ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Արցախեան Ազատամարտի շղթայազերծման եւ Հայաստանի վերանկախացման նուաճումին զուգահեռ՝ հայ ազգն ու հայոց հայրենիքը տիրացան մեր ժողովուրդի ընկերատնտեսական ծաղկումի եւ ժողովրդավարական պետութեան կառուցման պատմական հնարաւորութեան։

Դժբախտաբար, ամբողջ երեք տասնամեակ, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան իրերայաջորդ երեք նախագահները հաստատեցին եւ արմատաւորեցին խմբիշխանական ու կոռումպացուած՝ խաթարուած քաղաքական կառավարման համակարգ մը։

Մեր երկիրն ու ժողովուրդը ապրեցան մշտական թալանասարսափի, դաւադիր ֆիզիքական մաքրագործումներու, քաղաքական հաշուեյարդարներու, բնական հարստութիւնները օտարին չարաշահման տրամադրելու եւ մեր անվտանգութիւնը դիւանագիտական սեղանին սակարկութեան դնելու աղիտալի անկումի մէջ։

Ազգային ու համաժողովրդային մեր երազներն ու հեռանկարները հետեւողականօրէն ոտնակոխուեցան՝ իշխանաւոր ցեցերու գործած ազգային-քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական կեղեքումներուն ու յափշտակութեանց հետեւանքով։

Ներքին Չարիքին ու ահագնացող անկումին դէմ 2018ի Ապրիլ-Մայիսին ծաւալեցաւ համաժողովրդային բուռն ապստամբութիւնը, որ իր հաւաքած յեղափոխական թափով, հայրենի հայութեան մէջ հզօրացուց ընկերային բողոքի շարժումները՝ քաղաքացիական ազատութեանց եւ հասարակական իրաւահաւասարութեանց համար պայքարող ուժերը։

Համաժողովրդային ոչ-բռնի յեղափոխութիւնը ակնյայտ դարձուց, որ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յառաջացած քաղաքական խմբակցութիւններն ու կուսակցութիւնները, իրենց միանձնեայ ղեկավարութիւններով, ի վիճակի չեն գործելու ժողովուրդին ցաւերուն հասնելու ուղղութեամբ ու, մակաբոյծի իրենց վարքուբարքով, կը կողոպտեն ժողովուրդն ու պետական սնտուկը եւ ծանր հարուած կը հասցնեն հայութեան – ներառեալ սփիւռքահայութեան – ազգային ինքնուրոյնութեան ու հաւաքական ուժին։

ժողովուրդի ցաւերուն նկատմամբ փաստօրէն անտարբերութիւն եւ արհամարհանք կը ցուցաբերեն առ հասարակ բոլոր քաղաքական ուժերը՝ ներառեալ պատմական երկար ճամբայ կտրած կուսակցութիւնները, որոնք անկարող եղան իրագործելու դէպի ժողովուրդը ուղղուած իրենց հարիւրամեայ գաղափարախօսութեան առաջադրանքները։

2018ի համաժողովրդային ոչ-բռնի յեղափոխութենէն ասդին, հակառակ քաղաքական դաշտին վրայ իրենց դիմագրաւած ժողովրդային ու քաղաքացիական բուռն ընդդիմութեան եւ մարտունակ մերժումին, ու հակառակ ընտրութեանց ընթացքին իրենց արձանագրած պարտութիւններուն՝ իշխանութեան ղեկէն դուրս նետուածները, իրենց թալանած հսկայական գումարներով, վարձկան քաղաքական գործիչներով ու հակակշռած լրատուամիջոցներով՝ ձեռնարկած են համաժողովրդային պահանջներու ձեռքբերումները վիժման ենթարկելու թշնամական ու պառակտիչ, այլեւ հակապետական ամէնօրեայ համատարած արշաւանքի։

Հայ ազգային պետականութիւնը հիմքէն քանդելու միտուած է էապէս հայրենադաւ այդ արշաւը, որ Հ․Հ․ պետական վարչամեքենայի ու որոշապէս դատաիրաւական համակարգին վրայ նախկիններէն յամեցող հակակշիռը շարժման մէջ դնելով՝ բուռն հակապայքար կը մղէ իրապէս ժողովուրդին ծառայող իրաւունքի եւ արդարութեան կառավարման, որոշապէս եւ դատաիրաւական համակարգի կայացումին դէմ։

Դէմ յանդիման օրհասական այս վտանգին, նաեւ՝ յաղթական իր երթը շարունակելու եւ ազատ ու ժողովրդավար, զարգացած, յառաջադէմ եւ ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած ազգային պետականութիւն ամրապնդելու իր տեսլականը իրականացնելու համար՝ Անկախ եւ Ազատ Հայաստանը այսօր կարիքը ունի հայ ժողովուրդի գաղափարական բովանդակ ներուժին՝ ազգային-ազատագրութեան եւ քաղաքացիական, հասարակական ու ժողովրդական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ձեռքբերման ի խնդիր պայքարող յանձնառու բոլոր ուժերուն ամբողջական լարումին:

Այսօր, ինչպէս անցնող 30 տարիներուն, հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը կը մղէ հետեւողական պայքար՝ Հ․Հ․ պետական համակարգին մէջ թափանցած ցեցերէն ձերբազատուելու, քաղաքական-հասարակական փտախտը արմատախիլ ընելու, Հայաստանի քաղաքացիին, հայ աշխատաւոր եւ գիւղացի դասին արժանապատիւ կեանքը երաշխաւորելու համար։

Համաժողովրդական յեղափոխութենէն երկու տարի ետք, ժողովուրդի վստահութեան քուէն ստացած Հայաստանի իշխանութիւնները աւելիով կը գտնուին վճռական ու արմատական քայլերով պետական կառավարման համակարգի ամբողջական բարեփոխման անհրաժեշտութեան առջեւ։ Նոր Հայաստանի պետականութեան լիարժէք կայացումին խոչընդոտ են նախկին փտած իշխանաւորները՝ իրենց կազմակերպած քաղաքական ամէնօրեայ գրոհներով եւ տեղեկատուական ահաբեկչութեամբ: Իսկ իշխանութիւններուն ձեռնարկած բարեկարգումներուն տարողութիւնը, ինչպէս եւ նախկին փտած համակարգի մնացորդին հակապետական հարուածներուն տրուած ոչ-վճռական պատասխանները չեն գոհացներ ժողովուրդին, որ ամէն պատճառ ունի մերժելու ի՛ր յեղափոխութեան նպատակներէն շեղումը եւ տատամսոտ քայլերը:

Հայոց Հայրենի Տունը սուտի ու կեղծիքի չարիքներէն մաքրելու դժուարին, այլեւ բախտորոշ զօրաշարժին ու աշխատանքին զուգահեռ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը – Արցախի Հանրապետութեան հետ – կը դիմագրաւէ նաեւ իր անվտանգութեան սպառնացող արտաքին լուրջ մարտահրաւէրներ, զորս յաղթահարելու միակ գրաւականը համահայկական ներուժն է, որուն արդիւնաւէտ կազմակերպումը եւ ներառումը մեր օրերու անյետաձգելի հրամայականը դարձած է։

Ազգի ու Հայրենիքի համընդհանուր յառաջընթացին, ինքնահաստատման եւ մաքուր ձեռքերով կառավարման ու հզօրացման անկասելի այս զօրաշարժին մեր ներդրումը բերելու հիմնական առաջադրանքէն ծնունդ առած է ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ:

Համահայկական այդ զօրաշարժին թափը հզօրացնող եւ երթը հունաւորող գաղափարներու խմորման, մէկտեղման ու բիւրեղացման եւ, բազմակարծութեան ճամբով, ազատ ու անկաշկանդ զարգացման ծառայելու կոչուած է ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ բնաբանով հարթակը:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ազգային-ազատագրական, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական աշխարհայեացքէ սնուող՝ համապատասխան արժէքներու հիմքին վրայ Հայաստանի ու Հայութեան ամբողջական ազատագրութեան համար պայքարող բոլոր հոսանքներու, խմբաւորումներու եւ յանձնառու նուիրեալներու ներքին դաշնութիւնն ու միաւորումը առաջադրող գաղափարական շարժում է։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հայ հասարակութեան մէջ իրաւահաւասարութեան հաստատման յանձնառու շարժում է եւ կ՚առաջադրէ հանրային ու պետական յատուկ հոգածութեան եւ պաշտպանութեան արժանացնել ժողովուրդի անկար եւ տկար խաւերն ու սեռի, տարիքի կամ դաւանանքի հետեւանքով իրաւազրկեալ շերտերը՝ ապահովելու եւ ամրագրելու համար բոլորին լիիրաւ մասնակցութիւնը Ամբողջական Հայ Ազգի եւ Հայաստան Հայրենիքի ազատ, անկախ եւ հզօր պետականութեան կերտումին։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Կ՚առաջադրէ Հայոց Պետութեան հզօրացման գործին լծակից դարձնել ուժը, կարողականութիւնը եւ յանձնառութիւնը բոլոր այն անհատներուն, շրջանակներուն եւ խմբաւորումներուն, որոնք կը փնտռեն իրենց ներուժը լիարժէք նուիրաբերելու ազգային ծառայութեան այն անսակարկ ու անկաշառ ասպարէզը, որ վեր է հատուածական ու մասնակի շահախնդրութիւններէ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Կը հաւատայ Հայաստան-սփիւռքահայութիւն կենսունակ փոխ-ներգործութեան։

Կը հաւատայ, որ Սփիւռքի հայութիւնը ռազմավարական անփոխարինելի յենարան է Հայաստանի պետականութեան համար, եւ անոր ռազմավարական գլխաւոր գործընկերը: Փոխադարձաբար, ընկերային արդարութեամբ օժտուած, տնտեսապէս ուժեղ եւ համահայկական օրակարգով առաջնորդուող Հայաստանի ազատ ու անկախ ազգային պետականութիւնը, իր բոլոր միջոցներով, պիտի հասնի աշխարհատարած հայութեան հոգեբարոյական, մշակութային, կրթական եւ ապահովական կարիքներուն:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Կենսական կը նկատէ չորրորդ իշխանութեան պաշտպանութիւնը ամէն կարգի ճնշումներու եւ տեղեկատուական միջոցներու մենաշնորհներու դէմ։

Կը զօրակցի ժողովուրդին իրաւունքներն ու պահանջները լսելի դարձնող անկախ մամուլին, մամլոյ պատասխանատու ազատութեան։

Մեր պետականութեան լիարժէք կայացումին վտանգաւոր սպառնալիք կը նկատէ՝ Ժողովուրդին եւ անոր արդար պահանջներուն դէմ տեղեկատուական տեռոր գործադրող ուժերը եւ անոնց ենթակայ զանգուածային լրատուամիջոցները։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Համահայկական գերագոյն արժէք կը դաւանի լիարժէք զարգացումն ու անվտանգութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան – վերամիացուած Արցախով եւ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւեալ հողերով։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ճամբայ ելած է՝ թափանցիկ քննարկումի եւ հանդուրժողական մօտեցումի յանձնառութեամբ լուծումներ որոնելու Ազգի եւ Հայրենիքի դիմագրաւած հիմնական մարտահրաւէրներուն, տեսակէտներու բախման եւ բաց մտքով բանավէճի միջոցաւ մեր երթը նպատակասլաց պահելու նախանձախնդրութեամբ։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Իր գործունէութիւնը կը հունաւորէ ապակեդրոնացման սկզբունքով, բացառելով որեւէ բնոյթի իշխանութեան եւ ուժի կեդրոնացման ամէն ձգտում, այլեւ ընդհակառակն՝ կը հիմնուի հանրային հակակշիռներու եւ թափանցիկութեան-հրապարակային հաշուետուութեան, ժողովրդավարութեան, խօսքի ու մտածումի ազատութեան, հանդուրժողականութեան սկզբունքներուն վրայ։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հայաստանը համարելով հայութեան բոլոր ճամբաներուն եւ ուղղութիւններուն հանդիպման անփոխարինելի խարիսխը՝ իր երթը կը հիմնէ հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ գոյավիճակը հաշուի առնելու հրամայականին եւ այս վերջինի ընձեռած կարելիութիւններուն վրայ եւ, առ այդ, քաջալեր կը հանդիսանայ համահայկական օրակարգի վերջնական ձեւաւորումին ու որդեգրումին՝ միասնական ԱԶԳԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ շուրջ համախմբուելու հայեցակարգով։

Կը հաւատայ, վերջապէս, հանգրուանային ու կազմակերպուած հայրենադարձութեան հրամայականին։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հանդէս կու գայ իբրեւ համահայկական օրակարգով առաջնորդուող քաղաքական-գաղափարական համախմբող շարժում, որուն ներկայ հանգրուանի առաջնահերթութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճման ու հզօրացման ծառայելն է՝ գերագոյն առաջադրանք ունենալով համահայկական ներուժին լարումն ու լիարժէք եւ առաւելագոյնս զօրաշարժը՝ յանուն հայ ազգի քաղաքական եւ ընկերային պահանջներու նուաճումին՝

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՅանուն Հայաստանն ու Հայութիւնը միաւորող հայահաւաքի ու հողահաւաքի միասնական մեծ տեսլականի հանգրուանային իրականացումին:

    

One Response to “ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ”

  1. Սարօ Reply

    Այսքան ծանոթ ու հոգեհարազատ տեսլականներն ու նպատակները ակամայից յիշեցնում է ՀՅԴ ի թղթի վրա մնացած եւ իմ աւելի քան 40 տարւայ հետապնդած երազանքները։ Ես դաշնակցական եմ, պարզապէս ցանկանում եմ հետեւել ձեր հետագա ընթացքին, յաջողութիւն մաղթելով ձեզ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *