27.4 C
Yerevan

Մեր մէջ նստած բոլշեւի­կը…

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Զիս երբեք չզարմա­ցուցին Գագիկ Ծառուկեա­նի ենթադրեալ օրի­նա­զանցութիւննե­րու մասին ի յայտ եկած տեղե­կութիւննե­րը: Ոչ ալ զարմա­ցայ ԲՀԿ պատգա­մաւորնե­րուն Ծառուկեա­նին տուած երդումնե­րով եւ «անբա­րո­յա­կա­նի զաւակ» չըլլա­լու խոստումնե­րով ու հաւա­տարմագրե­րով:

Զիս չեն զարմա­ցուցած Ծառուկեա­նի կուսակցութեան՝ Բարգաւաճ Հայաստա­նի հետ ՀՀԿի, ՀՅԴի, ՀԱԿի, եւ նոյնիսկ՝ Իմ Քայլը‑ի համա­գործակցութիւնը: Այս կուսակցութիւննե­րը չէի՞ն գիտեր Ծառուկեա­նի գործունէութեան մասին: Գիտէին:

Ծառուկեա­նը Հայաստա­նի մէջ, Քոչա­րեա­նի իշխա­նութեան օրե­րուն յատուկ աճե­ցուած քաղա­քա­կան գործի­չի տեսակ է: Այս տեսա­կի նպա­տա­կը՝ ստրուկ մասսա­նե­րը խեղճուկ օրա­պա­հի­կով մը հակակշռի տակ առնել ու երկրի հարստութիւնը շարունա­կա­բար օլի­գարխիա­յի միջեւ կիսել է: Ցաւա­լին այն էր, որ մեր քաղա­քա­կան ուժե­րը, մեր 13օրեայ, 13 ամսուայ եւ 130 տարուայ կուսակցութիւննե­րը, մոռնա­լով իրենց գաղա­փա­րա­կան եւ քաղա­քա­կան սկզբունքնե­րը, ընդունած էին իրենց պարտադրուած խաղի կանոննե­րը: Անոնք համա­կերպած էին քրէաօ­լի­գարխիկ խաւի բիզնէս շահե­րով պայմա­նաւո­րուող քաղա­քա­կան խաղին, անոր ստեղծած քրէա­կան մշա­կոյթին, արժե­հա­մա­կարգին, եւ բոլորի՛ն մեղսակցութեամբ հայրե­նի քաղա­քա­կան դաշտը դարձած էր… կրկէս:

Իրա­կա­նութեան մէջ, ես ցաւ ապրե­ցայ, որ Ծառուկեան տեսակ մարդու խայտա­ռակ գործարքնե­րու բացա­յայտումնե­րը տեղի ունե­ցան քաղա­քա­կան պայքա­րի թէժ օրե­րուն: Այս տեսակ քաղա­քա­կան գործիչնե­րու հարցը լուծուած պէտք է ըլլար վաղուց, յեղա­փո­խութեան յաջորդող օրե­րուն իսկ: Չեղաւ: Իսկ այսօ­րուան բացա­յայտումնե­րուն մէջ զիս ոչ թէ զարմացնող, այլ նեղացնող բան կայ, որովհե­տեւ Ծառուկեանն ու իր ենթա­կա­նե­րը այսօր ծաղր ու ծանա­կի կ’ենթարկուին քաղա­քա­կան այն ուժին կողմէ, որ նուազ քան երկու տարի առաջ քաղա­քա­կան յուշա­գիր կը ստո­րագրէր Բարգաւաճ Հայաստա­նի հետ: Չէի՞ն գիտեր ով է Գագիկ Ծառուկեա­նը: Գիտէին:

Զարմա­նա­լի բան չկար երե­կուան բացա­յայտումնե­րուն մէջ, բայց կայ աւե­լի ահաւո­րը, կայ սարսա­փե­լին: Այն ալ տարա­ծուած տեղե­կութիւններն են, ըստ որոնց հայկա­կան այս ուժե­րը Ռուսաստա­նի որոշ օղակնե­րու հետ համա­ձայնա­բար՝ Հայաստա­նի մէջ իշխա­նա­փո­խութիւն կը նախա­պատրաստէին: Եւ ըստ այս տեղե­կութիւննե­րուն, անոնք կորո­նա­վի­րուսի տագնա­պը օգտա­գործե­լով, ժողովրդա­վա­րօ­րէն ընտրուած իշխա­նութիւննե­րուն դէմ դաւեր լարե­լու եւ ի վերջոյ՝ զանոնք տապա­լե­լու ծրա­գիր մը ի գործ կը դնէին: Ֆէյքե­րը, քարոզչա­կան սաստկա­ցած պայքա­րը, կառա­վա­րութեան եւ պարե­տա­տան որո­շումնե­րը ձախո­ղեցնե­լու արշաւնե­րը, աշխարհով մէկ նուա­զող գազի գինը Հայաստա­նի համար բարձրացնե­լու ռուսա­կան յայտա­րա­րութիւնե­րը, կառա­վա­րութեան հրա­ժա­րա­կա­նի պահանջնե­րը, Արցա­խի խնդրի փուլա­յին լուծման մասին հրա­պա­րա­կումնե­րը եւայլն, բոլորն ալ, ըստ որոշ տեղե­կութիւննե­րու, լաւա­պէս համա­կարգուած էին ու են ռուսա­կան սպա­սարկութիւննե­րու հետ եւ ունե­ցած են մէկ նպա­տակ՝ համա­ժո­ղովրդա­յին դժգո­հութիւն յառա­ջացնել եւ իշխա­նութե­նէն հեռացնել Նիկոլ Փաշի­նեանն ու իր խումբը:

Չեմ գիտեր, թէ որքա­նով ճիշդ են այս տեղե­կութիւննե­րը, բայց եթէ ճշմարտութեան փոքր կաթիլ մըն իսկ կայ անոնց մէջ, ուրեմն մենք գործ ունինք ազգա­դաւ ու հակա­պե­տա­կան նորօ­րեայ բոլշեւիկնե­րու հետ:Այնպէս, ինչպէս 1920ին, երբ հայկա­կան նորանկախ պետութիւնը գործ ունե­ցաւ Մոսկուա­յի հովա­նաւո­րութեամբ աշխա­տող հայ բոլշեւիկնե­րուն հետ, որոնք Կարմիր Բանա­կի օգնութեամբ ի վերջոյ տիրա­ցան իշխա­նութեան եւ գերեզմա­նե­ցին անկա­խութեան յոյսե­րը…

Ես պիտի ուզեմ հաւա­տալ, որ ճիշդ չեն այս տեղե­կութիւննե­րը: Բայց եթէ ինչ որ չափով են, ուրեմն, պետութեան դէմ դաւող հայ բոլշեւի­կի տեսա­կը դեռ չէ մեռած: Իշխա­նութիւնը վերցնե­լու համար օտա­րի օգնութեան դիմող բոլշեւի­կը մեր մէջ է, եւ գործունեայ: Բոլշեւի­կը գոյն ու ձեւ փոխած է, բայց այստեղ է, մեր քաղա­քա­կան կեանքին մէջ:

Եւ այնքան ատեն, որ մենք մեր մէջէն չենք հեռա­ցուցած հայկա­կան ինքի­նիշխա­նութիւնը մերժող, հայ մարդն ու հայ ազգը գերա­գոյն արժէք չհա­մա­րող բոշեւի­կը, մենք պիտի չկա­րե­նանք կառուցել մեր երա­զած հզօր եւ անկախ հայրե­նի­քը…

Րաֆֆի Տուտագլեան

https://www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10223631520758676

Գրեցէ՛ք ինծի:

Առնչվող Հոդվածներ