ՄԵՐ ՈՒՂԻՆի ճանապարհի ուղեցոյց է ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան մտքերէն եւ գործերէն բխած արժէքներն ու սկզբունքները:
Անբնական կարօտով ու կարօտախտով կը վերընթերցեմ անոնց կենսագրութիւնները,
անոնց մասին վկայութիւններն ու իրենց գրիչի արգասիքը:
Ահա «Դաշնակցութեան խիղճը», «Դաշնակցութեան բարոյախօսն ու դատախազը
միանգամայն» բնութագրերուն արժանացած Սիմոն Զաւարեանի մասին
Միքայէլ Վարանդեանի վկայութենէն պատառիկ մը.
Սիմոն չէր սիրեր սին յոյսերով ու պատրանքներով կերակրել իր լսարանները: Այդ անվախ մարդը մէկ վախ միայն ունէր- արատաւորել ճշմարտութիւնը…
Կը յիշեմ իր մէկ վրդովուած բացականչութիւնը օր մը Ժընեւում, երիտասարդ ընկերներու առջեւ, Քրիստափորի ներկայութեամբ (1903 թ.):
– «Փափեր (Հռոմի պապեր) չկա~ն մեր մէջ… Մենք անսխալական չե~նք:
Դոգմերու երկրպագու չէր, ոչ ալ կուսակցական մոլեռանդութեան, աղանդականութեան
սիրահար: Սկեպտիկ, քննադատական ոգին մշտապէս կը գործէր անոր արթուն գիտակցութեան մէջ: Եւ օր մը սուր ու որոշ կերպով դրաւ հարցը. «Արդեօք Դաշնակցութեան ուժերէն վեր չէ՞ ձեռնարկուած գործը»…
Արդեօք շիտա՞կ ճամբայ բռնած է հայ յեղափոխական շարժումը…
Հարցը դրաւ բաց ու անկեղծ, Թիֆլիսի հայ հասարակութեան առջեւ: