13.5 C
Yerevan

ՊԻՏԻ ԹՈՅԼԱՏՐԵ՞ՆՔ, ՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԿՆԷ ԻՆՔԶԻՆՔ

ՌՈՒԲԷՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Հարիւր տարի առաջ, Սիմոն Վրա­ցեա­նը պատկե­րաւոր ձեւով ներկա­յա­ցուց այն անել վիճա­կը, որ վերջ դրած էր մեր առա­ջին հանրա­պե­տութեան, ըսե­լով թէ հայութիւնը յայտնուած էր բոլշեւի­կեան մուրճին եւ թրքա­կան սալին միջեւ։

Հարիւր տարի ետք, շատ բան չէ փոխուած մեր իրա­վի­ճա­կէն։ Մենք դարձեալ ինքզինքնիս կը գտնենք նոյն այդ մուրճին ու սալին միջեւ։ Թէեւ ձեւա­կա­նօ­րէն անկախ պետութիւն ենք, սակայն իրա­կա­նութեան մէջ լիո­վին կախեալ ենք Ռուսաստա­նէն եւ ենթա­կայ անոր կամքին։

Պատմա­բան չեմ, ոչ ալ քաղա­քա­գէտ, սակայն կարդա­լով պատմութիւն եւ հետեւե­լով համաշխարհա­յին եւ հայկա­կան քաղա­քա­կան անցուդարձե­րուն, եկած եմ այն եզրա­կա­ցութեան, որ թուրքը եղած է եւ կը մնայ սպառնա­լիք հայ ժողո­վուրդի ֆիզի­քա­կան գոյութեան, մինչ ռուսը եղած է եւ կը մնայ սպառնա­լիք հայկա­կան ինքնիշխան պետա­կա­նութեան գոյութեան։ Այնքան ատեն, որ թրքա­կան սպառնա­լի­քը դիմագրաւե­լու ու մեր ֆիզի­քա­կան գոյութի­նը ապա­հո­վե­լու համար կ’ա­պաւի­նինք ռուսին, պիտի չարա­չար ձախո­ղինք կերտել անկախ, ինքնիշխան պետա­կա­նութիւն։ Պիտի ազա­տինք կարմիր ջարդէն, բայց պիտի զոհը երթանք ճերմակ ջարդին։

Եթէ մեր նպա­տակն է կերտել ազատ, անկախ, ինքնիշխան եւ ժողովրդա­վար պետութիւն, մեր առջեւ ծառա­ցած գլխաւոր հիմնախնդի­րը գտնելն է միջո­ցը դուրս գալու այդ սալի ու մուրճի մէջտե­ղէն։ Դժբախտութիւնը այն է, սակայն, որ թէեւ ոչ մէկ հայ կը դրժէ թրքա­կան սպառնա­լի­քի իրո­ղութիւնը, քիչ հայեր են որոնք կ’ընդունին կամ կ’անդրա­դառնան ռուսա­կան սպառնա­լի­քի իրո­ղութեան, եւ կ’առնեն անհրա­ժեշտ քայլեր այդ սպառնա­լի­քը դիմագրաւե­լու։ Ընդհա­կա­ռա­կը, այդ սպառնա­լի­քի մասին բարձրա­ձայնողնե­րը կ’ենթարկուին իրենց իսկ պետութեան հալա­ծանքին։

Նպա­տակս հակա­ռուս քարոզչութիւն մղե­լը չէ, ոչ ալ արեւմտա­մէտ քարոզչութիւն։ Երկուքն ալ կը յարգեմ եւ ունիմ համակրանք երկուքին ալ նկատմամբ։ Պարզա­պէս, երբ խնդի­րը կը վերա­բե­րի քաղա­քա­կա­նութեան, չեմ հաւա­տար ազգե­րու կամ մշա­կոյթնե­րու բարե­կա­մութեան ու եղբայրութեան ռոմանթիկ եւ սին եզրե­րուն, եւ կ’ընդունիմ այն փաստը, որ իւրա­քանչիւր ազգ կ’ա­ռաջնորդուի իր շահե­րով։ Ռուսին շահը կը պահանջէ ունե­նալ իրմէ կախեալ եւ իրեն ենթա­կայ Հայաստան։ Անոր համար Հայաստա­նը տարածք է, որ հայով թէ առանց հայի, հարկ է պահել իր հակակշռին տակ։ Այդպէս եղած է թէ՛ ցարա­կան եւ թէ խորհրդա­յին ժամա­նա­կաշրջաննե­րուն, եւ այդպէս կը շարունա­կուի յետ-խորհրդա­յին օրե­րուն, բացա­ռութեամբ թերեւս Ելցի­նեան խարխա­փումի կարճ ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծին։

Փութի­նի իշխա­նութեան գալէն ի վեր, Ռուսաստա­նը վերագտաւ իր կայսե­րա­պաշտա­կան եւ գերպե­տութիւն ըլլա­լու ախորժա­կը, եւ վերա­կանգնեց անցեա­լի KGB-ական համա­կարգը, որ դարձեալ իր հակակշռին տակ առաւ երկրի ողջ ուժա­յին, դատա­կան եւ տնտե­սա­կան լծակնե­րը, ներա­ռեալ՝ Ելցի­նեան շրջա­նին մէջտեղ եկած օլի­գարխիան եւ մաֆիան։

Ռուսիան դարձեալ սկսաւ ձգտիլ գերպե­տութիւն ըլլա­լու, եւ դարձեալ մրցակցութեան մէջ մտաւ արեւմուտքի հետ։ Իրեն համար անհրա­ժեշտ էր կրկին իր հակակշռին տակ առնել բոլոր նախկին սովե­տա­կան հանրա­պե­տութիւննե­րը, եւ իր ազդե­ցութեան գօտին տարա­ծել դէպի Եւրո­պայ, Միջին Արեւելք, Միջերկրա­կան, եւ անդին։

Ինչպէս այլուր, Հայաստա­նի պարա­գա­յին եւս, ռուսա­կան մարտա­վա­րութիւնը եւ ոճը եղան նոյնը։ Առա­ջին հերթին, երկրի ղեկը յանձնել ստրկա­միտ եւ անսկզբունք իշխա­նաւորնե­րու, որոնք իրենց հաւա­տարմութեան իբրեւ վարձատրութիւն, իրաւունքը կը ստա­նան անկաշկանդ իշխե­լու, թալա­նե­լու, կեղե­քե­լու, ընտրութիւններ կեղծե­լու եւ մէկ խօսքով՝ ռուսա­կան համա­կարգը վերարտադրե­լու երկրէն ներս։ Ապա, իշխա­նաւորնե­րու փտա­ծութիւնը եւ հնա­զանդութիւնը բաւա­րար երաշխիք չհա­մա­րե­լով, անցնիլ լուրջ ընդդի­մադրութեան կարո­ղա­կա­նութիւն ունե­ցող ուժե­րու չէզո­քա­ցումին, թափանցե­լով անոնց շարքե­րը եւ մոլո­րեցնե­լով ու «աղտո­տե­լով» անոնց ղեկա­վարնե­րը։ Ի վերջոյ, մաքուր հայ քաղա­քա­կան գործի­չը անվստա­հե­լի տարր էր ռուսին համար, եւ եթէ փոքրա­մասնութիւն մը յամա­ռէր մնալ սկզբունքա­յին եւ մաքուր, կամ համարձա­կէր բողո­քել այս բոլո­րի դէմ, ապա կը մնար անոնց չարա­չար հալա­ծել ու լռեցնել զանոնք։

Անգամ մը որ քաղա­քա­կան ասպա­րէ­զը լրիվ իր հակակշռին տակ էր, եկաւ երկրի տնտե­սա­կան ներուժը եւս իր հակակշռին տակ առնե­լու հանգրուա­նը, եւ ակա­նա­տես եղանք թէ ինչպէս, առանց որեւէ դիմադրութեան, երկրի իշխա­նութիւննե­րը, ռազմա­վա­րա­կան նշա­նա­կութիւն ունե­ցող եւ անկա­խութեան երաշխիք հանդի­սա­ցող իւրա­քանչիւր հաստա­տութիւն եւ կառոյց ծախե­ցին ռուսին կամ յանձնե­ցին անոր հսկո­ղութեան – հանքեր, գազ, կապ, երկա­թուղի, ելեքտրա­ցանց, սահման, եւայլն։ Նոյնիսկ օլի­գարխնե­րը եւ մաֆիան պորտա­լա­րե­րով կապուե­ցան ռուսա­կաննե­րուն։ Անոնք կը գործէին հայ եւ ռուս գաղտնի սպա­սարկութիւննե­րու թոյլտւութեամբ եւ ի հարկին գործիք էին անոնց ձեռքը։ Ի դէպ, նոյնը կը վերա­բե­րէր եւ կը վերա­բե­րի Ռուսաստա­նէն ներս յաջո­ղութիւն գտած հայ օլի­գարխնե­րուն։ Նուա­զա­գոյն նշոյլ, Ռոսաստա­նէն անկախ եւ կամ ռուսա­կան քաղա­քա­կա­նութեան անյա­րիր նախա­ձեռնութիւննե­րու, կրնար զիրենք դատա­պարտել խստա­գոյն պատիժնե­րու: Լեւոն Հայրա­պե­տեա­նը վկայ։

Արդիւնքը ան էր ինչ ունե­ցանք։ Կատա­րեալ կախեա­լութիւն Ռուսաստա­նէն,  եւ ռուսա­կան օրի­նա­կով գողա­պե­տութիւն, քաղա­քա­կան բարքեր եւ քաղա­քակրթա­կան արժէքներ, համա­տա­րած արտա­գաղթ, եւ հետզհե­տէ շեշտուող վտանգ՝ կրկին թշնա­միին յանձնե­լու մեր ազա­տա­մարտիկնե­րու եւ զինուորնե­րու արիւնով ազա­տագրուած տարածքներ, սպա­սարկե­լու համար տարա­ծաշրջա­նէն ներս ռուսա­կան շահե­րուն։

Վրայ հասաւ թաւշեայ յեղա­փո­խութիւնը, Սերժը մերժե­լու կարգա­խօ­սով։ Ըստ իս, ռուսա­կան ծրա­գիրն էր օգտա­գործել այս ժողովրդա­յին պոռթկումը եւ Սերժ զինուո­րը փոխա­րի­նել աւե­լի ընդունե­լի՝ Կարէն Կարա­պե­տեան զինուո­րով, մեղմե­լու համար երկրէն ներս հետզհե­տէ բարձրա­ցող դժգո­հութեան ալի­քը եւ առաջքը առնե­լու համար ապստամբա­կան խմո­րումնե­րուն։ Հետեւա­բար, ռուսին համար անակնկա­լը ժողովրդա­կան շարժումը չէր ինքնին, որքան Նիկոլ Փաշի­նեա­նի ճարպի­կութիւնը՝ ձախո­ղեցնե­լու ռուսա­կան ծրա­գի­րը եւ գալու իշխա­նութեան ղեկին։

Արդէն երկու տարի անցած է թաւշեայ յեղա­փո­խութե­նէն եւ բարե­փո­խումնե­րու թափը շատ դանդաղ է։ Շատ յստակ է, որ Նիկոլ Փաշի­նեա­նի յայտա­րա­րութիւննե­րը վերջ դնե­լու փտա­ծութեան, ստեղծե­լու թափանցիկ, արդար եւ ժողովրդա­վար համա­կարգ, իշխա­նութիւնը վերա­դարձնե­լով ժողո­վուրդին, խորթ կը հնչէին ռուսա­կան ականջնե­րուն։

Մէկ կողմէ՝ Փաշի­նեան կը խուսա­փէր արագ եւ խրոխտ քայլե­րէ, փորձե­լով չհրահրել ռուսի հակազդե­ցութիւնը, միւս կողմէ՝ ռուսը ճիգ կը թափէր Փաշի­նեա­նին համա­կերպեցնե­լու իր օրա­կարգին եւ քաղա­քա­կա­նութեան։ Այսօր յստակ է որ երկու կողմերն ալ ձախո­ղած են։ Ռուսը, Փաշի­նեա­նը ընտե­լացնե­լու մարտա­վա­րութե­նէն անցած է Փաշի­նեա­նը տապա­լե­լու մարտա­վա­րութեան, իսկ Փաշի­նեան սկսած է դիմել աւե­լի խրոխտ քայլե­րու, կեանքի կոչե­լով յեղա­փո­խութեան խոստա­ցուած բարե­փո­խումնե­րը եւ անցնե­լով պատժիչ քայլե­րու՝ ընդդէմ նախկին համա­կարգի իշխա­նաւոր եւ իշխա­նա­մերձ ուժե­րուն, որոնք այսօր ռուսին պատուէ­րով կը դաւեն իր դէմ եւ կը պայքա­րին քայքա­յե­լու ներքին ճակա­տը, որպէսզի, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, դարձեալ երկրի ղեկը յանձնեն իր հրա­հանգնե­րը Մոսկուա­յէն առնող իշխա­նութեան։

Պէտք է բոլոր ազգա­յին առողջ ուժե­րու միասնա­կան ճիգով ձախո­ղեցնել կազմա­կերպուող այս դաւը, որովհե­տեւ պատմութեան կրկնութիւնը մեզ համար կրնայ այս պարա­գա­յին ըլլալ ճակա­տագրա­կան։

Ռուբէն Գարա­գա­շեան

Առնչվող Հոդվածներ