ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Տեղեկատուական դաշտը լեցուած է մթնոլորտը թունաւորող շինծու լուրերով, կիրքեր հրահրող ու ատելութիւն սերմանող կծու խօսքով:
Իրաւամբ՝ «տեղեկատուական տեռոր» է, որ կը գործադրուի ամէնուր, բայց նախ եւ առաջ՝ վերստին ոտքի կանգնող մեր պետականութեան դէմ:
Տեռոր՝ որուն նպատակը խարխլել է հայ ժողովուրդին ինքնուրոյն եւ ինքնիշխան գոյատեւման, ազատ ու նպատակասլաց զարգացման ամենավստահելի եւ ամենայուսալի ամրոցը՝ Հայոց Պետականութիւնը:
Տեղեկատուական տեռորի այս օրերուն, ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ճամբայ կ՚ելլէ՝ հաւատալով հայ ժողովուրդի ներքին համերաշխութեան ու ներդաշնակ գոյակցութեան, հայրենի սահմանամերձ գիւղերէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ոստաններ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ճամբայ կ՚ելլէ յանուն հանդուրժողականութեան գաղափարի տարածումին, եւ մեր բոլորին միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններով հանդերձ՝ կ՚աշխատի փոխադարձ յարգանքի եւ փոխըմբռնման սկզբունքի յաղթանակին:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ չի կրնար ընդունիլ տեղեկատուական տեռորի բաժանարար ու թշնամական գրոհները, ու ճանապարհը կը սկսի՝ յանուն համահայկական ներուժի համախմբման ու պետականամէտ ուղղուածութեան:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ յանուն միասնականութեան է, յանուն՝ վերականգնող հայրենիքի համար աշխարհասփիւռ հայ միտքի եւ կարողականութեան հաւաքագրման:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ազատ եւ հպարտ հայ մարդու եւ քաղաքացիի, ազատ եւ գերիշխան հայրենիքի նուիրական երթին ջատագովն է:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ յանուն մէկ ու միասնական ազգի է, յանուն մէկ ու միասնական հայրենիքի: