13.5 C
Yerevan

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ՝ 4.2 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ԴԻՄԱՑ

ՀՐԱՉ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Երեկ երե­կո­յեան, նախկին նախա­գահ, Ռոբերտ Քոչարյա­նի փաստա­բաննե­րը, դիմե­լով վճռա­բեկ դատա­րան նոր միջնորդութեամբ մը, կարո­ղա­ցան անոր խափանման միջո­ցը փոխել, եւ 4.2 միլիոն տոլար գրաւի դիմաց զինք բերել ազա­տութեան դաշտ։

Հաւա­նա­բար բազմա­թիւ մեկնա­բա­նութիւններ եւ բացատրութիւններ պիտի տրուին այս մասին, եւ տարբեր վարկածներ ի յայտ պիտի գան։

Նոր իշխա­նութեան որոշ բարե­կամներն ու զօրա­կիցնե­րը այդ որո­շումը պիտի վերագրեն Քոչարյա­նի ունե­ցած հին կապե­րու կամ դատաւո­րի նկատմամբ ճնշումնե­րու ներքոյ առնուած որո­շում ։

Քոչարյա­նի զօրակցող անձինք կամ կուսակցութիւններ պիտի հրճուին եւ ըսեն՝ ահաւա­սիկ առողջ եւ արդար դատաւոր եւ դատա­րան։

Ոմանք պիտի բարկա­նան եւ մեղադրեն ներկայ իշխա­նութիւննե­րը որ պէտք եղա­ծը չըրին, առա­ջին իսկ օրէն մաքրե­լու դատա­կան համա­կարգը, «Վեթինկ» չկա­տա­րե­ցին դատաւորնե­րու նկատմամբ։ Ուրիշներ ալ պիտի յամա­ռին ըսե­լով որ դատա­րաննե­րը փոխե­լու կարիք չկայ եւ նոր իշխա­նութիւննե­րը գործ չունին դատա­րաննե­րով զբա­ղուե­լու։ Նաեւ ըսողներ պիտի ըլլան որ չորս վարչա­պետնե­րու անձնա­կան երաշխաւո­րութիւնը նուազ արժէք ունէր քան դատաւո­րի առա­ջարկած այդ գումա­րը։

Ես հետեւեալ տեսա­կէտնե­րը ունիմ ՝

1. Նախ եւ առաջ կը հաւա­տամ որ մինչեւ օրս յեղա­փո­խութե­նէն անմի­ջա­պէս ետք եւ «Քորոնա»էն առաջ, յեղա­փո­խա­կաննե­րը, դատա­րաննե­րը մաքրա­գործե­լու խնդի­րը լուծած պէտք է ըլլա­յին, որպէսզի արդար եւ բոլո­րի վստա­հութիւնը վայե­լող դատա­րաններ ունե­նա­յինք այսօր։

2. Այս դատաւո­րի որո­շումը ցոյց կու տայ որ, փաստօ­րէն, Փաշինյա­նը դատաւորնե­րու վրայ ճնշումներ բանեցնե­լու գործիքներ չունի եղեր, եւ ուրեմն բոլոր այդ պոռչտուքը թէ դատաւորնե­րը Փաշինյա­նի թելադրութիւննե­րով կը գործեն՝ անհիմն էր։

3. Կը կարծեմ որ Քոչարյա­նը ունի մեծա­թիւ իրեն ենթա­կայ մարդիկ, փաստա­բաններ, հսկա­յա­կան նիւթա­կան կարո­ղութիւն, լրա­տուա­կան միջոցներ, որոնք կրնայ ի գործ դնել ներկայ իշխա­նութիւննե­րուն դէմ իր պայքա­րը առաջ տանե­լու համար։ Ինք ըլլայ ներս թէ դուրս, շատ ալ տարբեր պիտի չըլլայ։

4. Թէեւ համա­ձայն էի Քոչարյա­նի պարա­գա­յին որ մնայ «ներս»ը, սակայն կը կարծեմ որ ընդհանրա­պէս կալանքը վերջին միջո­ցը պէտք է ըլլայ մարդկանց դատե­լէն առաջ, իրենց ներկա­յութիւնը ապա­հո­վե­լու համար, դատա­րա­նէն ներս։ Հայաստան, սովե­տա­կան սովո­րութիւննե­րով կ՚առաջնորդուի եւ ամէն փոքր յանցանքի համար կալանք կը դրուի մարդկանց վրայ։ Բան մը որ փոփո­խութեան պէտք է ենթարկուի։

5. Եւ վերջա­պէս, արդէն երկու տարիէ ի վեր անհամբեր կը սպա­սենք այս դատա­վա­րութեան։ Թող ընեն եւ ազա­տուինք։ Եթէ փաստեր ունին թող դատեն, իսկ եթէ չունին թող ազատ արձա­կեն եւ աշխա­տինք շատ աւե­լի կարեւոր ազգա­յին օրա­կարգով ՝ Բանա­կի հզօ­րա­ցում, դատա­րաննե­րու եւ դատաւորնե­րու մաքրման աշխա­տանքներ, տնտե­սութեան բարե­լաւում, կաշա­ռա­կե­րութեան դէմ պայքար, Սփիւռքի կարո­ղա­կա­նութեան օգտա­գործում, կրթութիւն, առողջա­պա­հութիւն եւ անշուշտ ամե­նա­կա­րեւո­րը Արցա­խի հիմնա­հարց։

Կը յուսամ որ ազգո­վին կը դիմագրաւենք այս բոլո­րո­վին երկրորդա­կան նշա­նա­կութիւն ունե­ցող դժուա­րութիւննե­րը եւ կ՚անցնինք աւե­լի խորքա­յին, պետա­կան եւ համազգա­յին տարո­ղութիւն ունե­ցող խնդիրնե­րու լուծման։

Լոս Անջե­լէս

Յունիս 19, 2020

Առնչվող Հոդվածներ