24.7 C
Yerevan

ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ

Բարի լոյս

«Ռուսա­կան Չեկա­յի պետ Բագրա­տո­վի եւ Միկո­յեա­նի պնդումին վրայ է, որ գնդա­կա­հա­րուած է Մանա­սեան»։

29 Մայիս 2020

Ն.Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ոգիով առաջնորդուող եւ ժողովո՜ւրդ առաջնորդող հայ քաղա­քա­կան մտքի ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք քաղա­քա­կան թէ կուսակցա­կան իրենց պատկա­նե­լիութիւնն ու ինքնա­հաւա­տարմութիւնն իսկ գիտեն պայմա­նաւո­րել ու հունաւո­րել ՀԱՄԱ­ՀԱՅԿԱ­ԿԱ­Նը ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ դասե­լու ԴԱՒԱՆԱՆՔՈՎ։

Մայիս 29ի այս օրը, հարիւր տարի առաջ, նորանկախ Հայաստա­նի վրայ ասպա­տա­կած պոլշեւիկնե­րը Իջեւա­նի մօտա­կայքը դաւադրա­բար առեւանգե­ցին, Պաքու տարին եւ Անաստաս Միկո­յեաննե­րու հրա­հանգով գնդա­կա­հա­րե­ցին ու Կասպից Ծովու բացե­րը նետե­ցին խոշտանգուած մարմի­նը ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆԱ­ՍԵԱ­Նի, որու յեղա­փո­խա­կան անձնա­զո­հութեան եւ ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքա­րի ծառա­յա­կան վաստա­կին նուի­րուած է Յուշա­տետրի այսօ­րուան լուսարձա­կը։

Բարի լոյս՝ գաղա­փա­րա­կան ընդդի­մա­խօ­սին եւ մինչեւ իսկ կուսակցա­կան հակա­ռա­կորդին նկատմամբ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ կողմնո­րո­շուե­լու հայ ազգա­յին-քաղա­քա­կան ԱՒԱՆԴին, որուն եղե­րա­բախտ ներկա­յա­ցուցիչնե­րէն է Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ներքին գործոց նախա­րա­րութիւնը ատե­նին ղեկա­վա­րած Սարգիս Մանա­սեան։

Անդրկովկա­սի տարածքին հալա­ծանքի ենթարկուած հայ պոլշեւիկնե­րուն ապաստան տալու նորանկախ Հայաստա­նի ներքին քաղա­քա­կա­նութեան ճարտա­րա­պետնե­րէն էր Սարգիս Մանա­սեան, որ միա­ժա­մա­նակ առա­ջին ու մեծ զոհե­րէն մէկը դարձաւ գաղա­փա­րա­կան ու ազգա­յին-քաղա­քա­կան իր այդ դիւրա­հաւա­տութեան։

Բարի լոյս՝ Մանա­սեա­նէն անդին գացող, նաեւ ու մանաւանդ Մեծն ՉԱՐԵՆՑի նկատմամբ Մեծն ԱՂԲԱ­ԼԵԱ­Նի խնա­մա­տա­րութեամբ նուի­րա­գործուած Հայաստա­նի Անկա­խութեան Սերունդի ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏ ու ՊԵՏԱԿԱՆԱՄԷՏ այդ ՎԱՐՔԱԳԻԾԻՆ։

Ի վերջոյ Լենի­նի եւ Քեմա­լի միջեւ կնքուած եւ Հայաստա­նի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ու ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ կործանման վրայ խարսխուած ԿԱՅՍԵՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆ դէմ՝ անզօ՜ր էր հայ ժողո­վուրդը, նոյնիսկ եթէ պոլշեւիկներ անգամ չունե­նար իր ծոցին մէջ։

Բարի լոյս՝ Մանա­սեաննե­րու օրի­նա­կով սուլթա­նա­կան եւ ցարա­կան բռնա­կա­լութեանց դէմ մինչեւ վերջին շունչ անձնուի­րա­բար պայքա­րած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք միեւնոյն բռնա­կա­լութեանց դէմ պայքա­րող յեղա­փո­խա­կան ուժե­րուն միջեւ ԶԻՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը անհրա­ժեշտ պայման նկա­տե­ցին իրաւազրկեալ ազգե­րու ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ՝ 1917ի վերի­վայրումնե­րու դառն փորձա­ռութեամբ գիտակցե­լով հանդերձ, թէ ի՜նչ դաւե­րու եւ կռնա­կէն դաշունա­հա­րող սադրանքնե­րու ընդունակ է․․․ պոլշեւի­կեան ԴԱՒԱ­ՆԱ­ՄՈ­ԼՈՒԹԻՒՆը։

Կը մնայ, որ վերանկա­խա­ցեալ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը՝ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ուղղութեամբ պետա­կան իր տունը ամրապնդե­լու այսօ­րուան ՈԳՈՐՈՒՄԻՆ մէջ, վերարժեւո­րէ ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆԱ­ՍԵԱ­Նը եւ հայոց սերունդնե­րու յիշո­ղութե­նէն սրբէ ու մաքրէ ՄԻԿՈՅԵԱՆ անուն ԱՄՕԹԻ ԽԱՐԱ­Նը։

Առնչվող Հոդվածներ