16.1 C
Yerevan

ԿՈՉ և ԱԶԴ

Հարթա­կը ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ գաղա­փա­րա­կան շարժումին ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ հունաւո­րուած՝ ազատ ու անկաշկանդ դիրքո­րո­շումնե­րու համա­տեղման ասպա­րէզ կը բանայ եւ կը ծառա­յէ բազմա­կարծ մտքե­րու հանդիպման, խմորման եւ համադրման։

Հարթա­կը մենաշնորհը չէ որեւէ անհա­տի, խումբի կամ կազմա­կերպ որեւէ միաւո­րի։ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ընդունող ոեւէ գաղա­փա­րա­կից հաւա­սա­րա­պէս տէր է հարթա­կին եւ իրաւունք ունի հոն հրա­պա­րա­կե­լու իր գրա­ռումնե­րը՝ լիի­րաւ մասնա­կի­ցը դառնա­լու համար «համա­հայկա­կան օրա­կարգով առաջնորդուող քաղա­քա­կան-գաղա­փա­րա­կան համախմբող շարժումին»:

Հարթա­կը կը գործէ բոլոր գրա­ռումնե­րուն եւ անոնց հեղի­նակնե­րուն միջեւ իրաւա­հաւա­սա­րութեան սկզբունքը յարգե­լու հիմունքով։ Ո՛չ ոք աշխա­տակցութեան հրաւէ­րի պէտք ունի, որովհե­տեւ հարթա­կը նախ ելեկտրո­նա­յին թերթ չէ, ապա՝ ազատ բեմն է ՄԵՐ ՈՒՂԻ­Նի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ուղղութիւնը իւրացնող եւ ըսե­լիք ունե­ցող ոեւէ գաղա­փա­րա­կի­ցի։ Բեմը բաց է, անշուշտ, նաեւ մեր գաղա­փարնե­րը, քաղա­քա­կան կեցուածքնե­րը վիճարկող մտաւո­րա­կան քննարկումնե­րու։ 

Գրա­ռումնե­րը պարտին յարգել տեսա­կէտնե­րու փոխա­նակման եւ գաղա­փարնե­րու վիճարկման պատասխա­նա­տու հարթա­կի տարրա­կան կանոննե­րը՝ պատշա­ճութիւննե­րը յարգե­լու առումով, զերծ մնա­լով ու հարթա­կը վեր պահե­լով գռեհկութիւննե­րէ, անուա­նարկումնե­րէ, նախա­տինքնե­րէ, ատե­լութեան հրահրումէ եւ զրպարտա­գիրնե­րէ։

Հարթա­կին բարո­յա­կարգի այս սահմա­նագծումնե­րը զանցող գրա­ռումնե­րը բնա­կա­նա­բար կը կորսնցնեն հրա­պա­րա­կուե­լու իրենց իրաւունքը։

Առնչվող Հոդվածներ