նե­լի խարիսխը՝ իր երթը կը հիմնէ հայ ժողո­վուրդի աշխարհասփիւռ գոյա­վի­ճա­կը հաշուի առնե­լու հրա­մա­յա­կա­նին եւ այս վերջի­նի ընձե­ռած կարե­լիութիւննե­րուն վրայ եւ, առ այդ, քաջա­լեր կը հանդի­սա­նայ համա­հայկա­կան օրա­կարգի վերջնա­կան ձեւաւո­րումին ու որդեգրումին՝ միասնա­կան ԱԶԳԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ շուրջ համախմբուե­լու հայե­ցա­կարգով։

Կը հաւա­տայ, վերջա­պէս, հանգրուա­նա­յին ու կազմա­կերպուած հայրե­նա­դարձութեան հրա­մա­յա­կա­նին։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հանդէս կու գայ իբրեւ համա­հայկա­կան օրա­կարգով առաջնորդուող քաղա­քա­կան-գաղա­փա­րա­կան համախմբող շարժում, որուն ներկայ հանգրուա­նի առաջնա­հերթութիւնը Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան բարգաւաճման ու հզօ­րացման ծառա­յելն է՝ գերա­գոյն առա­ջադրանք ունե­նա­լով համա­հայկա­կան ներուժին լարումն ու լիարժէք եւ առաւե­լա­գոյնս զօրա­շարժը՝ յանուն հայ ազգի քաղա­քա­կան եւ ընկե­րա­յին պահանջնե­րու նուա­ճումին՝

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՅանուն Հայաստանն ու Հայութիւնը միաւո­րող հայա­հաւա­քի ու հողա­հաւա­քի միասնա­կան մեծ տեսլա­կա­նի հանգրուա­նա­յին իրա­կա­նա­ցումին:

Առնչվող Հոդվածներ