15.3 C
Yerevan

Ազգա­յին գաղա­փար եւ երի­տա­սարդութիւն

ՀԱՐՈՒԹ ՄԱՆՈՒԿՅԱՆ

Հաւա­քա­կան որեւէ գործի յառաջխա­ղացքը պայմա­նաւո­րուած է գաղա­փա­րա­կան նորա­րար ուժով. իսկ նոր գաղա­փա­րը ծնունդ կ՚առնէ ապա­գա­յէն եւ հետզհե­տէ իր ուժը կ՚ամբարէ անցեա­լի կենսա­փորձով՝ այսինքն պատմութեան դասե­րով եւ առօ­րեայ կեանքին մէջ գործադրա­կան փորձե­րով։

Որեւէ ղեկա­վա­րութիւն տուեալ գործի մը յաջո­ղութիւնը  ապա­հո­վե­լու համար, պարտաւոր է յստա­կօ­րէն հիմնաւո­րել եւ բանա­ձեւել իր գաղա­փա­րը եւ ապա՝ ճշդո­րո­շել այդ գաղա­փա­րի գործադրութեան եղա­նակն ու դերա­կա­տարնե­րը. այլա­պէս, այդ նախադրեալնե­րէն որեւէ մէկուն բացա­կա­յութիւնը կամ՝ անոնց տկար ճարտա­րա­պե­տումը գործին ձախո­ղութիւնը կը դարձնէ անխուսա­փե­լի։

Խօսինք օրի­նակնե­րով։

• 2018‑ի Ապրիլ/Մայիս‑ի Հայաստա­նեան Յեղա­փո­խութիւնը իր առաջնա­յին նպա­տա­կին մէջ յաջո­ղե­ցաւ, որովհե­տեւ ունէր հզօր գաղափար(վերջ տալ պետա­կան փտա­ծութեան), գործադրութեան համո­զիչ եղանակ(ոչ-բռնի անհնա­զանդութիւն) եւ ժողովրդա­յին ստուար ներկա­յութիւն՝ բազմա­հա­զար երի­տա­սարդութեամբ։

• Միւս կողմէ, 2019‑ի Նոյեմբեր 7‑ին՝ Նաումա­կաննե­րու կրթա­կան նախա­րա­րէն հրա­ժա­րա­կան պահանջե­լու գործը ձախո­ղութիւն արձա­նագրեց, պարզ այն պատճա­ռով՝ որ վերո­յի­շեալ բոլոր նախադրեալներն ալ ներկա­յա­ցուե­ցան մեր ժողո­վուրդին տկար բովանդա­կութեամբ եւ անընդունե­լի բեմադրութեամբ։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ անցեա­լի սխալնե­րէն դաս քաղե­լու, մշտա­պէս մեր պետա­կա­նութեան կողքին մնա­լու եւ մեր ժողո­վուրդին ազգա­յին ու ընկե­րատնտե­սա­կան վերելքին թափ տալու ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ‑ը ունի։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հայ երի­տա­սարդութեան ճամբան բա’ց պահող, անոր նախա­ձեռնութիւիննե­րուն անվերապահօրէ’ն աջակցող եւ՝ ի՜ր գաղա­փա­րա­կան շունչն ու փորձը անոր ինքնուրո’յն երթին անդադա՜ր տրա­մադրող ԱՒԻՇ‑ն է։

Եւ վերջա­պէս, ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ կը հաւա­տայ, որ Ազգա­յին Գաղա­փա­րը մնա­յուն արժէք է. իսկ ամէն յաջորդող սերունդ՝ բնա­կա­նա­բար պիտի գայ այդ մնա­յուն գաղա­փա­րը գործադրե­լու եւ զայն համա­պա­տասխա­նեցնե­լու օրուան առարկա­յա­կան պայմաննե­րու հրա­մա­յա­կա­նին։

Առնչվող Հոդվածներ