27.4 C
Yerevan

ՀԱՇՈՒԵՏՒՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ Է, ԲՈԼՈՐԻ’Ն ՀԱՄԱՐ

Նամակ երկրէն

Առողջա­պա­հութեան Համաշխարհա­յին Կազմա­կերպութիւնը (WHO) դեռ միայն երկու ամիս առաջ կը տեղե­կացնէր, որ կորո­նա­վի­րուսով չվա­րա­կուե­լու համար դիմակ կրե­լը անհրա­ժեշտութիւն չէ, առողջ մարդիկ պէտք չունին դիմակ կրե­լու: Իսկ այսօր ճիշդ հակա­ռակն է, որ կը պնդէ՝ դիմա­կը փրկութիւն է, կ’ը­սէ:


Ֆրանսա­յի եւ Ամե­րի­կա­յի մէջ, Մարտ-Ապրիլ ամիսնե­րուն, լայնօ­րէն սկսաւ օգտա­գործուիլ գլո­րո­գուի­նը՝ իբրեւ կորո­նա­վի­րուսի դէմ պայքա­րող արդիւնաւէտ դեղ, իսկ վերջերս ֆրանսա­կան բազմա­թիւ հիւանդա­նոցներ արգի­լե­ցին այս դեղի օգտա­գործումը, որովհե­տեւ անի­կա, ըստ որոշ ֆրանսա­կան բժշկա­կան շրջա­նակնե­րու, ոչ միայն արդիւնաւէտ չէ, այլ կողմնա­կի ազդե­ցութիւննե­րով վնա­սա­կար է եղեր: Մինչ այդ, տասնեակ հազա­րաւոր մարդիկ այս դեղը ստա­ցան իբրեւ կորո­նա­վի­րուսի բուժում:


Ֆրանսա­յի մէջ առողջա­պա­հա­կան շրջա­նակներ օր մը յայտա­րա­րե­ցին, որ իպուփրոֆէ­նը կորո­նա­վի­րուսի բուժման համար վտանգաւոր է, իսկ վերջերս BBCն հաղորդեց, որ Մեծն Բրի­տա­նիոյ մէջ որոշ բժշկա­կա­կան կեդրոններ իպուփրոֆեն օգտա­գործած են եւ լաւ արդիւնքնե­րու հասած են, եւ կը յանձնա­րա­րեն այս դեղը նկա­տի ունե­նալ իբրեւ հիւանդնե­րու բուժման համար պիտա­նի դեղ:


Քանի մը օր առաջ, Առողջա­պա­հութեան Համաշխարհա­յին Կազմա­կերպութիւնը յայտա­րա­րեց, որ ասիմպտո­մա­տիկ (ախտանշան չունե­ցող) վիրուսա­կիրնե­րը փոխանցիկ չեն, շատ հազուա­գիւտ է որ վիրուսը փոխանցեն ուրի­շին: Յաջորդ օրը, նոյն կազմա­կերպութիւնը, որուն ճշդած չափա­նի­շե­րուն կը հետեւի աշխարհի պետութիւննե­րուն մեծա­մասնութիւնը, յայտա­րա­րեց, որ չէ՛, այդպէս չէ, ախտանշան չունե­ցող վիրուսա­կիրնե­րը պէտք չէ համա­րել վիրուս չփո­խանցող…


Ամբողջ աշխարհը դեռ չի գիտեր, թէ այս նոր վիրուսը Ի՞նչ յատկութիւններ ունի եւ ո՞րն է բուժման լաւա­գոյն միջո­ցը: Ահաւոր բարդ վիճա­կի մէջ յայտնուած են մեծ թիւով երկիրներ, ներա­ռեալ՝ հարուստ եւ զարգա­ցած պետութիւնններ: Անո­րո­շութիւն է ամէն տեղ: Այսօր յայտա­րա­րուած տեղե­կութիւնը կամ կարծի­քը վաղը կը հերքուի: Միակ որոշ բանը այն է, որ մարդիկ պէտք չէ շփուին իրար հետ, հեռու պէտք է մնան իրարմէ, որպէսզի վիրուսի փոխանցումն ու տարա­ծումը նուա­զա­գոյնի հասնի:


Իտա­լիա­յի, Ամե­րի­կա­յի, Իսպա­նիա­յի, Անգլիա­յի, Բրա­զի­լիոյ, Ռուսաստա­նի, Քաթա­րի, Իսրա­յէ­լի, Քուէյթի նման մեծ կամ հարուստ երկիրներ, ինչպէս նաեւ աշխարհի բազմա­թիւ հսկայ ու փոքր երկիրներ, յայտնուած են ճգնա­ժա­մա­յին պայմաննե­րու տակ: Այնպէս չէ, որ վիճա­կագրա­կան տուեալնե­րով, անոնց առողջա­պա­հա­կան վիճա­կը շատ աւե­լի լաւ է, քան՝ Իրա­նի­նը կամ Հայաստա­նի­նը:


Կան նաեւ երկիրներ, որոնք աւե­լի լաւ կրցած են պայքա­րիլ համա­ճա­րա­կին դէմ, ինչպէս օրի­նակ՝ Նոր Զելանդան, Աւստրա­լիան, Վրաստա­նը, Սինկա­փուրը, եւայլն: Ասոնք այն երկի­ներն էին, որոնք տարբեր քայլե­րու առընթեր, ինքնա­մե­կուսացման եւ երկի­րը ամբողջութեամբ փակե­լու՝ shut down ընե­լու շատ աւե­լի խիստ միջոցներ որդեգրե­ցին, քան վերոնշեալնե­րը:


Հիմա գանք Հայաստա­նին: Երեկ Առողջա­պա­հութեան նախա­րար Արսէն Թորո­սեան յայտա­րա­րեց, որ Հայաստա­նի համար, ինչպէս միւս երկիրնե­րու համար, այս վիրուսը եւ անոր հետեւանքնե­րը բոլո­րո­վին նորութիւն էին եւ ոչ ոք գիտեր անոնց դէմ պայքա­րե­լու լաւա­գոյն միջոցնե­րը: Բոլոր երկիրներն ալ տարբեր միջոցնե­րու որդեգրումով սորվե­ցան ու դեռ կը սորվին իրենց ընե­լի­քը եւ կորո­նա­վի­րուսի ճգնա­ժա­մը յաղթա­հա­րե­լու ամե­նաարդիւնաւէտ միջոցնե­րը: Այդպէս է, քանի որ վիրուսի մասին գիտե­լիքնե­րը ամբողջա­կան չեն, դեռ եւս չբա­ցա­յայտուած կամ անյայտ շատ բաներ կան: Նկա­տի ունե­նա­լով այս պայմաննե­րը, Արսէն Թորո­սեան ժողո­վուրդէն ներո­ղութիւն խնդրեց կատա­րուած սխալնե­րուն համար:

Ես չեմ գիտեր, թէ աշխարհի մէջ քանի Առողջա­պա­հա­կան նախա­րար եղած է այսքան թափանցիկ եւ այսքան հաղորդակցող, ու ներո­ղութիւն խնդրած է հանրութե­նէն՝ հաւա­նա­կան սխալնե­րուն համար: Ես նաեւ չեմ գիտեր, թէ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան պատմութեան մէջ երբեւի­ցէ եղա՞ծ է նախա­րար մը, որ իր կատա­րած ենթադրեալ սխալնե­րուն համար ներո­ղութիւն խնդրէ: Ընդհա­կա­ռա­կը, մեր երկի­րը թալա­նած ու կողոպտած, ժողո­վուրդին առողջա­պա­հութիւնն ալ, սոցիա­լա­կան ապա­հո­վութիւնն ալ, արժա­նա­պատւութիւնն ալ կեղե­քած ու երկի­րը հարստա­հա­րած նախկին նախա­րարնե­րը մինչեւ հիմա միայն մէկ բան յայտա­րա­րած են՝ «մենք անմեղ ենք, մենք քաղա­քա­կան հալա­ծեալներ ենք, քանի որ Նիկո­լը մեզ չի սիրեր…» Սա արդէն ուրիշ թեմա է, որուն կ’արժէ պատեհ առի­թին անդրա­դառնալ:

Նոյն այս մարդի­կը, երբեմնի կոա­լի­ցիոն եւ ոչ կոա­լի­ցիոն կառա­վա­րութիւննե­րու քաղա­քա­կան դէմքե­րը, ժողո­վուրդին կողմէ Ազգա­յին Ժողո­վին նոյնիսկ արժա­նի չհա­մա­րուած քաղա­քա­կան ուժե­րու ներկա­յա­ցուցիչնե­րը, իրենց օլի­գարխ հովա­նաւորնե­րուն հետ հրա­պա­րակ իջած են՝ հերթա­կան անգամ ափո­գա­լիբս «աւե­տե­լով» մեր ժողո­վուրդին ու հայրե­նի­քին, եւ կը պահանջեն կառա­վա­րութեան հրա­ժա­րա­կա­նը: Այս ուժե­րը, որոնց համար ընկեր մը կ’ը­սեր «թալա­նա­վի­րուսով վարա­կուած քաղա­քա­կան հիւանդնե­րը», զբա­ղած են գիշեր ցերեկ խուճապ ստեղծե­լով, քննա­դա­տե­լով, բամբա­սե­լով: Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ ֆէյք լուրեր կը քաջա­լե­րեն եւ ամէն տեսակ կեղտոտ խաղե­րու կը դիմեն, ժողո­վուրդին մէջ անվստա­հութիւն, խուճապ, սարսափ եւ կասկած ստեղծե­լու նպա­տա­կով: Խօսքս չի վերա­բե­րիր անոնց, որոնք առարկա­յա­կան քննա­դա­տութիւննե­րով հանդէս կու գան եւ իրա­վի­ճա­կը բարե­լաւե­լու առա­ջարկութիւններ կը ներկա­յացնեն պատկան մարմիննե­րուն: Այս վերջիննե­րը ողջունե­լի են եւ նոյնիսկ՝ օգտա­կար:

Կորո­նա­վի­րուսի առա­ջա­ցուցած տագնա­պը ուշ կամ կանուխ վերջ պիտի գտնէ: Այդ ատեն, իշխա­նութիւննե­րը հաշուետւութեան պիտի կանչուին իրենց կատա­րած ճիշդ ու սխալ աշխա­տանքին համար: Հաշուետւութեան պիտի կանչուին նաեւ «թալա­նա­վի­րուսի հիւանդա­նե­րը» եւ ասոնց փէշե­րուն տակ տեղաւո­րուած, ասոնցմով ֆինանսաւո­րուող քաղա­քա­կան փերե­զակնե­րը, որոնք ոչ միայն մեղա­յա­կան չեն ըսած հայ ժողո­վուրդին՝ այս երկի­րը կողոպտե­լու, պարտքե­րու տակ խեղդե­լու, հարիւր հազարներ պանդուխտ դարձնե­լու, արդա­րութիւնը խաչին բարձրացնե­լու եւ տզրուկի նման ժողո­վուրդին արիւնը խմած ըլլալնուն համար, այլեւ այսօր մէջտեղ ինկած՝ կորո­նա­վի­րուսի ճգնա­ժա­մէն օգտուե­լով, աջ ու ձախ սուր կը ճոճեն, եւ աղէ­տի մասին լոլո­ներ կը կարդան:

Չէ՛, հանգիստ մի նստիք տեղներդ: Լրջօ­րէն մտա­հո­գուե­ցէք եւ անհանգստա­ցէք: Հաշուետւութեան օրը պիտի չուշա­նայ եւ այդ ատեն պիտի տեսնենք, թէ ո՞վ մէջքէն հարուած հասցուց պետութեան, եւ ով, իսկա­պէս, օգնութեան ձեռք երկա­րեց մեր ժողո­վուրդին:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրե­ցէք ինծի:

[email protected]

https://www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10223575093828038

Առնչվող Հոդվածներ