28.6 C
Yerevan

ՈՐՏԵ՞Ղ Է ՁԵՐ ՈՒ ՄԵՐ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Այսօր, նախկին իշխա­նաւորնե­րէն շատ շատե­րը, որոնք բոլորն ալ մեծ հարստութեան տէր մարդիկ են, դատա­կան-իրաւա­կան հետապնդումի տակ են: Ասոնց շարքին են՝ նախկին նախա­գահ Ռոբերտ Քոչա­րեա­նը, իր որդին Սեդրակ Քոչա­րեա­նը, նախկին նախա­գահ Սերժ Սարգսեա­նը, իր եղբայրներն ու անոնց զաւակնե­րը, Սերժ Սարգսեա­նի փեսայ, վատի­կա­նի մօտ նախկին դեսպան Միքա­յէլ Մինա­սեա­նը, նախկին փոխ-վարչա­պետ Արմէն Գէորգեա­նը, նախկին ֆինանսնե­րու նախա­րար Գագիկ Խաչատրեա­նը եւ անոր երկու զաւակնե­րը, բնա­պահպա­նութեան նախկին նախա­րա­րը՝ ծանօթ Բուլգի ծաղրա­նունով, նախկին տրանսպորտի նախա­րար եւ Երեւա­նի նախկին քաղա­քա­պետ Գագիկ Բեգլա­րեա­նը կամ Չորնի Գագոն: Հետապնդման տակ է Սիւնի­քի նախկին մարզպետ՝ հանրա­ծա­նօթ Լիսկան, ԴԱՀԿի նախկին ղեկա­վար՝ Միհրան Պօղո­սեա­նը կամ Կատրի­նի Միհրա­նը, օլի­գարխ Գագիկ Ծառուկեա­նի ընկե­րութիւննե­րու տնօ­րէն Ս. Առուստա­մեա­նը, գործա­րար Սամվել Մայրա­պե­տեա­նը: Իրաւա­պահ մարմիննե­րու քննութեան տակ յայտնուած են նախկին նախա­րարներ ու փոխնա­խա­րարներ, պատգա­մաւորներ, քաղա­քա­պե­տեր ու գիւղա­պե­տեր, ինչպէս նաեւ վերո­յի­շեալնե­րուն հետ գործակցած անհատ մարդիկ՝ յայտնի եւ անյայտ առաւ-փախաւներ:

Ոմանք ձերբա­կա­լուած ու բանտարկուած են: Ոմանց դէմ դատա­կան գործ բացուած է եւ դատը կ’ընթա­նայ ըստ հայկա­կան դատա­կան համա­կարգի տխուր աւանդոյթնե­րուն: Ասոնցմէ շատեր փախած են Ռուսաստան ու պահուը­տած՝ ռուսա­կան չինովնիկնե­րու փէշե­րուն տակ: Ուրիշնե­րու ուր ըլլա­լը յայտնի չէ, պարզա­պէս «անհե­տա­ցած» են…

Ասոնցմէ նոյնիսկ մէկ հոգի դեռ չյայտա­րա­րեց, որ մեղաւոր է եւ կ’ընդունի իր սխա­լը, իր յանցանքը: Բոլորն ալ իրենք զիրենք քաղա­քա­կան բանտարկեալներ կամ քաղա­քա­կան հալա­ծեալներ յայտա­րա­րած են: Իսկ մի քանի նախկին իշխա­նա­կան կուսակցութիւններ, կամ անոնց ղեկա­վարնե­րը, որոնք այս մարդոց գործընկերնե­րը եղած են իշխա­նութեան մէջ եւ այլուր, ասոնց պաշտպաննե­րը դարձած են:

Այս օլի­գարխներն են նաեւ Հայաստա­նի այսօ­րուան «ընդդի­մութիւնը» ղեկա­վա­րողներն ու կազմա­կերպողնե­րը: Կան այլ երի­տա­սարդ եւ նոր ուժեր, դժբախտա­բար սակայն ասոնք չունին նիւթա­կան եւ այլ հնա­րաւո­րութիւններ, որպէսզի կարո­ղա­նան թերթեր հրա­տա­րա­կել, հեռուստաա­լիք ֆինանսաւո­րել, հաւաքներ կազմա­կերպել, ռատիո­ներ ունե­նալ, եւայլն: Ուստի, այս նոր եւ փոքր ուժե­րը այդքան ալ ազդե­ցութիւն չունին, գոնէ այսօր:

Իսկ ընդդի­մա­դիրնե­րու վերա­պա­հուած բեմին վրայ՝ մեծաւ մասամբ վերոնշեալ նախկին գող-աւա­զակ իշխա­նութիւններն են, եւ իրենց արբա­նեակնե­րը: Այս մարդոց նիւթա­կան հնա­րաւո­րութիւննե­րը աւե­լի շատ են, քան Հայաստա­նի պետա­կան պիւտճէն: Այս մարդի­կը Հայաստա­նի մէջ ունին թերթեր, ռատիո­ներ, հեռուստաա­լիքներ, ֆէյք գրողներ, վարձու խմբա­գիրներ, վարձու քարո­զիչներ, առցանց սուտ տեղե­կութիւն տարա­ծողներ, առցանց մեդիա: Ունին նաեւ սփիւռքեան իրենց ենթա­կա­ներ, որոնք թութա­կի պէս կը կրկնեն Հայաստա­նի իրենց շէֆե­րուն ուղարկած պատգամնե­րը: Այս մարդոց կը պատկա­նին Հայաստա­նի բիզնէսնե­րուն առիւծի բաժի­նը, եւ անոնք, ինչպէս անցեա­լին, այսօր եւս կը փորձեն իրենց աշխա­տողնե­րը ծառայ դարձնել իրենց քաղա­քա­կան նպա­տակնե­րուն: Այս մարդի­կը ունին անսահման հնա­րաւո­րութիւն, մեր ու ձեր երեւա­կա­յա­ծէն շատ աւե­լի մեծ հնա­րաւո­րութիւն: Եւ հիմա, իրենց նիւթա­կան հսկայ միջոցնե­րը, իրենց մեդիան, իրենց ֆէյքե­րը, իրենց վարձկաննե­րը, իրենց օֆշո­րա­յին հաշիւնե­րը կը գործա­ծեն միայն մէկ նպա­տա­կի՝ ի գին ամէն ինչի տապա­լել ժողո­վուրդի կողմէ արդար եւ ազատ, ժողովրդա­վար եւ թափանցիկ քուէով ընտրուած իշխա­նութիւննե­րը: Ինչո՞ւ… Արցա­խի՞ համար, ժողովրդավարութեա՞ն համար, արդարութեա՞ն համար, ազգա­յին արժէքնե­րու՞ համար…

Իսկապէ՞ս: Ինչո՞ւ համար:

Մարդիկ, որոնք 30 տարի թքած ունե­ցած են ժողովրդա­վա­րութեան վրայ եւ ամէն անգամ միայն կեղծուած ընտրութիւննե­րով իշխա­նութեան եկած են, Մարդիկ, որոնք բացա­յայտ պատրաստա­կա­մութիւն յայտնած են Արցա­խի խնդրի լուծման մատրի­տեան եւ լավրո­վեան խայտա­ռակ պայմա­նագրե­րը ստորագրելու,Մարդիկ, որոնք արդա­րութիւնը «սիրած» են այնքա՜ն, որ կոռուպցիան եւ թալա­նը մտցուցած են նոյնիսկ դատա­կան համա­կարգի մէջ, Մարդիկ, որոնք ամէն օր բռնա­բա­րած են ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ իրաւունքն ու կեղե­քած են ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ ճակտի քրտինքը,Հիմա եկած են եւ ընդդի­մութիւն դարձած՝ կ’ուզեն իշխա­նութիւն տապա­լել, որպէսզի արդարութիւ՞ն հաստա­տեն, ժողովրդավարութիւ՞ն կիրա­րեն, Արցա՞խը փրկեն…Իրա՞ւ: Հիմա կ’ուզէք, որ հաւատա՞նք այս մարդոց եւ անոնց ծառա­յած քաղա­քա­կան ուժե­րուն եւ անոնց սփիւռքեան մունե­տիկնե­րուն: Լաւ, էլի… Այս մարդիկ միայն մէկ խնդիր ունին: Տապա­լել ժողո­վուրդի ընտրած իշխա­նութիւնը, լաւ կամ վատ, որպէսզի փրկեն իրենց կաշին, փրկեն իրենց մաշկը, որպէսզի ազա­տին դատա­կան հետապնդումնե­րէ, որպէսզի կարե­նան խոյս տալ արդա­րութե­նէն: Այս մարդոց միակ մտա­հո­գութիւնը այսօր այս է: Ուրիշ մտա­հո­գութիւն չունին, չեն ալ ունե­ցած:

Իսկ անոնք, որոնք դժգոհ են այսօ­րուան իշխա­նութիւննե­րէն, կամ ունին գաղա­փա­րա­կան եւ այլ տարա­կարծութիւններ, նախկին գող աւա­զակ իշխա­նաւորնե­րու սարքած ծուղակնե­րուն մէջ պէտք չէ իյնան: Այլ թող նային թէ ի՞նչ կ’ը­սեն այն միւս, փոքր հնա­րաւո­րութիւն ունե­ցող, ոչ շատ յայտնի եւ իսկակա՛ն ընդդի­մա­դիրնե­րը: Անոնց մէջ կան շատ լուրջ եւ արդար մտա­հո­գութիւն արտա­յայտողներ եւ քննա­դա­տութիւն կատա­րողներ: Անոնց մէջ կան շատ խելոք առա­ջարկութիւններ ներկա­յացնողներ:

Մեր փրկութիւնը ուժեղ իշխա­նութեան եւ նոյնքան ազդե­ցիկ եւ ուժեղ ընդդի­մութեան մէջ է: Նախկին իշխա­նաւորներն ու իրենց լծա­կից կուսակցութիւննե­րը ձախո­ղե­ցան թէ՛ անցեա­լին, երբ իշխա­նութիւն էին, եւ թէ՛ այսօր, երբ կը փորձեն ընդդի­մա­դի­րի պատմուճան հագնիլ: Անոնք ոչ թէ պատմութեան աղբա­մա­նը, կամ քաղա­քա­կան գերեզմա­նոց պէտք է ուղարկուին, այլ պէտք է կանգնին հայ ժողո­վուրդի արդա­րա­դա­տութեան դիմաց:

Ուրեմն, սիրե­լի մօտիկ ու հեռաւոր բարե­կամներ, ձեր փրկութիւնը հին աղուէսնե­րուն մէջ չէ՛, երկի­րը կողոպտած աւա­զակնե­րու քարոզչութեան մէջ չէ՛: Ձեր փրկութիւնը ժողո­վուրդի արդար քուէով ընտրուած նոր իշխա­նութիւննե­րու, եւ ժողո­վուրդի վստա­հութիւնը շահած որա­կա­պէս նոր ըննդի­մութեան մէջ է:


https://www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10223610949244401

Առնչվող Հոդվածներ