26.4 C
Yerevan

«Զգուշութի՜ւն, պահակնե­րը արթուն են միշտ»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն. Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ Հայ Ազգի ու Հայաստա­նի պայծառ գալի­քին համար պայքա­րող, արձա­նագրուող ամէն կարգի ընկրկումի հաշւոյն տագնա­պող ու տառա­պող, այլեւ ժողո­վուրդի ու պետա­կա­նութեան բոլոր ուժե­րը առաւե­լա­գոյն տնտե­սումով եւ զօրա­շա­ժով դէպի լուսաւոր ապա­գայ շղթա­յա­զերծող ՀԱՅՈՑ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԻ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ Ազգի ու Հայրե­նի­քի անցեա­լի նուա­ճումնե­րէն, նոյնպէս եւ ձախո­ղութիւննե­րէն վճռո­րոշ ԴԱՍԵՐ քաղե­լու ՀԱՅՈՒ ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ, որովհե­տեւ համաշխարհա­յին տարո­ղութեամբ համա­վա­րա­կէն անճրկած մեր ժամա­նակնե­րուն մէջ՝ ամէն բանէ աւե­լի պէտք ունինք ընդհա­նուր ցաւե­րուն ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՐՄԱՆՆԵՐ ԳՏՆԵԼՈՒ հաւա­քա­կան ինքնա­ճա­նաչման ու ինքնավստա­հութեան։

Յունիս 10ի այս օրը, 111 տարի առաջ, ատե­նի հայոց ամէ­նէն կենսունակ օրրա­նին՝ Պոլսոյ մէջ, Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը կեանքի կոչեց «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ» պաշտօ­նա­թերթը, որ բնաւ «ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ» թերթ չեղաւ, «ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱ՛Ն» թերթ եղաւ եւ մեր ժողո­վուրդին ԱՒԱՆԴ յանձնեց ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ու ԱՆԿԱՇԱՌ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱԶԱՏ ԲԵՄ մը։

Բարի լոյս՝ «ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԻՇՏ ԱՐԹՈՒՆ ԸԼԼԱԼՈՒՆ» հաւա­տա­ցող գաղա­փա­րի նուի­րեալնե­րուն՝ ԳԱՂԱՓԱՐՈՎ ԿՆՔՈՒԱԾ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք ի տես համա­վա­րա­կի դէմ պայքա­րի այս օրե­րուն թափ առած իշխա­նութեան աթո­ռակռիւին՝ ի վիճա­կի են վերա­նո­րո­գուե­լու Սիմոն Զաւա­րեա­նի ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԳԱՄՈՎ․-

«Գիտա­կից կուսակցա­կա­նը չի մոռնար երբեք, որ եթէ մի կէտով, մի շահով ան կապուած է կուսակցութեան հետ, երկու շահով կապուած է իր ազգի, իր հայրե­նի­քի հետ, աւե­լի մեծ ու բազմա­թիւ շահե­րով — Մարդկութեան հետ»։

Բարի լոյս՝ խուճա­պի մէջ անգամ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ անշեղ շարունա­կողնե­րուն, որոնք կ՚արձագանգեն ԱՐԵԱՆ ԿԱՆՉԻՆ․-

«Զգուշութի՜ւն, պահակնե­րը արթուն են միշտ»։

Առնչվող Հոդվածներ