17.1 C
Yerevan

Յանուն՝ ընդդէ­մի փոխա­րէն

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Տեղե­կա­տուա­կան դաշտը լեցուած է մթնո­լորտը թունաւո­րող շինծու լուրե­րով, կիրքեր հրահրող ու ատե­լութիւն սերմա­նող կծու խօսքով:

Իրաւամբ՝ «տեղե­կա­տուա­կան տեռոր» է, որ կը գործադրուի ամէ­նուր, բայց նախ եւ առաջ՝ վերստին ոտքի կանգնող մեր պետա­կա­նութեան դէմ:

Տեռոր՝ որուն նպա­տա­կը խարխլել է հայ ժողո­վուրդին ինքնուրոյն եւ ինքնիշխան գոյա­տեւման, ազատ ու նպա­տա­կասլաց զարգացման ամե­նավստա­հե­լի եւ ամե­նա­յուսա­լի ամրո­ցը՝ Հայոց Պետա­կա­նութիւնը: 

Տեղե­կա­տուա­կան տեռո­րի այս օրե­րուն, ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ճամբայ կ՚ելլէ՝ հաւա­տա­լով հայ ժողո­վուրդի ներքին համե­րաշխութեան ու ներդաշնակ գոյակցութեան, հայրե­նի սահմա­նա­մերձ գիւղե­րէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ոստաններ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ճամբայ կ՚ելլէ յանուն հանդուրժո­ղա­կա­նութեան գաղա­փա­րի տարա­ծումին, եւ մեր բոլո­րին միջեւ գոյութիւն ունե­ցող տարբե­րութիւննե­րով հանդերձ՝ կ՚աշխատի փոխա­դարձ յարգանքի եւ փոխըմբռնման սկզբունքի յաղթա­նա­կին:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ չի կրնար ընդունիլ տեղե­կա­տուա­կան տեռո­րի բաժա­նա­րար ու թշնա­մա­կան գրոհնե­րը, ու ճանա­պարհը կը սկսի՝ յանուն համա­հայկա­կան ներուժի համախմբման ու պետա­կա­նա­մէտ ուղղուա­ծութեան:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ յանուն միասնա­կա­նութեան է, յանուն՝ վերա­կանգնող հայրե­նի­քի համար աշխարհասփիւռ հայ միտքի եւ կարո­ղա­կա­նութեան հաւա­քագրման:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ազատ եւ հպարտ հայ մարդու եւ քաղա­քա­ցիի, ազատ եւ գերիշխան հայրե­նի­քի նուի­րա­կան երթին ջատա­գովն է:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ յանուն մէկ ու միասնա­կան ազգի է, յանուն մէկ ու միասնա­կան հայրե­նի­քի:

Առնչվող Հոդվածներ