13.5 C
Yerevan

«…Ես անոյժ եմ առանց ձեզ: Հերո­սը ինքը ժողո­վուրդն է։- «Դէպի գործ եւ աշխա­տանք, ու յաղթո­ղը մենք ենք լինե­լու»

ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

28 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝

ՄԱՅԻՍ 28Ի գաղա­փա­րա­կան ԱՒԱՆԴով ոչ միայն Ազգն ու Հայրե­նի­քը ապրեցնող ու շէնացնող, այլեւ Հայաստա­նի եւ Հայութեան ԱՅՍՕՐն ու ԳԱԼԻ­Քը վերա­նո­րոգման հունի մէջ պահող եւ յառաջ մղող մեր ժողո­վուրդի ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։Բարի լոյս՝ վերանկա­խա­ցեալ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՄԲ հզօ­րացնե­լու ուղին հարթած մեր ժողո­վուրդի ոչ-բռնի ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, որուն ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ եւ ՈՒԺԻՆ ամրագրումը կատա­րե­լով ՄԱՅԻՍ 28ի իր այսօ­րուան ուղերձին մէջ՝ Հ․Հ․ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ աւե­տեց ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի ողջ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ․-«Արամ Մանուկեա­նը ասում էր. «…դուք պիտի իմա­նաք, որ ես անոյժ եմ առանց ձեզ: Հերո­սը ինքը ժողո­վուրդն է եւ եթէ ժողո­վուրդը պատրաստա­կա­մութիւն ունի… աշխա­տել ու փրկել հայութիւնը վերա­հաս կործա­նումից, ապա իմ ու ինձ նման շատե­րի աշխա­տանքը ապարդիւն չի անցնի»:Բարի լոյս՝ ՄԱՅԻՍ 28ի ՊԱՏԳԱ­Մը իր հարա­զա­տութեամբ ու մաքրութեամբ ընկա­լող եւ իբրեւ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔ սերունդէ սերունդ փոխանցող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք սեփա­կան ժողո­վուրդին մէջ կը տեսնեն ԱՂԲԻՒՐը ամէն բարի­քի ստեղծման եւ ամե­նայն ուժի սխրանքին։Եւ վայ այն Ազգին ու Հայրե­նի­քին, որու ՂԵԿին անարժա­նօ­րէն կը յայտնուին ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐ, որոնք ՄԱՅԻՍ 28ն այցե­քարտի վերա­ծած եւ ԱՐԱՄԻ անունը յանկերգ դարձուցած իրենց շրթնե­րուն՝ պարզա­պէս կ՚արհամարհեն ու կ՚անարգեն ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԲՈՂՈ­Քը եւ իբրեւ ոչխարնե­րու հօտի կը վարուին սեփա­կան ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ հետ։Բարի լոյս՝ Ամբողջա­կան Հայաստա­նի ու Ամբողջա­կան Հայութեան մեծ տեսլա­կա­նը իրա­կա­նացնե­լու ՀԱՍՏԱՏԱՔԱՅԼ ԵՐԹԻՆ, որու ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ անփո­խա­րի­նե­լի ՎԷՄՆ է ՄԱՅԻՍ 28ն։Ի վերջոյ՝«Այսօր մենք հաւա­տա­րիմ ենք Սարդա­րա­պա­տի եւ Արցա­խի յաղթա­կան աւանդնե­րին ու պատգամնե­րին, հաւա­տա­ցած ենք՝ ունենալո՛ւ ենք մեր երա­զանքնե­րի Հայաստա­նը՝ արդար, բռնութիւնից զերծ, առաջխա­ղացման ու փոփո­խութեան ձգտող ստեղծա­գործ հասա­րա­կութեամբ, ուժեղ տնտե­սութեամբ ու էլ աւե­լի ուժեղ ու արդիա­կան բանա­կով»,- ինչպէս որ կը շեշտէ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան վարչա­պե­տին ՄԱՅԻՍ 28ի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ուղերձը։

Առնչվող Հոդվածներ