24.7 C
Yerevan

ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻՈՎ ՉԾԱՆՐԱՑՆԵԼՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻԻՆ

Բարի լոյս

«Ինչպէս որ թշնա­միին կողմէ հայկա­կան հողի վրայ գործուած որեւէ յարձա­կում մեր բոլո­րին նետուած ձեռնոց է, այդպէս ալ Քորո­նա­վի­րուսի մարտահրաւէ­րը առ Հայաստան‘ իւրա­քանչիւր հայու կռիւն է»։

Ն. Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ համա­վա­րա­կի դէմ համաշխարհա­յին պայքա­րի այս ծանր օրե­րուն ՀԱՅՈՑ ՓՈՔՐ ԱԾՈՒՆ յատուկ ուշադրութեան արժա­նացնե­լու ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ եւ ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ վերջա­պէս Քորո­նա­ժահրի ՎՏԱՆԳն ու ԱՂԷ­Տը լուրջի առնե­լու հայ քաղա­քա­կան մտքի զարթնումին, որ անհասկնա­լիօ­րէն շատ երկար յապա­ղե­ցաւ, նոյնիսկ Արցա­խի մէջ ինչ-ինչ հաշիւնե­րով ընտրութիւններ կատա­րե­լու ԱՆԼՐՋՈՒԹԻՒՆ դրսեւո­րե­լով․․․ թէ՛ իշխա­նաւոր եւ թէ ընդդի­մա­դիր հռչա­կուած գործիչնե­րու եւ ուժե­րու մեծ մասին կողմէ։

Կարծէք չի բաւեր, որ վերջին շաբաթնե­րուն հայրե­նի մեր ոստաննե­րուն մէջ աւե­լիով կատա­ղած է համա­վա­րա­կը, եւ օրա­կան հարիւրաւորնե­րու կը սպառնայ․․․

Կարծէք չի բաւեր նաեւ, որ մինչեւ իսկ հայոց վարչա­պե­տը իր ընտա­նի­քով վարա­կա­կի­րի ողբերգութեան մէջ յայտնուած է, եւ մեր երկիրն ու պետութիւնը առաւել ծանրութեամբ կը զգան ԲԵՌը յանպատրաստի գտնուե­լու համաշխարհա­յին անճա­րա­կութեան․․․

Եւ ահա՛, մեր ազգա­յին արժէքնե­րու եւ հարստութեանց ամէ­նէն հոգե­հա­րա­զատ ժառանգորդը ըլլա­լու կոչուած ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ անունով, Հ․Յ․Դ․ Հայաստա­նի Գերա­գոյն Մարմի­նը յատուկ յայտա­րա­րութեամբ մը այսօ­րուան իշխա­նութեանց դէմ անհաշտ պատե­րազմ կը յայտա­րա­րէ՝ ՀԱՄԱ­ՎԱ­ՐԱ­Կը իբրեւ քաղա­քա­կան հաշուե­յարդա­րի խաղա­թուղթ․․․ գործա­ծե­լով։

Բարի լոյս՝ իշխա­նութեան աթո­ռակռիւով համա­վա­րա­կին սպառնա­ցած ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆը աւե­լիով չծանրացնե­լու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻԻՆ, որ այս օրե­րուն ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՅԱՆՁՆԱ­ՌՈՒԹԻՒՆը պէտք է ըլլայ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ հարթե­լու կոչուած գաղա­փա­րի ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ տակաւին ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ յոյս ներշնչող դաշնակցա­կան ձայնե­րուն, որոնք հոս կամ հոն ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂԷՏԻՆ դէմ պայքա­րի ուժե­րը միացնե­լու ԿՈՉՈՎ հանդէս կու գան, ինչպի­սին է Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի նախկին անդամ ՎԻԳԷՆ ԱՐՇԱՒԻՐԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ այսօ­րուան գրա­ռումէն առնուած հետա­գայ հատուա­ծը․

«Հայաստա­նը այսօր յաւե­լեալ պատե­րազմա­կան ճակատ մը ունի, որ պարտադրուած է իրեն: Այս պատե­րազմը ազգին մղե­լիք պատե­րազմն է: Ազգի մէկ կամ միւս տարրին կամ մասին կռիւը չէ․ այս կամ այն իշխա­նաւո­րին կռիւը չէ: Ինչպէս որ թշնա­միին կողմէ հայկա­կան հողի վրայ գործուած որեւէ մէկ յարձա­կում մեր բոլո­րին նետուած ձեռնոց է, այդպէս ալ Քորո­նա­վի­րուսի մարտահրաւէ­րը առ Հայաստան‘ իւրա­քանչիւր հայու կռիւն է:

«Հետեւա­բար, ասի­կա այն պահն է, երբ բոլորս‘ բոլորս անխտիր, իշխա­նա­մէտ թէ ընդդի­մա­դիր, Նիկո­լա­պաշտ թէ Նիկո­լա­տեաց, Հայաստա­նի բնա­կիչ թէ հեռաւոր ափե­րու հայեր, բոլորս պէտք է գօտեպնդուինք՝ ընդհա­նուր պատե­րազմը յառաջ մղե­լու համար ընդդէմ ժահրի պատճա­ռած եւ պատճա­ռե­լիք վնասնե­րուն:

«Այսօր պահը չէ ներքին լարուա­ծութիւննե­րու, ով ալ ըլլայ այդ լարուա­ծութեան հեղի­նա­կը: Այսօր պատե­րազմ է անտե­սա­նե­լի թշնա­միին դէմ, եւ պատե­րազմող ազգը պէտք է ու պիտի՛ միա­նայ»:

Ով որ քաջ է ի՛նչ կը սպա­սէ։

*

* *

Դժբախտութիւնը այն է, որ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ վերեւի կոչին ներքեւը զետե­ղուած են այնպի­սի մեկնա­բա­նութիւններ ու գրա­ռումներ, որոնք կը փութան իբր թէ Դաշնակցութեան «պաշտպանութիւն»ը կատա­րե­լու՝ բայց պարզա­պէս արջի ծառա­յութիւն կը մատուցեն․․․ իւղ քսե­լով մեր կուսակցութիւնը վարկազրկողնե­րու հացին։

Կարդացէ՛ք, թէ Երեւա­նի Պետա­կան Համալսա­րա­նի արդի հայ գրա­կա­նութեան ամպիո­նի վարի­չը դիմա­տետրով ի՛նչ գրա­ռում կատա­րած է նոյն՝ համա­վա­րա­կը իշխա­նութեան աթո­ռակռիւի ծառա­յեցնե­լու տխուր առի­թով․

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՆԵՐԸ

ՍԷՅՐԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

1918–1919 թթ․ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնում մոլեգնում էին վիրուսա­յին համա­ճա­րակնե­րը՝ տիֆը եւ խոլե­րան։ Հէնց իրենց՝ հանրա­պե­տութեան հայրե­րի յուշե­րում եւ գրքե­րում կան զարհուրե­լի տուեալներ։

Համա­ձայն վարչա­պետ Սիմոն Վրա­ցեա­նի յուշե­րի՝ 1919 թ. Յունուար-Մայիս ամիսնե­րին Երեւա­նում վարա­կիչ հիւանդութիւննե­րից մահա­ցել է բնակչութեան մօտ 6,6 տոկո­սը՝ 3972 մարդ։ Մէկ այլ վարչա­պե­տի՝ Ա․ Խատի­սեա­նի վկա­յութեամբ, 1918–1919 թթ․ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնում մահա­ցածնե­րի թիւը 150․000ից պակաս չէր։

Իրա­վի­ճակն այնքան յուսա­հա­տա­կան եւ անկա­ռա­վա­րե­լի էր, որ անպաշտպան էին անգամ կառա­վա­րող կուսակցութեան առա­ջին դէմքե­րը։ 1919 թ․ Յունուա­րին տասը օրուայ մէջ բծաւոր տիֆից վախճանւում են Հ․Յ․Դ․ հիմնա­դիր եռեա­կի վերջին ներկա­յա­ցուցի­չը՝ Ռոստո­մը (Ստե­փան Զօրեան), եւ ներքին գործե­րի նախա­րար Արամ Մանուկեա­նը։

Առա­ջին Հանրա­պե­տութեան պատմութիւնը մենք լաւ չգի­տենք։ Օրի­նակ՝ մի քանի ամիս առաջ ես որպէս մի դասընթա­ցի նախա­պատմութիւն ուզում էի ուսա­նողնե­րին յանձնա­րա­րել այդ շրջա­նի գրա­կա­նութեան ակնարկ։ Բայց պարզուեց, որ այդ թեմա­յով չկայ գէթ մէկ ամփոփ յօդուած։ Ստի­պուած, բայց հաճոյքով ինքս պատրաստե­ցի «Հայ գրա­կա­նութիւնը 1918–1920 թուա­կաննե­րին» ակնարկա­յին դասա­խօ­սութիւն, որի միայն պլան-կոնսպեկտը կազմեց տասնեակ էջեր։ Այդ ընթացքում թերթե­լով ժամա­նա­կի մամուլը՝ չեմ տեսել լրագրողնե­րի եւ ընդդի­մա­դիրնե­րի հրա­պա­րա­կումներ, որոնց մէջ համա­ճա­րա­կի համար մեղադրուէր երկրի այդ ժամա­նա­կուայ կառա­վա­րութիւնը (միգուցէ կան նման նիւթեր, բայց չեմ նկա­տել)։

Եւ ահա մէկ-երկու օր առաջ հրա­պա­րակւում է ներկա­յիս Հ․Յ․Դ․ Գերա­գոյն Մարմնի յայտա­րա­րութիւնը, որտեղ իրա­վի­ճա­կի միակ մեղաւոր է հռչակւում Հ․Հ․ կառա­վա­րութիւնը․- «Կառա­վա­րութեան քայլե­րը կա՛մ անարդիւնաւէտ են, կա՛մ ուշա­ցած, իսկ յաճախ՝ նաեւ սխալ»։ Կոչ է արւում պատասխա­նա­տուութեան կանչե­լու կորո­նա­վի­րուսով հիւանդ վարչա­պե­տին․ «Սկսած թիւ մէկ պատասխա­նա­տու վարչա­պե­տից՝ պատասխա­նա­տուութեան կանչել ձախո­ղած բոլոր պաշտօ­նա­տար անձանց»։

Նորից փնտռե­ցի, բայց չգտայ Առա­ջին Հանրա­պե­տութեան շրջա­նի համա­ճա­րակնե­րի նման քաղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան ժամա­նա­կի ընդդի­մա­դիր կուսակցութիւննե­րի կողմից (շնորհա­կալ կը լինեմ, եթէ իրա­զեկ մէկը յուշի)։

Ի դէպ, տիֆի եւ խոլե­րա­յի մահա­բեր համա­ճա­րա­կի ֆոնին 1919 թուա­կա­նի Յունի­սին կայա­ցան Հայաստա­նի խորհրդա­րա­նա­կան առա­ջին ընտրութիւննե­րը։ Հակա­հա­մա­ճա­րա­կա­յին պայքա­րը «ձախո­ղած» Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը ստա­ցաւ ընտրողնե­րի ձայնե­րի բացարձակ մեծա­մասնութիւնը։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3139356109488675

Առնչվող Հոդվածներ