28.6 C
Yerevan

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐԻՆՆ Է

«Իշխա­նութիւնը ուշ կամ կանուխ պատասխան պիտի տայ իր ըրած լաւ կամ վատ գործե­րուն, յաջող կամ ձախող աշխա­տանքնե­րուն համար։ Բայց ըսել, որ միւսնե­րը պատասխա­նա­տու չեն, կը նշա­նա­կէ, որ միւսնե­րը ընդհանրա­պէս գոյութիւն չունին, անպէտք են։ Պատասխա­նատւութեան չափա­բա­ժին ունի պետութեան մէջ գործող իւրա­քանչիւր ֆիզի­քա­կան կամ իրաւա­կան անձ»

Երբ կը լսեմ կամ կը կարդամ որոշ «հեղի­նա­կաւոր» մարդոց, որոշ կուսակցա­կան «ղեկավար»ներու եւ քաղա­քա­կան գործիչնե­րու կորո­նա­վի­րուսի եւ տնտե­սութեան վերա­կանգնման մասին «խելա­ցի» յայտա­րա­րութիւննե­րը, շատ կը ցաւիմ, որ մեր երկրին մէջ այդպէս ալ ընդդի­մութիւնը… չկա­յա­ցաւ։ Ի վերջոյ՝ ուժեղ ընդդի­մութիւն կը նշա­նա­կէ զգաստ եւ պատասխա­նա­տու իշխա­նութիւն։

Խորհրդա­րա­նէն ներս կամ խորհրդա­րա­նէն դուրս, տասնեակ ընդդի­մա­դիր կուսակցութիւններ կան, եւ մի քանիսն են միայն, որ խելա­միտ առա­ջարկներ կամ ճգնա­ժա­մի լուծման հետաքրքրա­կան տարբե­րակներ ներկա­յա­ցուցած են։ Դիտե­ցէք քաղա­քա­կան դաշտը եւ պիտի տեսնէք, որ տարեց թէ նորե­լուկ ընդդի­մա­դիրներ մեծաւ մասամբ զբա­ղած են թոյն թափե­լով, իշխա­նութիւննե­րուն հայհո­յե­լով, ֆէյք նիուզ տարա­ծե­լով, բրո­վո­կա­տիւ՝ գրգռիչ յայտա­րա­րութիւններ կատա­րե­լով, եւայլն…Իսկ աւե­լի «բարի»ները կը թուի թէ սովո­րա­կան, մակե­րե­սա­յին քննա­դա­տութե­նէ զատ այլ կարծիք չունին։

Տեղ մը կը տեսնես, որ ընդդի­մա­դիր ղեկա­վար մը պարտա­դիր lockdown-էն վայրկեան առաջ դուրս գալու եւ բնա­կա­նոն կեանքի վերա­դառնա­լու մասին ճառեր կը խօսի աջ ու ձախ, եւ երկու շաբաթ յետոյ, երբ վերջ կը դրուի lockdown-ին, ճիշդ հակա­ռա­կը կը պնդէ եւ անխո­հեմ կ՚որակէ կառա­վա­րութեան որո­շումը։ Ուրիշ մը երկրի տնտե­սութիւնը անմի­ջա­պէս վերա­կանգնե­լու պահանջ կը ներկա­յացնէ կառա­վա­րութեան, մոռնա­լով, անշուշտ, որ համաշխարհա­յին տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մի այս օրե­րուն, Հայաստա­նը եթէ անսահման քանա­կութեամբ նաւթի եւ ադա­մանդի պաշար ալ ունե­նայ, դժուար թէ կարե­նայ արագ ձեւով յաղթա­հա­րել տնտե­սա­կան այս տագնա­պը։ Տեղ մը կը տեսնես՝ գիտուն ընդդի­մա­դիր մը կը խօսի դիմակներ կրե­լու եւ սոցիա­լա­կան հեռաւո­րութիւն պահե­լու անհրա­ժեշտութեան մասին, բայց յանկարծ աղմուկ-աղա­ղակ կը բարձրացնէ, երբ պարե­տա­տունը խստա­գոյն քայլե­րով կ՚ուզէ պարտադրել դիմակ դնելն ու քաղա­քա­ցի­նե­րու անխո­հեմ կուտա­կումնե­րը։ Կուսակցա­կան ընդդի­մա­դիր «ղեկա­վար» մը  իշխա­նութիւննե­րուն վրայ հազար ու մէկ մեղք բարդե­լէ յետոյ շատ լուրջ դէմքով խորհրդաւոր, մեռե­լա­տունէն նոր դուրս եկած մարդու դէմքով կը յայտա­րա­րէ,  որ իշխա­նութիւննե­րու գլխաւոր պարտա­կա­նութիւնը այս օրե­րուն համա­վա­րա­կի տարա­ծումը կանխել եւ երկի­րը տնտե­սա­կան ճգնա­ժա­մէն դուրս բերել է։ «Չէ հա՜, լաւ որ յիշե­ցուցիք», կ’ուզես ըսել։ Ժողո­վուրդը մինչեւ հիմա կը կարծէր, որ իշխա­նութիւննե­րուն գործը ֆութպո­լի մրցումներ կամ պարա­հանդէսներ կազմա­կերպել է… 

Ես դեռ չտե­սայ ընդդի­մա­դիր ուժ մը, որ փողոց իջնէր եւ քաղա­քա­ցի­նե­րուն եւ իրաւա­պահնե­րուն հետ աշխա­տէր՝ համա­վա­րա­կի տարա­ծումը կանխարգի­լող միջո­ցա­ռումնե­րու գործադրման համար։ Ընդհա­կա­ռա­կը, միայն բողոք, միայն թշնա­մութիւն, սուտ ու ճիշդ լուրե­րու մանի­պուլա­ցիա­յով՝ քաղա­քա­ցի­նե­րու մէջ ատե­լութեան սերմա­նում եւ հակաիշխա­նա­կան տրա­մադրութիւննե­րու բացա­յայտ եւ թաքուն հրահրում։ Կարծէք թէ այս համա­վա­րա­կը տունը մնա­ցած ընդդի­մա­դիրնե­րուն բախտը բացած է եւ անոնք ուրախ են, որ երկի­րը խորը ճգնա­ժա­մի մէջ ինկած է: Առիթն է, դանակնե­րը սրենք եւ յարձա­կինք Նիկո­լին վրայ… որքան վատա­նայ երկի­րը, այդքան լաւ է մեզի համար… Սա է, այսօր, մեր ընդդի­մա­դիրնե­րուն մեծա­մասնութեան որա­կը։ Սա է մեր մակարդա­կը։ 

Սխալ չհասկնաք, ես իսկա­պէս բաւա­րա­րուած չեմ մեր իշխա­նութիւննե­րու տարած աշխա­տանքով։ Բազմա­թիւ են թերութիւննե­րը։ Շատ են նաեւ սխալ որո­շումներն ու առնուած քայլե­րը։ Ես ալ համա­ձայն եմ, որ երկրի մէջ տեղի ունե­ցա­ծին եւ տեղի չունե­ցա­ծին առա­ջին պատասխա­նա­տուն իշխա­նութիւնն է։ Իշխա­նութիւնը ուշ կամ կանուխ պատասխան պիտի տայ իր ըրած լաւ կամ վատ գործե­րուն, յաջող կամ ձախող աշխա­տանքնե­րուն համար։ Բայց ըսել, որ միւսնե­րը պատասխա­նա­տու չեն, կը նշա­նա­կէ, որ միւսնե­րը ընդհանրա­պէս գոյութիւն չունին, անպէտք են։ Պատասխա­նատւութեան չափա­բա­ժին ունի պետութեան մէջ գործող իւրա­քանչիւր ֆիզի­քա­կան կամ իրաւա­կան անձ։ Ի վերջոյ, միայն բռնա­տի­րա­կան-ամբողջա­տի­րա­կան համա­կարգե­րու մէջ է, որ միայն իշխա­նութիւնը, մինա­կը, քաղա­քա­կան եւ սոց-տնտե­սա­կան օրա­կարգ կը պարտադրէ, քանի որ ո՛չ ընդդի­մութիւն, ո՛չ ալ քաղա­քա­ցիա­կան հասա­րա­կութիւն կայ այնտեղ։ Հայաստա­նի մէջ, փառք Աստուծոյ, թաքուն եւ բացա­յայտ, հարուստ եւ ազդե­ցիկ ընդդի­մա­դիրնե­րու պակա­սորդ չկայ։ Եւ ասոնք ալ, ուշ կամ կանուխ, իրենց ըրա­ծին եւ չըրա­ծին համար պատասխա­նատւութեան պիտի կանչուին:

Իսկ երբ բոլո­րը կը յայտա­րա­րեն, որ կորո­նա­վի­րուսի ստեղծած ճգնա­ժա­մը համա­զօր է պատե­րազմա­կան վիճա­կի, ուրեմն պատե­րազմին պէտք է մասնակցին նոյնպէս բոլո­րը՝ դիմա­դի­րով եւ ընդդի­մա­դի­րով, թերով եւ դէմով։ Պատե­րազմի ժամա­նակ զինուորնե­րը ուս-ուսի կու տան՝ յաղթա­նա­կի համար։ Մեր մօտ, ցաւօք, այս օրե­րուն շատ են մէջքէն հարուա­ծողնե­րը, կարեկցող դէմքե­րով կռնա­կէն դանա­կա­հա­րողնե­րը:

Բայց աւե­լի ի՞նչ կրնանք ակնկա­լել ընդդի­մութե­նէ մը, որուն ղեկա­վարնե­րը կա՛մ բանտ նստած են՝ քրէա­կան գործե­րու համար, կամ ալ երկրէն փախուստ տուած են եւ իրենց հազա­րումէկ մեղքե­րուն համար կը փնտռուին իրաւա­պահ մարմիննե­րու կողմէ: Ու հակա­ռակ ասոր, կը շարունա­կեն դաւել պետութեան դէմ, այնպէս, ինչպէս ազգա­դաւ բոլշեւիկնե­րը ըրին 1920-ին: Մնա­ցած ընդդի­մա­դիրնե­րը հրա­պա­րա­կը ժխո­րով լեցնողներն են, կամ՝ բանտարկուածնե­րու կամ փախստա­կաննե­րու կողմէ ֆինանսաւո­րուողնե­րը: Ի հարկէ, կան մի քանի ըննդի­մա­դիր ճակատներ եւ փոքր կուսակցութիւններ, որոնք շատ աւե­լի լուրջ եւ աւե­լի կառուցո­ղա­կան կեցուածք ունին՝ արմա­տա­կան ընդդի­մութիւն ըլլա­լով հանդերձ, բայց ասոնք չունին փախստա­կան «ընդդի­մա­դիրնե­րու» նիւթա­կան հնա­րաւո­րութիւններն ու մեդիա միջոցնե­րը:

Ափսոս, որ ճգնա­ժա­մի այս օրե­րուն, մենք ոչ միայն ակա­նա­տե­սը կ’ըլլանք իշխա­նութիւննե­րու թոյլ տուած տագնա­պի կառա­վարման (crisis management) սխալնե­րուն, այլ նաեւ ահաւոր չափե­րու հասած վրէժխնդիր, յիշա­չար եւ ոխա­կալ «ընդդի­մա­դիրնե­րու» դաւա­դիր գրոհնե­րուն եւ հկա­պե­տա­կան տեղե­կա­տուա­կան տեռո­րին:

Կարող եւ հմուտ իշխա­նութիւն ունե­նա­լու չափ կարեւոր է զգաստացնող եւ իսկա­կան այլընտրանք հանդի­սա­ցող ընդդի­մութեան գոյա­ռումը Հայաստա­նի մէջ: Ցարդ, մեր ժողո­վուրդը այդ բախտին չէ արժա­նա­ցած: Իսկ միւսնե­րը, ուշ կամ կանուխ, պատասխան պիտի տան բազմա­չարչար մեր ժողո­վուրդին:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրե­ցէ’ք ինծի՝

[email protected]

https://www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10223486639976747

Առնչվող Հոդվածներ