Հայաշխարհ

Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութիւն

ՀՐԱՉ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Գագիկ Ծառուկյանի, պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնը առնելու հարցով, ահագին աղմուկ բարձրացաւ Ազգային ժողովէն ներս եւ դուրս։

Իրեն ենթակայ, իր կուսակից պատգամաւորներու ընդվզումը կրնամ հասկնալ, նոյնիսկ բնական կրնամ գտնել այդ մէկը, սակայն իմ նախկին կարգ մը ընկերներէս լսել դժգոհութեան խօսքեր, ըսելով թէ եղածը բացառապէս քաղաքական հետապնդում է, եւ թէ ինչո՞ւ հիմա եւ ոչ ժամանակին, կամ թէ ոչ մէկ իրաւական հիմք կայ այս եղածին մէջ, ուղղակի կը զարմացնէ զիս։

Ուզեմ թէ չուզեմ կը մտածեմ թէ այս մարդիկ, որոնցմէ ոմանց նկատմամբ յարգանք նոյնիսկ ունեցած եմ ժամանակին, իրապէս կը հաւատան որ Ծառուկյան անմեղ է, երբեք չէ զբաղուած կաշառակերութեամբ, երբեք գումարներ չէ բաժնած քուէներ ապահովելու համար, երբեք անօրէն ձեւով գործարքներ չէ կատարած հողատարածքներ զաւթելու համար, երբեք մարդկանց իրաւունքները չէ խլած կամ իւրացուցած, եւ ուրեմն կը հաւատան եւ կը հաստատեն որ եղածը պարզապէս քաղաքական է։

Անշուշտ այս բոլորը կ՚ըսեմ առանց Գագիկ Ծառուկյանի անմեղութեան կանխավարկածը խախտած ըլլալու։ Բայց ինչո՞ւ առիթ չտալ որ իրաւական հիմքերը ներկայացուին դատարան, ինչո՞ւ դէմ կանգնիլ օրինականութեան։

Եղան նաեւ ընդվզումի արտայայտութիւններ՝ Ազէրիին յաղթած ըմբշամարտիկի նկատմամբ,որ ցոյցի մասնակցած էր Ծառուկյանի կողմնակիցներու հետ, եւ այդ ընթացքին ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր զինք։ Ես ալ պիտի չուզէի որ մեր «Չեմբիոն»ը յայտնուէր այդ վիճակին մէջ, սակայն իր ընտրութիւնն էր հոն գտնուիլը, եւ վերջապէս բոլորը հաւասար պիտի ըլլան օրէնքի առաջ։

Միւս կողմէ կը մտածեմ թէ ո՞ւր էին այս դժգոհ քաղաքական ղեկավարները, եւ ինչո՞ւ ոչ մէկ արտայայտութիւն ունեցան, եւ «քաղաքական» չնկատեցին եղածը, չբարկացան երբ նախկին իշխանութիւնները, օրն ի բուն, կը ձերբակալէին պատերազմի դաշտի վրայ իսկ յաղթանակած, եւ Ազրպէյճանը պարտութեան մատնած Ժիրայր Սէֆիլյանին։

Ինչո՞ւ չընդվզեցան Գէորգ Սաֆարյանի ձերբակալման եւ բանտարկութեան ժամանակ, պարզապէս կաղանդի ծառ մը Ազատութեան հրապարակ բերած ըլլալուն համար։ Ինչո՞ւ չքննադատեցին օրուայ իշխանութիւններուն երբ մերօրեայ հերոսները իրենց ընտանիքներով, Արցախի ճամբուն վրայ, ոստիկաններու ձեռամբ իսկ, ծեծի ենթարկուեցան, մեքենաներ ջարդուեցան։ Ինչո՞ւ չպոռթկացին, եւ չպահանջեցին որ այդ ծեծողները պէտք է որ անպատիժ չմնային։ Ինչո՞ւ անամօթաբար յայտարարեցին որ 1993էն ի վեր քաղաքական բանտարկեալներ չեն եղած Հայաստանի մէջ, երբ հարիւրաւոր«իսկական» քաղաքական բանտարկեալներով լեցուած էին բանտերը։ Իսկ հիմա կը բացականչեն որ Ծառուկյանի հարցը քաղաքական է։

Պէտք է որ ուժային կառոյցները եւ դատարանները կատարեն իրենց գործը, մի՚ խանգարէք, մի՚ խոչընդոտէք։

Պէտք է Հայաստանը վերադառնայ օրինական դաշտ եւ յանցանք գործողները կրեն իրենց պատիժը։

Քիչ մը հաւատք ընծայենք այս իշխանութեան։ Օգնենք որ յաջողութիւններ արձանագրուին մեր կեանքէն ներս։ Օգնենք որ յանցագործերը ստանան իրենց պատիժը, եւ գտնեն իրենց տեղը ճաղերու ետին։

Հրաչ Սիմոնեան

Լոս Անջելէս

Յունիս 18, 2020

Պատգամաւորական ԱնձեռնմխելիութիւնԳագիկ Ծառուկյանի, պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնը առնելու հարցով, ահագին աղմուկ…

Posted by Hratch Simonian on Thursday, June 18, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *