20.4 C
Yerevan

Պատգա­մաւո­րա­կան Անձեռնմխե­լիութիւն

ՀՐԱՉ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Գագիկ Ծառուկյա­նի, պատգա­մաւո­րա­կան անձեռնմխե­լիութիւնը առնե­լու հարցով, ահա­գին աղմուկ բարձրա­ցաւ Ազգա­յին ժողո­վէն ներս եւ դուրս։

Իրեն ենթա­կայ, իր կուսա­կից պատգա­մաւորնե­րու ընդվզումը կրնամ հասկնալ, նոյնիսկ բնա­կան կրնամ գտնել այդ մէկը, սակայն իմ նախկին կարգ մը ընկերնե­րէս լսել դժգո­հութեան խօսքեր, ըսե­լով թէ եղա­ծը բացա­ռա­պէս քաղա­քա­կան հետապնդում է, եւ թէ ինչո՞ւ հիմա եւ ոչ ժամա­նա­կին, կամ թէ ոչ մէկ իրաւա­կան հիմք կայ այս եղա­ծին մէջ, ուղղա­կի կը զարմացնէ զիս։

Ուզեմ թէ չուզեմ կը մտա­ծեմ թէ այս մարդիկ, որոնցմէ ոմանց նկատմամբ յարգանք նոյնիսկ ունե­ցած եմ ժամա­նա­կին, իրա­պէս կը հաւա­տան որ Ծառուկյան անմեղ է, երբեք չէ զբա­ղուած կաշա­ռա­կե­րութեամբ, երբեք գումարներ չէ բաժնած քուէ­ներ ապա­հո­վե­լու համար, երբեք անօ­րէն ձեւով գործարքներ չէ կատա­րած հողա­տա­րածքներ զաւթե­լու համար, երբեք մարդկանց իրաւունքնե­րը չէ խլած կամ իւրա­ցուցած, եւ ուրեմն կը հաւա­տան եւ կը հաստա­տեն որ եղա­ծը պարզա­պէս քաղա­քա­կան է։

Անշուշտ այս բոլո­րը կ՚ըսեմ առանց Գագիկ Ծառուկյա­նի անմե­ղութեան կանխա­վարկա­ծը խախտած ըլլա­լու։ Բայց ինչո՞ւ առիթ չտալ որ իրաւա­կան հիմքե­րը ներկա­յա­ցուին դատա­րան, ինչո՞ւ դէմ կանգնիլ օրի­նա­կա­նութեան։

Եղան նաեւ ընդվզումի արտա­յայտութիւններ՝ Ազէ­րիին յաղթած ըմբշա­մարտի­կի նկատմամբ,որ ցոյցի մասնակցած էր Ծառուկյա­նի կողմնա­կիցնե­րու հետ, եւ այդ ընթացքին ոստի­կա­նութիւնը ձերբա­կա­լած էր զինք։ Ես ալ պիտի չուզէի որ մեր «Չեմբիոն»ը յայտնուէր այդ վիճա­կին մէջ, սակայն իր ընտրութիւնն էր հոն գտնուի­լը, եւ վերջա­պէս բոլո­րը հաւա­սար պիտի ըլլան օրէնքի առաջ։

Միւս կողմէ կը մտա­ծեմ թէ ո՞ւր էին այս դժգոհ քաղա­քա­կան ղեկա­վարնե­րը, եւ ինչո՞ւ ոչ մէկ արտա­յայտութիւն ունե­ցան, եւ «քաղա­քա­կան» չնկա­տե­ցին եղա­ծը, չբարկա­ցան երբ նախկին իշխա­նութիւննե­րը, օրն ի բուն, կը ձերբա­կա­լէին պատե­րազմի դաշտի վրայ իսկ յաղթա­նա­կած, եւ Ազրպէյճա­նը պարտութեան մատնած Ժիրայր Սէֆիլյա­նին։

Ինչո՞ւ չընդվզե­ցան Գէորգ Սաֆարյա­նի ձերբա­կալման եւ բանտարկութեան ժամա­նակ, պարզա­պէս կաղանդի ծառ մը Ազա­տութեան հրա­պա­րակ բերած ըլլա­լուն համար։ Ինչո՞ւ չքննա­դա­տե­ցին օրուայ իշխա­նութիւննե­րուն երբ մերօ­րեայ հերոսնե­րը իրենց ընտա­նիքնե­րով, Արցա­խի ճամբուն վրայ, ոստի­կաննե­րու ձեռամբ իսկ, ծեծի ենթարկուե­ցան, մեքե­նա­ներ ջարդուե­ցան։ Ինչո՞ւ չպոռթկա­ցին, եւ չպա­հանջե­ցին որ այդ ծեծողնե­րը պէտք է որ անպա­տիժ չմնա­յին։ Ինչո՞ւ անա­մօ­թա­բար յայտա­րա­րե­ցին որ 1993էն ի վեր քաղա­քա­կան բանտարկեալներ չեն եղած Հայաստա­նի մէջ, երբ հարիւրաւոր«իսկական» քաղա­քա­կան բանտարկեալնե­րով լեցուած էին բանտե­րը։ Իսկ հիմա կը բացա­կանչեն որ Ծառուկյա­նի հարցը քաղա­քա­կան է։

Պէտք է որ ուժա­յին կառոյցնե­րը եւ դատա­րաննե­րը կատա­րեն իրենց գործը, մի՚ խանգա­րէք, մի՚ խոչընդո­տէք։

Պէտք է Հայաստա­նը վերա­դառնայ օրի­նա­կան դաշտ եւ յանցանք գործողնե­րը կրեն իրենց պատի­ժը։

Քիչ մը հաւատք ընծա­յենք այս իշխա­նութեան։ Օգնենք որ յաջո­ղութիւններ արձա­նագրուին մեր կեանքէն ներս։ Օգնենք որ յանցա­գործե­րը ստա­նան իրենց պատի­ժը, եւ գտնեն իրենց տեղը ճաղե­րու ետին։

Հրաչ Սիմո­նեան

Լոս Անջե­լէս

Յունիս 18, 2020

https://www.facebook.com/hratch.simonian/posts/10157151305166651

Առնչվող Հոդվածներ