ՌՈՒԲէՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները անընդհատ կ՚ենթարկուին բուռն քննադատութեան եւ արդէն սկսած են ցուցաբերել պաշարուածի մտայնութիւն (siege mentality) եւ կորսնցնել իրենց հաւասարակշռութիւնը։
Կան քննադատողներու երկու տեսակներ։
Առաջին տեսակը կը քննադատէ, որպէսզի իշխանութիւնը ճշդէ իր սխալները, բարելաւէ իր գործունէութիւնը եւ, օգտուելով քննադատութիւններէն, հասնի յաջողութեան։
Իսկ երկրորդ տեսակը կը քննադատէ, որպէսզի իշխանութիւնը տկարանայ, ապակայունանայ եւ, ի վերջոյ, ձախողի ու տապալի։
Դժբախտաբար, այսօր առաջինին ձայնը շատ արձագանք չի գտներ եւ հետեւաբար արդիւնաւէտ չէ, մինչ երկրորդը ողողած է լրատուական դաշտը եւ սոցիալական ցանցերը։
Իսկ իշխանութիւնը տարբերութիւն չի թուիր դնել այս երկու տեսակներուն միջեւ՝ երբեմն որդեգրելով մեծամիտ եւ ինքնահիացած պահուածք։
Իբրեւ հետեւանք, քաղաքական բեմը մեզի կը հրամցնէ տհաճ, քանդիչ եւ ազգավնաս պայքար մը միայն, մէկ կողմէ՝ Իմ Քայլական իշխանութեան, եւ միւս կողմէ՝ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան մը միջեւ, որը կը բաղկանայ նախկին համակարգի ներկայացուցիչներէն եւ անոնց սատարող ուժերէն։
Խորհրդարանական ընդդիմութեան մասին խօսիլը անիմաստ կը նկատեմ, որովհետեւ հոն գտնուող երկու «ընդդիմադիր» ուժերը բաւականին պատեհապաշտ կեցուածք որդեգրած են եւ լուրջ ու կառուցողական մօտեցում չեն դրսեւորեր։
*
* *
Պայքարը ներկայ եւ նախկին իշխանութիւններուն միջեւ Հայաստանին եւ Հայութեան ոչ մէկ օգուտ չի կրնար բերել։ Ընդհակառակը՝ ան միայն կը յաջողի ապակողմնորոշել եւ բարոյալքել ժողովուրդը, եւ արգելք դառնալ մեր համազգային ներուժի լարումին ու կազմակերպման, ի շահ Հայաստանի զարգացումին եւ հզօրացումին։
Այսօրուան հրամայականն է համախմբել բոլոր առողջ ազգային ուժերը մէկ դաշինքի ներքեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել ազդեցիկ, լուրջ եւ կառուցողական ընդդիմութիւն, որուն նպատակը իշխանատենչութիւն չէ, պաշտօններու տիրանալ չէ, օգտուիլ չէ, այլ պայքար է՝ յանուն երկու տարի առաջ ծայր առած յեղափոխութիւնը հասցնելու իր աւարտին։
Այդ պայքարը կ՚ենթադրէ մերկացնել նախկիններու ազգադաւ գործունէութիւնը, քննադատել ներկաներու բացթողումներն ու կոպիտ սխալները եւ, ի հարկին, նեցուկ կանգնիլ իշխանութեան՝ իրականացնելու համար ամէնէն դժուար եւ բարդ բարեփոխումները, որոնց առջեւ կան ներքին թէ արտաքին լրջագոյն խոչնդոտներ։
Ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ, որ շատ են ու հզօր այն ուժերը, որոնք չեն ցանկար տեսնել իսկապէս անկախ, արդար եւ ժողովրդավար Հայաստան, եւ ունին մեծ թիւով լծակներ՝ ձախողեցնելու համար նման Հայաստան մը կերտելու որեւէ փորձ։
*
* *
Մեր ազգին առջեւ ծառացած բոլոր հիմնահարցերը – տնտեսական վերելք, անվտանգութիւն, Արցախ, պարենային թէ «էներգետիկ» ինքնաբաւութիւն, ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում, հայապահպանում, հայահաւաք, հողահաւաք – կարելի չէ լուծել ի նպաստ մեզի՝ այնքան ատեն, որ աղքատ, տկար եւ օտարէն կախեալ պետութիւն ունինք։
Մեզի հետ հաշուի կը նստին եւ մեզ կը յարգեն միայն այն ժամանակ, երբ մենք տնտեսական եւ ռազմական ուժ կը ներկայացնենք եւ ունինք լծակներ՝ ազդելու այլ պետութիւններու քաղաքականութեան վրայ։
Նման հզօր իրավիճակ կարելի է ստեղծել կազմակերպուած, համադրուած եւ երկարաշունչ աշխատանքով, անսակարկ նուիրումով եւ համազգային ճիգով ու զօրաշարժով։
Իսկ այդ զօրաշարժը յաջողեցնելու համար անհրաժեշտ են իտէալներ, ոգի, կամք եւ կորով։
Ամէն աժան քննադատութիւն, հեգնանք կամ անհիմն ամբաստանութիւն կու գայ, կամայ թէ ակամայ, քայքայելու այդ ոգին ու կամքը եւ ձախողեցնելու մեր համազգային զօրաշարժը։
Երկու տարի առաջուան ժողովրդային ապստամբութիւնը եւ գողապետական համակարգի փլուզումը ստեղծեցին պատմական առիթը՝ ազգովին կերտելու մեր երազած հայրենիքը, եւ մենք իրաւունքը չունինք, ի խնդիր նեղ եւ ճղճիմ հաշիւներու, մսխելու մեզի ընծայուած այս առիթը։
Ժամն է սթափելու։
Շահեկան հոդված է, պիտի տարածել:
Հոդվածագրի ընկալումներն ամբողջովին ճիշտ են, իսկ առաջադրանքները՝ արդյունք հավաստող։ Պետք է զինվորագրվել արդյունավորման գործին։