28.6 C
Yerevan

ՀՐԱՇԱԼԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

ՌԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

2014-ին, այսպէս կոչուած ոչ-իշխա­նա­կան ուժե­րը, Սերժ Սարգսեա­նի դէմ ընդդի­մա­դիր ճակատ ստեղծե­լու աննա­խա­դէպ նախա­ձեռնութիւն մը կատա­րե­ցին: Նախա­ձեռնութեան անպաշտօն կնքա­հայրը Լեւոն Տէր Պետրո­սեանն էր, «Հրա­շա­լի քառեա­կը» յայտնի իր բանա­ձեւով։ Երկրի մէջ փոփո­խութիւններ, բայց խորքին մէջ Իշխա­նա­փո­խութիւն իրա­կա­նացնե­լու նպա­տա­կով իրար քով եկան 4 խորհրդա­րա­նա­կան կուսակցութիւններ՝ Բարգաւաճ Հայաստա­նը, Հայ Ազգա­յին Գոնկրէ­սը, Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը։ Չորսի կեդրո­նա­կան դէմքը՝ գործա­րար Գագիկ Ծառուկեանն էր։ Լեւոն Տէր Պետրո­սեան սկսած էր Ծառուկեա­նը ներկա­յացնել որպէս ազգի փրկիչ, ազա­տա­րար։ Իր ելոյթնե­րուն ընթացքին, Հայաստա­նի առա­ջին նախա­գա­հը գովա­սանքի շռայլ խօսքե­րով կ՚անդրադառնար Ծառուկեա­նին եւ զայն կը համե­մա­տէր մէկ այլ մեծա­հա­րուստի մը՝ Վրաստա­նի մէջ իշխա­նա­փո­խութիւն իրա­կա­նա­ցուցած Իւա­նիշվի­լիի հետ։ 

Չորս կուսակցութիւննե­րով միասնա­կան ճակատ կազմե­լու քայլը բաւա­կան լուրջ մտա­հո­գութիւն պատճա­ռեց նախա­գահ Սերժ Սարգսեա­նին։ Ազա­տութեան հրա­պա­րա­կի վրայ‘ 2014‑ի գարնան սկսած եւ աշնան թափ հաւա­քած «հրաշալի»ներուն հանրա­հաւաքնե­րը օրէ օր աւե­լի բազմա­մարդ կը դառնա­յին։ Ծառուկեա­նը ունէր անսահման հարստութիւն՝ ֆինանսաւո­րե­լու ընդդի­մա­դիր այս նոր շարժումը։ Ռուսաստա­նի համար վտանգ չկար այս նոր համախմբումին մէջ, բոլորն ալ հակակշռե­լի ուժեր էին, միա­կը, որ կրնար «գլխա­ցաւանք» ըլլալ, Ռաֆֆի Յովհաննի­սեա­նի ղեկա­վա­րած «Ժառանգութիւն»ն էր, բայց նորէն՝ կառա­վա­րե­լի: Ռուսաստա­նի համար այս շարժումը յաւե­լեալ առիթ մըն էր բարձրացնե­լու ճնշումը Հայաստա­նի վրայ‘ թէ՛ Արցա­խի, թէ նոր կազմաւո­րուող Մաքսա­յին Միութեան անդա­մակցութեան կապակցութեամբ զիջումներ կորզե­լու Սերժ Սարգսեա­նի ղեկա­վա­րած իշխա­նութե­նէն: Սերժ Սարգսեա­նը մտա­հո­գուե­լու իրա­պէս լուրջ, շատ լուրջ պատճառ ունէր…

Աշնան, Քառեա­կը մարդա­շատ հանրա­հաւաքներ կազմա­կերպեց Հայաստա­նի տարբեր քաղաքնե­րու մէջ: Ազա­տութեան հրա­պա­րա­կի ցոյցե­րու ընթացքին Քառեա­կը նոյնիսկ յայտա­րա­րեց «Թաւշեայ յեղա­փո­խութեան» մեկնարկին մասին: Յայտնի էր, որ Ծառուկեա­նին կ’ա­ջակցէին ոչ միայն Քառեա­կի ուժե­րը, այլեւ՝ նախկին նախա­գահ Ռոբերտ Քոչա­րեա­նը: Ան եւս դէմ էր Սերժ Սարգսեա­նի յայտա­րա­րած «սահմա­նադրա­կան փոփո­խութիւննե­րուն»: Հաւա­նա­բար կը նախազգար, որ Սարգսեան իր այս նախա­ձեռնած փոփո­խութիւննե­րով պիտի կանխէր երկրորդ նախա­գա­հի քաղա­քա­կան փառա­սի­րութիւննե­րը: Չէ՞ որ Քոչա­րեան յայտա­րա­րած էր, թէ ինք չէր ուզեր ըլլալ Հայաստա­նի ամե­նաե­րի­տա­սարդ թոշա­կա­ռուն… 

Երկու անգամ խարդախ ընտրութիւննե­րով նախա­գա­հի աթո­ռը գրաւած, ժողովրդա­կա­նութե­նէ զուրկ, տնտե­սա­կան լուրջ տագնապ դիմագրաւող Սերժ Սարգսեա­նին կը մնար արագ կողմնո­րո­շուիլ եւ կանխել այս շարժման յաջո­ղութեան ոեւէ հնա­րաւո­րութիւն: Եւ Հայաստա­նի չընտրուած նախա­գա­հին քայլե­րը չուշա­ցան: Նախ, ան դիմեց «բաժնէ, որ տիրես»ի եւ «carrot and stick» պարզ ու յայտնի մեթոտնե­րուն: ՀՅԴի հետ քուլիսնե­րու ետին տարուող բանակցութիւննե­րով, ան յաջո­ղե­ցաւ կուսակցութիւնը հեռացնել «Հրա­շա­լի քառեակ»էն, փոխա­րէ­նը խոստա­նա­լով հրա­ժա­րիլ հայ-թրքա­կան արդէն իսկ մեռած արձա­նագրութիւննե­րէն, իսկ ծրագրուած Սահմա­նադրա­կան բարե­փո­խումնե­րով՝ ընդունիլ ՀՅԴի նախընտրած խորհրդա­րա­նա­կան կառա­վարման տարբե­րա­կը, եւ յետոյ՝ ձեւաւո­րել կոա­լի­ցիոն կառա­վա­րութիւն: Հայ-թրքա­կան հաշտեցման արձա­նագրութիւննե­րուն առի­թով հակա-Սերժ Սարգսեան տրա­մադրութիւննե­րը բացա­յայտ էին ՀՅԴի մէջ, մանաւանդ Սփիւռքի շրջա­նակնե­րէն ներս: Բացա­յայտ բացա­սա­կան տրա­մադրուա­ծութիւն կար նաեւ Հայաստա­նի մէջ, երկրի ընդհա­նուր վիճա­կին, փտա­ծութեան եւ տիրող անարդա­րութիւննե­րուն պատճա­ռով: Բայց հայ-թրա­քա­կան արձա­նագրութիւննե­րէն հրա­ժա­րե­լու եւ Սահմա­նադրութեան ընդունումով համա­կարգա­յին փոփո­խութիւններ  կատա­րե­լու խոստումը բաւա­րար էր, որ ՀՅԴ հայաստա­նեան ղեկա­վա­րութիւնը իր շարքե­րուն, բայց մանաւանդ Սփիւռքի սկեպտիկնե­րուն արդա­րացնէ ընդդի­մա­դիր ճակա­տէն հրա­ժա­րե­լու եւ Սերժ Սարգսեա­նին հետ վերստին դաշնակցե­լու իր քայլը: Իրա­կա­նութեան մէջ, ՀՅԴի տեղա­կան ղեկա­վա­րութիւնը երբեք լուրջ ընդդի­մութիւն չէր եղած Սերժ Սարգսեա­նին, եւ տարբեր մակարդակնե­րով՝ պահած էր կապերն ու յաճա­խա­կի շփումնե­րը: Հոկտեմբեր 2014-ին, ՀՅԴն յայտա­րա­րեց Քառեա­կէն հեռա­նա­լու իր որո­շումը:

Այսպէս, Դաշնակցութիւնը հեռացնե­լով Հրա­շա­լի Քառեա­կէն, Սերժ Սարգսեա­նը ոչ միայն ընդդի­մութեան ճակա­տը մասնա­տե­լու իր առա­ջին քայլը առաւ, այլեւ՝ սկիզբ դրաւ ընդդի­մութիւնը ամբողջո­վին չէզո­քացնե­լու իր յաղթարշաւին: Թէեւ Դաշնակցութեան Քառեա­կէն հեռա­ցումը ազդե­ցութիւն չունե­ցաւ հանրա­հաւաքնե­րու մարդա­շա­տութեան եւ արդիւնաւէ­տութեան վրայ, այսուհանդերձ խորհրդանշա­կան էր՝ ընդդի­մութեան միասնութիւնը փլուզե­լու առումով: Մինչ Եռեակ դարձած ընդդի­մութիւնը Ազա­տութեան հրա­պա­րա­կէն եւ այլ ամբիոննե­րէն կը յայտա­րա­րէր իշխա­նա­փո­խութեան իր նպա­տա­կին մասին եւ կը խարա­զա­նէր Սերժ Սարգսեա­նի ներքին քաղա­քա­կա­նութիւնը, ներա­ռեալ՝ սահմա­նադրա­կան փոփո­խութիւննե­րը, Հայաստա­նի երրորդ նախա­գա­հը այլ բան կը պատրաստէր ընդդի­մութեան եւ անոր գլխաւոր դէմքը դարձած Գագիկ Ծառուկեա­նին համար…

2015 Փետրուար 12-ին, Հանրա­պե­տա­կան կուսակցութեան Խորհուրդի նիստին, որ կենդա­նի կը սփռուէր ամբողջ Հայաստա­նով, Սերժ Սարգսեանն ու իր թիմա­կիցնե­րը իրենց ելոյթնե­րը ամբողջութեամբ նուի­րե­ցին Գագիկ Ծառուկեա­նին: Սարգսեան յայտա­րա­րեց, որ «Գագիկ Ծառուկյան քաղա­քա­կան դերա­կա­տա­րը երկրի համար դարձել է չարիք»: Յիշեց Ծառուկեա­նի քրէա­կան գործունէութեան մասին «օդում կախուած եւ չստուգուած» տեղե­կութիւննե­րը, բարե­գործա­կան ծրա­գիրնե­րու տակ անոր կատա­րած յանցա­գործութիւննե­րը: «Տարի­ներ ի վեր շարունա­կում են օդում կախուած մնալ չստուգուած լուրե­րը չմուծուած միլիարդա­վոր դրամ հարկե­րի, տարեցնե­րի կենսա­թո­շակնե­րից ու երի­տա­սարդնե­րի կրթուե­լու իրաւունքից գողա­ցուած միլիարդնե­րը չնչին, այսպէս ասած, «բարե­գործութեան» անուան տակ քօղարկե­լու մասին: Ես յորդո­րում եմ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան վարչա­պե­տին՝ յանձնա­րա­րել համա­պա­տասխան մարմիննե­րին մինչև վերջ ու մանրա­մասն ստուգել այս լուրե­րի իսկութիւնը և բաց ներկա­յացնել բոլո­րին», յայտա­րա­րեց Սերժ Սարգսեան եւ յիշե­ցուց, որ ինք արգի­լած էր «Դոդի Գագո» ծաղրա­նունի օգտա­գործումը եւ հիմա արդէն այդ արգելքը… հանուած է:

Ազդանշա­նը տրուած էր: Սերժ Սարգսեան գտած էր Ծառուկեա­նի ամե­նա­թոյլ կողմը՝ տնտե­սա­կան իր ոչ-թափանցիկ գործունէութիւնը եւ ոչ այնքան մաքուր անցեա­լը… Ծառուկեան հատած էր իրենց համար ճշդուած սահմա­նը եւ խախտած՝ խաղի օրէնքնե­րը: Տարի­ներ շարունակ, իշխա­նութիւննե­րու թոյլտւութեամբ ան ունէր, թէկուզ եւ ոչ օրի­նաւոր ճանա­պարհնե­րով, տնտե­սա­կան կայսրութիւնը ընդարձա­կե­լու բոլոր արտօ­նութիւննե­րը: Ունէր նաեւ քաղա­քա­կան գործունէութիւն ծաւա­լե­լու եւ ընդդի­մութիւն խաղա­լու դաշտ, բայց՝ միայն ու միայն իշխա­նութիւննե­րու ճշդած սահմաննե­րուն մէջ: Հիմա արդէն կարմիր քարտ կը ստա­նար եւ ամէ­նէն նուաստա­ցուցիչ կերպով դուրս կը դրուէր քաղա­քա­կան խաղա­դաշտէն, Հայաստա­նի տնտե­սա­կան իր կայսրութիւնը կորսնցնե­լու ռիսկին հետ միա­սին: Ծառուկեա­նին բան չէր մնար, բացի ենթարկուե­լու Սերժ Սարգսեա­նի հրա­հանգին եւ ժամա­նա­կաւո­րա­պէս հեռա­նա­լու քաղա­քա­կան բեմէն:

Ընդդի­մութեան ջախջա­խումով, Սերժ Սարգսեան արդէն ազատ-համարձակ Սահմա­նադրութեան հանրա­քուէն կեղծիքնե­րով պարտադրե­լու եւ իր իշխա­նութիւնը երկա­րաձգե­լու ճամբան հարթած էր: Իսկ Ծառուկեա­նին կը մնար ընդունիլ իր պարտութիւնը: քանի մը ամիս բեմէն անհե­տա­նա­լէ ետք, ան վերստին հաւա­տարմութիւն յայտնեց Սերժ Սարգսեա­նին, եւ իրաւունք ստա­ցաւ քայլ առ քայլ վերա­դառնա­լու քաղա­քա­կան դաշտ: Սերժ Սարգսեա­նի համար, Գագիկ Ծառուկեա­նը ամե­նա­նա­խընտրե­լի ընդդի­մա­դիրն էր, քանի որ արդէն ամբողջութեամբ հակակշռե­լի էր, լաւ սորված էր իր դասը՝ իշխա­նութեան պարտադրած քաղա­քա­կան խաղի կանոննե­րը, ունէր օգտա­գործե­լի ֆինանսատնտե­սա­կան հսկա­յա­կան միջոցներ եւ լաւա­գոյն ձեւով կրնար ստանձնել շինծու ընդդի­մա­դի­րի պաշտօ­նը… Ծառուկեա­նը, այդպէս, լուռ ու մունջ, նուաստա­ցած բայց յայտնի ժպի­տը դէմքին,  պարտադրա­բար ենթարկուե­ցաւ Սերժ Սարգսեա­նի քաղա­քա­կան խաղի կանոննե­րուն, փոխա­րէ­նը ստա­նա­լով տնտե­սա­կան գործունէութիւնը անխա­փան շարունա­կե­լու իրաւունք, մինչեւ… յեղա­փո­խութիւն:

Այս մասին՝ այլ առի­թով:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Առնչվող Հոդվածներ