13.5 C
Yerevan

Մայիս 28ի համախմբող՝ պայքա­րի՛ ոգին


ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ինչպէս որ ՄԱՅԻՍ 28ի այս օրը հրա­պա­րա­կուած ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆը կը շեշտէ՝

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ գաղա­փա­րա­կան յանձնա­ռու շարժում է եւ կ՚առաջադրէ ապա­հո­վել ու ամրագրել մեր ժողո­վուրդի ազա­տա­տենչ ու արդա­րա­դատ բոլոր համախմբումնե­րուն լիի­րաւ մասնակցութիւնը Ամբողջա­կան Հայ Ազգի եւ Հայաստան Հայրե­նի­քի ազատ, անկախ եւ հզօր պետա­կա­նութեան կերտումին։

Հայ Ժողո­վուրդի ազատ ու անկախ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ազգա­յին ՀԱՆՐԱ­ՊԵ­ՏՈՒԹԻՒՆը կերտե­լու ՄԱՅԻՍ 28ի գաղա­փա­րա­կան ԱՒԱՆԴէն ներշնչուած է ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։

ԵՌԱԳՈՅՆ ԴՐՕՇը խորհրդա­նիշն է ՄԱՅԻՍ 28էն ժառանգած գաղա­փա­րա­կան շարժումի ՄԵՐ ՈՒՂԻԻՆ․-

ԿԱՐՄԻՐը կը նուի­րա­գործէ խորհուրդը մինչեւ մեր օրե­րը հասնող ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ճանա­պարհին հայ ժողո­վուրդի զոհա­բե­րած արեան։

ԿԱՊՈՅՏը կ՚արտայայտէ աշխարհով մէկ անկաշկանդ թեւա­ծե­լու մեր կամքն ու իրաւունքը՝ Հայաստա­նի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ անփո­խա­րի­նե­լի կռուա­նով։

Եւ ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆով՝ մեր դրօ­շը կը սրբա­գործէ ցեցե­րէ մաքրուած ԱՐԴԱՐ ՎԱՍՏԱ­Կը հայոց սերունդնե­րու տքնա­ջան աշխա­տանքին եւ քրտինքին արգա­սի­քին՝ հայրե­նի դաշտե­րու հասուն հասկե­րուն։

ՄԱՅԻՍ 28ի օրը իր երթին ՄԵԿՆԱՐԿը յայտա­րա­րե­լով՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ կ՚ամրագրէ իր ՀԱՒԱ­ՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆը Հայ Ազգի ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՏԱՆ լիարժէք կառուցման ու լիի­րաւ հզօ­րացման ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ անսա­կարկ, անդառնա­լի՛ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ՝

ՄԱՅԻՍ 28ի ՀԱՄԱԽՄԲՈՂ՝ ՊԱՅՔԱՐԻ՛ ՈԳԻՈՎ Հայ Ազգի եւ Հայաստան Հայրե­նի­քի ինքնա­հաստատման ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ ամբողջա­կան յաղթա­նա­կի առաջնորդե­լու ՄԻԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ։

Առնչվող Հոդվածներ