24.7 C
Yerevan

Հաւա­տա­րիմ՝ նախնի­նե­րու ուղիին

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ նոր չէ, որ ճամբայ կ՚ելլէ իբրեւ գաղա­փա­րա­կան շարժում: Անոր ներշնչման աղբիւրը Հայոց Պատմութիւնն է՝ հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին ազա­տագրա­կան պայքա­րը:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ կնքուած է Քրիստա­փորնե­րու գաղա­փա­րա­կան աւա­զա­նին մէջ եւ անոր ազգա­յին ոգին ու մարտունա­կութիւնը արմա­տա­ցած են եարի փոխան զէնքը գրկած նահա­տակ ֆետա­յի­նե­րու աւանդին մէջ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ Արամ Մանուկեա­նի ու Սարդա­րա­պա­տի հերոսնե­րուն, Արցա­խեան ազա­տա­մարտի զինուո­րագրեալնե­րուն՝ Պետո­նե­րու եւ Մոնթէ­նե­րու նուի­րա­կան ճանա­պարհին հետեւորդն է:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հաւա­տա­րիմ է այն գաղա­փա­րա­կան հանգա­նա­կին ու հաւա­տամքին, զորս սերունդէ սերունդ մեզ փոխանցած են ազա­տա­տենչ հայ ժողո­վուրդի նուի­րեալնե­րը, ԴՐՕ շունչով տոգո­րուած եւ ԱԲՕ կամքով լեռնա­ցած՝ արդա­րութեան եւ անկա­խութեան համար մարտնչող հայ ազգի արժա­նաւոր զաւակնե­րը:

Այսօր, տեղե­կատւութեան պատե­րազմի այս դարաշրջա­նին, երբ ակա­նա­տես կ՚ըլլանք, թէ անձնա­կան եսն ու սեփա­կան շահը ազգէն ու հայրե­նի­քէն գերա­դա­սած մարդիկ ինչպէ՞ս կը յաջո­ղին տիրա­կան ներկա­յութիւն դառնալ քաղա­քա­կան բեմին վրայ, երբ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս անարժան ու պատե­հա­պաշտ «ղեկա­վարներ» կը յաջո­ղին տեղե­կա­տուա­կան արշաւնե­րով ապա­կողմնո­րո­շել հանրութիւններն ու հաւա­քա­կա­նութիւննե­րը, անգամ մը եւս կը զգանք նուի­րեալ նախնի­նե­րու լուսաւո­րեալ ուղիով առաջնորդուե­լու հրա­մա­յա­կա­նը:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ծանօթ ու անծա­նօթ նուի­րեալ մարտիկնեու փշոտ ճանա­պարհին հաւա­տա­րիմ մնա­լու խոստում է՝

Փորձութիւննե­րէ եւ սայթա­քումնե­րէ հեռու, վեր ու զերծ մնա­լով՝ սկզբունքնե­րուն եւ հաւատքին կառչած մնա­լու նկրտում է ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ:

Առնչվող Հոդվածներ