24.7 C
Yerevan

Յուշա­տետր

28 Մայիս 1918.

Հայ ժողո­վուրդը հերո­սա­կան արեամբ նուա­ճեց ազատ ու անկախ՝ իր ազգայի՛ն հանրա­պե­տութեամբ ապրե­լու իրաւունքը

Ն. Պէրպէ­րեան

Մայիս 28ին, 102 տարի առաջ, Արա­րա­տեան Դաշտին մէջ, հայ ժողո­վուրդը սեփա­կան ուժով պարտութեան մատնեց թրքա­կան ասպա­տակ զօրքե­րը եւ արժա­նաւո­րա­պէս, այլեւ հերո­սա­կան արեամբ նուա­ճեց ազատ ու անկախ՝ ազգայի՛ն պետա­կա­նութեամբ ապրե­լու իր իրաւունքը։

1918 թուի Մայիս 25ին Սարդա­րա­պա­տի, իսկ յաջորդ օրե­րուն նաեւ Բաշ-Ապա­րա­նի եւ Ղարա­քի­լի­սա­յի ճակատնե­րուն վրայ, թրքա­կան բանա­կի ընդհա­նուր յարձա­կո­ղա­կա­նը կասեցնե­լով, թշնա­մին նահանջի մղե­լով եւ դէպի յառաջ շարժե­լով՝ հայկա­կան ուժե­րը — զօրա­յիններ թէ կամաւո­րա­կաններ — ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱ­Նի ղեկա­վա­րութեամբ փաստօ­րէն շրջե­ցին հայոց պատմութեան վեց դարե­րու թաւալգլոր անկումի ընթացքը եւ բացին, հայրե­նի հողին վրայ, ազգա­յին անկախ հանրա­պե­տութեամբ ազա­տօ­րէն ապրե­լու եւ զարգա­նա­լու պայծառ հորի­զո­նը։

Երեք ռազմա­ճա­կատնե­րուն վրայ ալ, Մայիս 28ին, պարտութեան մատնուած թրքա­կան զօրքե­րը խուճա­պա­հար նահանջի դիմե­ցին, իսկ հայկա­կան ուժե­րը սկսան կրնկա­կոխ հալա­ծե­լու թշնա­մին։

28 Մայիս 1918ի օրհնա­բեր այդ օրը, Արա­րա­տեան Դաշտին մէջ ծուա­րած բուռ մը հայութիւնը, ողբի ու որբի հայրե­նի­քի վերա­ծուած պատմա­կան Հայաստա­նի այդ փոքր հողակտո­րին վրայ, յաղթա­հա­սակ ու հպարտ ճակա­տով ամրագրեց մեր դարաւոր երա­զին իրա­կա­նա­ցումը՝

Հայ ժողո­վուրդը ի վերջոյ յաջո­ղե­ցաւ սեփա­կան ուժով պաշտպա­նել իր հողն ու ազատ եւ անկախ ապրե­լու իրաւունքը։

Հերո­սա­կան այդ յաղթա­նա­կի ընդհա­նուր ոգին լաւա­գոյնս խտա­ցուցած է ատե­նի հայկա­կան զօրքե­րու Սպա­յա­կոյտին կողմէ Մայիս 28ին հրա­պա­րա­կուած հաղորդագրութիւնը.-

«Թիւրքե­րը, երեք օրուայ կռիւնե­րից յետոյ, ջարդուած են եւ նահանջում են հապճե­պով։ Նրանց զօրա­մա­սե­րը բաժնուած են երեք խմբե­րի։ Առա­ջի­նը՝ Ալա­գեոզ կայա­րա­նից նահանջում է դէպի Անի կայա­րա­նը, երկրորդը՝ Ղըմզլու եւ երրորդը՝ Աղջա-Կալա։ Մեր զօրա­մա­սե­րը քայլ առ քայլ հետապնդում են նրանց։ Ոգեւո­րութիւնը անե­րեւա­կա­յե­լի է»։

*

* *

Արա­րա­տեան Դաշտի հայութիւնը եւ Երեւան կեդրո­նա­ցած հայկա­կան ուժե­րու ղեկա­վա­րութիւնը՝ Արամ Մանուկեա­նի գլխաւո­րութեամբ, պատմա­կան այդ օրե­րուն աշխարհէն լքուած էին՝ դէմ յանդի­ման արեւմտա­հա­յութեան ցեղասպա­նութիւնը իր աւարտին հասցնե­լու ատե­լութեամբ եւ կատա­ղութեամբ լեցուած թրքա­կան զօրքե­րու գրո­հին։

Ինչպէս օրհա­սա­կան դիմադրութեան սկզբնա­կան օրե­րուն, նոյնպէս եւ Մայիս 28ին, յաղթա­նա­կի դարա­կազմիկ այդ պահուն, Հայաստա­նի ու հայութեան ազգա­յին-քաղա­քա­կան կեանքին ընդհա­նուր ղեկը տակաւին կեդրո­նա­ցած կը մնար Թիֆլի­սի մէջ, ուր Հայոց Ազգա­յին Խորհուրդը կը դիմագրաւէր բոլո­րո­վին տարբեր, այլեւ ծանրակշիռ կացութիւն։

Ռուսաստա­նի մէջ Ցարա­կան կայսե­րա­պե­տութեան անկումէն ու քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմի բռնկումէն օգտուե­լով՝ թափ առած էր Պաքուի նաւթա­հո­րե­րուն տիրա­նա­լու նպա­տա­կով թուրքեւգերման միա­ցեալ գրո­հը։

Աշխարհա­քա­ղա­քա­կան եւ ռազմա­վա­րա­կան վերի­վայրումնե­րու այդ օրհա­սա­կան մթնո­լորտին մէջ, Թիֆլիս կեդրո­նա­ցած վրա­ցի, ազե­րի եւ հայ ղեկա­վա­րութիւննե­րը, Անդրկովկա­սեան Սէյմի կառա­վա­րումը ստանձնած ըլլա­լով, Մայի­սի վերջին տասնօ­րեա­կին կանգնած էին բախտո­րոշ ընտրանքնե­րու առջեւ։

Անկա­խա­բար Ռուսաստա­նի պոլշեւի­կեան իշխա­նութեանց հետ իրենց ունե­ցած տարա­կարծութիւննե­րէն, Անդրկովկա­սեան Սէյմի կառա­վա­րութեան մէջ ներկա­յա­ցուած երեք ազգերն ալ սուր հակադրութեանց ու մրցա­պայքա­րի մէջ էին իրա­րու հետ։

- Ազե­րի-թաթար թրքութիւնը ամէ­նուր պարզած էր ապստամբութեան եւ թրքա­կան արշաւող զօրքին հետ միա­նա­լու դրօշ՝ ոչ միայն Իթթի­հատ-Մուսաւա­թի մշա­կած «անկախ Ատրպէյճան»ը իրա­կա­նացնե­լու, այլեւ՝ հայա­պատկան հողեր համաթրքա­կան խմո­րուող պետութեան կցե­լու նպա­տա­կով։

- Վրա­ցիք ամէն գնով կ՚ուզէին կանխել պոլշեւի­կեան դրօ­շով ու կարմիր համազգեստով Անդրկովկաս վերա­դարձող ռուսա­կան տիրա­կա­լութիւնը։ Արդէն գաղտնի բանակցութեանց մէջ էին տակաւին տարա­ծաշրջա­նէն ներս գործող գերման հրա­մա­նա­տա­րութեան հետ։ Նաեւ՝ Ջաւախքի եւ Լոռիի հայկա­կան շրջաննե­րը վրա­ցա­կան գերիշխա­նութեան ենթարկե­լու ախորժակներ կը սնուցա­նէին, համա­պա­տասխա­նա­բար թրքա­կան զօրքի հրա­մա­նա­տա­րութեան հետ գաղտնի գործարքի մէջ մտնե­լով։

Ազե­րի-թաթարնե­րու եւ վրա­ցի­նե­րու հակա­ռուսա­կան այսօ­րի­նակ հաշիւնե­րուն եւ ախորժակնե­րուն դէմ յանդի­ման՝ Սէյմի ղեկա­վա­րութեան հայկա­կան թեւը, որ ինչպէս Թիֆլի­սի ու Երեւա­նի Ազգա­յին Խորհուրդնե­րուն մէջ՝ նաեւ այս պարա­գա­յին կը բաղկա­նար մեծաւ մասամբ դաշնակցա­կաննե­րէ եւ կը հետեւէր Դաշնակցութեան ուղե­գի­ծին, յայտնուած էր ծանրակշիռ ընտրանք կատա­րե­լու նեղ դրութեան մէջ։

Նախ իր Ծրագրով իսկ, Դաշնակցութիւնը Արեւե­լեան Հայաստա­նի համար կ՚առաջադրէր ամէ­նէն լայն ապա­կեդրո­նա­ցումով ինքնա­վա­րութիւն՝ դաշնակցա­յին կապե­րով մաս կազմե­լով համա­ռուսա­կան պետա­կան ամբողջութեան։

Այդ հիմունքով ալ Դաշնակցութիւնը մասնակցած էր Փետրուար 1917ի Ռուսա­կան մեծ յեղա­փո­խութե­նէն ետք կատա­րուած խորհրդա­րա­նա­կան բոլոր ընտրութիւննե­րուն եւ արժա­նա­ցած էր Արեւե­լա­հա­յաստա­նի թէ Ռուսաստա­նով մէկ ցրուած հայկա­կան հոծ շրջաննե­րու ջախջա­խիչ մեծա­մասնութեան վստա­հութեան քուէին։

Ահա եւ այդ վստա­հութեան դրա­մագլուխով՝ Հ․Յ․Դ․ կը ներկա­յացնէր հայ ժողո­վուրդին շահե­րը Անդրկովկա­սեան Սէյմին մէջ, ուր նախ չէր բաժներ ազե­րի­նե­րու եւ վրա­ցի­նե­րու հակա­ռուսա­կան ձգտումնե­րը։ Ապա՝ կը դիմագրաւէր թուրքե­րուն հետ ազե­րի­նե­րու ու վրա­ցի­նե­րու մերձեցման ծանրա­գոյն վտանգը, որովհե­տեւ Թուրքիան մէկ աչքով կը նայէր դէպի Պաքու՝ համաթրքա­կան պետութեան իր ցնորքը իրա­գործե­լու, իսկ միւս աչքով Երեւա­նին ու Զանգե­զուրին՝ պատմա­կան Հայաստա­նի վերջին բեկորնե­րը եւս ցեղասպա­նութեամբ հայա­թա­փե­լու, բռնագրաւե­լու եւ այսպէս կոչուած «հայկա­կան սեպ»էն միանգա­մընդմիշտ «ձերբա­զա­տուե­լու» նկրտումնե­րով։

Մանաւանդ որ 1918ի Մայիս 21էն սկսեալ թրքա­կան բանա­կը ընդհա­նուր յարձա­կո­ղա­կա­նի անցած էր Երեւա­նի ուղղութեամբ եւ վճռած էր փշրել հայ ժողո­վուրդի ողնա­շա­րին վերջին կռուա­նը։

*

* *

Մայիս 1918ին Պաթում նստած թրքա­կան պատուի­րա­կութիւնը անընդհատ կը ճնշէր Սէյմի վրայ, որպէսզի Անդրկովկա­սը անկա­խութիւն հռչա­կէ Ռուսաստա­նէն։

Մինչ Արա­րա­տեան Դաշտի հայութիւնը կենաց-մահու իր կռիւէն յաղթա­կան դուրս կու գար Սարդա­րա­պա­տի, Բաշ-Ապա­րա­նի եւ Ղարա­քի­լի­սա­յի ռազմա­ճա­կատնե­րուն վրայ, անդին՝ Պաթումի մէջ ծանր բանակցութիւններ կ՚ընթանային դէպի Պաքու ուղղուող թրքա­կան բանա­կի հրա­մա­նա­տա­րութեան եւ Սէյմի կառա­վա­րութեան խառն պատուի­րա­կութեան միջեւ։

Մայիս 26ին ընդմի­ջուե­ցան բանակցութիւննե­րը եւ Սէյմի կառա­վա­րութեան պատուի­րա­կութիւնը վերա­դարձաւ Թիֆլիս՝ իր ձեռքին ունե­նա­լով թրքա­կան կողմի վերջնա­գի­րը, որ կը պահանջէր, քանի մը օրուան պայմա­նա­ժա­մով, մէկ կողմէ Սէյմի անկա­խա­ցումը Ռուսաստա­նէն, իսկ միւս կողմէ՝ Ջաւախքի եւ Նախի­ջեւա­նի վրա­յով թրքա­կան զօրքե­րու ազատ տեղա­փո­խութիւնը դէպի Պաքու։

Սէյմը Մայիս 26ի նոյն օրն իսկ ժողով գումա­րեց, որպէսզի որո­շէ թրքա­կան վերջնագրին իր տալիք պատասխա­նը։

Բայց վրա­ցիք արդէն գաղտնի համա­խո­հութեան մը եկած էին թրքա­կան պատուի­րա­կութեան նախա­գահ Խալիլ Փաշա­յի հետ։ Առ այդ, վրա­ցի խորհրդա­րա­նա­կաննե­րը ժողո­վէն պահանջե­ցին լուծա­րումը Սէյմին։

Ազե­րի-թաթարնե­րը ընդհանրա­պէս համա­ձայն էին եւ միայն հայկա­կան կողմն էր, որ պնդեց լուծարման քայլին վտանգաւո­րութեան վրայ՝ ընդդի­մա­նա­լով նման որո­շումի մը կայացման։

Այդ պայմաննե­րուն մէջ վրա­ցիք Մայիս 26ին հրա­պա­րա­կե­ցին իրենց սեփա­կան ընտրանքը կատա­րե­լու որո­շումը եւ հռչա­կե­ցին Վրաստա­նի անկա­խութիւնը։

Յաջորդ օր՝ Մայիս 27ին ազե­րի-թաթարնե­րը դիմե­ցին միեւնոյն քայլին եւ հռչա­կե­ցին Ատրպէյճա­նի անկա­խութիւնը։

Հայկա­կան կողմը գտնուե­ցաւ կատա­րուած փաստի առջեւ։

Մայիս 27ի ամբողջ գիշե­րը եւ մինչեւ Մայիս 28ի լոյս առաւօ­տը, բուռն քննարկումներ կատա­րուե­ցան բոլոր շրջա­գի­ծե­րով՝ թէ՛ Սէյմի մէջ ներկա­յա­ցուած գործիչնե­րու, թէ՛ Ազգա­յին Խորհուրդի, թէ՛ Դաշնակցութեան թիֆլի­սեան կառոյցնե­րու մասնակցութեամբ։

Այդ քննարկումնե­րու արդիւնքով՝ որո­շուե­ցաւ մեկնա­կէտ ընդունիլ Սէյմի լուծարման փաստը եւ Անդրկովկա­սի անկա­խա­ցումը Ռուսաստա­նէն, ինչ որ անխուսա­փե­լի կը դարձնէր Հայաստա­նի անկա­խութեան հռչա­կումը…

Այդ հիման վրայ, հայկա­կան յատուկ պատուի­րա­կութիւն մը անմի­ջա­պէս ղրկուե­ցաւ Պաթում, որպէսզի բանակցութիւններ վարէ Խալիլ Փաշա­յի ղեկա­վա­րած թրքա­կան պատուի­րա­կութեան հետ։

*

* *

Մինչ նման գահա­վիժման մէջ Անդրկովկա­սի ճգնա­ժա­մէն ելք մը գտնե­լու քաղա­քա­կան ճիգե­րը, անդին՝ Արա­րա­տեան Դաշտին մէջ թրքա­կան նահանջող զօրքե­րուն դէմ թափ առած էր հայկա­կան զօրքե­րու ընդհա­նուր յարձա­կո­ղա­կա­նը, որովհե­տեւ թրքա­կան գրաւման տակ էր տակաւին Ալեքսանդրա­պո­լը, եւ հայ ժողո­վուրդը դեռ չէր համա­կերպած․․․ Կարսի կորուստին։

Ընդգծե­լի է, որ հայկա­կան պատուի­րա­կութիւն մը Պաթում ուղարկե­լու թիֆլի­սեան որո­շումը նկա­տուե­ցաւ, հայ ժողո­վուրդի հաշւոյն, Հայաստա­նի անկա­խութիւնը իրո­ղա­պէս հռչա­կե­լու պատրաստա­կա­մութիւն եւ Մայիս 28ը, այդպի­սով, հռչա­կուե­ցաւ Հայաստա­նի Անկա­խութեան Օրը։

Իսկ Հայաստա­նի անկա­խութեան իրաւա­կան յայտա­րա­րութիւնը կատա­րուե­ցաւ Մայիս 30ին՝ Թիֆլի­սի Հայոց Ազգա­յին Խորհուրդի հետեւեալ պատմա­կան յայտա­րա­րութեամբ, որ Անկա­խութեան մասին խօսք չունէր, այլ բառա­ցիօ­րէն կը բաւա­րա­րուէր հայկա­կան շրջաննե­րու ինքնիշխա­նութեան հռչա­կումով.-

«Անդրկովկա­սի քաղա­քա­կան ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստա­նի ու Ազրբե­ջա­նի անկա­խութեան հռչա­կումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ՝ Հայոց Ազգա­յին Խորհուրդը իրեն յայտա­րա­րում է հայկա­կան գաւառնե­րի գերա­գոյն եւ միակ իշխա­նութիւն։ Որոշ ծանրակշիռ պատճառնե­րով թողնե­լով մօտիկ օրե­րը կազմել հայոց ազգա­յին կառա­վա­րութիւն՝ Ազգա­յին Խորհուրդը ժամա­նա­կաւո­րա­պէս ստանձնում է կառա­վա­րա­կան բոլոր ֆունկցիա­նե­րը՝ հայկա­կան գաւառնե­րի քաղա­քա­կան եւ վարչա­կան ղեկը վարե­լու համար»։

Այսպիսի՛ն եղաւ Հայաստա­նի անկա­խութեան եւ պետա­կան գերիշխա­նութեան իրաւա­կան հռչա­կումը, որ խորքին մէջ Անկա­խութեան յայտա­րա­րութե­նէ աւե­լի՝ թրքա­կան գրո­հին դէմ հայկա­կան յաղթա­նա­կի կատա­րուած փաստին արձա­նագրութիւնն էր։

Այդ յայտա­րա­րութիւնը միա­ժա­մա­նակ հիմքը դարձաւ Հայաստա­նի անկա­խութեան եւ հայոց ազատ ու անկախ պետա­կա­նութեան ստեղծման. Թիֆլի­սի Հայոց Ազգա­յին Խորհուրդի անդամնե­րու քաղա­քա­կան բաղադրութեան հիման վրայ, կազմուե­ցաւ հայոց պետա­կան անդրա­նիկ օրէնսդիր ժողո­վը՝ Հայաստա­նի Խորհուրդը, որ շուտով ուղին պիտի հարթէր, ժողովրդա­վա­րա­կան ընտրութեամբ, Հայաստա­նի անդրա­նիկ խորհրդա­րա­նի կազմութեան։

Մայիս 28ի Յայտա­րա­րութեան հետեւե­ցաւ կազմութիւնը, Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչա­պե­տութեամբ, Հ.Հ. անդրա­նիկ կառա­վա­րութեան։

Այսպէ՛ս, հերո­սա­կան արեամբ նուա­ճե­լով 25–28 Մայիս 1918ի Մայի­սեան Յաղթա­նակնե­րը՝ հայ ժողո­վուրդը Մայիս 28ին իրո­ղա­պէս տիրա­ցաւ Հայաստա­նի անկա­խութեան։

Այս առումով Մայիս 28ի խորհուրդը լաւա­գոյնս կը խտացնէ Ս. Վրա­ցեան՝ իր կոթո­ղա­կան «Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւն» գործին մէջ շեշտե­լով, որ՝

«Այսպի­սով՝ Հայաստա­նի անկա­խութեան յայտա­րա­րութեան օրը իսկա­պէս պէտք է համա­րուէր Մայիս 30ը։ Հակա­ռակ դրան, համարւում է Մայիս 28ը, այսինքն՝ այն օրը, երբ Ազգ. Խորհուրդը վճռեց հաշտութեան պատուի­րա­կութիւն ուղարկել Պաթում։ Անուղղա­կի կերպով, այս օրն էլ կարող է համա­րուել անկա­խութեան սկզբնաւո­րութիւն, որովհե­տեւ թիւրքե­րը հաշտութեան բանակցութիւններ վարե­լու համար նախա­պայման էին դրել անկա­խութեան յայտա­րա­րութիւնը։ Ընդունե­լով թիւրքե­րի պայմա­նը՝ Ազգ. Խորհուրդը դրա­նով իսկ հաստա­տած էր լինում անկա­խութեան փաստը։

«Այսպէս թէ այնպէս, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ծագման օրը ընդունուեց Մայիս 28ը։ Այդ օրը դարձաւ նուի­րա­կան՝ հայ ժողովրդի համար եւ մտաւ ազգա­յին տօնա­ցոյցի մէջ, իբրեւ սրբա­զան օրե­րից մէկը»։

Առնչվող Հոդվածներ