13.5 C
Yerevan

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԲԵՔ ԱՂԲԱՆՈՑԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՅԱՅՏՆՈՒԻԼ

Հայաստա­նով շնչող հասա­րա­կա­կան գործիչ, ով 1988 թ.-ի երկրա­շարժից ի վեր տարբեր ծրագրե­րով այցե­լում և օժանդա­կում է Հայաստա­նին ու Արցա­խին։

ՀՐԱՉ ՍԻՄՈՆՅԱՆ

Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը հսկա­յա­կան պատմա­կան աւանդ ունե­ցող կազմա­կերպութիւն է։ Ոչ ոք, նոյնիսկ մեծ ժողովրդա­կա­նութիւն վայե­լող վարչա­պետ Նիկոլ Փաշինյա­նը, իրաւունք ունի այդպի­սի արտա­յայտութիւն ունե­նա­լու։ Դաշնակցութիւնը մեր ժողո­վուրդի փառքն ու պատիւն է եղած ամբողջ դար մը 1890էն ի վեր, իր յեղա­փո­խա­կան ազա­տագրա­կան պայքա­րով, Հայաստա­նի առա­ջին հանրա­պե­տութեան կերտմամբ, Արցա­խի ազա­տագրման իր կարեւոր ներդրումով, սփիւռքեան գաղութնե­րու կազմա­կերպմամբ եւ հայա­պահպա­նա­կան աշխա­տանքնե­րով։ Աւե­լին՝ Դաշնակցութիւնը գաղա­փա­րա­խօ­սութիւն է։ Դաշնակցութիւնը պատմա­կա­նօ­րէն եղած է համակ նուի­րում, զոհա­բե­րութիւն եւ ծառա­յութիւն։

Դժբախտա­բար այսօր եւ ի մասնաւո­րի վերջին քսան-քսա­նը­մէկ տարի­նե­րուն Դաշնակցութիւնը կը գահա­վի­ժի, հիմնա­կա­նօ­րէն Հայաստա­նեան իր յաջորդա­կան ղեկա­վարնե­րու ձեռքով, Հայաստա­նեան իր վարած անսկզբունք քաղա­քա­կա­նութեամբ, իր «կոալիցիոն»ներով քաղա­քա­կան ուժե­րու հետ, որոնք տարի­նե­րով կեղե­քած են ժողո­վուրդը, բանտարկած են ազգի հերոսներ, կոչած են զանոնք «տեռո­րիստներ», իսկ որոշ Դաշնակցա­կաններ անձնա­պէս օգտուած են եւ հարստութիւններ դիզած։

Մեղմ գնա­հատմամբ, դարձած են գործա­կից եւ մեղսա­կից Քոչարյա­նի եւ Սարգսյա­նի փտած իշխա­նութիւննե­րուն։

Թաւշեայ յեղա­փո­խութեան ընթացքին ջանք եւ ճիգ չխնա­յե­ցին ձախողցնե­լու համար ժողովրդա­յին արդար պոռթկումը, ամէն ինչ ի գործ դրին որ Նիկոլ Փաշինյան ձախո­ղի, ամէն կերպ ուզե­ցին աջակցիլ իրենց գործընկեր Հանրա­պե­տա­կան կուսակցութեան։ Սակայն բարե­բախտա­բար, պայծառ օր մը, Սերժ Սարգսեան տուաւ հրա­ժա­րա­կան եւ հեռա­ցաւ, իսկ Դաշնակցութիւնը ինքզինք գտաւ Փաշինյա­նի կառա­վա­րութեան մէջ երկու նախա­րարնե­րով, Նիկոլ Փաշինյա­նի իսկ հրաւէ­րով։ Փոխա­նակ ամբողջա­կան զօրակցութիւն ցուցա­բե­րե­լու եւ օգնե­լու որ այս յեղա­փո­խութիւնը յաղթա­կան ընթացք ունե­նայ, Դաշնակցա­կան ղեկա­վա­րութիւնը ամէն ինչ ըրաւ որ ձախո­ղութեան մատնէ զայն։

Սաստիկ պայքա­րը սկսաւ Դաշնակցութեան վերջին ընդհա­նուր ժողո­վէն ետք, երբ Հրանդ Մարգա­րեան իր բացման խօսքով, յստակ կոչ կ՚ընէր տապա­լե­լու Փաշինյա­նը։ Պէտք է ըսել որ մինչեւ օրս Դաշնակցա­կան ղեկա­վար մարմիններ այդ պայքա­րը կը շարունա­կեն այլա­զան ձեւե­րով, նախա­րա­րի, կառա­վա­րութեան եւ վարչա­պե­տի հրա­ժա­րա­կա­նի պահանջնե­րով, դեղին եւ կարմիր քարտեր ցոյց տալով։

Իսկ հիմա նոր պայքա­րի դաշնա­կիցներ կը փնտրեն եւ կ՚ուզեն կրկին անգամ մտնել ցեխը, միա­նա­լով վարկա­բե­կուած Սերժ Սարգսեա­նի՝ Հանրա­պե­տա­կան եւ որձեւէգ քաղա­քա­կա­նութիւն վարող Գագիկ Ծարուկյա­նի՝ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւննե­րուն։

Ափսո՜ս։

Այսօր Փաշինյա­նի ղեկա­վա­րած կառա­վա­րութիւնը կը մեղադրուի Քորո­նա ժահրի գծով տարած իր անհե­ռա­տես եւ անկա­րող աշխա­տանքով։ Մինչեւ իսկ յայտա­րա­րութիւններ կան որ ինքն է պատճա­ռը որ ժահրը այս տարա­ծումը ստա­ցաւ։ Հետաքրքիր է, ամբողջ աշխարհը ներա­ռեալ հսկա­յա­կան միջոցներ ունե­ցող՝ հզօր Միա­ցեալ Նահանգնե­րը, ուր ես կ՚ապրիմ, շատ աւե­լի ծանր է առողջա­կան վիճա­կը քան Հայաստան, կամ բազմա­թիւ եւրո­պա­կան երկիրներ։ Հակա­ռակ այս իրո­ղութեան չեմ իմա­ցած երկրի մը մասին ուր աշխա­տանք կը տարուի կառա­վա­րութիւն տապա­լե­լու։

Կ՚ըսուի թէ պատե­րազմ է ժահրին դէմ։ Իմ գիտցած հայս, մանաւանդ Դաշնակցա­կան հայը թեւե­րը կը սոթտէ եւ կ՚աշխատի ամէն գնով օգնե­լու, նոյնիսկ եթէ իր կառա­վա­րութիւնը անկա­րող կը նկա­տէ։ Կ՚օգնէ փրկե­լու համար Հայրե­նի­քը, առանց երբեք քաղա­քա­կան «տիվիտենտ»ներ շահե­լու նպա­տա­կով։

Բազմա­թիւ անգամներ Դաշնակցութիւնը յայտա­րա­րեց որ երե­սուն կամ աւե­լի էջե­րէ բաղկա­ցած ծրար յանձնած է կառա­վա­րութեան եւ անտե­սուած, ձեռք երկա­րած է, բայց մնա­ցած է օդը։ Ծրար տալու եւ ձեւա­կան ձեռքեր երկա­րե­լու ժամա­նա­կը չէ, ժամա­նակն է ձեռքով ոտքով եւ ամբողջ էութեամբ աշխա­տե­լու, խրուե­լու հայրե­նի հողին, նոյնիսկ դոյզն օգնութիւն տրա­մադրե­լու համար։ Այսօր Դաշնակցութեան առա­քե­լութիւնը պէտք է ըլլայ իր Հսկա­յա­կան Սփիւռքեան կառոյցը գործի դնել, բժիշկներ ապա­հո­վել, բժշկա­կան կազմածներ ուղարկել, բանա­կին օգնութեան հասնիլ, տնտե­սութեան օգնել, չքաւորնե­րուն ձեռք մեկնել, նոյնիսկ եթէ արդէն իսկ որոշ աշխա­տանք տարուած է այդ գծով։ Բոլոր միջոցնե­րով եւ անվե­րա­պա­հօ­րէն օգտա­կար ըլլալ երկրին եւ ժողո­վուրդին։ Ներկա­յիս ա՜յս է պէտք, ուրիշ ոչի՜նչ։ Մեր երկի­րը կարիք չունի քննա­դա­տողնե­րու, պայքա­րող նոր «կոալիցիոն»ներու։

Այսօր մենք պէտք ունինք իւրա­քանչիւր հայու աջակցութեան։ Այսօր բոլորս պէտք է միա­նանք եւ ոչ թէ բաժա­նուինք, պէտք է բոլո­րուինք այս կառա­վա­րութեան շուրջ, նոյնիսկ եթէ սխալներ գործուած են, եւ գիտեմ որ գործուած են։ Համա­ձայն եմ որ վարչա­պե­տը կամ կառա­վա­րութեան որոշ անդամներ բազմա­թիւ անտե­ղի եւ սխալ արտա­յայտութիւններ ունե­ցած են։ Ես ալ կը հաւա­տամ որ կառա­վարման մէջ կարեւոր բացթո­ղումներ կամ սխալներ կան, բայց նաեւ կը հաւա­տամ որ անկեղծ գործակցութեամբ մը կարե­լի է զանոնք սրբագրել։

Ամնէ՜ն գնով պէտք է խուսա­փիլ նախորդ «ռեժիմ»ի վերա­դարձէն։

Ճգնա­ժամ է՜։ Պէտք է անվե­րա­պա­հօ­րէն օգնել որ այս դժուար կացութե­նէն նուա­զա­գոյն վնասնե­րով դուրս բերուի մեր Հայրե­նի­քը։

Հրաչ Սիմո­նեան

Լոս Անջե­լէս

Յունիս, 11, 2020

Առնչվող Հոդվածներ